Վճռէ հիմնովին վկայութիւն տալ
Վճռէ հիմնովին վկայութիւն տալ
«Ինք պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու [«հիմնովին», ՆԱ] վկայութիւն տանք» (ԳՈՐԾՔ 10։42)։
1. Երբ Պետրոս Կոռնելիոսի առջեւ կը խօսէր, ո՞ր յանձնարարութիւնը աչքառու դարձուց։
ԻՏԱԼԱՑԻ հարիւրապետը իր ազգականներն ու բարեկամները հրաւիրեց առիթի մը, որ մարդոց հետ Աստուծոյ գործառնութեանց մէջ դարձակէտ եղաւ։ Այդ աստուածավախ մարդը Կոռնելիոսն էր։ Պետրոս առաքեալ խումբին ըսաւ թէ առաքեալներուն պատուէր տրուած էր, որ ‘ժողովուրդին քարոզեն ու հիմնովին վկայութիւն տան’ Յիսուսի մասին։ Պետրոսի վկայութիւնը շատ արդիւնաբեր եղաւ,– անթլփատ հեթանոսներ Աստուծոյ հոգին ստացան, մկրտուեցան եւ Յիսուսի հետ երկինքի մէջ թագաւորներ ըլլալու հեռանկարը ունեցան։ Անոր լիակատար վկայութիւնը ի՜նչ արդիւնք տուաւ (Գործք 10։22, 34-48)։
2. Ի՞նչպէս գիտենք թէ վկայութիւն տալու յանձնարարութիւնը սահմանափակուած չէր 12 առաքեալներուն։
2 Ատիկա մ.թ. 36–ին էր։ Շուրջ երկու տարի առաջ, քրիստոնէութեան թունդ հակառակորդ մը փորձառութիւն մը ունեցաւ, որ իր կեանքը փոխեց։ Տարսոնցի Սօղոս դէպի Դամասկոս կ’երթար, երբ Յիսուս անոր երեւցաւ ու ըսաւ. «Քաղաքը մտի՛ր եւ քեզի պիտի ըսուի ինչ որ պարտիս ընել»։ Յիսուս Անանիա աշակերտը հաւաստիացուց թէ Սօղոս պիտի վկայէր «հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն» (Կարդալ՝ Գործք 9։3-7, 13-20)։ Իսկ Անանիա Սօղոսի ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը առաջուընէ քեզ ընտրեց. . . քանզի բոլոր մարդոց առջեւ անոր վկայ պիտի ըլլաս» (Գործք 22։12-16)։ Սօղոս, որ հետագային ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս, վկայելու իր նշանակումը ո՞րքան լուրջի առաւ։
Ան հիմնովին վկայութիւն տուաւ
3. ա) Ո՞ր պատմութեան վրայ պիտի կեդրոնանանք։ բ) Եփեսացի երէցները Պօղոսի պատգամին ի՞նչպէս ընդառաջեցին եւ ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացան։
3 Թէեւ հետաքրքրաշարժ է մանրամասնօրէն ուսումնասիրել Պօղոսի գործունէութիւնը, բայց այժմ կեդրոնանանք շուրջ մ.թ. 56–ին անոր տուած մէկ ճառին վրայ, ինչպէս արձանագրուած է Գործք 20–րդ գլուխին մէջ։ Պօղոս այս ճառը ներկայացուց իր երրորդ միսիոնարական շրջապտոյտին վերջաւորութեան։ Ան նաւով Մելիտոս հասած էր,– Եգէական ծովուն մէկ նաւահանգիստը,– եւ Եփեսոսի ժողովքին երէցները կանչած էր։ Եփեսոս շուրջ 50 քիլոմեթր հեռու էր, եւ ոլոր–մոլոր ճամբաներուն պատճառաւ ճամբորդութիւնը երկար կը տեւէր։ Կրնաս երեւակայել թէ եփեսացի երէցները ո՜րքան ոգեւորուած էին, երբ Պօղոսի պատգամը ստացան (Համեմատել՝ Առակաց 10։28)։ Բայց եւ այնպէս, անոնք Մելիտոս ուղղուելու կարգադրութիւններ պէտք էր ընէին։ Անոնցմէ ոմանք ստիպուեցա՞ն գործէն արձակուրդ առնել կամ իրենց խանութը փակել։ Ներկայիս քրիստոնեաներէն շատեր ասիկա կ’ընեն, որպէսզի իրենց տարեկան նահանգային համաժողովի նոյնիսկ մէկ նիստէն չբացակային։
