Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աչքերդ հեռացուր սնոտի բաներ տեսնելէ

Աչքերդ հեռացուր սնոտի բաներ տեսնելէ

Աչքերդ հեռացուր սնոտի բաներ տեսնելէ

«Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն եւ զիս քու ճամբուդ մէջ կենդանացուր» (ՍԱՂ. 119։37

1. Տեսողութեան պարգեւը ո՞րքան կարեւոր է։

ՄԵՐ տեսողութիւնը ի՜նչ թանկարժէք է։ Անոր միջոցով կրնանք իսկոյն մեր շրջապատը ըմբռնել,– մանրամասնօրէն ու գոյներով։ Մեր տեսողութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ, որ տեսնենք սիրելի բարեկամները կամ լուրջ վտանգները։ Անով գեղեցկութիւնը կը զատորոշենք, ստեղծագործութեան սքանչելիքները կը գնահատենք, եւ Աստուծոյ գոյութեան ու փառքին ապացոյցը կը շօշափենք (Սաղ. 8։3, 4. 19։1, 2. 104։24. Հռով. 1։20)։ Եւ մտքին հետ հաղորդակցութեան շատ կարեւոր խողովակ մը ըլլալով, տեսողութիւնը մեծ դեր ունի, որ Եհովայի մասին գիտութիւն ձեռք ձգենք ու հաւատք կերտենք (Յես. 1։8. Սաղ. 1։2, 3

2. Ինչո՞ւ մեր տեսածներուն նկատմամբ անհոգ պէտք չէ ըլլանք, իսկ սաղմոսերգուին ջերմեռանդ խնդրանքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

2 Սակայն այն բանը, որուն կը նայինք, կրնայ նաեւ մեզի վնասակար ըլլալ։ Մեր տեսողութեան եւ մեր մտքին միջեւ եղած կապը ա՛յնքան զօրաւոր է, որ մեր տեսածը կրնայ մեր սրտին մէջ փառասիրութիւն ու ցանկութիւններ յառաջացնել կամ սաստկացնել։ Եւ քանի որ Բանսարկուին կողմէ ղեկավարուած անառակ աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք, կը ռմբակոծուինք պատկերներով ու գովազդներով, որոնք կրնան մեզ դիւրաւ մոլորեցնել,– նոյնիսկ եթէ անոնց վրայ արագ ակնարկ մը նետենք (Ա. Յովհ. 5։19)։ Ուստի զարմանալի չէ, որ սաղմոսերգուն Աստուծոյ աղերսեց. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն եւ զիս քու ճամբուդ մէջ կենդանացուր» (Սաղ. 119։37

Մեր աչքերը ինչպէ՛ս կրնան մեզ մոլորեցնել

3-5. Աստուածաշունչի ո՞ր պատմութիւնները կը լուսաբանեն այն վտանգը, որ յառաջ կու գայ եթէ մեր աչքերուն թոյլ տանք որ մեզ մոլորեցնեն։

3 Նկատի առ թէ առաջին կնոջ՝ Եւայի, ի՛նչ պատահեցաւ։ Սատանան նշեց որ անոր աչքերը ‘պիտի բացուէին’, եթէ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտէր։ Աչքերուն ‘բացուելուն’ գաղափարը՝ Եւայի հետաքրքրութիւնը շարժած ըլլալու էր։ Ան ա՛լ աւելի հետաքրքրուեցաւ արգիլուած պտուղը ուտելով, երբ «տեսաւ որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու [կամ՝ տեսնելու] համար»։ Մեծ ցանկութեամբ ծառին նայիլը պատճառ եղաւ, որ Եւա Աստուծոյ պատուէրին չհնազանդի։ Անոր ամուսինը՝ Ադամն ալ անհնազանդ գտնուեցաւ, ամբողջ մարդկութեան աղէտալի հետեւանքներ բերելով (Ծն. 2։17. 3։2-6. Հռով. 5։12. Յակ. 1։14, 15

