Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առողջապահական խնամքի հանդէպ աստուածաշնչական տեսակէտ պահպանէ

Առողջապահական խնամքի հանդէպ աստուածաշնչական տեսակէտ պահպանէ

Առողջապահական խնամքի հանդէպ աստուածաշնչական տեսակէտ պահպանէ

«Քու Տէր Աստուածդ սիրես. . . քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ» (ՄԱՐ. 12։30

1. Մարդկութեան համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակը ի՞նչ էր։

ԵՀՈՎԱ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը չէր որ մարդը հիւանդանայ ու մեռնի։ Ադամ ու Եւա Եդեմի պարտէզին կամ հաճոյքի դրախտին մէջ դրուեցան, ‘որպէս զի զանիկա մշակեն ու պահեն’ յաւիտեան, եւ ո՛չ թէ 70 կամ 80 տարի (Ծն. 2։8, 15. Սաղ. 90։10)։ Եթէ այդ մարդկային առաջին զոյգը Եհովայի հաւատարիմ մնար ու սէրէ մղուած անոր գերիշխանութեան ենթարկուէր, հիւանդութիւն, տկարութիւն եւ մահ երբեք պիտի չհամտեսէր։

2, 3. ա) Ժողովողի գիրքին մէջ ծերութիւնը ի՞նչպէս նկարագրուած է։ բ) Ո՞վ պատասխանատու է ադամական մահուան, եւ անոր ազդեցութիւնները ի՞նչպէս պիտի խափանուին։

2 Ժողովող 12–րդ գլուխը անկատար մարդուն յառաջացած տարիքին ընկերակցող «թշուառութեան օրեր»ուն վառ նկարագրութիւնը կու տայ (Կարդալ՝ Ժողովող 12։1-7Սպիտակ մազերը կը նմանցուին «նշենի»ին ծաղկելուն։ Սրունքները կը նմանցուին ‘զօրաւոր մարդոց’, որոնք այժմ կը ծռին ու կը դողդողան։ Պատուհանէն նայելով՝ լոյսի փոխարէն մթութիւն տեսնողները, յարմարօրէն կը ներկայացնեն տկարացած տեսողութիւնը։ Իսկ կարգ մը ակռաներ կորսուելով, ‘աղացողները կը դադարին’։

3 Մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը վստահաբար չպարփակեց դողացող սրունքներ, տկարացող տեսողութիւն եւ անատամ լինտեր։ Անկէ զատ, Ադամէ ժառանգուած մահը «Սատանային գործեր»էն է, զորս Աստուծոյ Որդին պիտի խափանէ մեսիական Թագաւորութեան միջոցով։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ» (Ա. Յովհ. 3։8

Չափաւոր հետաքրքրութիւնը բնական է

4. Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ բանաւոր կերպով իրենց առողջութեամբ հետաքրքրուած են, բայց ի՞նչ կը գիտակցին։

4 Ներկայիս, Եհովայի ծառաներէն ոմանք կը դիմագրաւեն հիւանդութեան ու ծերութեան խնդիրները, որոնք մեղաւոր մարդկութեան համար սովորական են։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, բանաւոր կերպով մեր առողջութեամբ հետաքրքրուիլը բնական եւ նոյնիսկ օգտակար է, քանի որ կ’ուզե՛նք ‘մեր ամբողջ զօրութեամբ’ Եհովայի ծառայել (Մար. 12։30)։ Սակայն մինչ կը ջանանք որոշ չափով առողջ մնալ, իրատես պէտք է ըլլանք եւ ընդունինք թէ ծերութեան ընթացքը դանդաղեցնելու կամ հիւանդութենէն բոլորովին խուսափելու համար, քիչ բան կրնանք ընել։

5. Ի՞նչ դաս կրնանք քաղել այն կերպէն, որով Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները հիւանդութեան հետ վարուեցան։

