Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զօրացած՝ որեւէ դժուարութիւն յաղթահարելու

Զօրացած՝ որեւէ դժուարութիւն յաղթահարելու

Զօրացած՝ որեւէ դժուարութիւն յաղթահարելու

«Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (ՓԼՊ. 4։13

1. Եհովայի ժողովուրդը ինչո՞ւ բազմաթիւ նեղութիւններ կը դիմագրաւէ։

ԵՀՈՎԱՅԻ ժողովուրդը յաճախ զանազան նեղութիւններ ունեցած է։ Կարգ մը դժուարութիւններ կը գոյանան մեր անկատարութեան պատճառով, կամ՝ առ ի հետեւանք մեր ապրած իրերու դրութեան։ Ուրիշ դժուարութիւններ առկայ են ա՛յն թշնամութեան պատճառաւ, որ գոյութիւն ունի Աստուծոյ ծառայողներուն ու չծառայողներուն միջեւ (Ծն. 3։15)։ Մարդկային պատմութեան սկիզբէն ի վեր, Աստուած իր հաւատարիմ ծառաներուն օգնած է կրօնական հալածանքին դիմանալու, հասակակիցներու վնասակար ճնշումին դիմադրելու եւ ամէն տեսակի այլ նեղութիւններու տոկալու։ Իր սուրբ հոգին կրնայ մեզ զօրացնել, որ նոյն բաները ընենք։

Օգնութիւն ստացած՝ կրօնական հալածանքին դիմանալու

2. Կրօնական հալածանքին նպատակը ի՞նչ է, եւ ատիկա ի՞նչ կերպերով կրնայ գալ։

2 Կրօնական հալածանքը անհանգստութիւն է կամ վնասուածք է, որուն մարդիկ կ’ենթարկուին իրենց հաւատքին կամ հաւատալիքներուն պատճառաւ։ Ատոր նպատակն է՝ այդպիսի հաւատալիքներու վերջ դնել, անոնց տարածումը խոչընդոտել կամ հաւատացեալներուն ուղղամտութիւնը բեկանել։ Հալածանքը կրնայ բազմազան կերպերով գալ,– ոմանք բացայայտ, ոմանք խորամանկ։ Աստուածաշունչը Սատանայի յարձակումները կը նմանցնէ թէ՛ առիւծի եւ թէ իժի կամ կոպրայի յարձակումներուն (կարդա՛ Սաղմոս 91։13

3. Ի՞նչ բան կը յատկանշէ առիւծանման եւ կոպրանման հալածանքը։

3 Կատաղի առիւծի մը պէս, Սատանան յաճախ բացէ ի բաց, ուղղակի յարձակումներ կատարած է՝ բռնութեան, բանտարկութեան կամ արգելումի միջոցով (Սաղ. 94։20Տարեգիրք–ի տեղեկագրութիւնները, որոնք կը նկարագրեն Եհովայի վկաներու գործերը արդի ժամանակներուն մէջ, այդպիսի ռազմավարութիւններու բազմաթիւ արձանագրութիւններ կը բովանդակեն։ Օրինազանց խուժաններ, ոմանք կղերականներու կամ քաղաքական մոլեռանդներու կողմէ առաջնորդուած, շատ մը վայրերու մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունեցած են։ Այս առիւծանման յարձակումները պատճառ եղած են, որ քիչեր գայթակղին։ Կոպրայի նման, Բանսարկուն նաեւ նենգօրէն գաղտնի տեղերէ կը յարձակի, որպէսզի մտքեր թունաւորէ եւ մարդիկը մոլորեցնէ իր կամքը ընելու։ Այս տեսակ յարձակումը ծրագրուած է մեզ հոգեւորապէս տկարացնելու կամ ապականելու։ Բայց Աստուծոյ սուրբ հոգիին շնորհիւ, կրնա՛նք հալածանքի երկու կերպերուն դիմանալ։

4, 5. Հալածանքի համար նախապատրաստուելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ։ Օրինակ մը տո՛ւր։