4 Նոյի օրերուն, կարգ մը հրեշտակներ ալ իրենց տեսածով ազդուեցան։ Անոնց ակնարկելով, Ծննդոց 6։2–ը կ’ըսէ. «Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին»։ Հեշտասիրութեամբ մարդոց աղջիկներուն նայիլը, ըմբոստ հրեշտակներուն մէջ արթնցուց մարդկային արարածներու հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալու անբնական ցանկութիւն մը, եւ այս հրեշտակները վայրագ սերունդ մը յառաջ բերին։ Այդ ժամանակ, մարդուն չարութիւնը պատճառ եղաւ, որ ամբողջ մարդկութիւնը բնաջնջուի, բացի Նոյէն եւ իր ընտանիքէն (Ծն. 6։4-7, 11, 12

5 Դարեր ետք, իսրայէլացի Աքարի աչքերը զինք հրապուրեցին, որ գրաւուած Երիքովէն կարգ մը իրեր գողնայ։ Աստուած պատուիրած էր, որ այդ քաղաքին մէջ գտնուող բոլոր բաները կործանէին, բացի որոշ իրերէ, որոնք իր գանձատունը պէտք էր բերուէին։ Իսրայէլացիներուն ազդարարութիւն տրուած էր, որ ամէն կերպով զգուշանային նզովուածէն, որպէսզի չցանկային ու քաղաքէն կարգ մը իրեր առնէին։ Աքար անհնազանդ գտնուելէ ետք, իսրայէլացիները Գայիի մարդոց առջեւէն փախան, զոհեր ալ տալով։ Աքար իր ըրած գողութիւնը չխոստովանեցաւ մինչեւ որ քօղազերծուեցաւ։ Իրերը «տեսայ ու ցանկանալով առի», ըսաւ ան։ Աչքերուն ցանկութիւնը պատճառ եղաւ, որ ան եւ «անոր ամէն բանը» բնաջնջուին (Յես. 6։18, 19. 7։1-26)։ Աքար իր սրտին մէջ ցանկաց ի՛նչ որ իրեն արգիլուած էր։

Ինքնակրթութեան կարիքը

6, 7. Սատանային ո՞ր մեթոտը յաճախ կը գործածուի մեզ ծուղակը ձգելու, եւ գովազդ պատրաստողները ինչպէ՞ս զայն կ’օգտագործեն։

6 Ներկայիս մարդկութիւնը փորձութեան կ’ենթարկուի այն կերպով, որ Եւան, անհնազանդ հրեշտակներն ու Աքարը փորձուեցան։ «Աչքերու ցանկութեան» կոչ ընելը, մարդկութիւնը մոլորեցնելու Սատանայի գործածած ամէնէն զօրաւոր մեթոտն է (Բ. Կոր. 2։11. Ա. Յովհ. 2։16)։ Առեւտրական ծանուցումներ պատրաստողները շատ լաւ գիտեն, որ մարդիկ իրենց տեսածով միշտ ազդուած են։ Եւրոպական շուկայի վաճառունակման կարկառուն մասնագէտ մը կը նշէ. «Տեսողութիւնը ամէնէն հրապուրիչ զգայարանքն է։ Անիկա յաճախ միւս զգայարանքները կը ղեկավարէ, եւ կրնայ մեզ համոզել որ անտրամաբանական քայլեր առնենք»։

7 Զարմանալի չէ որ գովազդ պատրաստողները մեզ կը ռմբակոծեն պատկերներով, որոնք սրամտութեամբ ծրագրուած են աչքին մեծապէս ազդելու եւ իրենց ապրանքին կամ սպասարկութեան հանդէպ ցանկութիւն գրգռելու։ Միացեալ Նահանգներու մէջ հետազօտող մը, որ գովազդին ազդեցութիւնը ուսումնասիրեց, ըսաւ թէ անիկա «ծրագրուած է ոչ միայն տեղեկութիւններ հաղորդելու, հապա՝ աւելի կարեւորը, զգացական ու գործնական յատուկ ընդառաջում խթանելու»։ Այս ուղղութեամբ գրգռիչ սեռային տեսարանները յաճախ կը գործածուին։ Հետեւաբար, ո՜րքան կարեւոր է որ հակակշռի տակ առնենք այն բաները, զորս կը դիտենք եւ թոյլ կու տանք որ մեր մտքէն ու սրտէն ներս թափանցեն։

