Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»
Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»
«Չէ՞ որ հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն» (ԵԲ. 1։14)։
1. Մատթէոս 18։10–էն եւ Եբրայեցիս 1։14–էն ի՞նչ մխիթարութիւն կրնանք ստանալ։
ՅԻՍՈՒՍ Քրիստոս իր հետեւորդները գայթակղեցնելէ զգուշացնելով՝ ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է» (Մատ. 18։10)։ Արդար հրեշտակներուն ակնարկելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Չէ՞ որ հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն» (Եբ. 1։14)։ Այս խօսքերը մխիթարական երաշխիք մըն են, թէ Աստուած այս երկնային արարածները կը գործածէ մարդոց օգնելու։ Աստուածաշունչը մեզի ի՞նչ կ’ըսէ հրեշտակներուն մասին։ Անոնք ի՞նչպէս կ’օգնեն մեզի։ Անոնց օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
2, 3. Երկնային հոգեղէն արարածներուն կարգ մը պարտականութիւնները ի՞նչ են։
2 Երկինքի մէջ միլիոնաւոր հաւատարիմ հրեշտակներ կան։ Բոլորն ալ ‘ուժով զօրաւոր են, իր հրամանը կը կատարեն’ (Սաղ. 103։20. կարդալ՝ Յայտնութիւն 5։11)։ Աստուծոյ այս հոգեղէն որդիները ունին անձնաւորութիւն, աստուածային յատկութիւններ եւ ազատ կամք։ Անոնք գերազանցաբար կազմակերպուած են եւ Աստուծոյ կարգադրութեան մէջ բարձր դիրքեր կը գրաւեն, իսկ հրեշտակապետը Միքայէլն է (Յիսուսի երկնային անունը) (Դան. 10։13. Յուդա 9)։ Անիկա «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկն» է, Աստուծոյ «Բանը» կամ Խօսնակը, եւ Եհովայի կողմէ գործածուեցաւ միւս բոլոր բաները ընելու (Կող. 1։15-17. Յովհ. 1։1-3)։
3 Հրեշտակապետին հեղինակութեան ներքեւ կան սերովբէները, որոնք Եհովայի սրբութիւնը կը յայտարարեն ու կ’օգնեն իր ժողովուրդը հոգեւորապէս մաքուր մնալու։ Կան նաեւ քերովբէները, որոնք Աստուծոյ մեծափառութիւնը վեր կը բռնեն (Ծն. 3։24. Եսա. 6։1-3, 6, 7)։ Ուրիշ հրեշտակներ, կամ պատգամաբերներ, Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ զանազան պարտականութիւններ ունին (Եբ. 12։22, 23)։
4. Երբ երկրին հիմերը կը դրուէին, հրեշտակները ի՞նչպէս հակազդեցին, իսկ ազատ կամքի պատշաճ գործածութիւնը ի՞նչ կրնար նշանակել մարդոց համար։
4 Բոլոր հրեշտակները ցնծացին, երբ ‘երկրին հիմերը կը դրուէին’, եւ իրենց նշանակուած գործը ուրախութեամբ կատարեցին, մինչ անջրպետին մէջ այս անզուգական գոհարը մարդկութեան բնակարանը եղաւ (Յոբ 38։4, 7)։ Եհովա ‘հրեշտակներէն քիչ մը վար’ ըրաւ մարդը, բայց Իր «պատկեր»ով, այսպէս զինք կարող դարձնելով որ Ստեղծիչին վեհ յատկութիւնները արտացոլացնէ (Եբ. 2։7. Ծն. 1։26)։ Ադամ ու Եւա եւ իրենց սերունդը, ազատ կամքի պարգեւը պատշաճօրէն գործածելով, կրնային դրախտային տան մէջ կեանքը վայելել, որպէս Եհովայի՝ մտացի արարածներէ բաղկացած տիեզերական ընտանիքին մէկ մասը։
5, 6. Երկինքի մէջ ի՞նչ ապստամբութիւն տեղի ունեցաւ, իսկ Աստուած ի՞նչպէս հակազդեց։
5 Վստահաբար սուրբ հրեշտակները ցնցուեցան, երբ Աստուծոյ ընտանիքին մէջ ապստամբութիւնը գլուխ ցցեց։ Հոգեղէն արարած մը այլեւս գոհ չէր Եհովան փառաբանելով, հապա ցանկաց պաշտուիլ։ Ան ինքզինք Սատանայ ըրաւ (կը նշանակէ «Հակառակորդ»), Եհովայի իշխանութեան իրաւացի ըլլալը հարցականի տակ դնելով եւ մրցակից գերիշխանութիւն մը հաստատել փորձելով։ Արձանագրուած առաջին սուտով, Սատանան խորամանկօրէն առաջին մարդկային զոյգը համոզեց որ իրեն միանալով իրենց գորովալից Ստեղծիչին դէմ ըմբոստանան (Ծն. 3։4, 5. Յովհ. 8։44)։
