Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մահուան ատեն իրապէս ի՞նչ կը պատահի

Մահուան ատեն իրապէս ի՞նչ կը պատահի

Մահուան ատեն իրապէս ի՞նչ կը պատահի

«Բոլոր հոգիները անմահ են, նոյնիսկ չարերուն հոգիները. . . Անշէջ կրակին անվերջ վրէժխնդրութեան պատիժին ենթարկուած ըլլալով եւ չմեռնելով, անկարելի է որ անոնք իրենց տառապանքին վերջ դնեն» (Աղեքսանդրացի Կղեմէս, մ.թ. երկրորդ ու երրորդ դարու գրող)։

ԿՂԵՄԷՍԻ նման, դժոխքը տանջանքի վայր մը ըլլալու ուսուցումը յառաջ մղող անհատները կ’ենթադրեն թէ մարդկային հոգին անմահ է։ Աստուածաշունչը այս ուսուցումին թիկունք կը կանգնի՞։ Նկատի առ թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կը պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն։

Առաջին մարդը՝ Ադամ անմահ հոգի մը ունէ՞ր։ Ադամի ստեղծագործութեան մասին կը կարդանք. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ» (Ծննդոց 2։7)։ Նկատէ թէ այս համարը չ’ըսեր թէ Ադամի հոգի մը տրուեցաւ։

Մեղանչումէն ետք, ի վերջոյ Ադամի ի՞նչ պատահեցաւ։ Աստուծոյ սահմանած պատիժը՝ դժոխքին մէջ յաւերժական չարչարանք չէր։ Ան Ադամի ըսաւ. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծննդոց 3։19)։ Աստուծոյ յայտարարութիւնը ցոյց չի տար թէ Ադամի մահէն ետք՝ բան մը վերապրեցաւ։ Երբ Ադամ մեռաւ, Ադամ հոգին մեռաւ։

Ոեւէ մարդ անմահ հոգի ունի՞։ Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ. «Ան, որ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն կը դարձնէ, հոգի մը մահուանէ կ’ազատէ» (Յակոբոս 5։20)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ինչպէս մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Եթէ բոլոր մարդիկ կը մեղանչեն, ուրեմն տրամաբանական է եզրակացնել թէ բոլոր հոգիները կը մեռնին։

Մեռած հոգին բան մը գիտէ՞ կամ կը զգա՞յ։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժողովող 9։5)։ Մահուան ժամանակ մարդուն ի՛նչ պատահիլը նկարագրելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին» (Սաղմոս 146։4)։ Եթէ մեռելները «բան մը չեն գիտեր» եւ անոնց «խորհուրդները կը կորսուին», ի՞նչպէս կրնան դժոխքին մէջ չարչարանք զգալ։

Յիսուս Քրիստոս մահը չառնչեց գիտակցութեան, այլ զայն նմանցուց քունի * (Յովհաննէս 11։11-14)։ Սակայն ոմանք կրնան առարկել, ըսելով թէ Յիսուս սորվեցուց թէ դժոխքը տաք է եւ մեղաւորները դժոխքի կրակին մէջ պիտի նետուին։ Քննարկենք թէ Յիսուս դժոխքի մասին իրապէս ի՛նչ ըսաւ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Աւելի մանրամասն քննարկման համար, տես՝ «Յիսուսէն ի՛նչ կը սորվինք. ննջեցեալներուն յոյսին մասին» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 2008 թիւին մէջ, էջ 16-17 (անգլերէն)։