4 Հաւանական հալածանքի մը գալուն կերպերը երեւակայելը լաւագոյն մեթոտը չէ՝ անոր նախապատրաստուելու համար։ Իրականութիւնը այն է, որ պարզապէս չենք կրնար գիտնալ, թէ այս հարցով ապագան ի՛նչ պիտի բերէ. ուստի շատ պիտի չօգտուինք, եթէ մտահոգուինք այնպիսի բաներով, որոնք թերեւս բնաւ չպատահին։ Սակայն կայ բան մը, զոր կրնա՛նք ընել։ Շատեր հալածանքին յաջողապէս տոկացած են, խոկալով Սուրբ Գրութիւններու մէջ արձանագրուած՝ ուղղամիտներու հաւատարիմ ընթացքին վրայ, ինչպէս նաեւ՝ Յիսուսի ուսուցումներուն եւ օրինակին վրայ։ Ասիկա զիրենք կարող դարձուցած է Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը խորացնելու։ Այդ սէրը, իր կարգին, իրենց օգնեց որ դիմադրեն որեւէ հանդիսացած դժուարութեան։

5 Մալաուիի մէջ մեր երկու քոյրերու օրինակը նկատի առ։ Ջանալով ստիպել որ անոնք կուսակցական քարտեր գնեն, մոլեգին ամբոխ մը զանոնք ծեծեց, անոնց հագուստները պատռտեց եւ սպառնաց բռնաբարել։ Խուժանները սուտ խօսելով անոնց ըսին, թէ նոյնիսկ Պէթէլի ընտանիքի անդամները այդ քարտերէն գնած էին։ Քոյրերուն պատասխանը ի՞նչ էր։ «Մենք միայն Եհովա Աստուծոյ կը ծառայենք։ Արդ, եթէ մասնաճիւղի եղբայրները քարտեր գնած են, ատիկա մեզի համար տարբերութիւն չ’ըներ։ Նոյնիսկ եթէ մեզ սպաննելու ալ ըլլաք, պիտի չհամակերպինք»։ Այդ քաջարի կեցուածքը առնելէ ետք, քոյրերը ազատ արձակուեցան։

6, 7. Եհովա ինչպէ՞ս իր ծառաները կը զօրացնէ հալածանք դիմագրաւելու։

6 Պօղոս առաքեալ նշեց, որ Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաները «շատ նեղութեան մէջ» ընդունած էին ճշմարտութեան պատգամը, բայց՝ «Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնովը» (Ա. Թես. 1։6)։ Արդարեւ, հալածանք դիմագրաւող ու յաղթահարող շատ մը քրիստոնեաներ, ըլլա՛յ ներկայիս թէ անցեալին, կը տեղեկագրեն թէ իրենց դժուարութիւններուն գագաթնակէտին վայելեցին ներքին խաղաղութիւն, որ Աստուծոյ սուրբ հոգիի պտուղին մէկ երեսակն է (Գաղ. 5։22)։ Իր կարգին, այդ խաղաղութիւնը օգնեց որ իրենց սիրտն ու մտային կարողութիւնները պահպանուին։ Այո, Եհովա իր գործօն ուժը գործածելով՝ կը զօրացնէ իր ծառաները, որ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլեն ու նեղութեան ժամանակ իմաստութեամբ գործեն։ *

7 Մարդիկ զարմացած են, երբ տեսած են Աստուծոյ ժողովուրդին վճռականութիւնը ուղղամիտ մնալու, նոյնիսկ կատաղի հալածանքի ներքեւ. կարծես թէ Վկաները գերմարդկային ուժով լեցուած ըլլային, եւ արդարեւ այդպէս էին։ Պետրոս առաքեալ մեզ կը հաւաստիացնէ. «Եթէ Քրիստոսին անուանը համար նախատուիք, երանելի է՛ք. վասն զի փառքի եւ զօրութեան եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է» (Ա. Պետ. 4։14)։ Արդար չափանիշները վեր բռնելուն պատճառաւ մեր հալածուիլը ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ հաւանութիւնը ունինք (Մատ. 5։10-12. Յովհ. 15։20)։ Եհովայի օրհնութեան այս ապացոյցը ո՜րքան ուրախութիւն կը պատճառէ։

Օգնութիւն ստացած՝ հասակակիցներու ճնշումին դիմադրելու

8. ա) Ի՞նչ բան Յեսուն ու Քաղէբը կարող դարձուց, որ հասակակիցներու ճնշումին դիմադրեն։ բ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յեսուի եւ Քաղէբի օրինակէն։

