Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ է կարեւորագոյն Անձը կեանքիդ մէջ

Ո՞վ է կարեւորագոյն Անձը կեանքիդ մէջ

Ո՞վ է կարեւորագոյն Անձը կեանքիդ մէջ

«Միայն դո՛ւն. . . Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (ՍԱՂ. 83։18

1, 2. Մեր անձնական փրկութեան առնչութեամբ, պարզապէս Եհովայի անունը գիտնալը ինչո՞ւ բաւարար չէ։

ԹԵՐԵՒՍ առաջին անգամ Եհովայի անունը տեսար, երբ մէկը Սաղմոս 83։18–ի մէջ քեզի ցուցուց զայն։ Հաւանաբար զարմացար կարդալով այս խօսքերը. «Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Ատկէ ի վեր, անկասկած այս նոյն համարը գործածած ես ուրիշներուն օգնելու, որ մեր սիրառատ Աստուածը՝ Եհովան, սկսին ճանչնալ (Հռով. 10։12, 13

2 Թէեւ կարեւոր է որ մարդիկ Եհովայի անունը գիտնան, բայց այս գիտելիքը ինքնին բաւարար չէ։ Նկատէ թէ սաղմոսերգուն՝ մեր փրկութեան համար կենսական այլ ճշմարտութիւն մը ինչպէ՛ս կ’ընդգծէ, երբ կ’ըսէ. «Միայն դո՛ւն. . . Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Այո, Եհովան ամբողջ տիեզերքի կարեւորագոյն Անձն է։ Ամէն բանի Արարիչը ըլլալով, ան իրաւունք ունի ակնկալելու, որ իր բոլոր արարածները լման կերպով իրեն ենթարկուին (Յայտ. 4։10բ)։ Ուստի վաւերական պատճառով մը, հարկ է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ո՞վ է կարեւորագոյն անձը ի՛մ կեանքիս մէջ’։ Այս հարցումին մեր պատասխանը բծախնդրաբար վերլուծելը կենսակա՛ն է։

Եդեմի պարտէզին մէջ յարուցուած հարցը

3, 4. Սատանան ինչպէ՞ս կրցաւ Եւան խաբել, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

3 Այս հարցումին լրջութիւնը կարելի է յստակօրէն տեսնել այն դէպքերէն, որոնք Եդեմի պարտէզին մէջ զարգացան։ Հոն՝ ըմբոստ հրեշտակը, որ յետագային ճանչցուեցաւ որպէս Բանսարկու Սատանայ, առաջին կինը՝ Եւան հրապուրեց որ իր ցանկութիւնները աւելի առաջ դասէ քան որոշ ծառի մը պտուղէն չուտելու Եհովայի պատուէրը (Ծն. 2։17. Բ. Կոր. 11։3)։ Եւան այս հրապուրանքին տեղի տուաւ ու հետեւաբար Եհովայի գերիշխանութեան հանդէպ յարգանքի պակաս ցուցաբերեց։ Ան չճանչցաւ Եհովան որպէս կարեւորագոյն Անձը իր կեանքին մէջ։ Բայց Սատանան ինչպէ՞ս կրցաւ Եւան խաբել։

4 Եւայի հետ խօսելու ժամանակ, Սատանան շատ մը խորամանկ կերպեր գործածեց (կարդա՛ Ծննդոց 3։1-5Առաջին, Սատանան Եհովայի անձնական անունը չգործածեց։ Ան պարզապէս ըսաւ «Աստուած»։ Առ ի հակապատկեր, Ծննդոց գիրքը գրողը այդ գլուխին առաջին համարին մէջ գործածեց Եհովայի անձնական անունը։ Երկրորդ, փոխանակ Աստուծոյ ‘պատուէրին’ մասին խօսելու, Սատանան պարզապէս հարցուց թէ Աստուած ի՛նչ ‘ըսած’ էր (Ծն. 2։16)։ Այս խորամանկ կերպը գործածելով, Սատանան թերեւս փորձեց այդ պատուէրին կարեւորութիւնը նուազեցնել։ Երրորդ, միայն Եւային հետ խօսելով հանդերձ, Սատանան յոգնակի դէմքը գործածեց։ Այսպէս ընելով, ան թերեւս փորձեց Եւայի հպարտութեան կոչ ընել, ջանալով որ զինք կարեւոր զգացնէ,– կարծես թէ ան թէ՛ իր եւ թէ իր ամուսինին խօսնակը ըլլար։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ըստ երեւոյթին, Եւան յանդգնօրէն որոշեց խօսիլ իր եւ իր ամուսինին տեղ, օձին ըսելով. «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել»։