5 Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր առողջապահական խնդիրներու հետ պայքարած են։ Եպափրոդիտոս անոնցմէ մէկն էր (Փլպ. 2։25-27)։ Պօղոս առաքեալի հաւատարիմ ընկերակիցը՝ Տիմոթէոս յաճախ ստամոքսի հիւանդութենէ կը տառապէր, որուն համար Պօղոս յանձնարարեց ‘քիչ մը գինի’ գործածել (Ա. Տիմ. 5։23)։ Իսկ Պօղոս «մարմնի խայթոց» ունէր, թերեւս աչքի խնդիր մը կամ այլ ֆիզիքական հիւանդութիւն մը, որ այդ ատեն դարման չունէր (Բ. Կոր. 12։7. Գաղ. 4։15. 6։11)։ Ան իր «մարմնի խայթոց»ին նկատմամբ Եհովայի ջերմեռանդօրէն աղերսեց (Կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 12։8-10Աստուած Պօղոսի «մարմնի խայթոց»ը հրաշալիօրէն չվերցուց։ Փոխարէն, Աստուած զինք զօրացուց որ անոր տոկայ։ Այսպէս Եհովայի զօրութիւնը Պօղոսի տկարութեան մէջ յայտնի եղաւ։ Այս պարագայէն վստահաբար շատ բան կրնանք սորվիլ։

Առողջապահական խնամքով չափազանց հետաքրքրուելէ խուսափէ

6, 7. Ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք մեր առողջութեամբ չափէ դուրս հետաքրքրուելէ։

6 Ինչպէս գիտես, Եհովայի վկաները բժշկական օգնութիւնը եւ դարմանումի զանազան կերպերը կ’ընդունին։ Մեր Զարթի՛ր պարբերաթերթը յաճախ առողջապահական հարցերու շուրջ յօդուածներ կը բովանդակէ։ Եւ թէպէտ ո՛չ մէկ դարմանում կ’որդեգրենք, բայց առողջապահական խնամք հայթայթող մասնագէտներու օգնութիւնն ու համագործակցութիւնը կը գնահատենք։ Հարկաւ կը գիտակցինք թէ կատարեալ առողջութիւնը տակաւին հասանելի չէ։ Հետեւաբար գիտենք թէ խոհեմութիւն է թոյլ չտալ որ մեր առողջութիւնը սեւեռամտութիւն կամ անվերջ մտահոգութիւն դառնայ։ Մեր հայեցակէտը պէտք է տարբերի անոնց տեսակէտէն, որոնք ‘յոյս չունին’ ու կը խորհին թէ միայն ներկայ կեանքը կը վայելեն եւ պատրաստ են որեւէ դարմանումի դիմելու, իրենց հիւանդութիւնը բուժելու համար (Եփ. 2։2, 12)։ Վճռած ենք մեր ներկայ կեանքը փրկելու սիրոյն Եհովայի հաճութիւնը չկորսնցնել, քանի որ համոզուած ենք թէ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալով ‘ձեռք պիտի ձգենք ճշմարիտ կեանքը’,– իր խոստացած իրերու նոր դրութեան մէջ յաւիտենական կեանքը (Ա. Տիմ. 6։12, 19, Անթիլիաս. Բ. Պետ. 3։13

7 Այլ պատճառով ալ մեր առողջութեան նկատմամբ չափազանց չենք մտահոգուիր։ Մեր առողջութեամբ ծայրայեղօրէն հետաքրքրուիլը կրնայ մեզ անձնակեդրոն դարձնել։ Պօղոս այս վտանգին դէմ զգուշացուց, երբ փիլիպպեցիները յորդորեց. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փլպ. 2։4)։ Չափաւոր կերպով մենք մեզի հոգ տանիլը պատշաճ է, իսկ խորապէս հետաքրքրուիլը մեր եղբայրներով եւ անոնցմով, որոնց կը քարոզենք «արքայութեան այս աւետարանը», թոյլ պիտի չտայ որ ֆիզիքական բարօրութեան հարցը մեր միտքը գրաւէ (Մատ. 24։14

8. Առողջապահական հարցերով տարուիլը կրնայ մեզ մղել ի՞նչ ընելու։

8 Վտանգ կայ որ քրիստոնեան թոյլ տայ առողջապահական հետաքրքրութիւններուն որ Թագաւորութեան շահերը շուքի մէջ ձգեն։ Առողջապահական հարցերով տարուիլը կրնայ նաեւ մեզ մղել որ որոշ սննդականոնի, սնունդի յաւելուածներու կամ դարմանումի արժէքին նկատմամբ մեր անձնական տեսակէտները փորձենք ուրիշներուն պարտադրել։ Այս առնչութեամբ նկատի առ Պօղոսի խօսքերուն բովանդակած սկզբունքը. ‘Լաւ [«աւելի կարեւոր», ՆԱ] բաները ընտրեցէք, որպէս զի մինչեւ Քրիստոսին օրը անկեղծ եւ առանց գայթակղութեան ըլլաք’ (Փլպ. 1։10