4. Պօղոս Եփեսոսի մէջ ի՞նչ ընթացքի հետեւած էր։
4 Ի՞նչ կը խորհիս Պօղոս ըրաւ Մելիտոսի մէջ այդ երեք կամ չորս օրուան ընթացքին, մինչեւ որ երէցները ժամանէին։ Դուն ի՞նչ կ’ընէիր (Համեմատել՝ Գործք 17։16, 17)։ Եփեսացի երէցներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերը այս հարցին վրայ լոյս կը սփռեն։ Ան տարիներու ընթացքին իր վարած կենցաղը նկարագրեց, ի ներառեալ՝ երբ նախապէս Եփեսոսի մէջ էր (Կարդալ՝ Գործք 20։18-21)։ Վստահ ըլլալով որ ոեւէ մէկը պիտի չառարկէ, ան ըսաւ. «Դուք գիտէք թէ՝ առաջին օրէն ի վեր երբ ես Ասիա եկայ. . . [«հիմնովին», ՆԱ] վկայութիւն տուի»։ Արդարեւ ան վճռած էր Յիսուսէ ստացած յանձնարարութիւնը կատարել։ Ան Եփեսոսի մէջ ասիկա ի՞նչպէս ըրաւ։ Կերպերէն մէկն էր՝ հրեաներուն վկայել, երթալով այն տեղը՝ ուր մեծ թիւով կը հաւաքուին։ Ղուկաս կը տեղեկագրէ թէ Եփեսոսի մէջ, շուրջ մ.թ. 52-55–ին, Պօղոս «կը խօսէր ու կը համոզէր» ժողովարանին մէջ։ Երբ հրեաները ‘յամառեցան ու դէմ դրին’, Պօղոս իր ուշադրութիւնը ուրիշներուն դարձուց եւ այլ տեղ շարունակեց քարոզել։ Այսպէս ան այդ մեծ քաղաքին մէջ վկայութիւն տուաւ հրեաներուն եւ յոյներուն (Գործք 19։1, 8, 9)։
5, 6. Ինչո՞ւ վստահ ենք թէ Պօղոսի տունէ–տուն քարոզչութիւնը ուղղուած էր անհաւատներուն։
5 Նորահաւատ քրիստոնեաներէն ոմանք ժամանակի ընթացքին որակեալ եղան երէցներ ըլլալու։ Մելիտոսի մէջ Պօղոս անոնց խօսեցաւ ու յիշեցուց իր գործածած մեթոտը. «Վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ սորվեցնելէ»։ Ներկայիս ոմանք դաւանած են թէ Պօղոս հոս պարզապէս կ’ակնարկէր հաւատացեալներու տրուած հովուական այցելութիւններուն։ Բայց ո՛չ։ ‘Հրապարակաւ եւ տան մէջ սորվեցնելը’ գլխաւորաբար ակնարկեց անհաւատներու մէջ կատարուած աւետարանչութեան։ Ասիկա յայտնի է Պօղոսի յաջորդ խօսքէն, թէ վկայութիւն կու տար «Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար»։ Բացորոշ է թէ Պօղոս անհաւատներուն վկայութիւն կու տար, որոնք ապաշխարելու եւ Յիսուսի հաւատալու կարիք ունէին (Գործք 20։20, 21)։
