Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս. հետեւելիք կատարեալ տիպարը

Յիսուս. հետեւելիք կատարեալ տիպարը

Յիսուս. հետեւելիք կատարեալ տիպարը

Կ’ՈՒԶԵ՞Ս աւելի լաւ եւ աւելի ուրախ անձ մը ըլլալ։ Պետրոս առաքեալ մեզի կերպը կը բացատրէ՝ ըսելով. «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք» (Ա. Պետրոս 2։21)։ Արդարեւ Յիսուս Քրիստոս բացառիկ կեանք մը ապրած ըլլալով, իրմէ շատ բան կրնանք սորվիլ։ Յիսուսի մասին գիտութիւն ստանալով եւ անոր օրինակին համաձայն մեր կեանքը կաղապարելով, վստահաբար կրնանք աւելի լաւ ու աւելի ուրախ անհատներ ըլլալ։ Մօտէն քննենք այս մեծ մարդուն կարգ մը առանձնայատկութիւնները եւ տեսնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք անոր օրինակէն օգտուիլ։

Յիսուս հաւասարակշռուած էր։ Թէեւ Յիսուս ըսաւ թէ «տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ», սակայն խստակեաց ապրելակերպը չորդեգրեց կամ չքաջալերեց (Մատթէոս 8։20)։ Ան կոչունքներու ներկայ գտնուեցաւ (Ղուկաս 5։29)։ Արձանագրուած իր առաջին հրաշքը,– հարսանիքի մը մէջ ջուրը ընտիր գինիի վերածելը,– ցոյց կու տայ թէ ընկերատեաց կամ ճգնաւոր չէր (Յովհաննէս 2։1-11)։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս յստակացուց թէ ի՛նչ բան մեծապէս կարեւոր էր իրեն համար, ըսելով. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (Յովհաննէս 4։34

Կեանքդ վերլուծա՞ծ ես՝ տեսնելու համար թէ ի՛նչպէս կրնաս նիւթական ու հոգեւոր հետամտութիւններդ հաւասարակշռել։

Յիսուս դիւրամերձ էր։ Աստուածաշունչը Յիսուսը կը նկարագրէ որպէս ջերմ ու բարեկամական անձ մը։ Ան չնեղացաւ, երբ մարդիկ իրեն ներկայացուցին իրենց խնդիրները կամ կնճռոտ հարցումներ։ Առիթով մը, երբ ամբոխը զինք շրջապատած էր, իր հանդերձին դպաւ կին մը, որ 12 տարիէ ի վեր հիւանդութենէ մը կը տառապէր, յուսալով բուժուիլ։ Կնոջ արարքը յաւակնոտութիւն թուելով հանդերձ, Յիսուս զինք չմերժեց, հապա ազնուօրէն ըսաւ. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց» (Մարկոս 5։25-34)։ Նոյնիսկ երախաները իր ներկայութեան հանգիստ զգացին եւ չվախցան որ անտեսուին (Մարկոս 10։13-16)։ Ան իր աշակերտներուն հետ յաճախ սրտբաց ու բարեկամական խօսակցութիւններ ունեցաւ։ Իսկ անոնք իրեն մօտենալու չվարանեցան (Մարկոս 6։30-32

Ուրիշներ ո՞րքան ազատ կը զգան քեզի մօտենալու։

Ան կարեկից ու գթասիրտ էր։ Յիսուսի մեծագոյն մէկ արժանիքն էր՝ ինքզինք ուրիշներու տեղը դնել, անոնց զգացումները բաժնել եւ գործնական կերպով ընդառաջել։ Յովհաննէս առաքեալ կը պատմէ թէ տեսնելով Մարիամի լալը իր մահացած եղբօր՝ Ղազարոսի համար, Յիսուս «իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ» եւ «լացաւ»։ Ներկաները կրնային դիւրաւ զգալ Յիսուսի խոր խանդաղատանքը այդ ընտանիքին հանդէպ, զոր հրապարակաւ դրսեւորեց։ Իսկ ի՜նչ կարեկցութիւն ցուցաբերեց, երբ իր բարեկամը վերակենդանացուց (Յովհաննէս 11։33-44

Այլ առիթով, բորոտութենէ բռնուած մարդ մը,– ահռելի հիւանդութիւն մը՝ որուն պատճառաւ կը մեկուսանար,– Յիսուսի աղաչեց. «Տէ՛ր, եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուսի ընդառաջումը իսկապէս սրտաշէն էր. «Իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. ‘Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ’» (Մատթէոս 8։2, 3)։ Յիսուս մարդիկը չբուժեց պարզապէս մարգարէութիւն կատարելու համար։ Ան ուզեց անոնց աչքերէն արցունքները սրբել։ Իր բոլոր ըրածներուն մէջ կը կիրարկէր իր համբաւաւոր խօսքը. «Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Ղուկաս 6։31

