Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վերստին ծնիլ. փրկութեան ճամբա՞ն է

Վերստին ծնիլ. փրկութեան ճամբա՞ն է

Վերստին ծնիլ. փրկութեան ճամբա՞ն է

Ի՞ՆՉՊԷՍ կը պատասխանես սա հարցումին. «Վերստին ծնա՞ծ ես»։ Աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր հաւատացեալներ պիտի պատասխանեն. «Այո՛»։ Անոնք կը հաւատան, թէ վերստին ծնիլը բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն նշանը եւ փրկութեան միակ ճամբան է։ Անոնք կարգ մը կրօնական առաջնորդներու տեսակէտը կը բաժնեն, ինչպէս՝ աստուածաբան Ռապըրթ Չ. Սփրոլ, որ գրեց. «Եթէ անհատ մը վերստին չէ ծնած. . . ուրեմն քրիստոնեայ չէ»։

Այն անհատներէն մէ՞կն ես, որոնք կը հաւատան թէ վերստին ծնիլը զիրենք փրկութեան ճամբուն մէջ կը դնէ։ Եթէ այո՛, անկասկած կ’ուզես ազգականներուդ ու բարեկամներուդ օգնել, որ այդ ճամբան գտնեն ու սկսին անոր մէջ քալել։ Սակայն անոնք ասիկա ընելու համար, հարկ է որ հասկնան թէ վերստին ծնած անհատին ու վերստին չծնած անհատին միջեւ ի՛նչ տարբերութիւն կայ։ Ի՞նչպէս անոնց պիտի բացատրես, թէ ի՛նչ կը նշանակէ վերստին ծնիլ։

Շատեր կը հաւատան թէ «վերստին ծնիլ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ անհատի մը, որ լուրջ խոստում կու տայ՝ Աստուծոյ ու Քրիստոսի ծառայելու, եւ որպէս արդիւնք, հոգեւորապէս մեռած ըլլալէ կը դադրի եւ հոգեւորապէս ողջ կ’ըլլայ։ Իրականութեան մէջ, ընթացիկ բառարան մը վերստին ծնած անհատը սա կերպով կը սահմանէ. «Սովորաբար քրիստոնեայ անձ մը, որ հաւատքի նորոգուած կամ հաստատուած յանձնառութիւն ըրած է, յատկապէս կրօնական յուզիչ փորձառութենէ մը ետք» (Merriam-Webster’s Collegiate Dictionary—Eleventh Edition

Արդեօք պիտի զարմանա՞ս, իմանալով թէ Աստուածաշունչը այդ սահմանումին հետ տարակարծիք է։ Կ’ուզե՞ս գիտնալ թէ Աստուծոյ Խօսքը վերստին ծնելու մասին իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Այս նիւթը մօտէն քննելով, վստահաբար պիտի օգտուիս։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ վերստին ծնիլը ճշգրտօրէն հասկնալը, կեանքիդ եւ ապագային վերաբերեալ ակնկալութիւններուդ պիտի ազդէ։

Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ

«Վերստին ծնիլ» արտայայտութիւնը կը գտնուի Յովհաննէս 3։1-12–ի մէջ (ԱԾ), որ կը նկարագրէ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած հետաքրքրական զրոյց մը՝ Յիսուսի եւ կրօնական առաջնորդի մը միջեւ։ Աստուածաշունչի այս հատուածը մէջբերուած է էջ 4–ի շրջանակին մէջ։ Քեզ կը քաջալերենք որ զայն ուշադրութեամբ կարդաս։

Այդ համարներուն մէջ, Յիսուս «վերստին ծնելու» քանի մը երեսակները ցցուն կ’ընէ։ * Իրականութեան մէջ, Յիսուսի քննարկութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ հետեւեալ հինգ կենսական հարցումներուն պատասխանենք.

Վերստին ծնիլը ո՞րքան կարեւոր է։

Մե՞նք կ’որոշենք որ վերստին ծնինք։

▪ Ի՞նչ է անոր նպատակը։

Անիկա ի՞նչ միջոցով տեղի կ’ունենայ։

▪ Անիկա ի՞նչ տարբեր յարաբերութիւն յառաջ կը բերէ։

Այժմ նկատի առնենք այս հարցումները։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Ա. Պետրոս 1։3, 23–ն ալ կ’ակնարկէ վերստին ծնելուն, որ յունարէն կէն·նաօ բայէն ծագում առած է։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 4]

«Դուք պէտք է վերստին ծնիք»

«Փարիսեցիներէն մարդ մը կար՝ Նիկոդեմոս անունով, որ Հրեաներու պետ մըն էր։ Ասիկա գիշերուան մէջ եկաւ Յիսուսի քով եւ ըսաւ անոր. ‘Ռաբբի՛, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես. որովհետեւ մէ՛կը չի կրնար ընել այն նշանները՝ որ դուն կ’ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ’։ Յիսուս պատասխանեց անոր. ‘Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. «Եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը»’։ Նիկոդեմոս ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչպէս կրնայ ծնիլ մարդ մը՝ որ ծերացած է։ Կարելի՞ է, որ երկրորդ անգամ մտնէ իր մօր որովայնը եւ ծնի’։ Յիսուս պատասխանեց. ‘Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. «Եթէ մէկը ջուրէն ու Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Մարմինէն ծնածը՝ մարմին է, եւ Հոգիէն ծնածը՝ հոգի է։ Դուն մի՛ զարմանար որ ըսի քեզի. «Դուք պէտք է վերստին ծնիք»։ Հովը կը փչէ ո՛ւր որ ուզէ. կը լսես անոր ձայնը, բայց չես գիտեր ուրկէ՛ կու գայ, կամ ո՛ւր կ’երթայ։ Ո՛վ որ Հոգիէն կը ծնի՝ ա՛յսպէս է’։ Նիկոդեմոս ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ ասիկա’։ Յիսուս պատասխանեց անոր. ‘Դուն Իսրայէլի մէջ վարդապետ մըն ես, ու չե՞ս գիտեր այս բաները։ Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք, եւ ինչ որ տեսանք՝ կը վկայենք, ու չէք ընդունիր մեր վկայութիւնը։ Եթէ երկրային բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ի՞նչպէս պիտի հաւատաք՝ եթէ երկնային բաներու մասին խօսիմ ձեզի’» (Յովհաննէս 3։1-12, ԱԾ