Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատանինե՛ր, հասակակիցներու ճնշումին դիմադրեցէ՛ք

Պատանինե՛ր, հասակակիցներու ճնշումին դիմադրեցէ՛ք

Պատանինե՛ր, հասակակիցներու ճնշումին դիմադրեցէ՛ք

«Ձեր խօսքը ամէն ատեն. . . աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ» (ԿՈՂ. 4։6

1, 2. Շատ մը պատանիներ ուշագրաւօրէն տարբեր ըլլալու նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգան, եւ ինչո՞ւ։

ԱՆԿԱՍԿԱԾ, «հասակակիցներու ճնշում» արտայայտութիւնը ոչ միայն լսած ես, այլ նաեւ զայն անձամբ դիմագրաւած ես։ Ատեն–ատեն, թերեւս մէկը քեզ քաջալերած է, որ ընես բան մը որ գիտես թէ սխալ է։ Ինչպէ՞ս կը զգաս երբ ասիկա պատահի։ 14 տարեկան Քրիստոֆըր կ’ըսէ. «Երբեմն կը փափաքիմ տեսողութենէ հեռանալ, կամ ալ՝ մնացեալ դպրոցակիցներուս պէս ըլլալ, որպէսզի աչքի չզարնեմ՝ տարբեր ըլլալով»։

2 Հասակակիցներդ քու վրադ զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնե՞ն։ Եթէ այո՛, ինչո՞ւ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ կ’ուզես, որ անոնք քեզ ընդունին։ Այս փափաքը ինքնին սխալ չէ։ Իրականութեան մէջ, չափահասներն ալ կ’ուզեն, որ իրենց հասակակիցներուն կողմէ ընդունուին։ Ո՛չ ոք,– անչափահաս թէ չափահաս,– կ’ախորժի մերժումի դառնութենէն։ Սակայն իրատեսօրէն, շիտակին կողմը դիրք բռնելը, ուրիշներու կողմէ միշտ գովասանքի պիտի չարժանանայ։ Նոյնիսկ Յիսուս այդ իրականութիւնը դիմագրաւեց։ Այսուհանդերձ, ան միշտ շիտակը ըրաւ։ Մինչ ոմանք իրեն հետեւեցան եւ աշակերտներ դարձան, ուրիշներ Աստուծոյ Որդին անարգեցին ու «զանիկա չյարգեցին» (Եսա. 53։3

Համակերպելու ճնշումը ո՞րքան զօրաւոր է

3. Հասակակիցներուդ չափանիշներուն համակերպիլը ինչո՞ւ սխալ է։

3 Երբեմն թերեւս փորձուիս հասակակիցներուդ չափանիշներուն համակերպիլ, պարզապէս իրենց հաւանութիւնը չկորսնցնելու համար։ Բայց ասիկա սխալ է։ Քրիստոնեաները պէտք չէ ‘նմանին երեխաներու, որոնք ալիքներու հետ կը տարուբերին’ (Եփ. 4։14, Անթիլիաս)։ Մանուկները դիւրաւ կ’ենթարկուին ուրիշներու ազդեցութեան։ Բայց որպէս պատանի, դուն քիչ ետք չափահաս պիտի ըլլաս։ Ուստի, եթէ կը հաւատաս որ Եհովայի չափանիշները քու օգտիդ համար են, ուրեմն հարկ է որ համոզումներուդ համաձայն ապրիս (Բ. Օր. 10։12, 13)։ Այլապէս, կեանքիդ ղեկը ուրիշին յանձնած կ’ըլլաս։ Իրողութիւնը այն է, թէ երբ ուրիշներու բանեցուցած ճնշումին տեղի կու տաս, անոնց խամաճիկը կը դառնաս (կարդալ՝ Բ. Պետրոս 2։19

4, 5. ա) Ահարոն ինչպէ՞ս ճնշումի տեղի տուաւ, եւ ասկէ ի՞նչ դասեր կրնաս սորվիլ։ բ) Քեզ ճնշել փորձելու համար, հասակակիցներդ ի՞նչ մեթոտներ թերեւս գործածեն։