8. Մեր աչքերը պաշտպանելու կարիքը ինչպէ՞ս ընդգծուած է Աստուածաշունչին մէջ։

8 Ճշմարիտ քրիստոնեաները աչքերու եւ մարմնի ցանկութիւններէն զերծ չեն։ Ուստի Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ, որ մեր դիտած եւ ցանկացած բաներուն առնչութեամբ ինքնակրթութիւն գործադրենք (Ա. Կոր. 9։25, 27. կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։15-17)։ Պարկեշտ Յոբ զատորոշեց տեսնելուն եւ ցանկալուն միջեւ եղած զօրաւոր կապը։ Ան ըսաւ. «Աչքերուս հետ ուխտ կնքած էի. ուրեմն ի՞նչպէս ուշադրութիւն դարձնէի կոյսի մը» (Յոբ 31։1, ԱԾ)։ Յոբ ոչ միայն մերժեց կնոջ մը անբարոյ կերպով դպչիլ, այլ նաեւ թոյլ չտուաւ իր միտքին, որ այսպիսի գաղափար մը սնուցանէ։ Յիսուս շեշտեց թէ միտքը անբարոյ խորհուրդներէ զերծ պէտք է պահուի, երբ ըսաւ. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ» (Մատ. 5։28

Սնոտի բաներ՝ որոնցմէ պէտք է խուսափինք

9. ա) Ինչո՞ւ զգոյշ պէտք է ըլլանք յատկապէս երբ համացանցը կը գործածենք։ բ) Պոռնկագրութիւնը քիչ դիտելն անգամ կրնայ ի՞նչ հետեւանքներ ունենալ։

9 Ներկայ աշխարհին մէջ, յատկապէս համացանցին վրայ պոռնկագրութեան ‘նայիլը’ հետզհետէ սովորական դարձած է։ Այսպիսի կայքեր փնտռելու հարկ չունինք,– անո՛նք մեզ կը փնտռեն։ Ինչպէ՞ս։ Հրապուրիչ պատկերով ծանուցում մը կրնայ յանկարծ երեւիլ անհատին համակարգիչի պաստառին վրայ։ Կամ, անմեղ թուող ել–մակ մը, երբ բացուի, ի յայտ կու գայ պոռնկագրական պատկեր մը, որ այնպէս մը ծրագրուած է, որ անկէ ձերբազատուիլը դժուար է։ Եթէ անհատը զայն ջնջելէ առաջ՝ նոյնիսկ արագ ակնարկ մը նետէ, պատկերը արդէն իր մտքին մէջ դրոշմուած կ’ըլլայ։ Պոռնկագրութիւնը քիչ դիտելն անգամ կրնայ ահռելի հետեւանքներ ունենալ։ Անհատը յանցաւոր խիղճ կ’ունենայ եւ իր միտքէն անբարոյ տեսարաններ ջնջելու մաքառումը կը դիմագրաւէ։ Աւելի գէշը, ան որ դիտումնաւոր կերպով «կը նայի», կը ստիպուի ջանալ որ իր անվայել ցանկութիւնները սպաննէ (կարդալ՝ Եփեսացիս 5։3, 4, 12. Կող. 3։5, 6

10. Յատկապէս երեխաները ինչո՞ւ պոռնկագրութեան դէմ անպաշտպան են, եւ զայն դիտելով ի՞նչ վնասներ կը կրեն։