Արարքներդ կ’արտացոլացնե՞ն ուրիշներու հանդէպ կարեկցութիւնդ։

Յիսուս հասկացող ու խորատես էր։ Ո՛չ մէկ յանցանք գործելով հանդերձ, Յիսուս երբեք ուրիշներէ կատարելութիւն չակնկալեց, ինքզինք գերակայ չնկատեց եւ անհասկացողութեամբ չվարուեցաւ։ Օրին մէկը, «քաղաքին մէջ մեղաւոր կին մը» իր հաւատքն ու գնահատութիւնը յայտնեց՝ իր արցունքներով Յիսուսի ոտքերը թրջելով։ Յիսուս թոյլ տուաւ անոր որ այդպէս վարուի, զարմանք պատճառելով հիւրընկալին, որ անգթօրէն կինը դատեց։ Յիսուս մեղաւոր կինը չդատապարտեց, անոր անկեղծութիւնը զատորոշելով։ Փոխարէն, ան ըսաւ. «Քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա խաղաղութեամբ»։ Յիսուսի ջերմ ընդառաջումին առ ի արդիւնք, շատ հաւանական է որ այդ կինը մղուեցաւ իր առաջուան կենցաղակերպը լքելու (Ղուկաս 7։37-50

Ճանչցուա՞ծ ես որ գովելու մէջ արագ ես, իսկ դատապարտելու մէջ՝ դանդաղ։

Ան անաչառ ու յարգող էր։ Թերեւս նկարագրի նմանութեան եւ ազգականութեան պատճառաւ, Յիսուս Յովհաննէս աշակերտին հանդէպ մասնայատուկ խանդաղատանք ունէր։ * Այսուհանդերձ ան աչառութեամբ չվարուեցաւ ու զինք միւս աշակերտներէն աւելի չնախասիրեց (Յովհաննէս 13։23)։ Իրականութեան մէջ, երբ Յովհաննէս ու իր եղբայրը Յակոբոս խնդրեցին որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ առանձնաշնորհեալ դիրքերու տիրանան, Յիսուս պատասխանեց. «Իմ աջ կողմս ու ձախ կողմս նստիլը՝ իմս չէ տալը» (Մարկոս 10։35-40

Յիսուս ուրիշները միշտ կը յարգէր։ Ան ժամանակակից մարդոց կանխադատութիւնները չբաժնեց։ Օրինակ, կիները սովորաբար այրերէն ստորադաս կը նկատուէին։ Բայց Յիսուս կիները պատուեց։ Ան առաջին անգամ Մեսիան ըլլալը յայտնեց սամարացի կնոջ մը, զոր հրեաները սովորաբար պիտի արհամարհէին եւ վստահաբար չբարեւէին (Յովհաննէս 4։7-26)։ Եւ Յիսուս կիներո՛ւն շնորհեց իր յարութեան առաջին վկաները ըլլալու առանձնաշնորհումը (Մատթէոս 28։9, 10

Տարբեր ցեղի, սեռի, լեզուի կամ ազգութեան պատկանող անհատներու հետ անաչառօրէն կը վարուի՞ս։

Ան պարտաճանաչ զաւակ ու եղբայր մըն էր։ Ըստ երեւոյթին, Յիսուսի հայրագիրը՝ Յովսէփ մեռաւ երբ Յիսուս տակաւին պատանի էր։ Շատ հաւանական է որ Յիսուս իր մօր եւ կրտսեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգ տարաւ, որպէս հիւսն աշխատելով (Մարկոս 6։3)։ Իր կեանքի վերջին րոպէներուն, ան Յովհաննէս աշակերտին պատուիրեց որ իր մօր հոգ տանի (Յովհաննէս 19։26, 27

Կրնա՞ս Յիսուսը ընդօրինակել՝ ընտանեկան պատասխանատուութիւններդ շալկելով։

Յիսուս իսկական բարեկամ մըն էր։ Իբրեւ բարեկամ, Յիսուս ակնառու էր։ Ի՞նչպէս։ Ան իր բարեկամները չմերժեց պարզապէս քանի որ սխալներ գործեցին կամ նոյն սխալը կրկնեցին։ Իր աշակերտները միշտ իր նախընտրածին պէս չվարուեցան։ Այսուհանդերձ ան ցոյց տուաւ թէ իրենց բարեկամն է՝ կեդրոնանալով իրենց լաւ յատկութիւններուն վրայ եւ գէշ շարժառիթներ իրենց չվերագրելով (Մարկոս 9։32-34. Ղուկաս 22։24-27)։ Ան իր տեսակէտները անոնց չպարտադրեց, այլ պատեհութիւն ընծայեց որ ազատօրէն արտայայտուին (Մատթէոս 16։13-15

Ամէնէն աւելի, Յիսուս իր բարեկամները սիրեց (Յովհաննէս 13։1)։ Ո՞ր տարողութեամբ։ Ան ըսաւ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ» (Յովհաննէս 15։13)։ Անհատ մը կրնա՞յ իր բարեկամներուն բան մը ընծայել, որ իր կեանքէն աւելի արժէքաւոր է։