4 Առիթով մը, Մովսէսի եղբայրը՝ Ահարոն՝ հասակակիցներու ճնշումին տեղի տուաւ։ Երբ իսրայէլացիները պահանջեցին, որ իրենց համար աստուած մը շինէ, ան անոնց խնդրանքը կատարեց։ Ահարոն տկար անձնաւորութիւն չունէր։ Նախապէս, ան Մովսէսի կողքին կեցաւ, երբ դէմ–դիմաց եկան փարաւոնին հետ,– Եգիպտոսի մէջ հզօրագոյն մարդը։ Հոն, Ահարոն համարձակօրէն խօսեցաւ, Աստուծոյ պատգամը փարաւոնին հաղորդելով։ Բայց երբ իսրայէլացիները իր վրայ ճնշում բանեցուցին, Ահարոն յանձնուեցաւ։ Հասակակիցներու ճնշումը ի՜նչ զօրութիւն ունի։ Ահարոն աւելի դիւրին գտաւ Եգիպտոսի թագաւորին դէմ դիրք բռնել, քան՝ իր հասակակիցներուն դէմ (Ել. 7։1, 2. 32։1-4

5 Ինչպէս որ Ահարոնին օրինակը ցոյց կու տայ, հասակակիցներու ճնշումը սահմանափակուած չէ պատանիներուն, ոչ ալ խնդիր է միայն անոնց, որոնք գէշ բաներու հակամէտ են։ Հասակակիցներու ճնշումը կրնայ ազդել նոյնիսկ անոնց, որոնք անկեղծօրէն կ’ուզեն շիտակը ընել, ի ներառեալ դուն։ Հասակակիցներդ յանդգնութիւն, ամբաստանութիւն կամ ծաղրանք գործածելով թերեւս փորձեն քեզ մղել, որ սխալի մէջ իյնաս։ Ի՛նչ ձեւ ալ առնէ, հասակակիցներու ճնշումը դիմագրաւելը դժուար է։ Անոր յաջողապէս դիմադրելը կը սկսի՝ հաւատալիքներուդ հանդէպ վստահութիւն մշակելով։

«Քննեցէք ձեր անձերը»

6, 7. ա) Հաւատալիքներուդ նկատմամբ համոզում ունենալը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ինչպէ՞ս կրնաս զայն մշակել։ բ) Համոզումդ ամրապնդելու համար, դուն քեզի ի՞նչ հարցումներ կրնաս ուղղել։

6 Հասակակիցներու ճնշումին դիմադրելու համար, նա՛խ հարկ է որ համոզուած ըլլաս, թէ հաւատալիքներդ ու չափանիշներդ շիտակ են (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 13։5Համոզումը քեզի պիտի օգնէ համարձակ ըլլալու, թէպէտ բնոյթով թերեւս երկչոտ ես (Բ. Տիմ. 1։7, 8)։ Բայց նոյնիսկ եթէ անհատ մը սովորաբար համարձակ է, իրեն համար կրնայ շատ դժուար ըլլալ որ դիրք բռնէ բանի մը կողքին, որուն միայն կէս–սիրտով կը հաւատայ։ Ուստի ինչո՞ւ չքննես, թէ ինչ որ Աստուածաշունչէն սորված ես՝ արդարեւ ճշմարտութիւնն է։ Հիմնական բաներով սկսէ։ Օրինակի համար, դուն Աստուծոյ կը հաւատաս եւ ուրիշներէ լսած ես, թէ ինչո՛ւ Անոր գոյութեան կը հաւատան։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Ի՞նչ բան զիս կը համոզէ, թէ Աստուած գոյութիւն ունի’։ Այս հարցումին նպատակը սկեպտիկութիւն յարուցանել չէ, հապա՝ հաւատքդ ամրապնդել է։ Նմանապէս, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ինչպէ՞ս գիտեմ թէ Սուրբ Գրութիւնները Աստուծմէ ներշնչուած են’ (Բ. Տիմ. 3։16)։ ‘Ինչո՞ւ համոզուած եմ թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք’ (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ ‘Ի՞նչ բան ինծի հաւատալ կու տայ, թէ Եհովայի չափանիշները իմ օգտիս համար են’ (Եսա. 48։17, 18

