Եհովա մեր գերիշխան Տէրն է
Եհովա մեր գերիշխան Տէրն է
«Յոյսս դրեր եմ [«Գերիշխան», ՆԱ] Տէր Եհովային վրայ» (ՍԱՂ. 73։28)։
1. Ա. Կորնթացիս 7։31–ի խօսքերով, բացայայտօրէն Պօղոս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր։
«ԱՅՍ աշխարհի տեսարանը կը փոխուի», ըսաւ Պօղոս առաքեալ (Ա. Կոր. 7։31, ՆԱ)։ Բացայայտօրէն, ան աշխարհը կը նմանցնէր թատերաբեմի մը, որուն վրայ դերասանները իրենց դերերը կը խաղան որպէս բարի կամ չար անձնաւորութիւններ, մինչեւ որ տեսարանը փոխուի։
2, 3. ա) Եհովայի գերիշխանութեան ուղղուած մարտահրաւէրը ի՞նչ բանի հետ կրնայ համեմատուիլ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
2 Ներկայիս, մեծագոյն կարեւորութիւն ունեցող թատերախաղ մը գործընթացի մէջ է,– եւ քեզ ալ կը պարփակէ։ Անիկա մասնաւորաբար կը վերաբերի Եհովա Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովման։ Այս թատերախաղը կրնայ բացատրուիլ կացութեամբ մը, որ կրնայ գոյանալ երկրի մը մէջ։ Մէկ կողմէ, պէտք եղածին պէս սահմանադրուած կառավարութիւնը կայ, որ կարգուկանոնը կը պահէ։ Իսկ միւս կողմէ, ոճրային հաստատութիւն մը կայ, որ խարդախութեամբ, բռնութեամբ եւ մարդասպանութեամբ կ’իշխէ։ Ապօրինի կազմակերպութիւնը կառավարութեան գերիշխանութեան մարտահրաւէր մըն է եւ կառավարութեան հանդէպ բոլոր քաղաքացիներուն հաւատարմութիւնը կը փորձէ։
3 Տիեզերական տարողութեամբ, համանման կացութիւն մը առկայ է։ Գերիշխան «Տէր Եհովա»յի օրինաւոր կառավարութիւնը կայ (Սաղ. 71։5)։ Բայց այժմ մարդկութեան կը սպառնայ ոճրային կազմակերպութիւն մը, որ «չարին» գլխաւորութեամբ կ’ընթանայ (Ա. Յովհ. 5։19)։ Անիկա Աստուծոյ օրինաւոր կառավարութեան ասպարէզ կը կարդայ եւ Անոր գերիշխանութեան հանդէպ բոլոր մարդոց հաւատարմութիւնը կը փորձէ։ Այս իրավիճակը ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ։ Աստուած ինչո՞ւ զայն կը թոյլատրէ։ Անոր առնչութեամբ անհատապէս ի՞նչ կրնանք ընել։
Թատերախաղին յատկանշական երեսակները
4. Բացայայտուող տիեզերական թատերախաղը ի՞նչ երկու յարաբերակից հարցեր կը պարփակէ։
4 Այս բացայայտուող տիեզերական թատերախաղը կը պարփակէ երկու յարաբերակից հարցեր. Եհովայի գերիշխանութիւնը եւ մարդուն ուղղամտութիւնը։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, Եհովա յաճախ կոչուած է՝ «Գերիշխան Տէր»։ Օրինակ՝ սաղմոսերգուն կատարելապէս Անոր ապաւինելով տաղերգեց. «Յոյսս դրեր եմ [«Գերիշխան», ՆԱ] Տէր Եհովային վրայ» (Սաղ. 73։28)։ Եհովա Աստուած որպէս Բարձրեալ նկատելու լաւ պատճառներ կան (Դան. 7։22)։
5. Ինչո՞ւ պէտք է մղուինք Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնելու։
5 Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովա Աստուած երկրագունդին եւ ամբողջ տիեզերքին Գերիշխանն է (կարդալ՝ Յայտնութիւն 4։10)։ Եհովա նաեւ մեր Դատաւորը, Օրէնսդիրն ու Թագաւորն է (Եսա. 33։22)։ Որովհետեւ մեր գոյութիւնը Աստուծոյ կը պարտինք եւ իրմէ կախեալ ենք, զինք մեր Գերիշխան Տէրը պէտք է նկատենք։ Պիտի մղուինք իր վսեմ դիրքը վեր բռնելու, եթէ միշտ ի մտի ունենանք թէ «Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։ Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ» (Սաղ. 103։19. Գործք 4։24)։
