Աստուծմէ եկած հարստութիւնը
Աստուծմէ եկած հարստութիւնը
ԵԹԷ Աստուծոյ հաւատարիմ ես, ան հարստութիւն տալով քեզ պիտի օրհնէ՞։ Թերեւս, բայց հաւանաբար քու ակնկալածէդ տարբեր տեսակի հարստութիւն։ Նկատի առ Յիսուսի մայրը՝ Մարիամ։ Գաբրիէլ հրեշտակը անոր երեւցաւ եւ ըսաւ, թէ Աստուծոյ կողմէ «շնորհընկալ» էր եւ Աստուծոյ Որդիին ծնունդ պիտի տար (Ղուկաս 1։28, 30-32)։ Այսուհանդերձ, Մարիամ հարուստ չէր։ Ան Յիսուսի ծնունդէն ետք իբրեւ զոհ ներկայացուց «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ», որոնք աղքատներուն կողմէ Եհովայի մատուցուած սովորական ընծան էին (Ղուկաս 2։24. Ղեւտացւոց 12։8)։
Մարիամի աղքատ ըլլալը նշանակե՞ց թէ Աստուծոյ օրհնութիւնը չունէր։ Ընդհակառակը, երբ ան իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին այցելեց, «Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ, եւ բարձր ձայնով մը կանչեց ու ըսաւ. ‘Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը’» (Ղուկաս 1։41, 42)։ Մարիամ Աստուծոյ սիրելի Որդիին երկրային մայրը ըլլալու առանձնաշնորհումը ունեցաւ։
Յիսուս ալ հարուստ չէր։ Ան ո՛չ միայն աննշան շրջապատի մը մէջ ծնաւ ու մեծցաւ, այլ նաեւ՝ երկրի վրայ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին աղքատ էր։ Անգամ մը ան աշակերտ ըլլալ փափաքող մարդու մը ըսաւ. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ» (Ղուկաս 9։57, 58)։ Այսուհանդերձ, երկիր գալով Յիսուս Քրիստոսի ըրածը կարելի դարձուց, որ իր աշակերտները մեծ հարստութիւն ձեռք ձգեն։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ինք ձեզի համար աղքատ եղաւ՝ ան որ հարուստ էր, որպէս զի դուք անոր աղքատանալովը հարստանաք» (Բ. Կորնթացիս 8։9)։ Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչպիսի հարստութիւն տուաւ։ Իսկ այսօր ի՞նչ հարստութիւն կը վայելենք։
Ի՞նչ տեսակ հարստութիւն
Նիւթական հարստութիւնը յաճախ կը խոչընդոտէ հաւատքը, քանի որ հարուստ մարդը կրնայ իր դրամին վստահիլ, փոխանակ՝ Աստուծոյ։ Յիսուս ըսաւ. «Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին» (Մարկոս 10։23)։ Ուստի բացայայտ է, թէ իր հետեւորդներուն Յիսուսի առաջարկած հարստութիւնը նիւթական չէր։
Իրականութեան մէջ, առաջին դարու քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը նիւթական խեղճ միջոցներ ունէր։ Երբ կաղ ծնած մարդ մը դրամ խնդրեց, Պետրոս պատասխանեց. «Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն քեզի կու տամ։ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը ելի՛ր ու քալէ՛» (Գործք 3։6)։
Յակոբոս աշակերտին խօսքերն ալ ցոյց կու տան, թէ քրիստոնէական ժողովքը հիմնականօրէն չքաւորներէ կը բաղկանար։ Ան գրեց. «Մտիկ ըրէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, չէ՞ որ Աստուած աշխարհի աղքատները ընտրեց, որոնք հաւատքով հարուստ են ու ժառանգորդ արքայութեանը, որը զինք սիրողներուն խոստացաւ» (Յակոբոս 2։5)։ Ասկէ զատ, Պօղոս առաքեալն ալ ըսաւ «որ ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ եւ ոչ թէ շատ զօրաւորներ եւ ոչ թէ շատ ազնուականներ կանչուեցան» մաս կազմելու քրիստոնէական ժողովքին (Ա. Կորնթացիս 1։26)։