Ի՞նչ բան աւելի կարեւոր է

9. Ի՞նչ է աւելի կարեւոր բաներէն մէկը, զոր պէտք չէ անտեսենք, եւ ինչո՞ւ։

9 Եթէ աւելի կարեւոր բաները ընտրենք, աւելի գործօն բաժին պիտի բերենք հոգեւոր բուժման գործին մէջ, որ կ’իրագործուի Աստուծոյ Խօսքը քարոզելով եւ ուսուցանելով։ Այս բերկրալի գործունէութիւնը թէ՛ մեզի եւ թէ մեր սորվեցուցած անհատներուն օգուտ կը բերէ (Առ. 17։22. Ա. Տիմ. 4։15, 16Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը մերթ ընդ մերթ կը բովանդակեն յօդուածներ, լուրջ հիւանդութիւններէ տառապող մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին։ Յօդուածները երբեմն կը բացատրեն թէ անոնք իրենց խնդիրներուն հետ ի՛նչպէս գլուխ կ’ելլեն կամ նոյնիսկ առժամաբար անոնց մասին չեն մտածեր՝ ջանալով ուրիշներուն օգնել որ սկսին Եհովայի ու իր հոյակապ խոստումներուն մասին գիտութիւն ստանալ։ *

10. Դարմանի մեր ընտրութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր հարց է։

10 Երբ չափահաս քրիստոնեայ մը առողջապահական խնդիր մը դիմագրաւէ, դարմանում ընտրելու մէջ պատասխանատուութեան ‘իր բեռը պէտք է կրէ’ (Գաղ. 6։5)։ Բայց պէտք է յիշենք թէ դարմանի մեր ընտրութիւնը Եհովայի համար կարեւոր է։ Ինչպէս որ Աստուածաշունչի սկզբունքները յարգելը մեզ կը մղէ ‘արիւնէ ետ կենալու’, նոյնպէս Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր մեծ համարումը պէտք է մղէ մեզ որ չդիմենք դարմաններու, որոնք կրնան հոգեւորապէս մեզի վնասել կամ Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան ազդել (Գործք 15։20)։ Կը թուի թէ կարգ մը ախտաճանաչման ու բուժական մեթոտներ կը գործածեն գերբնական միջոցներ։ Եհովա հաւատուրաց իսրայէլացիներուն չհաճեցաւ, որոնք «կախարդական ուժերու» կամ ոգեհարցական սովորութիւններու դիմեցին։ Ան ըսաւ. «Ա՛լ ինծի ունայն ընծաներ մի՛ բերէք։ Ձեր խունկը ինծի պիղծ է։ Ամսագլուխներուն ու շաբաթներուն եւ ժողովներու գումարուելուն [«եւ կախարդական ուժերու գործածութեան», ՆԱ] չեմ կրնար հանդուրժել։ Ձեր տօնախմբութիւնը անգամ անօրէնութիւն է» (Եսա. 1։13)։ Հիւանդութեան ժամանակ վստահաբար պէտք չէ ընենք բան մը, որ կրնայ մեր աղօթքները խոչընդոտել եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը վտանգել (Ողբք 3։44

«Զգաստութիւնը» էական է

11, 12. Առողջապահական խնամք ընտրելու մէջ «զգաստութիւն»ը ի՞նչ դեր կը խաղայ։

11 Երբ հիւանդ ենք, չենք կրնար ակնկալել որ Եհովա մեզ հրաշալիօրէն բուժէ, բայց կրնանք աղօթել որ դարմանում ընտրելու մէջ մեզի խոհեմութիւն տայ։ Ընտրութիւն ընելու ատեն, պիտի ուզենք որ աստուածաշնչական սկզբունքները եւ լաւ դատողութիւնը մեզ առաջնորդեն։ Երբ պարագան լուրջ է, թերեւս տեղին է որ մէկէ աւելի մասնագէտներու կարծիքը հարցնենք, ներդաշնակ ըլլալով Առակաց 15։22–ի մէջ նշուած գաղափարին հետ, որ կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին»։ Պօղոս առաքեալ հաւատակիցները յորդորեց որ ‘ապրին զգաստութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ՝ այս աշխարհին մէջ’ (Տիտ. 2։12