6 Եհովա անմիջապէս Սատանայի դէմ դատավճիռ արձակեց, Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութեան մէջ նշելով. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծն. 3։15)։ Սատանայի եւ Աստուծոյ «կնոջ» միջեւ յարատեւ թշնամութիւն պիտի ըլլար։ Այո, Եհովա հաւատարիմ հոգեղէն արարածներէ բաղկացած երկնային կազմակերպութիւնը նկատեց իր սիրելի կինը։ Այս մարգարէութիւնը յոյսի ստոյգ հիմ մը տուաւ, թէեւ մանրամասնութիւնները մնացին սրբազան «խորհուրդ», որ աստիճանաբար պիտի յայտնուէր։ Աստուած նպատակադրեց որ իր կազմակերպութեան երկնային մասէն անհատ մը, բոլոր ըմբոստները ճզմէ եւ համախմբէ «ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ» (Եփ. 1։8-10)։
7. Նոյի օրերուն կարգ մը հրեշտակներ ի՞նչ ըրին, իսկ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
7 Նոյի օրերուն, կարգ մը հրեշտակներ իրենց «բնակութիւնը» ձգեցին եւ նիւթականացան, որպէսզի երկրի վրայ հաճոյքներու հետամուտ ըլլան (Յուդա 6. Ծն. 6։1-4)։ Եհովա այդ ըմբոստները թանձր խաւարի մատնեց, եւ այսպէս անոնք Սատանայի միանալով եղան «չար ոգիներ» եւ Աստուծոյ ծառաներուն կատաղի ոսոխներ (Եփ. 6։11-13. Բ. Պետ. 2։4)։
Հրեշտակները մեզի ի՞նչպէս կ’աջակցին
8, 9. Եհովա ի՞նչպէս հրեշտակներ գործածած է մարդոց օգնելու։
8 Աբրահամ, Յակոբ, Մովսէս, Յեսու, Եսայի, Դանիէլ, Յիսուս, Պետրոս, Յովհաննէս եւ Պօղոս, այն անհատներէն են՝ որոնց հրեշտակներ ծառայած են։ Արդար հրեշտակներ Աստուծոյ դատաստանները գործադրեցին եւ փոխանցեցին մարգարէութիւններ ու հրահանգներ, ի ներառեալ մովսիսական օրէնքը (Դ. Թագ. 19։35. Դան. 10։5, 11, 14. Գործք 7։53. Յայտ. 1։1)։ Որովհետեւ ներկայիս Աստուծոյ լման Խօսքը ունինք, հրեշտակները կրնան պէտք չունենալ աստուածային պատգամներ հաղորդելու (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Սակայն վարագոյրին ետեւ, հրեշտակները շատ զբաղած են Աստուծոյ կամքը կատարելով եւ իր ծառաներուն աջակցելով։
9 Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ ու զանոնք կ’ազատէ» (Սաղ. 34։7. 91։11)։ Ուղղամտութեան հարցին պատճառաւ, Եհովա թոյլ կու տայ Սատանային, որ մեր վրայ ամէն տեսակ փորձութիւններ բերէ (Ղուկ. 21։16-19)։ Սակայն Աստուած գիտէ թէ ե՛րբ փորձութիւնը յստակօրէն կ’ապացուցանէ իրեն հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը եւ հետեւաբար հարկ չկայ որ շարունակուի (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 10։13)։ Հրեշտակները միշտ աչալուրջ են, որ Աստուծոյ կամքին համաձայն միջամտեն։ Անոնք ազատեցին Սեդրաքը, Միսաքը, Աբեդնագովը, Դանիէլն ու Պետրոսը, բայց արգելք չհանդիսացան Ստեփանոսի ու Յակոբոսի սպանութեան (Դան. 3։17, 18, 28. 6։22. Գործք 7։58, 59. 12։1-3, 7, 11)։ Պարագաներն ու հարցերը տարբեր էին։ Նմանապէս, նացիական համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ, մեր եղբայրներէն ոմանք մահապատիժի ենթարկուեցան, մինչ Եհովա յարմար տեսաւ որ մեծամասնութիւնը վերապրի։