6 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն ընդարձակ վերլուծման մը մէջ, ուսումնական մը Գործք 20։20–ի մասին ըսաւ. «Պօղոս Եփեսոսի մէջ երեք տարի անցուցած էր։ Ան իւրաքանչիւր տուն այցելեց, կամ առնուազն ամբողջ ժողովուրդին քարոզեց (համար 26)։ Ահաւասիկ աստուածաշնչական հիմ մը տունէ տուն աւետարանչութեան, ինչպէս նաեւ հանրային հանդիպումներով կատարուած քարոզչութեան»։ Պօղոս բառացիօրէն իւրաքանչիւր տուն այցելե՛ց, ինչպէս այս ուսումնականը կը դաւանի, կամ ոչ, ան չուզեց որ եփեսացի երէցները մոռնան թէ ի՛նչպէս վկայութիւն տուած էր եւ ի՛նչ արդիւնքով։ Ղուկաս տեղեկագրեց. «Ասիա նահանգի բոլոր բնակիչները, Հրեայ թէ Յոյն, Տիրոջ խօսքը լսեցին» (Գործք 19։10, Անթիլիաս)։ Բայց ի՞նչպէս Ասիայի մէջ «բոլոր»ը լսեցին, եւ ասիկա մեր տուած վկայութեան մասին ի՞նչ կրնայ ցոյց տալ։
7. Ուղղակի իր քարոզած անհատներէն զատ, Պօղոսի քարոզչութիւնը հաւանաբար ի՞նչպէս ազդեց ուրիշներու։
7 Պօղոս հանրային վայրերու մէջ եւ տունէ տուն քարոզելով, շատեր իր պատգամը լսեցին։ Կը խորհի՞ս թէ հաւանական է որ բոլոր լսողները Եփեսոսի մէջ մնացին, ո՛չ մէկը այլուր փոխադրուեցաւ՝ գործի, ազգականներու մօտիկ ըլլալու կամ մեծ քաղաքի խճողուած կեանքէն փախչելու համար։ Անշուշտ ոչ։ Այսօր շատեր այսպիսի պատճառներով փոխադրուած են, եւ թերեւս դուն ալ։ Աւելին, ընկերային կամ առեւտրական պատճառներով, մարդիկ այլ շրջաններէ Եփեսոս կ’այցելէին։ Անոնք հաւանաբար Պօղոսի հանդիպեցան կամ անոր տուած վկայութիւնը լսեցին։ Իսկ իրենց տուները վերադառնալով, ճշմարտութիւնը ընդունողները վկայութիւն տուին, եւ ոմանք հաւատացեալներ չըլլալով հանդերձ, թերեւս իրենց լսածներուն մասին խօսեցան։ Այսպէս ազգականներ, դրացիներ կամ յաճախորդներ ճշմարտութիւնը լսեցին, եւ ոմանք ընդունեցին զայն (Համեմատել՝ Մարկոս 5։14)։ Ասիկա քու տուած լիակատար վկայութեանդ ազդեցութեան մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։
8. Հաւանաբար, «Ասիա նահանգի բոլոր բնակիչները» ի՞նչպէս ճշմարտութիւնը լսեցին։
8 Եփեսոսի մէջ իր ծառայութեան նկատմամբ, Պօղոս գրեց. «Ինծի մեծ ու արդիւնաբեր դուռ մը բացուած է» (Ա. Կոր. 16։8, 9)։ Ի՞նչ դուռ եւ ի՞նչպէս բացուած էր։ Եփեսոսի մէջ Պօղոսի անընդհատ ծառայութեան շնորհիւ, բարի լուրը տարածուեցաւ։ Նկատի առ միջերկրեայ երեք քաղաքները,– Կողոսա, Լաւոդիկէ ու Յերապոլիս։ Պօղոս զանոնք երբեք չայցելեց, բայց եւ այնպէս բարի լուրը անոնց հասաւ։ Եպափրաս այդ շրջանէն էր (Կող. 2։1. 4։12, 13)։ Արդեօք Եպափրաս Եփեսոսի՞ մէջ Պօղոսի վկայութիւնը լսեց ու քրիստոնեայ եղաւ։ Աստուածաշունչը չի նշեր։ Բայց Եպափրաս թերեւս իր բնագաւառին մէջ ճշմարտութիւնը տարածեց որպէս Պօղոսի ներկայացուցիչը (Կող. 1։7)։ Երբ Պօղոս Եփեսոսի մէջ վկայութիւն կու տար, քրիստոնէական պատգամը հաւանաբար հասաւ նաեւ Ֆիլատելֆիա, Սարդիկէ ու Թիւատիր քաղաքները։