5. ա) Սատանան Եւան մղեց որ իր ուշադրութիւնը ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացնէ։ բ) Արգիլուած պտուղէն ուտելով, Եւան ի՞նչ ցոյց տուաւ։

5 Սատանան նաեւ իրողութիւնները խեղաթիւրեց։ «Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք» ըսելով, ան հասկցուց թէ Ադամին ու Եւային տրուած պահանջին մէջ Աստուած անարդար էր։ Ետքը, Սատանան մղեց որ Եւան մտածէ ինքնիր մասին եւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ իր կեանքի վիճակը ենթադրաբար բարելաւել, «աստուածներու պէս» ըլլալով։ Ի վերջոյ, ան զինք մղեց որ ծառի՛ն եւ ատոր պտուղի՛ն վրայ կեդրոնանայ, քան թէ՝ իրեն ամէն ինչ Հայթայթողին հետ իր փոխյարաբերութեան վրայ (կարդա՛ Ծննդոց 3։6Ցաւօք սրտի, պտուղէն ուտելով, Եւան ցոյց տուաւ որ Եհովան կարեւորագոյն Անձը չէր իր կեանքին մէջ։

Յոբի օրերուն յարուցուած հարցը

6. Սատանան Յոբի հաւատարիմ ընթացքին ինչպէ՞ս ասպարէզ կարդաց, ու հետեւաբար ի՞նչ պատեհութիւն տրուեցաւ Յոբին։

6 Դարեր ետք, հաւատարիմ մարդը՝ Յոբ, պատեհութիւն ունեցաւ ցոյց տալու, թէ ո՛վ էր կարեւորագոյն Անձը իր կեանքին մէջ։ Երբ Եհովա Յոբի հաւատարիմ ընթացքին մասին խօսեցաւ իրեն, Սատանան հակաճառեց. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ» (կարդա՛ Յոբ 1։7-10Սատանան չուրացաւ թէ Յոբ Աստուծոյ հնազանդ էր։ Փոխարէն, ան Յոբի շարժառիթնե՛րը հարցականի տակ դրաւ։ Ան խորամանկօրէն ամբաստանեց Յոբը, թէ Եհովային կը ծառայէր ոչ թէ սէրէ մղուած, այլ՝ իր անձնասէր շահերը փնտռելով։ Միայն Յոբ կրնար այդ ամբաստանութեան պատասխան տալ, եւ ասիկա ընելու պատեհութիւնը անոր տրուեցաւ։

7, 8. Յոբ ի՞նչ փորձութիւններու հետ պէտք էր գլուխ ելլէր, եւ հաւատարմօրէն տոկալով ի՞նչ ցոյց տուաւ։

7 Եհովա Սատանային թոյլ տուաւ, որ Յոբին վրայ ետեւ–ետեւի աղէտներ բերէ (Յոբ 1։12-19)։ Յոբ պարագաներու այս յեղաշրջումին ինչպէ՞ս հակազդեց։ Մեզի կ’ըսուի թէ ան «չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ» (Յոբ 1։22)։ Բայց Սատանան տակաւին լուռ չկեցաւ։ Ան դարձեալ ամբաստանեց. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ» (Յոբ 2։4 * Սատանան պնդեց որ եթէ Յոբ անձամբ տառապանք կրէր, պիտի որոշէր թէ Եհովան կարեւորագոյն Անձը չէր իր կեանքին մէջ։