7 Թերեւս վարանիս դուն քեզի այդպիսի հարցումներ ուղղելու, վախնալով որ չկարենաս պատասխանել։ Սակայն այսպէս, կարծես թէ կը վարանիս ինքնաշարժիդ ցուցանակին վրայ գտնուող վառելանիւթի ժամացոյցին նայելու, վախնալով որ սլաքը «Պարապ»ի վրայ է։ Եթէ վառելանիւթի ամբարը պարապ է, պէտք է ատոր տեղեակ ըլլաս որպէսզի ճարին նայիս։ Նմանապէս, լաւ կ’ընես որ սրբագրես համոզումի որեւէ պակաս, զոր քու մէջդ կը նշմարես (Գործք 17։11

8. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս վստահութիւնդ զօրացնել, թէ պոռնկութենէ փախչելու Աստուծոյ պատուէրին հնազանդիլը իմաստութիւն է։

8 Նկատի առ օրինակ մը։ Աստուածաշունչը քեզ կը յորդորէ, որ ‘պոռնկութենէն փախչիս’։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Ասիկա ինչո՞ւ իմաստուն պատուէր մըն է’։ Մտածէ այն բոլոր պատճառներուն մասին, թէ ինչո՛ւ հասակակիցներդ այդպիսի վարքի միջամուխ կ’ըլլան։ Նաեւ խորհրդածէ այն զանազան պատճառներուն մասին, թէ ինչո՛ւ պոռնկացող անհատը «իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ» (Ա. Կոր. 6։18)։ Հիմա պատճառները վերլուծէ եւ դուն քեզի հարց տուր. ‘Ո՞ր մէկը հետեւելիք լաւագոյն ընթացքն է։ Իսկապէս կ’արժէ՞ սեռային սխալ վարքի միջամուխ ըլլալ’։ Հարցին շուրջ ա՛լ աւելի մտածելով, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ինչպէ՞ս պիտի զգայի, եթէ սեռային անբարոյութեան տեղի տայի’։ Թերեւս անմիջապէս կարգ մը հասակակիցներու հաւանութիւնը վայելես, բայց ետքը ինչպէ՞ս պիտի զգաս, երբ ծնողքիդ կամ Թագաւորութեան սրահին մէջ հաւատակիցներուդ հետ ես։ Զգացումներդ ի՞նչ պիտի ըլլան, երբ փորձես Աստուծոյ աղօթել։ Իրապէս յօժար պիտի ըլլա՞ս Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածքդ զոհելու, պարզապէս դասընկերներդ հաճեցնելու համար։

9, 10. Հաւատալիքներուդ նկատմամբ վստահութիւն ունենալը քեզ ինչպէ՞ս կարող պիտի դարձնէ, որ աւելի ինքնավստահ ըլլաս երբ հասակակիցներուդ հետ ես։

9 Եթէ պատանի մըն ես, կեանքի այնպիսի հանգրուանի մը մէջ ես, ուր ‘բանականութիւնդ’ որեւէ ժամանակէ աւելի կը զարգանայ (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։1, 2Այս ժամանակաշրջանը գործածէ լրջօրէն մտածելով, թէ անձամբ քեզի համար ի՛նչ կը նշանակէ Եհովայի վկայ մը ըլլալ։ Այս խորհրդածութիւնը քեզի պիտի օգնէ, որ հաւատալիքներուդ հանդէպ վստահութիւն կերտես։ Յետոյ, երբ հասակակիցներու ճնշում դիմագրաւես, պիտի կարենաս արագօրէն ու վստահութեամբ պատասխանել։ Քրիստոնեայ պատանուհի քրոջ մը պէս պիտի զգաս, որ կը նշէ. «Երբ դիրք կը բռնեմ, պարզապէս ուրիշներուն կ’իմացնեմ թէ ես ո՛վ եմ։ Ասիկա ‘որոշ կրօնք մը’ չէ, հապա մտածումիս, նպատակակէտերուս, բարոյականութեանս եւ գոյութեանս կորիզն է»։

