Աստուած քեզի կը խոստանա՞յ հարստութիւն տալ
Աստուած քեզի կը խոստանա՞յ հարստութիւն տալ
‘Աստուած կ’ուզէ որ հարուստ ըլլաս,– կառատան մէջ ինքնաշարժներ, բարգաւաճ գործ։ Պարզապէս իրեն հաւատա՛, դրամապանակդ բաց ու ամէն կարողութեանդ համաձայն իրեն տուր’։
ԱՅՍ պատգամը յառաջ կը մղուի կարգ մը կրօնական խումբերու կողմէ՝ Պրազիլի մէջ, ինչպէս կը նշէ հոն հրատարակուած լրագիր մը։ Շատեր այս պատգամը լուրջի կ’առնեն։ Միացեալ Նահանգներու մէջ դաւանեալ քրիստոնեաներու մասին կատարուած փորձագիտանքի մը նկատմամբ, Time պարբերաթերթը կ’ըսէ. «61 տոկոսը կը հաւատայ, թէ Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ բարգաւաճ կեանք մը ապրին։ Իսկ 31 տոկոսը կը համաձայնի, թէ եթէ դրամդ Աստուծոյ տաս, Աստուած քեզ պիտի օրհնէ՝ աւելի դրամ տալով»։
Այսպիսի գաղափարախօսութիւններ, յաճախ կոչուած՝ բարգաւաճութեան աստուածաբանութիւն, յատկապէս կ’ուռճանան լատինամերիկեան երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Պրազիլ, եւ մարդիկ կը խուժեն այն եկեղեցիները, որոնք Աստուծմէ նիւթական օրհնութիւններ կը խոստանան։ Բայց Աստուած իրեն ծառայողներուն իրապէս կը խոստանա՞յ հարստութիւն տալ։ Անցեալին Աստուծոյ բոլոր ծառաները հարո՞ւստ էին։
Ճիշդ է որ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ յաճախ կը նկատենք, թէ Աստուծոյ օրհնութեան կ’ընկերակցի նիւթական բարգաւաճութիւնը։ Օրինակ, Բ. Օրինաց 8։18–ի մէջ կը կարդանք. «Քու Տէր Աստուածդ յիշէ՛, քանզի հարստութիւն ստանալու համար քեզի ոյժ տուողը ա՛ն է»։ Ասիկա իսրայէլացիները հաւաստիացուց, թէ եթէ Աստուծոյ հնազանդէին, ան զիրենք բարգաւաճ ազգ մը պիտի ընէր։
Ի՞նչ կրնանք ըսել անհատներու մասին։ Հաւատարիմ Յոբ մեծահարուստ էր, եւ Սատանան զինք աղքատացնելէ ետք, Եհովա Յոբի տուաւ իր նախկին ունեցածին «կրկնապատիկը» (Յոբ 1։3. 42։10)։ Աբրահամ ալ «շատ հարուստ էր անասուններով, արծաթով ու ոսկիով» (Ծննդոց 13։2)։ Երբ արեւելքցի չորս թագաւորներու միացեալ բանակները Աբրահամի եղբօրորդին՝ Ղովտը գերեվարեցին, Աբրահամ «իր տանը մէջ ծնած երեք հարիւր տասնութ կրթուած ծառաները հանեց» (Ծննդոց 14։14)։ Զէնք կրելու կարող եղող 318 «կրթուած ծառաներ» ունենալով, Աբրահամի ընտանիքը շատ մեծ ըլլալու էր, եւ հետեւաբար, ան մեծահարուստ էր ու շատ խաշինքի տէր էր։
Արդարեւ, Աստուծոյ վաղեմի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր,– Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ, Դաւիթ, Սողոմոն, եւ բազմաթիւ ուրիշներ,– հարուստ էին։ Սակայն ասիկա կը նշանակէ՞, թէ Աստուած իրեն ծառայող իւրաքանչիւր անհատ պիտի հարստացնէ։ Միւս կողմէ, անհատի մը աղքատ ըլլալը ցոյց կու տա՞յ, թէ Աստուծոյ օրհնութիւնը չունի։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումները պիտի քննարկէ։