8 Գարշելի հիւանդութեան մը միջոցով՝ Յոբի կերպարանքը այլանդակ դարձաւ. ապա իր կինը զինք ճնշեց որ Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռնի։ Ետքը, երեք սուտ մխիթարողներ սխալ վարքի յանցանքով զինք ամբաստանեցին (Յոբ 2։11-13. 8։2-6. 22։2, 3)։ Սակայն, այս բոլոր տառապանքներով հանդերձ, Յոբ իր ուղղամտութենէն չհրաժարեցաւ (կարդա՛ Յոբ 2։9, 10Ան հաւատարմօրէն տոկալով ցոյց տուաւ, որ Եհովան էր կարեւորագոյն Անձը իր կեանքին մէջ։ Յոբ նաեւ ցոյց տուաւ, թէ անկատար մարդ մը կրնա՛յ Բանսարկուին սուտ ամբաստանութիւններուն պատասխանել, թէեւ սահմանափակ կերպով (համեմատէ՛ Առակաց 27։11

Յիսուսի կատարեալ պատասխանը

9. ա) Անձնական ցանկութեան առնչութեամբ, Սատանան ինչպէ՞ս ջանաց Յիսուսը փորձել։ բ) Յիսուսի հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։

9 Յիսուսի մկրտութենէն շատ չանցած, Սատանան փորձեց զինք խթանել որ իր կեանքին մէջ Եհովան կարեւորագոյն Անձը պահելու տեղ, անձնասէր ցանկութիւններ հետապնդէ։ Բանսարկուն Յիսուսի առջեւ երեք փորձութիւն դրաւ։ Նա՛խ, ան ջանաց մարմնի ցանկութեան կոչ ընել, Յիսուսը փորձի տակ դնելով որ քարերը հացի վերածէր (Մատ. 4։2, 3)։ Յիսուս դեռ նոր 40 օր ծոմ պահեր էր եւ շատ անօթի էր։ Ուստի Բանսարկուն զինք դրդեց որ կշտանալու համար իր հրաշագործ ուժը սխալ կերպով գործածէ։ Յիսուս ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ի տարբերութիւն Եւայի, Յիսուս Եհովայի Խօսքին վրայ կեդրոնացաւ եւ փորձութիւնը անմիջապէս մերժեց (կարդա՛ Մատթէոս 4։4

10. Սատանան ինչո՞ւ Յիսուսին ըսաւ, որ ինքզինք տաճարին աշտարակէն վար նետէ։

10 Սատանան նաեւ փորձեց Յիսուսը դրդել, որ անձնասիրաբար հակազդէ։ Ան Յիսուսին ըսաւ որ ինքզինք տաճարին աշտարակէն վար նետէ (Մատ. 4։5, 6)։ Սատանան ի՞նչ բան կ’ուզէր իրագործել։ Ան պնդեց որ եթէ Յիսուս վար նետուելով չվնասուէր, պիտի փաստուէր թէ «Աստուծոյ Որդի» էր։ Ակներեւաբար, Բանսարկուն ուզեց որ Յիսուս իր համբաւին վրայ չափէ դուրս մտահոգուի, այն աստիճան որ ինքզինք ցուցադրաբար ներկայացնէ։ Սատանան գիտէր թէ հպարտութեան կամ ուրիշներու առջեւ յարգանք չկորսնցնելու պատճառով, անհատ մը կրնար վնասակար մարտահրաւէր մը ընդունիլ։ Սատանան սխալ կերպով համար մը կիրարկեց, բայց Յիսուս ցոյց տուաւ թէ լիովին կը հասկնար Եհովայի Խօսքը (կարդա՛ Մատթէոս 4։7Այս մարտահրաւէրը մերժելով, Յիսուս դարձեալ փաստեց, թէ Եհովա՛ն էր կարեւորագոյն Անձը իր կեանքին մէջ։

11. Յիսուս ինչո՞ւ մերժեց աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները տալու Բանսարկուին առաջարկը։