10 Այո, ջանք կը պահանջէ որ անխախտ մնաս այն բանին համար, որ գիտես թէ շիտակ է (Ղուկ. 13։24)։ Թերեւս հարց տաս թէ արդեօք ասիկա ընելը կ’արժէ՞։ Բայց սա կէտը յիշէ. եթէ բռնած դիրքիդ համար ամչցած կամ չքմեղական թուիս, ուրիշներ ասիկա պիտի նկատեն ու հաւանաբար աւելի ճնշում բանեցնեն։ Իսկ եթէ համոզումով խօսիս, թերեւս անակնկալի գաս, թէ հասակակիցներդ ի՜նչ արագութեամբ պիտի քաշուին (համեմատել՝ Ղուկաս 4։12, 13

‘Տրուելիք պատասխանին վրայ մտածէ’

11. Հասակակիցներու ճնշումին համար նախապատրաստուիլը ի՞նչ օգուտ ունի։

11 Նախապատրաստութիւնը ուրիշ կարեւոր քայլ մըն է, հասակակիցներու ճնշումին դիմադրելու համար (կարդալ՝ Առակաց 15։28Նախապատրաստուիլ կը նշանակէ՝ կանխաւ մտածել, թէ ի՛նչ կացութիւններ հաւանական է որ ծագին։ Երբեմն քիչ կանխամտածելը կրնայ քեզի օգնել, որ մեծ բախումի մը առաջքը առնես։ Օրինակի համար, ենթադրենք որ հեռուէն տեսար խումբ մը դպրոցակիցներ, որոնք կը ծխեն։ Ո՞րքան հաւանական է որ քեզի ծխախոտ մը հրամցնեն։ Խնդիր մը ակնկալելով, ի՞նչ կրնաս ընել։ Առակաց 22։3–ը կը նշէ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ»։ Տարբեր ճամբայ մը բռնելով, կրնաս այդ հանդիպումէն բոլորովին խուսափիլ։ Ասիկա վախկոտ ըլլալու հարց մը չէ, հապա իմաստութիւն է։

12. Ինչպէ՞ս կրնաս ճնշիչ կացութիւն մը մեղմացնել։

12 Ի՞նչ ըսենք, եթէ ստիպուած ես կացութիւն մը դիմագրաւել։ Ենթադրենք որ հասակակից մը տարակուսանքով քեզի կը հարցնէ. «Դեռ կո՞յս ես»։ Բանալի ազդակն է՝ հետեւիլ Կողոսացիս 4։6–ի յորդորին. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ»։ Ինչպէս որ այս համարը ցոյց կու տայ, այդպիսի հարցումի մը պատասխանելու կերպը պարագաներէն կախեալ պիտի ըլլայ։ Հաւանաբար հարկ չունիս աստուածաշնչական երկար–բարակ դասախօսութիւն մը տալու։ Թերեւս հաստատ, պարզ պատասխան մը բաւարար ըլլայ։ Օրինակ՝ կոյս ըլլալու վերաբերեալ հարցումին առ ի պատասխան, կրնաս պարզապէս ըսել. «Այո՛, կոյս եմ», կամ՝ «Ասիկա իսկապէս անձնական հարց մըն է»։

13. Հասակակիցի մը ծաղրանքին պատասխան տալուն մէջ, խորատեսութիւնը ի՞նչ դեր կրնայ խաղալ։

13 Յիսուս յաճախ հակիրճօրէն պատասխանեց, երբ աւելին ըսելով քիչ օգուտ պիտի ըլլար։ Իրականութեան մէջ, երբ Հերովդէս զինք հարցաքննեց, Յիսուս բան մը չըսաւ (Ղուկ. 23։8, 9)։ Լուռ կենալը յաճախ ընտիր կերպ մըն է՝ անպատկառ հարցումներ ձեռք առնելու (Առ. 26։4. Ժող. 3։1, 7)։ Միւս կողմէ, թերեւս որոշ չափով անկեղծութիւն նշմարես անհատի մը մէջ, որ բռնած ընթացքդ զինք շփոթեցուցած է,– ինչպէս՝ սեռային բարոյականութեան առնչութեամբ,– նոյնիսկ եթէ ան սկիզբը վիրաւորական խօսքեր ուղղած է քեզի (Ա. Պետ. 4։4)։ Այդ պարագային, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դիրքիդ մասին ամբողջական բացատրութիւն մը տալը կրնայ տեղին ըլլալ։ Ուստի, վախի պատճառով ետ մի՛ կենար։ Միշտ ‘պատրա՛ստ եղիր պատասխան տալու’ (Ա. Պետ. 3։15