8 Հասակակիցներու բացասական ճնշումը հակառակութեան աւելի խորամանկ կերպ մըն է, որուն քրիստոնեաները պէտք է տոկան։ Սակայն որովհետեւ Եհովայի հոգին շա՜տ աւելի հզօր է քան՝ աշխարհի հոգին, կրնա՛նք դիմադրել անոնց, որոնք մեզ կը ծաղրեն, մեր մասին սուտեր կը տարածեն կամ կը ջանան մեզ ստիպել որ իրենց չափանիշներուն համակերպինք։ Օրինակ՝ ի՞նչ բանն էր որ Յեսուն ու Քաղէբը կարող դարձուց, որ համամիտ չգտնուին Քանանի երկիրը ղրկուած միւս տասը լրտեսներու տեսակէտներուն հետ։ Սուրբ հոգին անոնց մէջ ուրիշ «միտք» մը գրգռեց (կարդա՛ Թուոց 13։31. 14։6-10, 24

9. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ յօժար պէտք է ըլլան մեծամասնութենէն տարբեր ըլլալու։

9 Նմանապէս, սուրբ հոգին Յիսուսի առաքեալները զօրացուց, որ Աստուծոյ հնազանդին քան թէ անոնց, զորս շատեր յարգեցին որպէս ճշմարիտ կրօնքի ուսուցիչներ (Գործք 4։21, 31. 5։29, 32)։ Մարդոց մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ ամբոխին հետ երթալ, այլաբանօրէն խօսելով, որպէսզի ընդհարումէ կամ բախումէ խուսափի։ Բայց ճշմարիտ քրիստոնեաները յաճախ կը մղուին կեցուածք առնելու այն բանին կողքին, որ գիտեն թէ շիտակ է։ Ասով հանդերձ, Աստուծոյ գործօն ուժին հայթայթած զօրութեան շնորհիւ, անոնք չեն վախնար տարբեր ըլլալէ (Բ. Տիմ. 1։7)։ Նկատի առ մէկ մարզ, որուն մէջ հասակակիցներու ճնշումին տեղի պէտք չէ տանք։

10. Կարգ մը քրիստոնեաներ ի՞նչ երկսայրի դժուարութիւն կրնան դիմագրաւել։

10 Կարգ մը պատանիներ երկսայրի դժուարութիւն կրնան դիմագրաւել, եթէ գիտնան որ բարեկամ մը անաստուածաշնչական վարքի միջամուխ եղած է։ Անոնք թերեւս զգան թէ իրենց ընկերոջ համար հոգեւոր օգնութիւն փնտռելը պիտի կտրէ իրենց միջեւ եղած վստահութեան կապը. հետեւաբար, հաւատարմութեան մոլորած զգացումի պատճառաւ, անոնք հարցին շուրջ չեն խօսիր։ Յանցագործ մը կրնայ նոյնիսկ ճնշում բանեցնել իր բարեկամներուն վրայ, որ իր մեղքը թաքուն պահեն։ Անշուշտ, միայն պատանիները չեն որ այսպիսի խնդիր կը դիմագրաւեն։ Չափահասներէն ոմանք ալ բարեկամի մը կամ ընտանիքի անդամի մը յանցագործութեան առնչութեամբ ժողովքի երէցներուն մօտենալը դժուար կը գտնեն։ Բայց ճշմարիտ քրիստոնեաները այսպիսի ճնշումի մը ինչպէ՞ս պէտք է հակազդեն։

11, 12. Եթէ ժողովքի անդամ մը քեզմէ խնդրէ որ իր յանցանքը չյայտնես, լաւագոյն հակազդեցութիւնը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ։