11 Իր վերջին ուժգին ջանքը թափելով, Սատանան աշխարհի բոլո՜ր թագաւորութիւնները Յիսուսին առաջարկեց (Մատ. 4։8, 9)։ Բայց Յիսուս առաջարկը անմիջապէս մերժեց։ Ան գիտակցեցաւ, թէ զայն ընդունիլը համահաւասար պիտի ըլլար Եհովայի գերիշխանութիւնը մերժելուն,– Բարձրեալը ըլլալու Աստուծոյ իրաւունքը (կարդա՛ Մատթէոս 4։10Իւրաքանչիւր փորձութեան մէջ, Յիսուս Սատանային պատասխանեց՝ մէջբերելով համարներ, որոնք Եհովայի անձնական անունը կը բովանդակեն։

12. Մինչ իր երկրային ընթացքի աւարտին կը մօտենար, Յիսուս ի՞նչ դժուար որոշում մը դիմագրաւեց, եւ այդ որոշումին իր հակազդելու կերպէն ի՞նչ կը սորվինք։

12 Մինչ իր երկրային ընթացքի աւարտին կը մօտենար, Յիսուս շատ դժուար որոշումի մը առջեւ գտնուեցաւ։ Իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին, ան իր կեանքը որպէս զոհ տալու իր կամեցողութիւնը արտայայտած էր (Մատ. 20։17-19, 28. Ղուկ. 12։50. Յովհ. 16։28)։ Սակայն Յիսուս նաեւ գիտակցեցաւ, թէ հրէական օրինական դրութեան ներքեւ պիտի ամբաստանուէր ու դատապարտուէր ու որպէս հայհոյիչ՝ մահապատիժի ենթարկուէր։ Իր մահուան այս երեսակը զինք խորապէս անհանգստացուց։ Ան աղօթեց. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինձմէ անցնի»։ Բայց ան շարունակեց ըսել. «Բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես» (Մատ. 26։39)։ Այո, մինչեւ մահ Յիսուսի հաւատարմութիւնը անկասկած փաստեց, թէ ո՛վ էր կարեւորագոյն Անձը իր կեանքին մէջ։

Մեր պատասխանը

13. Մինչեւ հիմա, Եւայի, Յոբի եւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակներէն ի՞նչ դասեր սորվեցանք։

13 Մինչեւ հիմա ի՞նչ սորվեցանք։ Եւայի պարագային, սորվեցանք թէ անոնք որոնք անձնասէր ցանկութիւններու կամ ինքնագովութեան զգացումներու տեղի կու տան, կը յայտնեն թէ Եհովան իրենց կեանքին մէջ կարեւորագոյն Անձը չէ։ Միւս կողմէ, Յոբի ուղղամտութենէն կը սորվինք, որ նոյնիսկ անկատար մարդիկ կրնան ցոյց տալ թէ Եհովան առաջին տեղը կը դնեն՝ հաւատարմաբար տոկալով նեղութիւններու,– նոյնիսկ երբ այդպիսի խնդիրներու պատճառը լիովին չեն հասկնար (Յակ. 5։11)։ Իսկ Յիսուսի օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, որ նախատուելու յօժար ըլլանք եւ մեր անձնական համբաւին չափազանց կարեւորութիւն չտանք (Եբ. 12։2)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք այս դասերը կիրարկել։

14, 15. Փորձութեան նկատմամբ Յիսուսի հակազդեցութիւնը ինչպէ՞ս կը տարբերէր Եւայի հակազդեցութենէն, եւ ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

14 Բնաւ թոյլ մի՛ տար փորձութիւններու, որ քեզ մղեն Եհովան մոռնալու։ Եւան թոյլ տուաւ որ իր ուշադրութիւնը ուղղուի իր դիմացը եղող փորձութեան։ Ան տեսաւ որ պտուղը «աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու համար» (Ծն. 3։6)։ Ի՜նչ հակապատկեր՝ երեք փորձութիւններու Յիսուսի հակազդեցութեան։ Իւրաքանչիւր անգամ, Յիսուս անմիջական փորձութեան ետին տեսաւ եւ նկատի առաւ իր արարքներուն հետեւանքները։ Ան Աստուծոյ Խօսքին ապաւինեցաւ ե՛ւ Եհովայի անունը գործածեց։