14. Որոշ կացութիւններու մէջ, ինչպէ՞ս կրնաս փափկանկատօրէն յեղաշրջել հասակակիցներու ճնշումը։

14 Որոշ կացութիւններու մէջ, թերեւս կարենաս ճնշումը յեղաշրջել։ Սակայն պէտք է ջանաս ասիկա փափկանկատօրէն ընել։ Օրինակ՝ եթէ դպրոցակից մը յանդգնի քեզի ծխախոտ մը հրամցնել, կրնաս ըսել. «Ո՛չ, շնորհակալ եմ», ապա աւելցնել. «Կը կարծէի թէ ա՛յնքան ուշիմ ես, որ չես ծխեր»։ Կը տեսնե՞ս թէ ճնշումը ինչպէ՛ս յեղաշրջուեցաւ։ Փոխանակ դո՛ւն ստիպուիս բացատրելու՝ թէ ինչո՛ւ չես ծխեր, հասակակի՛ցդ պիտի մղուի մտածելու՝ թէ ինչո՛ւ կը ծխէ։ *

15. Ե՞րբ յարմար է որ հեռանաս այն հասակակիցներէն, որոնք կը ջանան քեզ ճնշել, եւ ինչո՞ւ։

15 Եթէ հակառակ ջանքերուդ՝ ճնշումը շարունակուի, լաւագոյն բանն է՝ պարզապէս հեռանալ։ Ո՛րքան աւելի կենաս, ա՛յնքան աւելի հաւանական պիտի ըլլայ, որ կերպով մը համակերպիս։ Հետեւաբար վայրը ձգէ։ Կրնաս ասիկա ընել առանց պարտուած զգալու։ Ի վերջոյ, կացութիւնը հակակշռի տակ առիր։ Հասակակիցներուդ քով խամաճիկ չդարձար, եւ Եհովայի սիրտը ուրախացուցիր (Առ. 27։11

Ունեցիր ‘ծրագիրներ, որոնք օգուտ կը բերեն’

16. Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն ոմանք ինչպէ՞ս կրնան ճնշում բանեցնել։

16 Երբեմն, վնասակար գործունէութեան միջամուխ ըլլալու ճնշումը կրնայ գալ պատանիներէ, որոնք կը դաւանին Եհովայի ծառաներ ըլլալ։ Օրինակ՝ ի՞նչ պիտի ընես եթէ այդպիսի անհատի մը կողմէ կարգադրուած հաւաքոյթի մը հասնելէ ետք, նկատես թէ չափահաս մը չկայ որ վերահսկէ։ Կամ, ի՞նչ պիտի ընես եթէ հաւաքոյթի մը մէջ, քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող պատանի մը ալքոլ բերէ, մինչ դուն եւ ուրիշ ներկաներ խմիչք գործածելու համար օրինական տարիքին հասած չէք։ Կարգ մը կացութիւններ կրնան ծագիլ, որոնց մէջ հարկ պիտի ունենաս հետեւելու Աստուածաշունչով–մարզուած խղճմտանքիդ։ Պատանուհի քրիստոնեայ մը կը պատմէ. «Ես եւ քոյրս ֆիլմասրահէ մը դուրս ելանք, ուր շատ հայհոյանքներ բովանդակող շարժապատկեր մը կը ցուցադրուէր։ Մեր խումբէն ուրիշներ որոշեցին մնալ։ Մեր ծնողները մեր ըրածին համար մեզ գովեցին։ Բայց խումբին մէջ եղողները բարկացան, քանի որ իրենց մասին ժխտական տպաւորութիւն ձգեցինք»։

17. Երբ հաւաքոյթի մը ներկայ պիտի գտնուիս, ի՞նչ գործնական քայլեր կրնաս առնել, որպէսզի Աստուծոյ չափանիշներուն կառչիս։