12 Շատերու պարագան կը նմանի Յիսուսի ժամանակակից հիւանդ կնոջ մը պարագային։ Մարկոս 5։25, 26–ի մէջ կը կարդանք. «Կին մը [կար], որ տասներկու տարի արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր ու շատ նեղութիւն կրած էր շատ բժիշկներէ եւ իր բոլոր ունեցածը վատներ էր ու օգուտ մը չէր գտեր, հապա ալ աւելի սաստկացեր էր»։ Յիսուս զայն բուժեց ու կարեկցաբար անոր հետ վարուեցաւ (Մար. 5։27-34)։ Յուսահատ ըլլալով, կարգ մը քրիստոնեաներ ընդունած են ախտաճանաչման կամ բուժական մեթոտներ, որոնք մաքուր պաշտամունքի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ չեն։

13, 14. ա) Սատանան ի՞նչպէս կրնայ դարմանումի մեր ընտրութիւնը գործածել՝ մեր ուղղամտութիւնը բեկանելու համար։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է հեռու կենանք որեւէ բանէ, որուն մէջ խորհրդապաշտութեան հետք կայ։

13 Սատանան ամէն միջոց պիտի գործածէ՝ մեզ ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռացնելու համար։ Ճիշդ ինչպէս որ ան սեռային անբարոյութիւնը եւ նիւթապաշտութիւնը կը գործածէ ոմանք սայթաքեցնելու համար, կը փորձէ ուրիշներու ուղղամտութիւնը բեկանել կասկածելի դարմանումներու միջոցաւ, որոնք խորհրդապաշտական ուժերու եւ ոգեհարցութեան գործածութեան համահաւասար են։ Մենք կ’աղօթենք որ Եհովա «չարէն» եւ «ամէն անօրէնութենէ» մեզ ազատէ։ Ուստի չենք ուզեր Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ գալ, մենք մեզ ենթարկելով որեւէ բանի որ կրնայ ոգեհարցութեան ու խորհրդապաշտութեան հետ կապ ունենալ (Մատ. 6։13. Տիտ. 2։14

14 Եհովա իսրայէլացիներուն արգիլեց հմայութիւն ու մոգութիւն ընելէ (Բ. Օր. 18։10-12)։ Պօղոս «մարմնին գործեր»ուն մէջ «կախարդութիւն»ը կը պարփակէ (Գաղ. 5։19, 20)։ Աւելին, «կախարդներ»ը Եհովայի իրերու նոր դրութեան մէջ բաժին պիտի չունենան (Յայտ. 21։8)։ Հետեւաբար բացայայտ է թէ որեւէ բան, որ ոգեհարցութեան հետք ունի, Եհովայի գարշելի է։

«Թող ձեր խոհեմութիւնը յայտնի ըլլայ»

15, 16. ա) Առողջապահական խնամք ընտրելու մէջ ինչո՞ւ իմաստութեան կարիք ունինք։ բ) Առաջին դարու կառավարիչ մարմինը ի՞նչ ողջամիտ խրատ տուաւ։

15 Վերոնշեալ կէտերուն ի տես, եթէ որոշ ախտաճանաչման կամ բուժական մեթոտի շուրջ կասկածներ ունինք, իմաստութիւն է որ զայն մերժենք։ Հարկաւ եթէ չես կրնար բացատրել թէ առողջապահական մեթոտ մը ի՛նչպէս կը գործէ, ասիկա ինքնին չի նշանակեր թէ անիկա ոգեհարցութեան հետ կապ ունի։ Առողջապահական խնամքի նկատմամբ աստուածաշնչական տեսակէտ պահպանելը, աստուածային իմաստութիւն եւ լաւ դատողութիւն կը պահանջէ։ Առակաց 3–րդ գլուխին մէջ սա յորդորը կը գտնենք. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ. . . իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ եւ քու հոգիիդ կեանք. . . թող ըլլան» (Առ. 3։5, 6, 21, 22

16 Արդ, մինչ կը ջանանք կարելի եղածին չափ առողջ մնալ, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ Աստուծոյ հաճութիւնը չկորսնցնենք, երբ կը փորձենք հիւանդութեան կամ ծերութեան հետ գլուխ ելլել։ Առողջապահական խնամքի հարցին մէջ, ինչպէս այլ հարցերու մէջ, ‘թող մեր խոհեմութիւնը բոլոր մարդոց յայտնի ըլլայ’՝ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրելով (Փլպ. 4։5, ՆԱ)։ Շատ կարեւոր նամակի մը մէջ, առաջին դարու կառավարիչ մարմինը քրիստոնեաներուն ցուցմունք տուաւ որ կռապաշտութենէ, արիւնէ եւ պոռնկութենէ ետ կենան։ Այդ նամակը սա երաշխիքը բովանդակեց. «Որոնցմէ ինքզինքնիդ պահելով աղէկ պիտի ընէք» (Գործք 15։28, 29)։ Ի՞նչ կերպով։