10. Հրեշտակային օգնութեան կողքին, ի՞նչ օգնութիւն կրնանք ստանալ։
10 Սուրբ Գրութիւնները չեն սորվեցներ, թէ երկրի վրայ իւրաքանչիւր անհատ պահապան հրեշտակ մը ունի։ Մենք կ’աղօթենք՝ վստահ ըլլալով թէ «ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, [Աստուած] պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհ. 5։14)։ Անշուշտ, Եհովա կրնայ հրեշտակ մը ղրկել որ մեզի օգնէ, բայց օգնութիւնը կրնայ տարբեր կերպով մը գալ։ Քրիստոնեայ հաւատակիցներ կրնան մղուիլ օգնութիւն ու մխիթարութիւն տալու։ Աստուած կրնայ մեզի հարկ եղած իմաստութիւնն ու ներքին զօրութիւնը տալ, գլուխ ելլելու համար «մարմնի խայթոց»ի մը հետ, որ մեզ կը նեղէ որպէս թէ «Սատանայի հրեշտակ մը» ըլլար (Բ. Կոր. 12։7-10. Ա. Թես. 5։14)։
Յիսուսը ընդօրինակէ
11. Հրեշտակները ի՞նչպէս գործածուեցան Յիսուսի օգնելու, եւ ան Աստուծոյ հաւատարիմ մնալով ի՞նչ իրագործեց։
11 Նկատի առ թէ Եհովա Յիսուսի պարագային ի՛նչպէս հրեշտակները գործածեց։ Անոնք Յիսուսի ծնունդն ու յարութիւնը ծանուցանեցին եւ իրեն սպասարկեցին, երբ երկրի վրայ էր։ Անոնք կրնային իր ձերբակալութեան ու անգութ մահուան արգելք հանդիսանալ։ Փոխարէն, հրեշտակ մը ղրկուեցաւ զինք զօրացնելու (Մատ. 28։5, 6. Ղուկ. 2։8-11. 22։43)։ Եհովայի նպատակին հետ ներդաշնակ, Յիսուս զոհաբերական մահով մեռաւ եւ ապացուցանեց թէ կատարեալ մարդը կրնայ Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւն պահել, ծայր աստիճան փորձուելով հանդերձ։ Հետեւաբար, Եհովա Յիսուսի շնորհեց երկնային անմահ կեանք, անոր «ամէն իշխանութիւն» տուաւ ու հրեշտակները անոր հպատակեցուց (Մատ. 28։18. Գործք 2։32. Ա. Պետ. 3։22)։ Այսպէս Յիսուս ապացուցանեց, թէ Աստուծոյ ‘կնոջ սերունդին’ գլխաւոր մասն է (Ծն. 3։15. Գաղ. 3։16)։
12. Ի՞նչ կերպով կրնանք Յիսուսի հաւասարակշռուած օրինակին հետեւիլ։
12 Յիսուս գիտէր թէ սխալ պիտի ըլլար Եհովան փորձելը, ակնկալելով որ հրեշտակները զինք ազատեն, եթէ անպատասխանատու կերպով վարուի (կարդալ՝ Մատթէոս 4։5-7)։ Ուստի Յիսուսը ընդօրինակենք՝ «զգաստութիւնով» ապրելով, մենք մեզ անհարկի վտանգներու չենթարկելով, սակայն հալածանքը վստահութեամբ դիմագրաւելով (Տիտ. 2։12)։
Հաւատարիմ հրեշտակներէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ
13. Բ. Պետրոս 2։9-11–ի մէջ նշուած արդար հրեշտակներուն օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
13 Եհովայի օծեալ ծառաներուն ‘հայհոյողները’ յանդիմանելով, Պետրոս առաքեալ կը նշէ արդար հրեշտակներուն ընտիր օրինակը։ Մեծ զօրութիւն ունենալով հանդերձ, հրեշտակները խոնարհաբար ետ կը կենան ամբաստանելէ, Եհովայի հանդէպ յարգանքէ մղուած (կարդալ՝ Բ. Պետրոս 2։9-11)։ Մենք ալ անպատշաճօրէն դատելէ ետ կենանք, յարգենք այն անհատները՝ որոնց վստահուած է վերատեսչութիւնը ժողովքին մէջ, եւ հարցերը յանձնենք Եհովայի՝ Գերագոյն Դատաւորին (Հռով. 12։18, 19. Եբ. 13։17)։
14. Հրեշտակները խոնարհ ծառայութեան ի՞նչ օրինակներ կը հայթայթեն։