9. ա) Պօղոս ի՞նչ սրտագին փափաք ունէր։ բ) 2009–ի տարուան համարը ի՞նչ է։
9 Հետեւաբար եփեսացի երէցները Պօղոսի սա խօսքը ընդունելու բաւարար պատճառներ ունէին. «Իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, Գործք 20։24, ՆԱ)։
միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու [«բարի լուրին մասին լիակատար վկայելու», ՆԱ]»։ Այս համարը կը բովանդակէ 2009–ի տարուան համարը, որ դրական ու խթանիչ է. «Բարի լուրին մասին լիակատար վկայել» (Հիմնովին վկայութիւն տալ այսօր
10. Ի՞նչպէս գիտենք թէ պէտք է հիմնովին վկայութիւն տանք։
10 Առաքեալներուն կողքին, ‘ժողովուրդին քարոզելու եւ հիմնովին վկայութիւն տալու’ պատուէրը ուրիշներ ալ պարփակեց։ Յարուցեալ Յիսուս Գալիլիոյ մէջ հաւաքուած շուրջ 500 աշակերտներու պատուիրեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ Այս պատուէրը ներկայիս կը կիրարկուի բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն, ինչպէս Յիսուսի խօսքը կը յայտնէ. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։19, 20)։
11. Եհովայի վկաները ո՞ր կարեւոր գործունէութեամբ ճանչցուած են։
11 Նախանձախնդիր քրիստոնեաներ կը շարունակեն այդ պատուէրին հնազանդիլ, ջանալով «բարի լուրին մասին լիակատար վկայել»։ Ասիկա ընելու բանալի մեթոտ մըն է տունէ–տուն քարոզչութիւնը, ինչպէս Պօղոս նշեց եփեսացի երէցներուն։ Ազդու միսիոնարական գործունէութեան մասին 2007–ին լոյս տեսած գիրքի մը մէջ, Տէյվիտ Կ. Սթիուըրդ Կրտսեր ըսաւ. «Եհովայի վկաներու գործնական ու կիրարկելի մեթոտը փաստած է անդամները քարոզչութեան մղելու շա՜տ աւելի ազդեցիկ ըլլալ, քան՝ վերացական ու տեսական [յորդորները, որոնք ամպիոններէն կը տրուին]։ Բազմաթիւ Եհովայի վկաներու նախասիրած գործունէութիւնն է՝ իրենց հաւատալիքները ուրիշներուն հետ բաժնել»։ Արդի՞ւնքը։ «1999–ին, Արեւելեան Եւրոպայի երկու մայրաքաղաքներու մէջ ըրած փորձագիտանքիս մասնակցողներուն միայն 2-4 տոկոսը ըսաւ թէ իրենց հանդիպած են միսիոնարներ, որոնք վերջին օրերու սուրբերուն կամ մորմոնութեան կը պատկանին։ Իսկ աւելի քան 70 տոկոսը նշեց թէ Եհովայի վկաները անձամբ իրենց հետ խօսած են, եւ յաճախ՝ մի քանի անգամ»։
12. ա) Մեր թաղամասին մէջ ինչո՞ւ մարդոց «մի քանի անգամ» կ’այցելենք։ բ) Կրնա՞ս պատմել անհատի մը փորձառութիւնը, որ մեր պատգամին հանդէպ իր կեցուածքը փոխեց։