17 Ինչպէս որ վերոնշեալ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, Աստուածաշունչով–մարզուած խղճմտանքիդ հետեւիլը կրնայ քեզ անհաճելի կացութեան մը մատնել։ Բայց կառչէ՛ այն բանին, որ կը հաւատաս թէ շիտակ ընթացքն է։ Նախապատրաստուէ՛։ Եթէ հաւաքոյթի մը պիտի երթաս, վայրը ձգելու ծրագիր մը ունեցիր, քանի որ կարգադրութիւնները կրնան ակնկալածիդ պէս չըլլալ։ Կարգ մը պատանիներ իրենց ծնողներուն հետ կը համաձայնին, որ պարզապէս հեռաձայնելը բաւարար ըլլայ, որ զիրենք կանուխ տուն վերադարձնեն (Սաղ. 26։4, 5)։ Այդպիսի ‘ծրագիրներ օգուտ կը բերեն’ (Առ. 21։5, ՆԱ

«Ո՛վ երիտասարդ. . . ուրախ եղիր»

18, 19. ա) Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ, թէ Եհովա կ’ուզէ որ երջանիկ ըլլաս։ բ) Աստուած ինչպէ՞ս կը զգայ անոնց հանդէպ, որոնք հասակակիցներու ճնշումին կը դիմադրեն։

18 Եհովա կեանքը վայելելու կարողութեամբ քեզ ստեղծեց, եւ կ’ուզէ որ երջանիկ ըլլաս (կարդալ՝ Ժողովող 11։9Յիշէ՛ թէ հասակակիցներէդ շատեր միայն «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը» կը վայելեն (Եբ. 11։25)։ Ճշմարիտ Աստուածը կ’ուզէ որ ատկէ շա՜տ տարբեր բան մը ունենաս։ Ան կ’ուզէ որ յաւիտեա՛ն երջանիկ ըլլաս։ Ուրեմն, երբ Աստուծոյ աչքին գէշ բան մը ընելու փորձութիւն դիմագրաւես, յիշէ՛ թէ ի վերջոյ, քեզմէ Եհովայի պահանջածը մի՛շտ լաւագոյն շահերուդ կը ծառայէ։

19 Պատանի մը ըլլալով, պէտք է գիտակցիս որ նոյնիսկ եթէ հասակակիցներուդ հաւանութիւնը շահելու ըլլաս, ասկէ տարիներ ետք՝ անոնց մեծամասնութիւնը հաւանաբար անունդ իսկ պիտի չկարենայ յիշել։ Ասոր հակառակը, երբ հասակակիցներու ճնշումին կը դիմադրես, Եհովա զայն կը նշմարէ եւ բնա՛ւ պիտի չմոռնայ քեզ կամ հաւատարմութիւնդ։ Ան ‘քեզի երկնքի պատուհանները պիտի բանայ ու քեզի օրհնութիւն թափէ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ’ (Մաղ. 3։10)։ Ասկէ զատ, ան առատապէս իր սուրբ հոգին կու տայ, որպէսզի լեցնէ որեւէ պակաս կողմ, զոր թերեւս այժմ ունիս։ Այո, Եհովա կրնա՛յ օգնել քեզի, որ հասակակիցներէդ եկած ճնշումին դիմադրես։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Տե՛ս «Հասակակիցներու ճնշումին առնչութեամբ ծրագիր» խորագրով ցուցակը, Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գիրքին մէջ, հատոր 2, էջ 132 եւ 133։

Կը յիշե՞ս

• Հասակակիցներու ճնշումը ի՞նչ զօրութիւն կրնայ ունենալ։

• Հասակակիցներու ճնշումին դիմադրելու մէջ, համոզումը ի՞նչ դեր կը խաղայ։

• Ինչպէ՞ս կրնաս հասակակիցներու ճնշումը դիմագրաւելու համար նախապատրաստուիլ։

• Ինչպէ՞ս գիտես, թէ Եհովա հաւատարմութիւնդ կ’արժեւորէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18]

Նախապատրաստուէ՛. կանխաւ որոշէ թէ ի՛նչ պիտի ըսես