6. Ուղղամտութիւնը ի՞նչ է։
6 Եհովայի գերիշխանութեան թիկունք կանգնելու համար, իրեն հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պէտք է պահենք։ «Ուղղամտութիւն»ը բարոյական ողջամտութիւն կամ ամբողջութիւն է։ Ուղղամիտ անհատը անմեղադրելի եւ ուղիղ է։ Յոբ նահապետ այդպիսի մարդ մըն էր (Յոբ 1։1)։
Թատերախաղը ինչպէ՛ս սկսաւ
7, 8. Սատանան ինչպէ՞ս ասպարէզ կարդաց Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն։
7 Շուրջ 6000 տարի առաջ, հոգեղէն արարած մը ասպարէզ կարդաց Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն։ Այդ ըմբոստին խօսքերուն եւ արարքներուն արմատն էր՝ պաշտուելու եսասէր ցանկութիւնը։ Ան առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան՝ դրդեց, որ աստուածային գերիշխանութեան անհաւատարիմ ըլլան, եւ փորձեց Եհովայի անունը արատաւորել՝ դաւանելով թէ Ան սուտ խօսած էր (կարդալ՝ Ծննդոց )։ Ըմբոստը եղաւ մեծ Թշնամին, Սատանայ (Հակառակորդ), Բանսարկու (Զրպարտիչ), օձ (խաբեբայ) եւ վիշապ (լափող) ( 3։1-5Յայտ. 12։9)։
8 Սատանան ինքզինք մրցակից կառավարիչ մը ըրաւ։ Այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելով, Գերիշխան Տէր Եհովան ի՞նչ պիտի ընէր։ Ան անմիջապէս պիտի բնաջնջէ՞ր երեք ըմբոստները,– Սատանան, Ադամն ու Եւան։ Ան վստահաբար զօրութիւնը ունէր ատիկա ընելու, եւ այդ արարքը պիտի լուծէր այն հարցը թէ ո՛վ ուժով գերագոյնն էր։ Ատիկա նաեւ պիտի ապացուցանէր, թէ Եհովա իր օրէնքը բեկանելու պատիժին մասին ճշմարտութիւնը ըսած էր։ Աստուած ինչո՞ւ այսպիսի քայլ մը չառաւ։
9. Սատանան ի՞նչ բաներ հարցականի տակ դրաւ։
9 Սուտ խօսելով եւ Ադամն ու Եւան Աստուծմէ հեռացնելով, Սատանան հարցականի տակ դրաւ մարդկութենէն հնազանդութիւն պահանջելու Եհովայի իրաւունքը։ Ասկէ զատ, առաջին մարդկային զոյգը դրդելով որ Աստուծոյ չհնազանդի, Սատանան նաեւ հարցականի տակ դրաւ բոլոր մտացի արարածներուն հաւատարմութիւնը։ Ինչպէս որ Եհովայի գերիշխանութեան հաւատարիմ եղող Յոբի պարագան ցոյց կու տայ, Սատանան դաւանեցաւ թէ կրնար բոլոր մարդիկը Աստուծմէ հեռացնել (Յոբ 2։1-5)։
10. Իր գերիշխանութեան հաստատումը յետաձգելով, Աստուած ի՞նչ բաներ թոյլատրած է։
10 Իր գերիշխանութեան հաստատումը յետաձգելով, Եհովա ժամանակ տուած է Սատանային, որ իր դաւանութիւնը փաստէ։ Աստուած նաեւ մարդոց առիթ տուած է, որ իր գերիշխանութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ցոյց տան։ Ի՞նչ պատահած է դարերու ընթացքին։ Սատանան զօրաւոր ոճրային կազմակերպութիւն մը կառուցանած է։ Վերջ ի վերջոյ, Եհովա զայն եւ Բանսարկուն պիտի կործանէ, Իր իրաւացի գերիշխանութեան ջախջախիչ ապացոյցը տալով։ Եհովա Աստուած ա՛յնքան վստահ էր դրական արդիւնքէն, որ զայն նախագուշակեց երբ ըմբոստութիւնը տեղի ունեցաւ Եդեմին մէջ (Ծն. 3։15)։
11. Եհովայի գերիշխանութեան առնչութեամբ շատեր ի՞նչ ըրած են։