11 Սա կացութիւնը մտապատկերէ՛։ Ենթադրենք թէ Գեղամ՝ պատանի եղբայր մը, գիտցաւ որ Լեւոնը՝ ժողովքին մէջ իր բարեկամը, պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութիւնը ունի։ Գեղամ Լեւոնին կ’ըսէ թէ խորապէս մտահոգուած է իր ըրածով։ Սակայն Լեւոն Գեղամին խօսքերուն արժէք չի տար։ Երբ Գեղամ իր բարեկամը կը յորդորէ, որ հարցին շուրջ երէցներուն հետ խօսի, Լեւոն կ’ըսէ. «Եթէ ի՛րապէս իմ բարեկամս ես, զիս պիտի չմատնես»։ Արդեօք Գեղամ իր ընկերը կորսնցնելէ պէ՞տք է վախնայ։ Թերեւս ան հարց տայ, թէ երէցները որո՛ւն պիտի հաւատան, եթէ Լեւոնն ամէն բան ժխտելու ըլլայ։ Այսուհանդերձ, հարցը պիտի չշտկուի եթէ Գեղամ լուռ մնայ։ Իրականութեան մէջ, լռութիւնը կրնայ առաջնորդել, որ Լեւոն Եհովայի հետ ունեցած իր փոխյարաբերութիւնը կորսնցնէ։ Գեղամ լաւ կ’ընէ որ յիշէ, թէ «մարդոց վախը որոգայթի մէջ կը ձգէ, սակայն Տէրոջ վստահողը պաշտպանուած կ’ըլլայ» (Առ. 29։25 ԱԾ)։ Գեղամ ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ ընել։ Թերեւս ան դարձեալ սիրալիրօրէն մօտենայ Լեւոնին եւ անոր հետ խնդրին շուրջ անկեղծօրէն խօսի։ Ասիկա քաջութիւն պիտի պահանջէ։ Բայց շատ հաւանաբար, Լեւոն այս անգամ պիտի ընդունի իր խնդրին շուրջ խօսակցիլ։ Գեղամ դարձեալ Լեւոնը պէտք է քաջալերէ որ երէցներուն հետ խօսի, եւ անոր ըսէ որ եթէ որոշ ժամանակի մը մէջ այդպէս չընէ, այն ատեն ի՛նք զանոնք տեղեակ պիտի պահէ (Ղեւ. 5։1

12 Եթէ երբեք այդպիսի կացութիւն մը ձեռք առնելու ըլլաս, բարեկամդ սկիզբը թերեւս չգնահատէ իրեն ի նպաստ թափած ջանքերդ։ Բայց ժամանակի ընթացքին ան կրնայ ըմբռնել, թէ ինչ որ կ’ընես՝ իր լաւագոյն շահերուն համար է։ Եթէ յանցագործը օգնութիւն ստանայ եւ ընդունի, այն ատեն կրնայ միշտ երախտապարտ ըլլալ քաջութեանդ եւ հաւատարմութեանդ համար։ Միւս կողմէ, եթէ ան քեզի դէմ դառնանայ, իրապէս այսպիսի՞ բարեկամ մըն է որ կ’ուզես ունենալ։ Մեր մեծագոյն Բարեկամը՝ Եհովան հաճեցնելը մի՛շտ ընելիք շիտակ բանն է։ Երբ Եհովան առաջին տեղը դնենք, զինք սիրողները մեզ պիտի յարգեն մեր հաւատարմութեան համար ու մեզի ճշմարիտ բարեկամներ պիտի դառնան։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, Բանսարկուին բնա՛ւ առիթ պէտք չէ տանք. այլապէս, Եհովայի սուրբ հոգին իսկապէս կը տրտմեցնենք։ Սակայն մենք սուրբ հոգիին հետ ներդաշնակ կը գործենք, ջանալով քրիստոնէական ժողովքը մաքուր պահել (Եփ. 4։27, 30

Զօրացած՝ ամէն տեսակի նեղութեան տոկալու

13. Եհովայի ժողովուրդը ինչպիսի՞ նեղութիւններ կը դիմագրաւէ, եւ ատոնք ինչո՞ւ համատարած են։

13 Նեղութիւնը կրնայ բազմազան կերպերով գալ,– տնտեսական տագնապ, գործազրկութիւն, բնական աղէտ, սիրելիի մը մահը, առողջապահական խնդիր, եւայլն։ Որովհետեւ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք, կ’ակնկալուի որ ուշ կամ կանուխ՝ բոլորս ալ պիտի հարկադրուինք որոշ նեղութիւն մը դիմագրաւել (Բ. Տիմ. 3։1)։ Երբ ասիկա պատահի, կարեւոր է որ խուճապի չմատնուինք։ Սուրբ հոգին կրնայ մեզ զօրացնել որեւէ տեսակ նեղութեան տոկալու։