10 Երեխաները իրենց բնական հետաքրքրասիրութեան պատճառաւ կրնան պոռնկագրութեամբ հրապուրուիլ։ Այս պարագային, անիկա սեռայնութեան նկատմամբ իրենց տեսակէտին վրայ կրնայ մնայուն ազդեցութիւններ ունենալ։ Տեղեկագրութիւն մը կը նշէ, թէ այդ ազդեցութիւնները կը պարփակեն՝ սեռի հանդէպ խեղաթիւրուած զգացում, «առողջ ու սիրալիր յարաբերութիւն մը պահպանելու դժուարութիւն, կիներու մասին անիրատես կարծիք եւ պոռնկագրութեան մոլութիւն, որ կրնայ խոչընդոտել դպրոցական պարտականութիւնները, բարեկամութիւններն ու ընտանեկան յարաբերութիւնները»։ Իսկ յետագային ամուսնութեան մէջ, ազդեցութիւնները կրնան ա՛լ աւելի քանդիչ ըլլալ։

11. Օրինակով մը լուսաբանէ պոռնկագրութիւն դիտելուն վտանգը։

11 Քրիստոնեայ եղբայր մը գրեց. «Վկայ մը ըլլալէ առաջ, շատ մը մոլութիւններ ունէի։ Պոռնկագրութիւնը ամենադժուար մոլութիւնն էր, որմէ ձերբազատուեցայ։ Որեւէ ժամանակ, տակաւին այդ տեսարանները միտքս կու գան, օգտագործելով հոտ մը, երաժշտութիւն մը, երեւոյթ մը կամ նոյնիսկ թափառայած խորհուրդ մը։ Ասիկա առօրեայ ու յարատեւ պայքար մըն է»։ Ուրիշ եղբայր մը, երբ երեխայ էր, իր ծնողքին բացակայութեան դիտած էր իր աշխարհային հօր պոռնկագրական պարբերաթերթերը։ Ան գրեց. «Այդ պատկերները մատղաշ միտքիս վրայ ի՜նչ սոսկալի ազդեցութիւն մը բանեցուցին։ Նոյնիսկ հիմա, 25 տարի ետք, անոնցմէ ոմանք տակաւին ուղեղիս մէջ քանդակուած են։ Ո՛րքան ալ ծանր պայքար մղեմ, անոնք տակաւին հոն են։ Այս պատճառով յանցաւոր կը զգամ, թէեւ անոնց վրայ չեմ կեդրոնանար»։ Ո՜րքան խոհեմութիւն է խուսափիլ դժուարակիր զգացումներ ունենալէ, սնոտի բաներու չնայելով։ Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ ասիկա ընել։ Ան պէտք է ջանայ ‘Քրիստոսի հնազանդութեան գերի դարձնել ամէն մտածում’ (Բ. Կոր. 10։5, ԱԾ

12, 13. Քրիստոնեաները ի՞նչ սնոտի բաներ դիտելէ պէտք է խուսափին եւ ինչո՞ւ։

12 Պէտք է հեռու կենանք ուրիշ «չար» կամ սնոտի բանէ մըն ալ,– այն ժամանցը, որ նիւթապաշտութիւն կամ խորհրդապաշտութիւն յառաջ կը մղէ, կամ բռնութիւնը, արիւնահեղութիւնն ու մահը ցցուն կ’ընէ (կարդալ՝ Սաղմոս 101։3Քրիստոնեայ ծնողները Եհովայի առջեւ պատասխանատու են, թէ ի՛նչ բաներ թոյլ կու տան որ իրենց տան մէջ դիտուին։ Անշուշտ, ո՛չ մէկ ճշմարիտ քրիստոնեայ դիտումնաւոր կերպով ոգեհարցութեան միջամուխ պիտի ըլլար։ Այսուհանդերձ ծնողներ պէտք է գիտակցին, թէ կարգ մը շարժապատկերներ, հեռատեսիլի ֆիլմաշարներ, տեսաերիզի խաղեր, եւ նոյնիսկ երեխաներու յատուկ նկարազարդ զաւեշտական թերթեր ու գիրքեր, գերբնական արարքներ ցցուն կ’ընեն (Առ. 22։5

