Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները բժշկական դարմանում կ’ընդունի՞ն

Եհովայի վկաները բժշկական դարմանում կ’ընդունի՞ն

Ընթերցողները կը հարցնեն

Եհովայի վկաները բժշկական դարմանում կ’ընդունի՞ն

▪ Յիսուս ըսաւ որ «առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն» (Մատթէոս 9։12)։ Այսպիսով ան հասկցուց, թէ բժշկական մասնագէտներէ օգնութիւն ստանալու համար աստուածաշնչական արգելք մը չկայ։ Արդ՝ Եհովայի վկաները ուրախութեամբ կ’ընդունին դեղերն ու բժշկական դարմանումը։ Անոնք կ’ուզեն լաւ առողջութիւն պահպանել ու կեանքը երկարել։ Իրականութեան մէջ, առաջին դարու քրիստոնեայ Ղուկասի նման, Եհովայի վկաներէն ոմանք բժիշկներ են (Կողոսացիս 4։14

Սակայն Եհովայի վկաները չեն ընդունիր դարմանումի ա՛յն տեսակները, որոնք աստուածաշնչական սկզբունքներուն հակառակ են։ Օրինակի համար, անոնք արեան ներարկումը չեն ընդունիր, որովհետեւ Աստուածաշունչը կ’արգիլէ արիւն առնելը մարմինը կազդուրելու համար (Ծննդոց 9։4. Ղեւտացւոց 17։1-14. Գործք 15։28, 29)։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կ’արգիլէ ա՛յն դարմանումները կամ գործելակերպները, որոնք կը պարփակեն «մոգական ուժեր» կամ ոգեհարցութիւն գործածել (Եսայի 1։13, ՆԱ. Գաղատացիս 5։19-21

Առողջապահական մասնագէտներէն շատեր կը հայթայթեն փրկարար դարմանումներ, որոնք հակառակ չեն աստուածաշնչական չափանիշներուն։ Այսպիսի դարմանումներ, զորս Վկաներէն շատեր կ’ընտրեն ընդունիլ, յաճախ աւելի բարձրորակ են քան ատոնք՝ որոնք կ’անտեսեն ինչ որ Աստուած կը պահանջէ։

Անշուշտ՝ երբ հարցը կը վերաբերի առողջութեան, կարծիքները շատ են։ Այն բանը որ մէկու մը օգուտ կու տայ, կրնայ ուրիշին չօգնել։ Ուստի անոնք որոնք հիւանդութեան մը ճշգրիտ մասնագիտական ախտաճանաչում եւ դարմանում կը փնտռեն, թերեւս փափաքին բժշկական երկրորդ գաղափար մը առնել (Առակաց 14։15

Ամէն Վկայ միեւնոյն բժշկական ընտրութիւնները պիտի չընէ։ Երբ աստուածաշնչական օրէնք մը խնդրոյ առարկայ չէ, Աստուծոյ Խօսքը թոյլ կու տայ որ քրիստոնեաներու մէջ խղճմտանքի տարբերութիւններ ըլլան (Հռովմայեցիս 14։2-4)։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր անհատ որեւէ առաջարկուած դարմանում պէտք է հետազօտէ ու վստահ ըլլայ, թէ անիկա Աստուածաշունչով մարզուած իր խղճմտանքին հակառակ չէ (Գաղատացիս 6։5. Եբրայեցիս 5։14

Վկան իւրաքանչիւր որոշում առնելը պիտի նկատէ այնպէս՝ ինչպէս վարորդ մը խճողուած խաչմերուկի մը կը մօտենայ։ Եթէ ան պարզապէս դիմացի ինքնաշարժներուն հետեւի եւ խաչմերուկը արագօրէն կտրէ, կրնայ լուրջ վնասներ պատճառել։ Իմաստուն վարորդը իր ինքնաշարժը կը կամացցնէ ու երթեւեկութեան հոսանքը կ’արժեւորէ՝ նախքան շարունակելը։ Նմանապէս, Վկաները բժշկական որոշումներ կայացնելու մէջ չեն աճապարեր, ոչ ալ կուրօրէն կը հետեւին ժողովրդական կարծիքին։ Փոխարէն, անոնք իրենց ընտրանքները կը կշռեն եւ աստուածաշնչական սկզբունքները կը քննեն, որոշում կայացնելէ առաջ։

Եհովայի վկաները անտարակոյս կը գնահատեն բժշկական խնամք հայթայթողներուն ծանր աշխատանքն ու նուիրուածութիւնը։ Անոնք նաեւ երախտապարտ են անոնց բերած ամոքումին համար։