15 Երբ Եհովայի աչքին տհաճ բաներ ընելու փորձութիւններ կը դիմագրաւենք, մեր ուշադրութիւնը ի՞նչ բանի վրայ կը կեդրոնացնենք։ Փորձութեան վրայ ո՛րքան աւելի կեդրոնանանք, ա՛յնքան աւելի կը զօրանայ սխալ ցանկութիւնը (Յակ. 1։14, 15)։ Հարկ է որ արագօրէն գործի լծուինք որ այս ցանկութիւնը արմատախիլ ընենք. նոյնիսկ եթէ ասիկա ընելը նո՛յնքան խիստ է, ո՛րքան մեր մարմնէն անդամ մը հանելը (Մատ. 5։29, 30)։ Յիսուսի նման, մեր արարքներուն հետեւանքներուն վրայ պէտք է կեդրոնանանք,– թէ ատոնք Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան ինչպէ՛ս պիտի ազդեն։ Պէտք է յիշենք թէ իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ի՛նչ կ’ըսէ։ Միայն այս կերպով կրնանք փաստել, թէ Եհովան է կարեւորագոյն Անձը մեր կեանքին մէջ։

16-18. ա) Ի՞նչը կրնայ պատճառ ըլլալ որ մեր սրտերը ճնշուին։ բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ նեղացուցիչ պարագաներու հետ գլուխ ելլենք։

16 Բնաւ թոյլ մի՛ տար անձնական ողբերգութիւններուն, որ քեզ դառնացնեն Եհովայի դէմ (Առ. 19։3)։ Մինչ այս ամբարիշտ աշխարհի վախճանին ա՛լ աւելի կը մօտենանք, Եհովայի ժողովուրդէն հետզհետէ աւելի անհատներ կ’ազդուին աղէտներէ եւ ողբերգութիւններէ։ Ներկայիս հրաշալի պաշտպանութիւն չենք ակնկալեր։ Այսուհանդերձ, Յոբի նման, թերեւս զգանք թէ մեր սիրտը կը ճնշուի, երբ սիրելիներ կը կորսնցնենք կամ անձնական դժուարութիւններով կը տառապինք։

17 Յոբ չհասկցաւ թէ Եհովա ինչո՛ւ թոյլ տուաւ որ որոշ բաներ տեղի ունենան. մենք ալ երբեմն թերեւս չհասկնանք թէ ինչո՛ւ գէշ բաներ տեղի կ’ունենան։ Հաւանաբար լսած ենք թէ հաւատարիմ եղբայրներ մահացան երկրաշարժի մը հետեւանքով, ինչպէս որ եղաւ Հայիթիի մէջ, կամ մէկ այլ բնական աղէտի պատճառով։ Կամ թերեւս կը ճանչնանք ուղղամիտ հաւատակից մը, որ բռնութեան զոհ դարձած է կամ սոսկալի արկածով մը մեռած է։ Կամ թերեւս մե՛նք կը տանջուինք որոշ նեղացուցիչ պարագաներէ կամ զգալի անարդարութիւններէ։ Մեր տանջուած սրտերը թերեւս աղաղակեն. ‘Ինչո՞ւ, ո՛վ Եհովա։ Ինչո՞ւ ես։ Ի՞նչ սխալ բան ըրի’ (Ամբ. 1։2, 3)։ Այսպիսի ժամանակներու մէջ, ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ տոկանք։

18 Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չենթադրենք թէ այդպիսի դէպքեր Եհովայի տհաճութիւնը կը մատնանշեն։ Յիսուս այս իրողութիւնը ընդգծեց, երբ իր օրերուն պատահած երկու ողբերգութիւններու ակնարկեց (կարդա՛ Ղուկաս 13։1-5Շատ մը աղէտներու պատճառը «ժամանակ ու դիպուած»ն է (Ժող. 9։11)։ Բայց մեր նեղութեան պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կրնա՛նք տոկալ, եթէ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’ վրայ։ Ան մեզի պիտի տայ պէտք եղած զօրութիւնը, որ հաւատարմօրէն յարատեւենք (Բ. Կոր. 1։3-6

