Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլո՞ր բարի մարդիկը կ’երթան երկինք

Բոլո՞ր բարի մարդիկը կ’երթան երկինք

Բոլո՞ր բարի մարդիկը կ’երթան երկինք

ԻՐ ԵՐԿՐԱՅԻՆ կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր առաքեալներուն հետ ընթրելէ ետք, խոստացաւ զիրենք վարձատրել՝ երկնքի մէջ տեղ մը տալով։ Ան ըսաւ. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ ‘Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ’» (Յովհաննէս 14։2)։ Յիսուս ինչո՞ւ անոնց տեղ պիտի պատրաստէր։ Անոնք հոն ի՞նչ պիտի ընեն։

Յիսուս իր աշակերտներուն համար մասնայատուկ նշանակում մը ի մտի ունէր։ Նոյն այդ գիշերը, ան ըսաւ. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց» (Ղուկաս 22։28, 29)։ Աստուած Յիսուսի խոստացած էր, որ պիտի ըլլար ա՛յն Թագաւորը, որ պիտի լեցնէր մարդկութեան մեծագոյն մէկ կարիքը,– լաւ կառավարութիւն։ Յիսուս մարդիկը տառապանքէ պիտի ազատէ եւ զիրենք հարստահարողները պիտի ճզմէ։ Թէեւ Յիսուս «մինչեւ երկրին ծայրերը» հպատակներ պիտի ունենայ, բայց իր գահը երկնքի մէջ պիտի ըլլայ (Սաղմոս 72։4, 8. Դանիէլ 7։13, 14

Սակայն Յիսուս առանձին պիտի չիշխէ։ Այս պատճառով, ան իր առաքեալներուն խոստացաւ տեղ մը երկնքի մէջ։ Անոնք առաջին ընտրեալներն էին, որպէսզի «երկրի վրայ թագաւորեն» (Յայտնութիւն 5։10

Քանի՞ հոգի երկինք կ’երթայ։ Ինչպէս որեւէ կառավարութիւն, Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան կառավարիչներուն թիւը քիչ է, համեմատած՝ իր հեղինակութեան ներքեւ ապրող բոլոր մարդոց հետ։ Ակնարկելով անոնց՝ որոնք իրեն հետ պիտի իշխեն, Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ» (Ղուկաս 12։32)։ Այդ «պզտիկ հօտ»ին թիւը ի վերջոյ 144,000 պիտի ըլլայ (Յայտնութիւն 14։1)։ Այս թիւը քիչ է, բաղդատելով այն միլիոնաւորներուն հետ, որոնք երկրի վրայ անվերջ կեանք պիտի վայելեն որպէս Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակներ (Յայտնութիւն 21։4

Ուրեմն, բոլոր բարի մարդիկ երկինք չեն երթար։ Բարի Դաւիթ թագաւորին նկատմամբ, Պետրոս առաքեալ յստակօրէն ըսաւ. «Դաւիթ երկինք չելաւ» (Գործք 2։34)։ Յովհաննէս Մկրտիչը բարի մարդ մըն էր. այսուհանդերձ, Յիսուս նշեց թէ ան երկինքի մէջ որպէս թագաւոր պիտի չիշխէր։ Յիսուս ըսաւ. «Կիներէն ծնածներուն մէջ, Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը ելած չէ. սակայն երկնքի թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է» (Մատթէոս 11։11

Բարի մարդոց վարձատրութիւնը պիտի ստանա՞ս

Երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու վարձատրութիւնը ստանալու համար, անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։ Յիսուս ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։ Նշմարէ թէ աշխարհի հանդէպ Աստուծոյ սէրը զինք մղեց, որ յաւիտենական կեանքը բոլորին մատչելի դարձնէ, բայց միայն անո՛նք որոնք ‘հաւատք կ’ընծայեն’, այդ վարձատրութիւնը պիտի ստանան։

Հաւատքը պէտք է ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուի (Յովհաննէս 17։3)։ Կրնաս ցոյց տալ թէ բարի անհատ մըն ես, մարդուն նկատմամբ Եհովայի նպատակին մասին աւելի սորվելով։ Հաւատքով՝ սորվածդ կիրարկէ։ Եւ վստա՛հ եղիր որ անվերջ կեանքի պատեհութիւնը իրապէս քեզի մատչելի է։

[Շրջանակ՝ էջ 7]

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Հարցում.

Մահուան ատեն բարի մարդոց ի՞նչ կը պատահի։

Պատասխան.

«Մեռելները բան մը չեն գիտեր» (ԺՈՂՈՎՈՂ 9։5

Հարցում.

Բարի մարդիկ ապագայի նկատմամբ ի՞նչ յոյս ունին։

Պատասխան.

«Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 5։28, 29

Հարցում.

Բարի մարդոց մեծամասնութիւնը ո՞ւր պիտի ապրի։

Պատասխան.

«Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (ՍԱՂՄՈՍ 37։29