14 Եհովայի հրեշտակները խոնարհ ծառայութեան ընտիր օրինակներ կը հանդիսանան մեզի։ Կարգ մը հրեշտակներ մերժեցին իրենց անունը մարդոց յայտնել (Ծն. 32։29. Դատ. 13։17, 18)։ Թէեւ երկինքի մէջ միլիոնաւոր հոգեղէն արարածներ կան, բայց Աստուածաշունչը միայն Միքայէլի ու Գաբրիէլի անունները կը յայտնէ։ Ասիկա կ’օգնէ որ հրեշտակներուն անտեղի պատիւ տալէ զգուշանանք (Ղուկ. 1։26. Յայտ. 12։7)։ Երբ Յովհաննէս առաքեալ ինկաւ որ երկրպագէ հրեշտակի մը ոտքերուն առջեւ, անոր յորդոր տրուեցաւ. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես քու ու քու եղբայրներուդ. . . ծառայակիցն եմ» (Յայտ. 22։8, 9)։ Մեր պաշտամունքը, ի ներառեալ մեր աղօթքները, միայն Աստուծոյ պէտք է մատուցուի (կարդալ՝ Մատթէոս 4։8-10)։
15. Հրեշտակները ի՞նչպէս համբերութեան մէջ օրինակ կը հանդիսանան մեզի։
15 Հրեշտակները նաեւ համբերութեան մէջ օրինակ կը հանդիսանան։ Թէեւ անոնք շատ հետաքրքրուած են Աստուծոյ սրբազան խորհուրդները գիտնալով, բայց եւ այնպէս բոլորին տեղեակ չեն։ «Այդ բաներո՛ւն է որ հրեշտակները կը ցանկան ակնկառոյց նայիլ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Ա. Պետ. 1։12, ԱԾ)։ Ուստի անոնք ի՞նչ կ’ընեն։ Անոնք համբերութեամբ կը սպասեն մինչեւ որ Աստուած իր յարմար ժամանակին իր «բազմատեսակ իմաստութիւնը եկեղեցիին ձեռքով յայտնի» ընէ (Եփ. 3։10, 11)։
16. Մեր վարքը ի՞նչպէս կրնայ հրեշտակներուն ազդել։
16 Փորձութեան ենթարկուող քրիստոնեաները ‘հրեշտակներուն տեսարան են’ (Ա. Կոր. 4։9)։ Հրեշտակները մեծ գոհունակութեամբ կը դիտեն մեր հաւատարմութիւնը արտացոլացնող արարքները, եւ նոյնիսկ կ’ուրախանան երբ մեղաւոր մը զղջայ (Ղուկ. 15։10)։ Հրեշտակները նաեւ կը նկատեն քրիստոնեայ կիներուն բարեպաշտ վարքը։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ «կինը պարտաւոր է շուք դնել իր գլուխին՝ հրեշտակներուն պատճառով» (Ա. Կոր. 11։3, 10, ԱԾ)։ Այո, հրեշտակներուն հաճոյք է տեսնել որ քրիստոնեայ կիներ եւ Աստուծոյ երկրային միւս ծառաները, աստուածպետական կարգուկանոնին ու գլխաւորութեան կ’ենթարկուին։ Այս հնազանդութիւնը տեղին յիշեցում մըն է Աստուծոյ երկնային որդիներուն համար։
Հրեշտակները աշխուժօրէն քարոզչութեան թիկունք կը կանգնին
17, 18. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ հրեշտակները մեր քարոզչութեան թիկունք կը կանգնին։
17 Հրեշտակները «տէրունական օրը» տեղի ունեցող Յայտ. 1։10. 11։15. 12։5-9)։ Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ «հրեշտակ մը. . . որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր [անոնց], որոնք երկրի վրայ կը բնակին»։ Հրեշտակը յայտարարեց. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները» (Յայտ. 14։6, 7)։ Այսպէս Եհովայի ծառաները վստահ են, թէ հրեշտակային զօրակցութիւնը կը վայելեն, մինչ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն, ի հեճուկս Բանսարկուին կատաղի հակառակութեան (Յայտ. 12։13, 17)։
կարգ մը արտակարգ դէպքերուն մէջ պարփակուած են։ Ասիկա կը պարփակէ Թագաւորութեան ծնունդը 1914–ին, եւ Սատանայի ու իր դեւերուն վտարումը երկինքէն՝ ‘Միքայէլի ու իր հրեշտակներուն’ ձեռքով (18 Ներկայիս, հրեշտակները մեզ պարկեշտամիտ անհատներու չեն առաջնորդեր՝ ուղղակի մեզի հետ խօսելով, ինչպէս հրեշտակ մը եթովպիացի ներքինիին նկատմամբ Փիլիպպոսի խօսեցաւ (Գործք 8։26-29)։ Սակայն բազմաթիւ արդի փորձառութիւններ կ’ապացուցանեն, թէ հրեշտակները վարագոյրին ետեւ մեր Թագաւորութեան քարոզչութեան կ’աջակցին ու մեզ կ’առաջնորդեն անոնց՝ ‘որոնք յաւիտենական կեանքի սահմանուած են’ (Գործք 13։48)։ * Ո՜րքան կարեւոր է որ ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցինք, որպէսզի մատչելի ըլլանք մեր բաժինը բերելու գտնելու մէջ զանոնք, որոնք կը փափաքին ‘հոգիով ու ճշմարտութեամբ Հօր երկրպագութիւն ընել’ (Յովհ. 4։23, 24)։
