Այն մարդը՝ որ աշխարհը փոխեց
Այն մարդը՝ որ աշխարհը փոխեց
Այս երկրագունդին վրայ, միլիառաւոր մարդիկ ապրած ու մեռած են։ Շատեր պատմութեան մէջ յիշատակութեան արժանի չեն եղած։ Բայց ոմանք պատմութեան հոսանքին ուղղութիւն տուած են, եւ հաւանաբար ազդեցութիւն ունեցած են ամէնօրեայ կեանքիդ վրայ։
ԱՌԱՒՕՏՈՒՆ կ’արթննաս եւ կը պատրաստուիս գործի մեկնելու։ Մինչ այդ, լոյսերը կը վառես։ Գիրք մը կամ պարբերաթերթ մը կ’առնես, հանրակառքին մէջ կարդալու համար։ Չես մոռնար մանրէասպան դեղահատը առնելու, որ քեզի կ’օգնէ վարակումին դէմ պայքարելու։ Օրդ հազիւ սկսած է, եւ դուն արդէն կարգ մը կարկառուն մարդոց ազդեցութենէն օգտուած ես։
Մայքլ Ֆարատէյ 1791–ին ծնած այս անգլիացի բնագէտը, ելեկտրական շարժակը եւ ուժարկը հնարեց։ Անոր իրագործումները օգնեցին, որ մարդիկ կարենան ելեկտրականութիւնը ա՛լ աւելի գործածել։
Ցայ Լուն Չինաստանի արքունիքին մէջ այս բարձրաստիճան պաշտօնեան, մ.թ. շուրջ 105–ին մշակեց թուղթ շինելու մեթոտ մը, որ ճամբան հարթեց թուղթի մեծաքանակ արտադրութեան։
Եոհաննէս Կիւթէնպէրկ Շուրջ 1450–ին, այս գերմանացի գիւտարարը հնարեց առաջին շարժուն տպագրամեքենան, կարելի դարձնելով աժանագին տպագրութիւնը։ Այսպէս այլազան նիւթերու շուրջ անսահման տեղեկութիւններ դիւրամատչելի եղան։
Ալեքսանդր Ֆլէմինկ 1928–ին, այս սկովտիացի հետազօտիչը յայտնաբերեց մանրէասպան նիւթ մը, զոր փէնիսիլին կոչեց։ Այժմ մանրէասպան դեղերը ամէնուրեք կը գործածուին մանրէական վարակումները դարմանելու։
Անտարակոյս, քանի մը մարդոց գիւտերն ու նորարարութիւնները միլիառաւոր մարդոց կարելի դարձուցած են, որ կարգ մը առաւելութիւններ ունենան կամ աւելի լաւ առողջութիւն վայելեն։
Սակայն կայ մարդ մը, որ բոլորէն տարբեր է։ Ան հանրածանօթ չէ գիտական յայտնագործութեան կամ բժշկական իրագործումի մը համար։ Փոխարէն, համեստ ենթահող ունեցող այս մարդը, որ մահացաւ շուրջ 2000 տարի առաջ, իր ետին ձգեց յոյսի եւ մխիթարութեան զօրաւոր պատգամ մը։ Երբ աշխարհի տարածքին մարդոց կեանքին վրայ իր պատգամին ազդեցութեան տարողութիւնը նկատի առնուի, շատեր կը համաձայնին թէ ան իրապէս աշխարհը փոխեց։
Այդ մարդը Յիսուս Քրիստոսն էր։ Ան ի՞նչ պատգամ ներկայացուց։ Եւ այդ պատգամը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ կեանքիդ վրայ։