13 Ըլլանք անչափահաս թէ չափահաս, մեր աչքերը պէտք չէ հաճոյք առնեն այն տեսաերիզի խաղերէն, որոնք բռնարարքները կ’ընդգծեն ու սպանութիւնը վառ կերպով կը նկարագրեն (կարդալ՝ Սաղմոս 11։5Պէտք է մերժենք մեր միտքը կեդրոնացնել որեւէ գործունէութեան վրայ, զոր Եհովա կը դատապարտէ։ Մտաբերէ թէ Սատանան մեր մտածումները իր թիրախը դարձուցած է (Բ. Կոր. 11։3)։ Նոյնիսկ ընդունելի նկատուող ժամանցին շատ ժամանակ յատկացնելը կրնայ խանգարել մեր ընտանեկան պաշտամունքը, Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը եւ ժողովներու նախապատրաստուիլը (Փլպ. 1։9, 10

Յիսուսի օրինակին հետեւէ

14, 15. Սատանայի երրորդ փորձութեան մէջ ի՞նչ բան ուշագրաւ էր, իսկ Յիսուս ինչպէ՞ս կրցաւ անոր դիմադրել։

14 Դժբախտաբար, այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ չենք կրնար որոշ սնոտի բաներ տեսնելէ խուսափիլ։ Նոյնիսկ Յիսուսի այսպիսի բաներ ներկայացուեցան։ Յիսուսը Աստուծոյ կամքը կատարելէ հեռացնելու Բանսարկուի երրորդ փորձին ատեն, «Սատանան նորէն առաւ հանեց զանիկա խիստ բարձր լերան մը վրայ եւ ցուցուց անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը» (Մատ. 4։8)։ Սատանան ինչո՞ւ ասիկա ըրաւ։ Անտարակոյս, ան ուզեց աչքին զօրաւոր ազդեցութիւնը շահագործել։ Աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններուն փառքին վրայ ակնարկ մը նետելը, թերեւս Յիսուսը մղէր որ աշխարհի մէջ երեւելի ըլլալու ցանկութեան տեղի տար։ Ան ինչպէ՞ս հակազդեց։

15 Յիսուս այս հրապուրիչ առաջարկին վրայ չկեդրոնացաւ։ Ան իր սիրտին թոյլ չտուաւ որ սխալ ցանկութիւններ սնուցանէ։ Եւ ան հարկ չունէր Բանսարկուին առաջարկին մասին խորհրդածելու, որպէսզի զայն մերժէր։ Յիսուս անմիջապէս հակազդեց։ «Ետիս գնա, Սատանա՛յ», հրամայեց ան (Մատ. 4։10)։ Յիսուս Եհովայի հետ իր յարաբերութեան վրայ կեդրոնացած մնաց ու պատասխան մը տուաւ, որ ներդաշնակ էր իր կեանքի նպատակին հետ,– Աստուծոյ կամքը կատարել (Եբ. 10։7)։ Այսպէս Յիսուս Սատանայի խորամանկ ծրագիրը ի դերեւ հանեց։

16. Սատանայի փորձութիւններուն դէմ դնելու Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։

16 Յիսուսի օրինակէն շատ բան կրնանք սորվիլ։ Առաջին, ո՛չ ոք Սատանայի ռազմավարութենէն պաշտպանուած է (Մատ. 24։24)։ Երկրորդ, այն բանը՝ որուն վրայ մեր աչքերը կը կեդրոնացնենք, կրնայ մեր սրտին ցանկութիւնները զօրացնել։ Երրորդ, Սատանան «աչքերու ցանկութիւնը» լիովին պիտի շահագործէ, որպէսզի մեզ մոլորեցնէ (Ա. Պետ. 5։8)։ Իսկ չորրորդ, մենք ալ կրնանք Սատանային դիմադրել, մանաւանդ եթէ անյապաղ գործի լծուինք (Յակ. 4։7. Ա. Պետ. 2։21