11 Եհովայի գերիշխանութեան եւ իր անուան սրբացման առնչութեամբ, շատեր հաւատք ընծայած են եւ իրենց ուղղամտութիւնը պահած են։ Անոնց շարքին են՝ Աբէլ, Ենովք, Նոյ, Աբրահամ, Սառա, Մովսէս, Հռութ, Դաւիթ, Յիսուս, Քրիստոսի նախկին աշակերտները եւ այժմու միլիոնաւոր ուղղամիտ անհատները։ Աստուածային գերիշխանութիւնը վեր բռնող այդպիսի անհատներ բաժին կը բերեն Սատանայի ստախօս ըլլալը ապացուցանելու մէջ եւ Եհովայի անունը մաքրելու մէջ ա՛յն նախատինքէն, որ Բանսարկուն կուտակած է, յոխորտալով թէ ամբողջ մարդկութիւնը կրնար Աստուծմէ հեռացնել (Առ. 27։11)։
Արդիւնքը ստոյգ է
12. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Աստուած չարութիւնը անվերջօրէն պիտի չհանդուրժէ։
12 Կրնա՛նք վստահ ըլլալ, թէ Եհովա շուտով իր գերիշխանութիւնը պիտի հաստատէ։ Ան չարութիւնը անվերջօրէն պիտի չհանդուրժէ, եւ գիտենք թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Եհովա Ջրհեղեղով չարերուն դէմ քայլ առաւ։ Ան Սոդոմն ու Գոմորը եւ փարաւոնն ու իր զօրքերը կործանեց։ Սիսարա եւ իր բանակը ու Սենեքերիմ եւ իր ասորական զօրքերը ոչինչ էին Բարձրեալին առջեւ (Ծն. 7։1, 23. 19։24, 25. Ել. 14։30, 31. Դատ. 4։15, 16. Դ. Թագ. 19։35, 36)։ Հետեւաբար կրնա՛նք վստահ ըլլալ, թէ Եհովա Աստուած իր անուան ուղղուած անարգանքը եւ իր Վկաներուն հանդէպ գէշ վերաբերմունքը առյաւէտ պիտի չհանդուրժէ։ Աւելին, այժմ Յիսուսի ներկայութեան նշանին եւ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանին ապացոյցը կը տեսնենք (Մատ. 24։3)։
13. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի թշնամիներուն հետ չկորսուիլ։
13 Որպէսզի Աստուծոյ թշնամիներուն հետ չկորսուինք, Եհովայի գերիշխանութեան հանդէպ մեր հաւատարիմ ըլլալը պէտք է ապացուցանենք։ Ինչպէ՞ս։ Սատանայի ոճրային իշխանութենէն անջատ մնալով եւ իր գործակալներէն չվախնալով (Եսա. 52։11. Յովհ. 17։16. Գործք 5։29)։ Միայն ա՛յդ պարագաներուն ներքեւ է, որ կրնանք մեր երկնաւոր Հօր գերիշխանութիւնը վեր բռնել եւ յոյսը ունենալ խնայուելու, երբ Եհովա իր անունը նախատինքէ մաքրէ եւ ցոյց տայ թէ ի՛նքն է տիեզերքի Գերիշխանը։
14. Աստուածաշունչի այլազան հատուածներու մէջ, ի՞նչ բան յայտնուած է։
14 Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ, մարդկութեան եւ Եհովայի գերիշխանութեան նկատմամբ
մանրամասնութիւններ ներկայացուած են։ Առաջին երեք գլուխները կը խօսին ստեղծագործութեան մասին եւ մարդուն մեղանչելուն մասին, իսկ վերջին երեք գլուխները կը նշեն մարդկութեան վերահաստատումը։ Մնացեալ էջերը մանրամասնութիւններ կու տան Գերիշխան Տէր Եհովայի առած քայլերուն մասին, որ մարդկութեան, երկրագունդին եւ տիեզերքին նկատմամբ իր նպատակը իրագործէ։ Ծննդոցը ցոյց կու տայ, թէ Սատանան եւ չարութիւնը ինչպէ՛ս աշխարհ մտան, իսկ Յայտնութեան եզրափակիչ հատուածը կը յայտնէ, թէ ինչպէ՛ս չարութիւնը պիտի չքանայ, Բանսարկուն պիտի բնաջնջուի եւ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ պիտի կատարուի, ինչպէս որ երկինքը կը կատարուի։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը մեղքի ու մահուան պատճառը երեւան կը հանէ ու ցոյց կու տայ, թէ անոնք ինչպէ՛ս պիտի վերցուին երկրային տեսարանէն ու փոխարինուին անսահման ուրախութեամբ եւ յաւերժական կեանքով՝ ուղղամիտներուն համար։15. Ի՞նչ պէտք է ընենք որ անձամբ օգտուինք, երբ գերիշխանութեան առնչուած թատերախաղը աւարտի։
