Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աղօթք. Պիտի օգնէ՞

Աղօթք. Պիտի օգնէ՞

Աղօթք

6 Պիտի օգնէ՞

ԱՂՕԹԵԼԸ որեւէ օգուտ կը բերէ՞ մեզի։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ այո՛, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքները իրապէս իրենց օգուտ կը բերեն (Ղուկաս 22։40. Յակոբոս 5։13)։ Իրականութեան մէջ, աղօթելը կրնայ հոգեւորապէս, զգացականօրէն եւ նոյնիսկ ֆիզիքապէս շատ օգտակար ըլլալ։ Ինչպէ՞ս։

Ենթադրենք որ ունիս զաւակ մը, որուն նուէր մը տրուեցաւ։ Անոր պիտի սորվեցնէի՞ր թէ երախտապարտ զգալը բաւարար է, թէ ոչ պիտի սորվեցնէիր որ արտայայտէ իր երախտագիտութիւնը։ Երբ կարեւոր զգացումներ բառերով արտայայտենք, զանոնք լուսարձակի տակ կ’առնենք ու նոյնիսկ կը զօրացնենք։ Նոյնը կը կիրարկուի՞ Աստուծոյ հետ խօսելուն։ Անտարակոյս։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

Շնորհակալութեան աղօթքներ։ Երբ մեր Հօր շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր վայելած բարիքներուն համար, մեր օրհնութիւններուն վրայ կը կեդրոնանանք։ Որպէս արդիւնք, աւելի երախտապարտ, երջանիկ ու դրական կրնանք զգալ (Փիլիպպեցիս 4։6

Օրինակ. Յիսուս երախտագիտութիւն յայտնեց այն կերպին համար, որով իր Հայրը իր աղօթքները լսեց եւ անոնց պատասխանեց (Յովհաննէս 11։41

Ներում խնդրելու աղօթքներ։ Աստուծմէ ներում խնդրելով, մեր խղճմտանքը կը զօրացնենք, մեր զղջումը կը խորացնենք ու մեղքին լրջութեան նկատմամբ մեր գիտակցութիւնը կ’աւելցնենք։ Նաեւ յանցապարտութեան բեռէն կը հանգստանանք։

Օրինակ. Դաւիթ աղօթեց, որպէսզի իր զղջումն ու վիշտը արտայայտէ (Սաղմոս 51

Առաջնորդութեան եւ իմաստութեան համար աղօթքներ։ Եհովայէ խնդրելը որ մեզ առաջնորդէ կամ մեզի շնորհէ շիտակ որոշումներ կայացնելու հարկ եղած իմաստութիւնը, կրնայ մեզի օգնել իսկապէս խոնարհ ըլլալու։ Անիկա մեզի կրնայ յիշեցնել մեր սահմանափակումները եւ օգնել, որ մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր վստահութիւնը կերտենք (Առակաց 3։5, 6

Օրինակ. Իսրայէլի վրայ իշխելու համար, Սողոմոն խոնարհաբար առաջնորդութիւն եւ իմաստութիւն խնդրեց (Գ. Թագաւորաց 3։5-12

Նեղութեան աղօթքներ։ Եթէ Աստուծոյ առջեւ մեր սիրտը պարպենք, երբ զգացական տառապանքի մէջ ենք, մեր սիրտը պիտի հանդարտի եւ պիտի ապաւինինք Եհովայի, քան՝ մեր անձին (Սաղմոս 62։8

Օրինակ. Ասա թագաւոր աղօթեց, երբ վախազդու թշնամի մը դիմագրաւեց (Բ. Մնացորդաց 14։11

Կարօտեալներու բարօրութեան համար աղօթքներ։ Այսպիսի աղօթքներ մեզի կ’օգնեն անձնասիրութեան դէմ պայքարելու եւ կարեկցութեան ու ողորմութեան մէջ աճելու։

Օրինակ. Յիսուս իր հետեւորդներուն ի նպաստ աղօթեց (Յովհաննէս 17։9-17

Փառաբանութեան աղօթքներ։ Երբ Եհովան կը փառաբանենք իր սքանչելի գործերուն ու յատկութիւններուն համար, իրեն հանդէպ մեր յարգանքն ու գնահատութիւնը պիտի աճին։ Այսպիսի աղօթքներ կրնան նաեւ մեզի օգնել, որ մեր Աստուծոյն ու Հօր աւելի մօտենանք։

Օրինակ. Դաւիթ ջերմօրէն Աստուած փառաբանեց իր ստեղծագործութեան համար (Սաղմոս 8

Աղօթքի առնչուած այլ օրհնութիւն մըն է՝ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փիլիպպեցիս 4։7)։ Այս տագնապալից աշխարհին մէջ անդորրութիւն գտնելը՝ արդարեւ հազուադէպ օրհնութիւն մըն է։ Անիկա նոյնիսկ ֆիզիքական օգուտներ ունի (Առակաց 14։30)։ Բայց անիկա պարզապէս մեր անձնական ջանքերո՞վ ձեռք կը ձգուի, թէ ոչ աւելի կարեւոր բան մը պարփակուած է։

[Մէջբերում՝ էջ 10]

Աղօթքը կը բերէ բազմաթիւ օգուտներ,– ֆիզիքական, զգացական եւ, ամէն բանէ առաջ, հոգեւոր