Արդ, Յիսուս ի՞նչ տեսակ հարստութիւն տուաւ իր հետեւորդներուն։ Զմիւռնիոյ ժողովքին յղած իր նամակին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ ու նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ, բայց հարուստ ես» (Յայտնութիւն 2։8, 9)։ Զմիւռնիոյ քրիստոնեաները աղքատ ըլլալով հանդերձ, արծաթէն կամ ոսկիէն շա՜տ աւելի արժէքաւոր հարստութիւն ունէին։ Անոնք հարուստ էին, իրենց հաւատքին եւ Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութեան պատճառաւ։ Հաւատքը ինքնին թանկարժէք է, քանի որ «ամէնքը հաւատք չունին» (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2)։ Հաւատք չունեցողները իսկապէս Աստուծոյ աչքին աղքատ են (Յայտնութիւն 3։17, 18)։
Հաւատքէն յառաջ եկած հարստութիւնը
Սակայն հաւատքը ի՞նչ կերպերով արժէքաւոր է։ Աստուծոյ հաւատք ընծայողները կ’օգտուին ‘անոր քաղցրութեան, հանդուրժողութեան ու համբերատարութեան ճոխութենէն’ (Հռովմայեցիս 2։4, ԱԾ)։ Անոնք նաեւ «մեղքի թողութիւն» կը ստանան, քանի որ Յիսուսի փրկանքի զոհին կը հաւատան (Եփեսացիս 1։7)։ Աւելին, անոնք կը վայելեն այն իմաստութիւնը, զոր «Քրիստոսին խօսքը» կու տայ անոնց՝ որոնք հաւատք ունին (Կողոսացիս 3։16)։ Մինչ անոնք հաւատքով Աստուծոյ կ’աղօթեն, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է», անոնց սրտերն ու մտքերը կը պահպանէ, անոնց գոհունակութիւն եւ երջանկութիւն բերելով (Փիլիպպեցիս 4։7)։
Այս բոլոր օգուտներէն զատ, իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Յովհաննէս 3։16)։ Այս թանկագին հեռանկարը կը զօրանայ, երբ անհատը Հօր ու Որդիին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք կը ձգէ, քանի որ Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։
Աստուծոյ հաւատք ընծայողները, յաւիտեան ապրելու սքանչելի հեռանկարը ունին։ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը հանրածանօթ են. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Մինչ Աստուծոյ օրհնութիւնները հիմնականօրէն հոգեւոր են, կան նաեւ զգացական ու ֆիզիքական օգուտներ։ Օրինակ, նկատի առ Պրազիլի մէջ ապրող Տալիտիոյի պարագան։ Աստուծոյ նպատակին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելէ առաջ, ան ալքոլամոլ էր։ Ասիկա իր ընտանեկան յարաբերութիւններուն վրայ շատ կործանարար ազդեցութիւն մը ունեցաւ։ Աւելին, իր նիւթական վիճակը անկայուն էր։ Ան սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ մեծապէս փոխուեցաւ։
Տալիտիոյի նորագիւտ գիտութիւնը զինք առաջնորդեց, որ իր վնասակար սովորութիւններէն հրաժարի։ Ան հոգեւորապէս ա՛յնքան յառաջդիմեց, որ ըսաւ. «Նախապէս գինետունէ գինետուն կ’երթայի. այժմ տունէ տուն կ’երթամ»։ Ան Աստուծոյ Խօսքին լիաժամ քարոզիչ մը եղած է։ Այս փոփոխութիւնը ո՛չ միայն իր առողջութիւնը բարելաւեց, այլ նաեւ՝ իր նիւթական վիճակը։ Տալիտիօ ըսաւ. «Խմիչքի համար վատնած դրամս այժմ կը գործածեմ կարօտեալներու օգնելու կամ ինծի անհրաժեշտ եղող բաները գնելու»։ Ան նաեւ բազմաթիւ իսկական բարեկամութիւններ մշակեց, համանման հոգեւոր հայեցակէտ ունեցող անհատներու հետ ընկերակցելով։ Աստուած ճանչնալէ առաջ, ան երբեք չէր երեւակայեր որ օրին մէկը ա՛յս տարողութեամբ մտքի խաղաղութիւն ու գոհունակութիւն պիտի վայելէր։
Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատք մշակելով իր կեանքը ճոխացնող ուրիշ անհատի մը՝ Ռէնաթոյի փորձառութիւնը նկատի առ։ Այսօր իր ուրախ ու ժպտուն դէմքը տեսնելով, դժուար է հաւատալ թէ ան իր կեանքին մէջ շատ անիրաւութիւն քաշած է։ Իր ծնած օրը, իր մայրը զինք լքեց։ Ան տոպրակի մը մէջ դրուեցաւ ու նստարանի մը տակ ձգուեցաւ,– լի վէրքերով ու պորտալարը չկտրուած։ Երկու անցորդ կիներ նշմարեցին նստարանին տակ տոպրակին շարժիլը։ Անոնք սկիզբը ենթադրեցին, թէ տոպրակին մէջ կատուի ձագ մը ձգուած է։ Բայց երբ տոպրակը բանալով տեսան նորածինը, զայն անմիջապէս մօտակայ հիւանդանոց մը տարին։
Երկու կիներէն մէկը Եհովայի վկայ մըն էր, եւ ան Ռիթա անունով Վկայ կնոջ մը պատմեց մանկիկին մասին։ Ռիթա քանի մը անգամ մեռելածնութիւն ունեցած էր, եւ միայն մէկ դուստրի մայր էր։ Մեծապէս փափաքելով մանչ մը ունենալ, ան որոշեց Ռէնաթոն որդեգրել։
Ռիթա մատղաշ Ռէնաթոյի իմացուց, թէ իր հարազատ մայրը չէր։ Ան սիրով ու գորովով անոր հոգ տարաւ եւ ջանաց անոր մէջ հոգեւոր արժանիքներ քանդակել։ Ռէնաթօ Աստուածաշունչով հետաքրքրուեցաւ։ Ան հետզհետէ աւելի գնահատեց Սաղմոս 27։10)։
այն անհաւատալի կերպը, որով փրկուեցաւ։ Անոր աչքերը արցունքով կը լեցուին, ամէն անգամ որ սաղմոսերգու Դաւիթի սա խօսքերը կը կարդայ. «Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն, բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի» (Իրեն ի նպաստ Եհովայի ըրած բոլոր բաները գնահատելով, Ռէնաթօ մկրտուեցաւ 2002–ին եւ յաջորդ տարին լիաժամ քրիստոնեայ քարոզիչ մը եղաւ։ Ան տակաւին իր հարազատ հայրն ու մայրը չի գիտեր եւ հաւանաբար երբեք պիտի չգիտնայ։ Սակայն Ռէնաթօ կը խորհի, թէ Եհովան ճանչնալը եւ անոր հաւատալը որպէս իր սիրառատ ու հոգածու Հայրը, իր ստացած ամէնէն թանկարժէք պարգեւներէն մէկն է։
Թերեւս կը տենչաս Աստուծոյ հետ սերտ ու սիրալիր յարաբերութիւն մը ունենալ, որ իրապէս կրնայ կեանքդ ճոխացնել։ Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ այսպիսի յարաբերութիւն մը ունենալու պատեհութիւնը մատչելի է բոլորին,– հարուստ թէ աղքատ։ Անիկա կրնայ նիւթական հարստութիւն չբերել, բայց կու տայ ներքին խաղաղութիւն ու գոհունակութիւն, զորս աշխարհի ամբողջ դրամը չի կրնար գնել։ Արդարեւ Առակաց 10։22–ի խօսքերը ճշմարիտ են. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։
Եհովա Աստուած մեծապէս հետաքրքրուած է իրեն դիմող անհատներով. «Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար» (Եսայի 48։18)։ Եւ ան կը խոստանայ, թէ շիտակ շարժառիթով եւ կեցուածքով իրեն դիմողները ճոխօրէն պիտի վարձատրուին. «Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են» (Առակաց 22։4)։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Նիւթապէս աղքատ ըլլալով հանդերձ, Յիսուսի երկրային ընտանիքը Աստուծոյ կողմէ մեծապէս օրհնուեցաւ
[Նկար՝ էջ 6]
Աստուծոյ հաւատալը յառաջ կը բերէ խաղաղութիւն, գոհունակութիւն եւ երջանկութիւն