Հաւասարակշռուած խնամք՝ մինչ կատարեալ առողջութեան կը սպասենք

17. Աստուածաշնչական սկզբունքներուն յարելով ի՞նչպէս ֆիզիքապէս օգտուած ենք։

17 Իւրաքանչիւրս հարց տանք. ‘Արեան ու պոռնկութեան նկատմամբ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն սերտօրէն կառչելով ձեռք ձգած օգուտներս կը գնահատե՞մ’։ Նաեւ խորհէ այն օգուտներուն մասին զորս կը վայելենք, քանի որ կը ջանանք «մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրել» (Բ. Կոր. 7։1)։ Անձնական մաքրութեան վերաբերեալ աստուածաշնչական չափանիշներուն յարելով, բազմաթիւ ֆիզիքական հիւանդութիւններէ կը խուսափինք։ Օգուտներ կը քաղենք, քանի որ կը մերժենք ծխախոտ եւ ապօրինի թմրեցուցիչներ գործածել, որոնք հոգեւորապէս ու ֆիզիքապէս կը պղծեն։ Նաեւ նկատի առ չափաւորութեամբ ուտելուն ու խմելուն առողջապահական օգուտները (Կարդալ՝ Առակաց 23։20. Տիտոս 2։2, 3Թէեւ որոշ ազդակներ, ինչպէս՝ հանգստութիւնն ու մարզանքը, կրնան մեր ընդհանուր բարօրութեան նպաստել, բայց մանաւանդ ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս օգտուած ենք, քանի որ Աստուածաշունչի առաջնորդութիւնը ընդունած ենք։

18. Մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, իսկ առողջութեան վերաբերեալ ո՞ր մարգարէութեան կատարման կրնանք անձկագին սպասել։

18 Ամէն բանէ առաջ, մեր հոգեւոր առողջութեան պէտք է հոգ տանինք ու երկնաւոր Հօր հետ մեր թանկարժէք յարաբերութիւնը զօրացնենք, որ Աղբիւրն է մեր «թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին»՝ իր խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ (Ա. Տիմ. 4։8. Սաղ. 36։9)։ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, հոգեւոր ու ֆիզիքական լման բուժում պիտի կատարուի, մեղքերու ներումի միջոցաւ՝ Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ Աստուծոյ Գառը՝ Յիսուս Քրիստոս մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի «կենդանի ջուրերու աղբիւրները», եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ մեր աչքերէն (Յայտ. 7։14-17. 22։1, 2)։ Այն ատեն սա խայտալի մարգարէութեան կատարումը պիտի վայելենք. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսա. 33։24

19. Մինչ մեր առողջութեան պատշաճօրէն հոգ կը տանինք, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

19 Մենք համոզուած ենք թէ մեր ազատումը մօտ է, եւ անձկագին կը սպասենք այն օրուան, երբ Եհովա մարդկային հիւանդութեան ու մահուան ընթացքը պիտի յեղաշրջէ։ Մինչ այդ, երաշխիք ունինք թէ մեր կաթոգին Հայրը մեզի պիտի օգնէ որ մեր ցաւերուն բեռին տոկանք, քանի որ ‘մեզ կը հոգայ’ (Ա. Պետ. 5։7)։ Արդ, մեր առողջութեան հոգ տանինք, բայց միշտ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին բովանդակած յստակ ուղեգծերուն համաձայն։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Այսպիսի կարգ մը յօդուածներու ցանկը կը գտնուի Դիտարան–ի 1 Սեպտեմբեր 2003 թիւին 31–րդ էջի շրջանակին մէջ։

Վերաքաղի համար

• Ո՞վ պատասխանատու է հիւանդութեան, իսկ ո՞վ մեղքին ազդեցութիւններէն մեզ պիտի ազատէ։

• Թէեւ մեր առողջութեամբ հետաքրքրուիլը բնական է, բայց ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափինք։

• Դարմանումի մեր ընտրութիւնը ինչո՞ւ Եհովայի համար կարեւոր է։

• Մեր առողջութեան առնչութեամբ, աստուածաշնչական սկզբունքներուն յարելով ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 24]

Մարդը չստեղծուեցաւ որ հիւանդանայ ու ծերանայ