19, 20. Հրեշտակները իրերու դրութեան վախճանը նշող դէպքերուն մէջ ի՞նչ բաժին ունին։
19 Մեր օրերը մատնանշելով, Յիսուս ըսաւ թէ իրերու դրութեան վախճանին, հրեշտակները «արդարներուն մէջէն չարերը պիտի զատեն» (Մատ. 13։37-43, 49)։ Հրեշտակները օծեալներուն վերջնական հաւաքումին ու կնքումին մէջ դեր մը կը խաղան (կարդալ՝ Մատթէոս 24։31. Յայտ. 7։1-3)։ Ասկէ զատ, հրեշտակներ պիտի ընկերակցին Յիսուսի, երբ ‘ոչխարները այծերէն զատէ’ (Մատ. 25։31-33, 46)։
20 «Երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներով», բոլոր անոնք որոնք «Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր», պիտի բնաջնջուին (Բ. Թես. 1։6-10)։ Երբ Յովհաննէս այս դէպքը տեսիլքով տեսաւ, Յիսուսն ու հրեշտակային գունդերը նկարագրեց որպէս ճերմակ ձիերու վրայ նստած՝ կ’ուղղուին արդար պատերազմ մղելու (Յայտ. 19։11-14)։
21. «Անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ» ունեցող հրեշտակը, Սատանայի ու անոր դեւերուն դէմ ի՞նչ քայլ պիտի առնէ։
21 Յովհաննէս նաեւ տեսաւ «հրեշտակ մը. . . որ երկնքէն կ’իջնէր ու անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ մը ունէր իր ձեռքը»։ Ան Միքայէլ հրեշտակապետն է, որ Բանսարկուն,– եւ ակներեւօրէն դեւերը,– պիտի կապէ եւ անդունդը նետէ։ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, անոնք կարճ ժամանակուան մը համար ազատ պիտի արձակուին, երբ կատարեալ մարդկութիւնը վերջին փորձէ մը պիտի անցնի։ Անկէ ետք, Սատանան եւ միւս բոլոր ապստամբները պիտի բնաջնջուին (Յայտ. 20։1-3, 7-10. Ա. Յովհ. 3։8)։ Այսպէս Աստուծոյ դէմ եղած ամէն ըմբոստութիւն վերջ պիտի գտնէ։
22. Հրեշտակները մօտալուտ դէպքերուն մէջ ի՞նչ դեր պիտի խաղան, եւ այս ուղղութեամբ ի՞նչ պէտք է զգանք։
22 Սատանայի ամբարիշտ դրութենէն ազատուիլը մօտալուտ է։ Հրեշտակները կարեւոր դեր պիտի ունենան այս նշանակալից դէպքերուն մէջ, որոնք Եհովայի գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովեն եւ երկրին ու մարդկութեան համար իր նպատակը ամբողջովին պիտի կատարեն։ Արդարեւ արդար հրեշտակները «սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն»։ Հետեւաբար, Եհովա Աստուծոյ շնորհապարտ ըլլանք այն կերպին համար, որով հրեշտակները կը գործածէ մեզի օգնելու, որ իր կամքը ընենք եւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգենք։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 18 Տե՛ս Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ, էջ 549-551։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Երկնային հոգեղէն արարածները ի՞նչպէս կազմակերպուած են։
• Նոյի օրերուն, կարգ մը հրեշտակներ ի՞նչ ըրին։
• Աստուած ի՞նչպէս հրեշտակներ գործածած է մեզի օգնելու։
• Արդար հրեշտակները ներկայիս ի՞նչ դեր կը խաղան։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 25]
Հրեշտակները Աստուծոյ կամքը կատարելով կ’ուրախանան