12 Նոյնը կրնայ ըսուիլ շրջանիդ մէջ եղող մարդոց մասին։ Հաւանաբար այս բանին նպաստած ես։ Տունէ տուն ծառայութեան մասնակցելով, ‘անձամբ խօսած ես’ տղամարդոց, կիներու եւ դեռատիներու։ Ոմանց նոյնիսկ «մի քանի անգամ» հանդիպելէ ետք, անոնք ականջ չեն տուած։ Ուրիշներ հակիրճօրէն մտիկ ըրած են, երբ Աստուածաշունչէն համար մը կամ աստուածաշնչական գաղափար մը բաժնած ես։ Իսկ ոմանք քեզմէ ընտիր վկայութիւն մը ստանալով ընդառաջած են։ Այսպիսի հակազդեցութիւններու կը հանդիպինք, մինչ ‘բարի լուրի մասին հիմնովին վկայութիւն կու տանք’։ Ինչպէս հաւանաբար գիտես, շատեր «մի քանի անգամ» հանդիպումներ ունենալով հանդերձ, չնչին հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին, բայց հետագային փոխուեցան։ Թերեւս անոնց կամ անոնց մէկ սիրելիին բան մը պատահեցաւ, որ իրենց միտքն ու սիրտը բացաւ ճշմարտութեան։ Այժմ անոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերն են։ Ուստի մի՛ հեղգանար, նոյնիսկ եթէ վերջերս ընդունողներ չես գտած։ Մենք չենք ակնկալեր որ ամէն ոք ճշմարտութեան գայ։ Բայց Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ ժրաջանօրէն ու նախանձախնդրօրէն շարունակենք հիմնովին վկայութիւն տալ։
Արդիւնքներ՝ որոնց մասին թերեւս չգիտնանք
13. Մեր քարոզչութիւնը ի՞նչպէս կրնայ արդիւնքներ տալ, որոնց մասին կրնանք չգիտնալ։
13 Պօղոսի ծառայութեան ազդեցութիւնը սահմանափակուած չէր անոնց, որոնց ուղղակի օգնեց քրիստոնեաներ ըլլալու։ Նոյնը կը կիրարկուի մեզի։ Կը ջանանք տունէ տուն ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլ, կարելի եղածին չափ շատ անհատներու վկայելով։ Բարի լուրին մասին կը խօսինք դրացիներու, գործակիցներու, դպրոցակիցներու եւ ազգականներու։ Կրնա՞նք գիտնալ թէ ի՛նչ են բոլոր արդիւնքները։ Ոմանց պարագային, անմիջապէս լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգուի։ Այլ պարագաներու, ճշմարտութեան սերմերը կրնան որոշ ատեն մը անգործունեայ մնալ, ապա անհատին սրտի հողին մէջ արմատ նետել ու ծլիլ։ Նոյնիսկ եթէ ասիկա տեղի չունենայ, մեր խօսած անհատները թերեւս ուրիշներու հաղորդեն մեր ըսածները եւ խօսին մեր հաւատալիքներուն ու վարքին մասին։ Այո, կարելի է որ անոնք անգիտակցաբար պատեհութիւն ընծայեն, որ այդ սերմերը այլուր ընդառաջող հող գտնեն։
14, 15. Եղբօր մը քարոզչութիւնը ի՞նչ արդիւնք տուաւ։
14 Օրինակի համար, նկատի առնենք Ռիան ու իր կինը՝ Մէնտի, որոնք կ’ապրին Ֆլորիտայի մէջ, Ա.Մ.Ն.։ Ռիան իր գործատեղիին մէջ անպաշտօն կերպով վկայեց գործակիցի մը, որ պրահմանական ենթահող ունէր։ Ռիանի հագուելակերպն ու խօսելակերպը զայն տպաւորեցին։ Իրենց զրոյցներուն մէջ, Ռիանի քննարկած մէկ նիւթն էր՝ յարութիւնը եւ մեռելներուն վիճակը։ Յունուար ամսուան մէջ, մարդը իր կնոջ՝ Ճոտիի հարցուց թէ Եհովայի վկաներուն մասին ի՛նչ գիտէր։ Ճոտի կաթողիկէ էր, եւ ըսաւ թէ միակ բանը որ գիտէր, թէ վկաները «դռնէ դուռ կը քարոզեն»։ Ուստի Ճոտի համացանցին մէջ «Եհովայի վկաներ» արտայայտութիւնը որոնեց, եւ այսպէս հանդիպեցաւ մեր ցանցակայքին՝ www.watchtower.org։ Մի քանի ամիս, ան ցանցակայքին վրայ նիւթեր կարդաց, ի ներառեալ Աստուածաշունչը եւ զինք հետաքրքրող յօդուածներ։