14. Ի՞նչ բան Յոբը զօրացուց, որ իր նեղութիւններուն տոկայ։

14 Յոբ իրարայաջորդ նեղութիւններ կրեց։ Ան կորսնցուց իր ապրուստը, զաւակները, բարեկամները եւ առողջութիւնը, իսկ անոր կինը Եհովայի հանդէպ իր վստահութիւնը կորսնցուց (Յոբ 1։13-19. 2։7-9)։ Այսուհանդերձ, Եղիուս Յոբի համար ճշմարիտ մխիթարիչ մըն էր։ Իր պատգամը, ինչպէս նաեւ Յոբին ուղղուած Եհովայի խօսքերուն գլխաւոր կէտը, սա՛ էր. «Կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն վրայ մտածէ՛» (Յոբ 37։14)։ Ի՞նչ բան Յոբին օգնեց որ իր դժուարութիւններուն տոկայ։ Եւ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել մերիններուն տոկալու։ Եհովայի սուրբ հոգիին եւ զօրութեան բազմազան յայտնութիւնները մտաբերելը եւ անոնց վրայ խոկալը (Յոբ 38։1-41. 42։1, 2)։ Հաւանաբար մեր կեանքին մէջ որոշ պահեր կը յիշենք, երբ շօշափած ենք թէ Աստուած մեզմով անձնապէս հետաքրքրուած է։ Ան տակաւին մեզմով հետաքրքրուած է։

15. Ի՞նչ բան Պօղոս առաքեալը զօրացուց դժուարութիւններուն տոկալու։

15 Իր հաւատքին սիրոյն, Պօղոս առաքեալ կեանքի սպառնացող բազմաթիւ նեղութիւններու տոկաց (Բ. Կոր. 11։23-28)։ Այդ փորձիչ պարագաներուն ներքեւ, ան ինչպէ՞ս հաւասարակշռութիւն եւ զգացական կայունութիւն պահպանեց։ Աղօթքով եւ Եհովային ապաւինելով։ Փորձի ժամանակաշրջանին ընթացքին, որ երեւութապէս իր մարտիրոսութեամբ գագաթնակէտին հասաւ, Պօղոս գրեց. «Տէրը իմ քովս կայնեցաւ ու զիս զօրացուց, որպէս զի քարոզութիւնը իմ միջոցովս լման ըլլայ ու բոլոր հեթանոսները լսեն։ Ես առիւծին բերնէն ազատեցայ» (Բ. Տիմ. 4։17)։ Հետեւաբար, Պօղոս իր անձնական փորձառութենէն կրնար հաւատակիցները հաւաստիացնել, որ հարկ չկայ ‘բանի մը համար հոգ ընել’ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7, 13

16, 17. Օրինակ մը տո՛ւր, թէ Եհովա ներկայիս ինչպէ՛ս կը զօրացնէ իր ժողովուրդը նեղութիւններ դիմագրաւելու։