15 Մօտ ատենէն, այս աշխարհի տեսարանը բոլորովին պիտի փոխուի։ Վարագոյրը պիտի գոցուի այն դարաւոր թատերախաղին վրայ, որ կը պարփակէ գերիշխանութիւնը։ Սատանան թատերաբեմէն պիտի վերցուի, որպէսզի ի վերջոյ մոռացութեան մատնուի, եւ Աստուծոյ կամքը վստահաբար պիտի տիրէ։ Բայց ասկէ օգտուելու եւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ նախագուշակուած բազմաթիւ օրհնութիւնները վայելելու համար, հարկ է որ Եհովայի գերիշխանութիւնը հի՛մա վեր բռնենք։ Չենք կրնար վարանոտ կամ չէզոք մնալ։ Որպէսզի կարենանք ըսել. «Տէրը ինծի հետ է», իր կողքին պէտք է մնանք (Սաղ. 118։6, 7)։
Կրնա՛նք ուղղամտութիւն պահել
16. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ մարդ արարածը կրնայ Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւն պահել։
16 Կրնա՛նք Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնել ու մեր ուղղամտութիւնը պահել, քանի որ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել» (Ա. Կոր. 10։13)։ Պօղոսի նշած փորձութեան աղբիւրը ի՞նչ է, եւ Աստուած ինչպէ՞ս մեզի ազատութեան միջոց մը կու տայ։
17-19. ա) Անապատին մէջ իսրայէլացիները ի՞նչ փորձութեան տեղի տուին։ բ) Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահելը ինչո՞ւ կարելի է։
17 Ինչպէս որ անապատին մէջ իսրայէլացիներուն փորձառութիւնները ցոյց կու տան, ‘փորձութիւնը’ ծագում կ’առնէ պարագաներէ, որոնք կրնան մեզ դրդել Աստուծոյ օրէնքը բեկանելու (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 10։6-10)։ Իսրայէլացիները կրնայի՛ն փորձութեան դիմադրել, բայց անոնք «չար բաներու» ցանկացին, երբ Եհովա հրաշալիօրէն մէկ ամսուան համար լորամարգի հայթայթեց։ Թէեւ ժողովուրդը ժամանակ մը առանց միսի մնացած էր, բայց Աստուած բաւականաչափ մանանայ տուած էր անոնց։ Այսուհանդերձ, լորամարգի հաւաքելու ժամանակ, անոնք սանձարձակ ագահութեան տեղի տալու փորձութեան անձնատուր եղան (Թուոց 11։19, 20, 31-35)։
18 Նախապէս, երբ Մովսէս Սինա լերան վրայ Օրէնքը կը ստանար, իսրայէլացիները կռապաշտ եղան, միջամուխ ըլլալով հորթի պաշտամունքին եւ տռփական հաճոյքներուն։ Իրենց տեսանելի առաջնորդին բացակայութեան, անոնք թոյլ տուին որ փորձութիւնը սանձարձակ ըլլայ (Ել. 32։1, 6)։ Խոստացեալ երկիրը մտնելէ քիչ առաջ, հազարաւոր իսրայէլացիներ հրապուրուեցան մովաբացի աղջիկներով, որոնց հետ սեռային անբարոյութիւն գործեցին։ Այդ միջադէպով, հազարաւոր իսրայէլացիներ մեռան իրենց մեղքին պատճառով (Թուոց 25։1, 9)։ Ատեն–ատեն, իսրայէլացիները ըմբոստ կերպով տրտնջալու փորձութեան տեղի տուին, առիթով մը Մովսէսին դէմ խօսելով, ինչպէս նաեւ՝ Աստուծոյ դէմ (Թուոց 21։5)։ Նոյնիսկ ամբարիշտ Կորխին, Դաթանին, Աբիրոնին եւ անոնց ընկերակիցներուն կործանումէն ետք, իսրայէլ ժողովուրդը դժգոհեցաւ, սխալաբար պատճառաբանելով թէ ըմբոստներուն մահապատիժը անարդարացի էր։ Որպէս արդիւնք, 14,700 իսրայէլացի կորսուեցան Աստուծոյ կողմէ ղրկուած պատուհասով մը (Թուոց 16։41, 49)։