15 Ժամանակ մը ետք, Ճոտի ծանօթացաւ Մէնտիի, երկուքն ալ հիւանդապահուհիներ ըլլալով։ Մէնտի ուրախութեամբ պատասխանեց Ճոտիի հարցումներուն։ Շատ չանցած, անոնք քննարկեցին «Ադամէն Արմագեդոն», ինչպէս Ճոտի կը կոչէ։ Ճոտի Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց եւ շուտով սկսաւ Թագաւորութեան սրահ յաճախել։ Հոկտեմբերին, Ճոտի չմկրտուած հրատարակիչ եղաւ, իսկ փետրուարին՝ մկրտուեցաւ։ Ան կը գրէ. «Հիմա որ ճշմարտութիւնը գիտեմ, շատ երջանիկ ու գոհունակ կեանք մը կը վարեմ»։
16. Ֆլորիտայի մէջ բնակող եղբօր փորձառութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ լիակատար վկայութեան մասին։
16 Ռիան գաղափար իսկ չունէր թէ այդ մարդուն վկայելը պատճառ պիտի ըլլար որ ուրիշ մը ճշմարտութեան գար։ Այս պարագային, ան հետագային գիտցաւ թէ ‘հիմնովին վկայութիւն տալը’ ի՛նչ պտուղ բերաւ։ Կարելի է որ դրան մը առջեւ, գործատեղը, դպրոցը կամ անպաշտօն կերպով վկայես, եւ ասիկա ճշմարտութիւնը ուրիշներու տարածելու միջոց մը ըլլայ։ Ինչպէս Պօղոս չգիտցաւ թէ «Ասիա նահանգի» մէջ ձեռք ձգուած բոլոր արդիւնքները ի՛նչ էին, թերեւս դուն ալ չգիտնաս լիակատար վկայութեանդ բոլոր լաւ արդիւնքները (Կարդալ՝ Գործք 23։11. 28։23)։ Բայց ո՜րքան կենսական է որ շարունակես հիմնովին վկայել։
17. 2009–ի ընթացքին ի՞նչ վճռած ես ընել։
17 2009–ի ընթացքին, բոլորս տունէ տուն եւ այլ կերպերով վկայելու մեր յանձնարարութիւնը լուրջի առնենք։ Այսպէս ի վիճակի պիտի ըլլանք Պօղոսի կեցուածքը արտացոլացնելու. «Իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու [«բարի լուրին մասին լիակատար վկայելու», ՆԱ]»։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Առաջին դարուն, Պետրոս, Պօղոս եւ ուրիշներ ի՞նչպէս հիմնովին վկայութիւն տուին։
• Ինչո՞ւ մեր վկայութեան ազդեցութիւնը կրնայ հեռահաս ըլլալ։
• 2009–ի տարուան համարը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ կը խորհիս թէ պատշաճ է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Մէջբերում՝ էջ 30]
2009–ի տարուան համարն է. «Բարի լուրին մասին լիակատար վկայել» (Գործք 20։24, ՆԱ)։
[Նկար՝ էջ 28]
Եփեսացի երէցները գիտէին որ Պօղոս տունէ տուն վկայելու սովորութիւնը ունէր
[Նկար՝ էջ 29]
Լիակատար վկայութիւն տալուդ ազդեցութիւնները ո՞րքան հեռահաս պիտի ըլլան