19, 20. Ի՞նչ բան Յիսուսին օգնեց որ նուաստացուցիչ կացութիւններու տոկայ, եւ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել նոյնը ընելու։

19 Բնաւ թոյլ մի՛ տար հպարտութեան կամ նախատուելու վախին, որ գլխաւոր կեդրոնացումդ դառնայ։ Յիսուսի խոնարհութիւնը զինք կարող դարձուց, որ ‘իր անձը ունայնացնէ ծառայի կերպարանք առնելով’ (Փլպ. 2։5-8)։ Ան կրցաւ շատ մը նուաստացուցիչ կացութիւններու տոկալ, քանի որ Եհովային կը վստահէր (Ա. Պետ. 2։23, 24)։ Այսպէս ընելով, Յիսուս Եհովայի կամքը կատարելը առաջին տեղը դրաւ, եւ որպէս արդիւնք՝ իրեն շնորհուեցաւ աւելի բարձր դիրք մը (Փլպ. 2։9)։ Յիսուս իր աշակերտներուն յանձնարարեց, որ նոյն ընթացքով ապրին (Մատ. 23։11, 12. Ղուկ. 9։26

20 Երբեմն, հաւատքի որոշ փորձութիւններ կրնան մեզ նեղ կացութեան մատնել։ Սակայն, հարկ է որ վստահութիւն ունենանք Պօղոս առաքեալի նման, որ ըսաւ. «Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասն զի գիտեմ թէ որո՛ւն եմ հաւատացեր եւ համոզուած եմ թէ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել մինչեւ այն օրը» (Բ. Տիմ. 1։12

21. Հակառակ աշխարհի անձնասէր կեցուածքին, ի՞նչ վճռած ես ընել։

21 Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ մեր օրերուն մարդիկ «անձնասէր» պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։2)։ Ուստի չենք զարմանար թէ եսասէր սերունդով մը շրջապատուած ենք։ Բնա՛ւ այդպիսի անձնասէր կեցուածքով չարատաւորուինք։ Փոխարէն, մեր դիմագրաւածը ըլլա՛յ փորձութիւն, ողբերգութիւն կամ մեզ նախատելու ջանքեր, թող իւրաքանչիւրս վճռենք ապացուցանել, թէ արդարեւ Եհովան է կարեւորագոյն Անձը մեր կեանքին մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Աստուածաշունչի ուսումնականներէն ոմանք կը խորհին, թէ «մորթի տեղ՝ մորթ» արտայայտութիւնը կրնայ նշանակել, թէ Յոբ անձնասիրաբար յօժար պիտի ըլլար թոյլ տալու, որ իր զաւակներն ու անասունները իրենց մորթերը՝ կամ կեանքերը՝ կորսնցնէին, այնքան ատեն որ կարենար ի՛ր մորթը՝ կամ կեանքը՝ պահել։ Ուրիշներ կը զգան թէ այդ արտայայտութիւնը կը շեշտէ, թէ անհատ մը յօժար պիտի ըլլար իր մորթէն մաս մը կորսնցնելու, եթէ ասիկա կը նշանակէր իր կեանքը ազատել։ Օրինակի համար, անհատ մը կրնայ իր ձեռքով իր գլուխը պաշտպանել հարուածէ մը, եւ այսպէս՝ իր մորթէն մաս մը կը կորսնցնէ՝ իր մորթը ազատելու համար։ Յատկաբանութեան իմաստը ի՛նչ որ ալ ըլլար, ատիկա ակներեւօրէն հասկցուց, թէ Յոբ հաճոյքով ամէն ինչէ վազ պիտի անցնէր, այնքան ատեն որ իր կեանքը կրնար պահել։

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ՝

• այն կերպէն, որով Սատանան Եւան խաբեց։

• անձնական ողբերգութիւններու նկատմամբ Յոբի հակազդեցութենէն։

• Յիսուսի գլխաւոր կեդրոնացումէն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Եւան Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութեան վրայ չկեդրոնացաւ