Աչքդ «պարզ» պահէ

17. Ինչո՞ւ անխոհեմութիւն է սպասել մինչեւ որ սնոտի բան մը մեր դիմաց ելլէ, ապա որոշել թէ ի՛նչ պիտի ընենք։

17 Եհովայի կատարած մեր նուիրումը, սնոտի բաներէ ետ կենալու լուրջ խոստում մը կը պարփակէ։ Աստուծոյ կամքը կատարել ուխտելով, սաղմոսերգուին խօսքերը կ’երկրորդենք. «Ամէն գէշ ճամբայէ իմ ոտքերս ետ քաշեցի, որպէս զի քու խօսքդ պահեմ» (Սաղ. 119։101)։ Անխոհեմութիւն է սպասել մինչեւ որ սնոտի բան մը մեր դիմաց ելլէ, ապա որոշել թէ ի՛նչ պիտի ընենք։ Սուրբ Գրութիւններուն դատապարտած բաները մեր ուշադրութեան յանձնուած են, եւ մենք չենք անգիտանար Սատանայի դիտաւորութիւնները։ Յիսուս ե՞րբ փորձուեցաւ, որ քարերը հացի վերածէ։ 40 ցերեկ ու գիշեր ծոմ պահելէն եւ ‘անօթենալէն’ ետք (Մատ. 4։1-4)։ Սատանան կրնայ զատորոշել, թէ ե՛րբ տկար եւ աւելի հակամէտ ենք փորձութեան տեղի տալու։ Ուստի հի՛մա է ժամանակը, որ այս հարցերը բծախնդրաբար նկատի առնենք։ Զայն մի՛ ձգձգեր։ Եհովայի կատարած մեր նուիրումի ուխտը օրէ օր ի մտի ունենալով, հաստատօրէն կը վճռենք սնոտի բաներէ հեռու կենալ (Առ. 1։5. 19։20

18, 19. ա) «Պարզ» աչքին ու «վատ» աչքին միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ։ բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ շարունակենք արժէքաւոր բաներու մասին խորհիլ, իսկ Փիլիպպեցիս 4։8–ը այս առնչութեամբ ի՞նչ խրատ կու տայ։

18 Իւրաքանչիւր օր կը դիմագրաւենք աչքին գրաւիչ եղող այլազան զբաղումներ, որոնք հետզհետէ կ’աւելնան։ Ուստի ա՛լ աւելի կը գնահատենք մեր աչքը «պարզ» պահելու Յիսուսի յորդորը (Մատ. 6։22, 23)։ «Պարզ» աչքը ամբողջովին կեդրոնացած է մէկ նպատակի վրայ,– Աստուծոյ կամքը ընել։ Միւս կողմէ, «վատ» աչքը նենգաւոր, ընչաքաղց ու սնոտի բաներով հետաքրքրուող է։

19 Մի՛ մոռնար որ մեր աչքերը կը սնուցանեն մեր միտքը, իսկ միտքը կը սնուցանէ սիրտը։ Հետեւաբար ո՜րքան կարեւոր է, որ շարունակենք արժէքաւոր բաներու մասին խորհիլ (կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 4։8Արդարեւ, շարունակենք սաղմոսերգուին նման աղօթել. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն»։ Եւ մինչ կը ջանանք այդ աղօթքին հետ ներդաշնակ գործել, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա մեզ ‘իր ճամբուն մէջ պիտի կենդանացնէ’ (Սաղ. 119։37. Եբ. 10։36

Վերաքաղ

• Մեր աչքերուն, մտքին ու սրտին միջեւ ի՞նչ կապ կայ։

• Պոռնկագրութիւն դիտելուն վտանգները ի՞նչ են։

• Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր աչքը «պարզ» պահենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 25]

Քրիստոնեաները ի՞նչ սնոտի բաներ դիտելէ պէտք է խուսափին