Բարեկամ կը մնա՞ս, նոյնիսկ երբ ուրիշներ քեզ զայրացնեն կամ ընդվզեցնեն։

Ան քաջասիրտ եւ արի էր։ Յիսուս շա՜տ տարբեր էր այն տկար ու կրաւորական անձէն, զոր կարգ մը գեղարուեստագէտներ ներկայացուցած են։ Աւետարանները զինք կը նկարագրեն որպէս զօրաւոր ու կորովի մարդ մը։ Յիսուս երկու անգամ տաճարէն վռնտեց վաճառականները, իրենց ապրանքներուն հետ (Մարկոս 11։15-17. Յովհաննէս 2։14-17)։ Երբ խուժան մը եկաւ «Նազովրեցի Յիսուսը» ձերբակալելու, ան խիզախօրէն ելաւ որ ինքզինք բնորոշէ ու իր աշակերտները պաշտպանէ, հաստատօրէն ըսելով. «Ե՛ս եմ. ուստի եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան» (Յովհաննէս 18։4-9)։ Զարմանալի չէ որ Պոնտացի Պիղատոս, նկատելով Յիսուսի քաջաբար տոկալը ձերբակալութեան ու գէշ վերաբերմունքին, ըսաւ. «Ահա՛ այն մարդը» (Յովհաննէս 19։4, 5

Վճռականօրէն ու խիզախօրէն գործի կը լծուի՞ս, երբ կ’ըմբռնես թէ ի՛նչ պէտք է ընես։

Այս եւ այլ ուշագրաւ յատկութիւններու պատճառաւ, Յիսուս մեր կատարեալ տիպարն է։ Եթէ թոյլ տանք որ իր վարքը մեզի ազդէ, աւելի լաւ ու աւելի ուրախ անհատներ պիտի ըլլանք։ Ասոր համար Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաները յորդորեց որ Յիսուսի քայլերուն մօտէն հետեւին։ Կը ջանա՞ս Յիսուսը սերտօրէն ընդօրինակել։

Աւելի քան՝ հետեւելիք տիպար մը

Սակայն Յիսուս միայն հետեւելիք տիպար մը չէր։ Ան ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Ան Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը յայտնեց եւ ճամբան հարթեց Իրեն մօտենալու։ Ան նաեւ հարկ եղած միջոցը հայթայթեց, որպէսզի հաւատարիմները կեանք շահին (Յովհաննէս 3։16

Այս առնչութեամբ, Յիսուս ըսաւ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատթէոս 20։28)։ Իր կեանքը իբրեւ զոհ մատուցանելով, Յիսուս հիմը դրաւ որ մարդիկ յաւիտենական կեանք վայելեն։ Իւրաքանչիւրս ի՞նչ պէտք է ընենք որ այս կարգադրութենէն օգտուինք։ Յիսուս բացատրեց. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3

Այո, Յիսուսի մասին գիտութիւն ստանալը, իր ապրելակերպը ընդօրինակելը եւ իր զոհաբերական մահուան հաւատք ընծայելը, յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու պահանջներ են։ Քեզ կը հրաւիրենք որ ուսումնասիրես այս գիտութեան աղբիւրը՝ Աստուածաշունչը, եւ ջանաս անոր ըսածը գործադրել, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ *

Յիսուսի օրինակելի կեանքը մեզի կը սորվեցնէ թէ ի՛նչպիսի անձ պէտք է ըլլանք։ Իր զոհաբերական մահը կրնայ մեզ մեղքէն ու անոր վարձքէն՝ մահէն ազատել (Հռովմայեցիս 6։23)։ Մեր կացութիւնը ո՜րքան ցաւալի պիտի ըլլար առանց Յիսուս Քրիստոսի զօրաւոր ազդեցութեան։ Երբեք թոյլ մի՛ տար մտազբաղութեան ու կեանքի հոգերուն որ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակը նկատի առնելու եւ սերտօրէն հետեւելու պատեհութիւնը քեզմէ խլեն։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 12 Յովհաննէսի մայրը՝ Սողովմէ, հաւանաբար Յիսուսի մօր՝ Մարիամի հարազատ քոյրն էր։ Համեմատէ Մատթէոս 27։55, 56–ը, Մարկոս 15։40 եւ Յովհաննէս 19։25–ի հետ։

^ պարբ. 26 Եհովայի վկաներուն կողմէ հրատարակուած Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը գիրքը, Յիսուսի երկրային կեանքը մանրամասնօրէն կը քննարկէ։

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 7]

▪ Յիսուս անաչառ էր ու բոլոր մարդիկը յարգեց

▪ Ան մինչեւ վերջ իսկական բարեկամ մըն էր

▪ Ան քաջասիրտ էր

Կը ջանա՞ս Յիսուսը սերտօրէն ընդօրինակել

[Նկարներ՝ էջ 5]

Յիսուս հաւասարակշռուած. . .

դիւրամերձ. . .

կարեկից էր