16 Ռոքսանա անունով ռահվիրայ մը տեսած է, թէ Եհովա իր ժողովուրդին կարիքները ինչպէ՛ս կը հոգայ։ Երբ ան մեր համաժողովներէն մէկուն ներկայ գտնուելու համար իր գործատէրէն քանի մը օր արձակուրդ խնդրեց, գործատէրը զայրանալով պատասխանեց, որ եթէ երթայ՝ զինք գործէն պիտի հանէ։ Բայց Ռոքսանա գնաց, ջերմեռանդօրէն աղօթելով որ իր գործը պահէ։ Անկէ ետք, ան հանգիստ զգաց։ Համաժողովէն ետք, երկուշաբթի օրը, գործատէրը իր ըսածին համեմատ զինք գործէն հանեց։ Ռոքսանա վրդովեցաւ։ Աշխատավարձքը չնչին ըլլալով հանդերձ, ան այդ գործին պէտք ունէր, որպէսզի իր ընտանիքին կարիքները հոգար։ Ան դարձեալ աղօթեց եւ խոկաց այն իրողութեան վրայ, որ Աստուած համաժողովին մէջ իր հոգեւոր կարիքները հոգաց, ուրեմն վստահաբար կրնայ իր ֆիզիքական կարիքներն ալ հոգալ։ Մինչ տուն կ’երթար, Ռոքսանա «Գործաւոր կ’ուզենք» խորագրով ազդագիր մը տեսաւ, որ կը պահանջէր կարի մեքենաներ աշխատցնող փորձառու անհատներ, ու գործի դիմումնագիր ներկայացուց։ Տնօրէնը նկատեց թէ ան անփորձ էր, այսուհանդերձ զինք գործի ընդունեց, նախկին աշխատավարձքին գրեթէ կրկնապատիկը տալով։ Ռոքսանա զգաց թէ իր աղօթքները պատասխանուեցան։ Սակայն մեծագոյն օրհնութիւնը այն էր, որ ան կրցաւ բազմաթիւ գործակիցներու հաղորդել բարի լուրը։ Անոնցմէ հինգը, մէջը ըլլալով տնօրէնը, ճշմարտութիւնը ընդունեցին եւ մկրտուեցան։

17 Երբեմն, կրնայ թուիլ թէ մեր աղօթքները չեն պատասխանուիր,– առնուազն ոչ անմիջապէս կամ մեր ակնկալածին պէս։ Եթէ այս է պարագան, ուրեմն անկասկած լաւ պատճառ մը կայ։ Եհովա զայն գիտէ, բայց մեզի համար կրնայ միայն ապագային յստակ դառնալ։ Մէկ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ,– Աստուած իր հաւատարիմները չի լքեր (Եբ. 6։10

Օգնութիւն ստացած՝ դժուարութիւններ եւ փորձութիւններ յաղթահարելու

18, 19. ա) Դժուարութիւններ եւ փորձութիւններ դիմագրաւելը ինչո՞ւ կրնանք ակնկալել։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս դժուարութիւնները յաջողապէս դիմագրաւել։

18 Եհովայի ժողովուրդը չի զարմանար, երբ փորձութիւն, վհատութիւն, հալածանք եւ հասակակիցներու ճնշում կը դիմագրաւէ։ Հիմնականօրէն, աշխարհը մեզի հանդէպ թշնամական է (Յովհ. 15։17-19)։ Բայց եւ այնպէս, սուրբ հոգին կրնայ մեզի օգնել, որ յաղթահարենք որեւէ մարտահրաւէր, զոր կրնանք դիմագրաւել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Եհովա թոյլ պիտի չտայ, որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք (Ա. Կոր. 10։13)։ Ան երբեք մեզ պիտի չթողու կամ մեզ երեսէ պիտի չձգէ (Եբ. 13։5)։ Իր ներշնչեալ Խօսքին հնազանդիլը մեզ կը պաշտպանէ ու կ’ամրապնդէ։ Աւելին, Աստուծոյ հոգին կրնայ հաւատակիցները խթանել, որ մեզի հարկ եղած օգնութիւնը տան, երբ մեծապէս ատոր կարիք ունինք։

19 Բոլորս ալ շարունակե՛նք սուրբ հոգին փնտռել, աղօթքի եւ Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութեան միջոցով։ Շարունակե՛նք «[Աստուծոյ] փառաւոր զօրութեանը համեմատ բոլոր ուժով զօրացած» ըլլալ, «համբերութեան ու երկայնմտութեան համար ուրախացած» (Կող. 1։11

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Օրինակներու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 մայիս 2001 թիւը, էջ 16. եւ Զարթի՛ր–ի 8 փետրուար 1993 թիւը, էջ 21 եւ 22։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Ինչպէ՞ս կրնաս նախապատրաստուիլ հալածանքին դիմանալու։

• Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդես, եթէ մէկը քեզմէ խնդրէ որ իր յանցագործութիւնը չյայտնես։

• Ի՞նչ վստահութիւն կրնաս ունենալ, որեւէ նեղութեան դիմաց։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 30]

Յեսուէն ու Քաղէբէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ

[Նկար՝ էջ 31]

Ինչպէ՞ս կրնաս օգնել բարեկամի մը, որ որոշ սխալ մը կը գործէ