19 Վերոնշեալ ոչ մէկ փորձութիւն այն բնոյթը ունէր, որ իսրայէլացիները չէին կրնար անոր դիմադրել։ Անոնք փորձութեան տեղի տուին, քանի որ իրենց հաւատքը կորսնցուցին եւ մոռցան Եհովան, իր սիրառատ հոգատարութիւնը եւ իր ճամբաներուն ուղիղ ըլլալը։ Ինչպէս որ էր պարագան իսրայէլացիներուն, մեր դիմագրաւած փորձութիւնները մարդկային սահմաններէն դուրս չեն։ Եթէ անոնց դիմադրելու հարկ եղած ջանքը թափենք եւ Աստուծոյ ապաւինինք որ մեզ կազդուրէ, կրնա՛նք մեր ուղղամտութիւնը պահել։ Կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ, որովհետեւ «Աստուած հաւատարիմ է» ու թոյլ պիտի չտայ որ ‘մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք’։ Եհովա բնա՛ւ մեզ չի լքեր, արտօնելով որ մտնենք այնպիսի կացութիւններու մէջ, որոնք մարդկային գետնի վրայ անկարելի կը դարձնեն իր կամքը կատարելը (Սաղ. 94։14)։
20, 21. Երբ կը փորձուինք, Աստուած ինչպէ՞ս «ազատութեան միջոց մը» կու տայ։
20 Եհովա մեզի «ազատութեան միջոց մը» կու տայ, մեզ զօրացնելով որ փորձութեան դիմադրենք։ Օրինակ՝ հալածողները թերեւս մեզ ֆիզիքապէս չարչարեն, որպէսզի մեր հաւատքը ուրանանք։ Այդ վերաբերումը կրնայ մեզ փորձութեան ենթարկել որ համակերպինք, որպէսզի յաւելեալ ծեծէ, չարչարանքէ կամ հաւանական մահուընէ խուսափինք։ Սակայն, Ա. Կորնթացիս 10։13–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի ներշնչեալ երաշխիքին հիման վրայ, գիտե՛նք թէ փորձութիւն հրահրող կացութիւնը միայն ժամանակաւոր է։ Եհովա պիտի չարտօնէ որ փորձութիւնը հասնի ա՛յն աստիճանին, որ չկարենանք իրեն հաւատարիմ մնալ։ Ան կրնայ մեր հաւատքը ամրապնդել եւ մեզի հարկ եղած հոգեւոր զօրութիւնը տալ, որպէսզի ուղղամտութիւն պահենք։
21 Եհովա իր սուրբ հոգիին միջոցով մեզ կը կազդուրէ։ Այդ հոգին նաեւ մեր միտքը կը բերէ հարկ եղած աստուածաշնչական գաղափարներ, որպէսզի փորձութեան դիմադրենք (Յովհ. 14։26)։ Հետեւաբար, չենք խաբուիր սխալ ընթացքի մը հետեւելու։ Օրինակ՝ Եհովայի գերիշխանութեան եւ մարդուն ուղղամտութեան յարակից հարցերը կ’ըմբռնենք։ Այս գիտութեամբ, շատեր Աստուծմէ ոյժ ստացած են, որպէսզի մինչեւ մահ հաւատարիմ մնան։ Բայց անոնց ազատութեան միջոցը մահը չէր. Եհովայի օգնութի՛ւնն էր որ կարելի դարձուց, որ անոնք տոկան մինչեւ վերջ, առանց փորձութեան տեղի տալու։ Ան մեզի համար նոյնը կրնայ ընել։ Իրականութեան մէջ, ան մեզի ի նպաստ նաեւ կը գործածէ իր հաւատարիմ հրեշտակները որպէս հանրային սպասաւորներ, «որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն» (Եբ. 1։14)։ Ինչպէս որ յաջորդ յօդուածը ցոյց կու տայ, միայն ուղղամիտները կրնան Աստուծոյ գերիշխանութիւնը յաւիտեան վեր բռնելու բերկրալի առանձնաշնորհումը վայելելու յոյսը ունենալ։ Կրնա՛նք անոնց շարքին ըլլալ, եթէ կառչինք Եհովայի որպէս մեր Գերիշխան Տէրը։
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես
• Ինչո՞ւ պէտք է ճանչնանք Եհովան որպէս մեր Գերիշխան Տէրը։
• Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահել։
• Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովա մօտ ատենէն իր գերիշխանութիւնը պիտի հաստատէ։
• Ա. Կորնթացիս 10։13–ի համաձայն, ինչո՞ւ կարելի է ուղղամտութիւն պահել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 28]
Վճռէ՛ Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնել