Քրիստոնեայ ընտանիքնե՛ր, ‘արթուն եղէք’
Քրիստոնեայ ընտանիքնե՛ր, ‘արթուն եղէք’
«Արթուն ու զգաստ ըլլանք» (Ա. ԹԵՍ. 5։6)։
1, 2. Եթէ ընտանիք մը հոգեւորապէս արթուն ըլլալու մէջ կ’ուզէ յաջողիլ, ի՞նչ բան պահանջուած է։
«ՏԷՐՈՋԸ մեծ ու ահեղ օր»ուան ակնարկելով, Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն գրեց. «Դո՛ւք, եղբայրներ, խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի։ Վասն զի դուք ամէնքդ լուսոյ որդիներ էք ու ցորեկուան որդիներ։ Մենք գիշերուանը չենք, խաւարինը չենք»։ Պօղոս աւելցուց. «Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք» (Յվլ. 2։31. Ա. Թես. 5։4-6)։
2 Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած Պօղոսի խրատը յատկապէս յարմար է «վերջին ժամանակ»ին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն համար (Դան. 12։4)։ Մինչ Սատանայի իրերու ամբարիշտ դրութեան վախճանը կը մօտենայ, ան վճռած է կարելի եղածին չափ բազմաթիւ ճշմարիտ երկրպագուներ հեռացնել Աստուծոյ ծառայութենէն։ Անոր համար իմաստութիւն է որ լրջօրէն նկատի առնենք հոգեւորապէս աչալուրջ մնալու Պօղոսի յորդորը։ Եթէ քրիստոնեայ ընտանիք մը արթուն ըլլալու մէջ կ’ուզէ յաջողիլ, կարեւոր է որ իւրաքանչիւր անդամ իր աստուածաշնչական պատասխանատուութիւնը շալկէ։ Ուստի, ‘արթուն ըլլալու’ առնչութեամբ իրենց ընտանիքներուն օգնելու մէջ, ի՞նչ դեր կը խաղան ամուսինները, կիները եւ պատանիները։
Ամուսիննե՛ր, «բարի հովիւը» ընդօրինակեցէք
3. Ա. Տիմոթէոս 5։8–ի համաձայն, որպէս տան գլուխ, տղամարդու մը պատասխանատուութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։
3 «Կնոջ գլուխը՝ այր մարդն [է]», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Ա. Կոր. 11։3)։ Որպէս տան գլուխ, տղամարդու մը պատասխանատուութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։ Գլխաւորութեան մէկ երեսակը ուրուագծելով, Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է» (Ա. Տիմ. 5։8)։ Արդարեւ, հարկ է որ տղամարդ մը իր ընտանիքին նիւթական կարիքները հոգայ։ Իսկ եթէ ան կ’ուզէ իր ընտանիքին օգնել հոգեւորապէս արթուն մնալու, ապրուստ ճարողէ մը աւելին պէտք է ըլլայ։ Հարկ է որ ան իր տունը հոգեւորապէս կերտէ, ընտանիքի բոլոր անդամներուն օգնելով որ Աստուծոյ հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրացնեն (Առ. 24։3, 4)։ Ան ինչպէ՞ս կրնայ ասիկա ընել։
4. Ի՞նչ բան կրնայ տղամարդու մը օգնել, որ իր տունը հոգեւորապէս կերտելուն մէջ յաջողի։
4 Որովհետեւ «այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխը», ամուսին մը պէտք է քննէ եւ ընդօրինակէ այն կերպը, որով Յիսուս գլխաւորութիւն ի գործ կը դնէ ժողովքին վրայ (Եփ. 5։23)։ Նկատի առ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս նկարագրեց իր փոխյարաբերութիւնը իր հետեւորդներուն հետ (կարդա՛ Յովհաննէս 10։14, 15)։ Իր տունը հոգեւորապէս կերտել փափաքող տղամարդուն համար, ի՞նչ է յաջողութեան բանալին։ Հետեւեալն է. ուսումնասիրել ինչ որ Յիսուս որպէս «բարի հովիւ» ըսաւ ու ըրաւ եւ ‘հետեւիլ իր շաւիղներուն’ (Ա. Պետ. 2։21)։
5. Բարի Հովիւը ժողովքին մասին ի՞նչ գիտութիւն ունի։
5 Այլաբանօրէն խօսելով, հովիւի մը եւ անոր ոչխարներուն միջեւ եղած փոխյարաբերութիւնը գիտութեան ու վստահութեան վրայ հիմնուած է։ Հովիւը իր ոչխարներուն մասին ամէն բան գիտէ, իսկ ոչխարները հովիւը կը ճանչնան ու կը վստահին։ Անոնք իր ձայնը կը զատորոշեն ու կը հնազանդին։ Յիսուս ըսաւ. «Կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս»։ Ան ժողովքին մասին լոկ մակերեսային գիտութիւն չունի։ Հոս թարգմանուած յունարէն «ճանչնալ» բառը կը մատնանշէ «անձնական, սերտ գիտութիւն»։ Այո, Բարի Հովիւը իր ոչխարները անհատապէս կը ճանչնայ։ Ան գիտէ անոնց անձնական պէտքերը, տկարութիւններն ու զօրաւոր կողմերը։ Իր
ոչխարներուն նկատմամբ, մեր Տիպարին աչքէն ոչինչ կը վրիպի։ Եւ ոչխարները լման կերպով կը ճանչնան հովիւը ու կը վստահին անոր առաջնորդութեան։6. Ամուսիններ ինչպէ՞ս կրնան Բարի Հովիւը ընդօրինակել։
6 Քրիստոսը ընդօրինակելով՝ իր գլխաւորութիւնը ի գործ դնելու համար, ամուսին մը պէտք է սորվի ինքզինք հովիւ եւ իր հոգատարութեան ներքեւ եղողները ոչխարներ նկատել։ Ան պէտք է ջանայ իր ընտանիքին մասին սերտ գիտութիւն ունենալ։ Արդեօք ամուսին մը իրապէս կրնա՞յ այդպիսի գիտութիւն ունենալ։ Այո՛, եթէ իր ընտանիքին բոլոր անդամներուն հետ լաւ կը հաղորդակցի, անոնց մտահոգութիւնները կը լսէ, ընտանեկան գործունէութիւններուն մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ, եւ խղճմտօրէն լաւ որոշումներ կը կայացնէ որոշ հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ ընտանեկան պաշտամունք, ժողովի ներկայ գտնուիլ, դաշտի ծառայութիւն, զբօսանք եւ ժամանց։ Երբ քրիստոնեայ ամուսին մը առաջնորդութիւն կ’առնէ ոչ միայն Աստուծոյ Խօսքի գիտութեամբ, հապա նաեւ՝ իրեն վստահուած անհատները սերտօրէն ճանչնալով, աւելի հաւանական կ’ըլլայ որ իր ընտանիքի անդամները իր գլխաւորութեան վստահին եւ ինք գոհանայ՝ տեսնելով թէ անոնք ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացած են։
7, 8. Իր հոգատարութեան ներքեւ եղողներուն հանդէպ գուրգուրանք ցուցաբերելուն մէջ, ամուսին մը ինչպէ՞ս կրնայ Բարի Հովիւը ընդօրինակել։
7 Բարի հովիւ մը իր ոչխարներուն հանդէպ գուրգուրանք ալ ունի։ Երբ Յիսուսի կեանքին եւ ծառայութեան վերաբերեալ աւետարանական արձանագրութիւնները կը սերտենք, իր աշակերտներուն հանդէպ Յիսուսի ցուցաբերած գուրգուրանքով մեր սիրտը կը տոգորուի։ Ան նոյնիսկ ‘իր կեանքը ոչխարներուն համար դրաւ’։ Հարկ է որ ամուսիններ Յիսուսը ընդօրինակեն՝ իրենց հոգատարութեան ներքեւ եղողներուն հանդէպ գուրգուրանք ցուցաբերելով։ Փոխանակ կոշտօրէն իր կնոջ տիրապետելու, Աստուծոյ հաճութիւնը ուզող ամուսին մը կը շարունակէ սիրել զինք, «ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին» (Եփ. 5։25)։ Անոր խօսքերը ազնիւ եւ փափկանկատ պէտք է ըլլան, որովհետեւ իր կինը յարգանքի արժանի է (Ա. Պետ. 3։7)։
8 Զաւակները կրթելու մէջ, ընտանիքի գլուխը հաստատօրէն պէտք է վեր բռնէ աստուածային սկզբունքները։ Բայց եւ այնպէս, ան պէտք չէ թերանայ իր զաւակներուն հանդէպ գուրգուրանք ցուցաբերելուն մէջ։ Հարկ եղած կրթութիւնը սիրալիր կերպով պէտք է տրուի։ Կարգ մը զաւակներ իրենցմէ ակնկալուածը հասկնալու մէջ՝ ուրիշներէն աւելի դանդաղ կրնան ըլլալ։ Այդ պարագային, հայր մը անոնց հանդէպ աւելի մեծ համբերութիւն պէտք է ցուցաբերէ։ Երբ տղամարդիկ յարատեւաբար Յիսուսի օրինակին կը հետեւին, ապահով եւ անվտանգ ընտանեկան մթնոլորտ մը կը ստեղծեն։ Անոնց ընտանիքները կը վայելեն այն հոգեւոր ապահովութիւնը, որուն մասին սաղմոսերգուն տաղերգեց (կարդա՛ Սաղմոս 23։1-6)։
9. Նոյ նահապետին նման, քրիստոնեայ ամուսիններ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին, եւ ի՞նչը անոնց պիտի օգնէ զայն կրելու։
9 Նոյ նահապետ իր օրուան աշխարհին վախճանին ատենը ապրեցաւ։ Բայց Եհովա զինք՝ «ութերորդ անձը. . . պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ» (Բ. Պետ. 2։5)։ Նոյ պատասխանատուութիւնը ունէր իր ընտանիքին օգնելու, որ Ջրհեղեղէն վերապրէին։ Այս վերջին օրերուն մէջ, քրիստոնեայ ընտանիքի գլուխներ նոյնանման իրավիճակի մէջ են (Մատ. 24։37)։ Ո՜րքան կենսական է որ «բարի հովիւ»ին օրինակը ուսումնասիրեն եւ ջանան զինք ընդօրինակել։
Կինե՛ր, ‘շինեցէ՛ք ձեր տուները’
10. Կնոջ համար, իր ամուսինին հպատակիլը ի՞նչ կը նշանակէ։
10 «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը», գրեց Պօղոս առաքեալ (Եփ. 5։22)։ Այս խօսքը որեւէ կերպով չի մատնանշեր անպատուաբեր դիրք մը։ Նախքան առաջին կինը՝ Եւան, ստեղծելը, ճշմարիտ Աստուածը ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար» (Ծն. 2։18)։ «Օգնական»ին եւ լրացուցիչին դերը,– այսինքն՝ թիկունք կանգնիլ իր ամուսինին, մինչ ան իր ընտանիքին պատասխանատուութիւնները կը հոգայ,– արդարեւ պատուաբեր դեր մըն է։
11. Օրինակելի կինը ինչպէ՞ս ‘իր տունը կը շինէ’։
11 Օրինակելի կինը իր տան օգտին համար կը գործէ (կարդա՛ Առակաց 14։1)։ Առ ի հակապատկեր յիմար կնոջ մը, որ գլխաւորութեան կարգադրութիւնը չի յարգեր, իմաստուն կինը այս կարգադրութեան հանդէպ խոր յարգանք ունի։ Փոխանակ ապստամբութեան եւ անկախութեան կեցուածք մը որդեգրելու, որով աշխարհը յատկանշուած է, իմաստուն կինը իր կողակիցին կը հպատակի (Եփ. 2։2)։ Յիմար կինը չի վարանիր իր ամուսինին նկատմամբ անախորժ բաներ խօսելու, բայց իմաստուն կինը կ’աշխատի աւելցնել իր ամուսինին հանդէպ զաւակներուն եւ այլ մարդոց ունեցած յարգանքը։ Այդպիսի կին մը ուշադիր կ’ըլլայ որ իր ամուսինին գլխաւորութիւնը չտկարացնէ՝ զինք նեղելով կամ իրեն հետ վիճելով։ Նաեւ, խնայողական ըլլալու հարցը կայ։ Յիմար կինը հաւանաբար կը վատնէ իր ընտանիքին դժուարաւ ձեռք ձգուած նիւթական միջոցները։ Աջակցող կինը այդպէս չէ։ Ան ֆինանսական հարցերու շուրջ իր ամուսինին հետ կը համագործակցի։ Իր գործելու կերպը խոհեմութեամբ եւ խնայողութեամբ յատկանշուած է։ Ան իր ամուսինը չի ստիպեր որ յաւելեալ ժամով աշխատի։
12. Կին մը ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի իր ընտանիքին օգնէ ‘արթուն ըլլալու’։
12 Օրինակելի կինը իր ընտանիքին կ’օգնէ ‘արթուն ըլլալու’, զաւակները հոգեւորապէս կրթելու մէջ իր ամուսինին աջակցելով (Առ. 1։8)։ Ան աշխուժօրէն թիկունք կը կանգնի Ընտանեկան պաշտամունքի յայտագրին։ Ասկէ զատ, ան իր ամուսինին թիկունք կը կանգնի, երբ ամուսինը զաւակներուն խրատ ու կրթութիւն կու տայ։ Ան ո՜րքան կը տարբերի չհամագործակցող կնոջմէ մը, որուն զաւակները ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս կը տառապին։
13. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ կինը իր ամուսինին թիկունք կանգնի, երբ ան գործօն բաժին կը բերէ աստուածպետական գործունէութիւններուն մէջ։
13 Համագործակցող կինը ինչպէ՞ս կը զգայ, երբ կը տեսնէ թէ իր ամուսինը քրիստոնէական ժողովքին մէջ գործօն դեր մը կը խաղայ։ Անշուշտ թէ ուրա՛խ կը զգայ։ Իր ամուսինը ըլլա՛յ օգնական ծառայ, երէց, կամ թերեւս Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբի կամ Շրջանային շինարարական յանձնախումբի մէկ անդամը, կինը անոր առանձնաշնորհումներուն համար ուրախ է։ Խօսքով ու գործով իր ամուսինին աշխուժօրէն թիկունք կանգնիլը, վստահաբար իր կողմէ զոհողութիւններ պիտի պարփակէ։ Բայց ան կը գիտակցի թէ աստուածպետական գործունէութիւններուն մէջ իր ամուսինին պարփակուած ըլլալը, ամբողջ ընտանիքին կ’օգնէ հոգեւորապէս արթուն մնալու։
14. ա) Աջակցող կնոջ մը համար ի՞նչ բան կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ, եւ ան ինչպէ՞ս կրնայ մարտահրաւէրին հետ գլուխ ելլել։ բ) Կին մը ամբողջ ընտանիքին բարօրութեան ինչպէ՞ս կը նպաստէ։
14 Աջակցելու դեր ունենալուն մէջ օրինակելի ըլլալը կնոջ մը համար կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ, երբ իր ամուսինը կը կայացնէ որոշում մը, որուն հետ համաձայն չէ։ Նոյնիսկ այդ պարագային, ան «հեզ ու հանդարտ հոգի» մը կը ցուցաբերէ եւ անոր հետ կը համագործակցի, որպէսզի անոր որոշումը յաջողի (Ա. Պետ. 3։4)։ Լաւ կին մը կը ջանայ վաղեմի ժամանակներուն ապրած բարեպաշտ կիներու ընտիր օրինակներուն հետեւիլ, ինչպէս՝ Սառան, Հռութը, Աբիգիան եւ Յիսուսի մայրը՝ Մարիամը (Ա. Պետ. 3։5, 6)։ Ան նաեւ կ’ընդօրինակէ արդի ժամանակներուն ապրող տարեց կիները, որոնք ‘ակնածանքով լի վարմունք ունին’ (Տիտ. 2։3, 4, ՆԱ)։ Օրինակելի կինը իր ամուսնութեան յաջողութեան եւ ամբողջ ընտանիքին բարօրութեան մեծապէս կը նպաստէ, իր ամուսինին հանդէպ սէր ու յարգանք ցուցաբերելով։ Իր տունը հանգստաւէտ եւ ապահով վայր մըն է։ Հոգեւոր տղամարդու մը համար, աջակցող կինը անգին է (Առ. 18։22)։
Պատանինե՛ր, ‘չերեւցածներուն նայեցէք’
15. Պատանիներ ինչպէ՞ս կրնան ծնողներու հետ համագործակցիլ, որպէսզի ընտանիքը ‘արթուն ըլլայ’։
15 Ո՛վ պատանիներ, ինչպէ՞ս կրնաք ձեր ծնողներուն
հետ համագործակցիլ, որպէսզի ձեր ընտանիքը հոգեւորապէս ‘արթուն ըլլայ’։ Նկատի առէք այն մրցանակը, զոր Եհովա ձեր առջեւ դրած է։ Թերեւս ձեր մանկութենէն, ձեր ծնողները ցոյց տուին պատկերներ, որոնք կը նկարագրեն կեանքը Դրախտին մէջ։ Մինչ սկսաք մեծնալ, անոնք հաւանաբար գործածեցին Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական հրատարակութիւնները, որպէսզի ձեզի օգնեն մտապատկերելու, թէ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։ Ձեր աչքերը Եհովայի ծառայութեան վրայ կեդրոնացած պահելը եւ ձեր կեանքը ասոր համաձայն ծրագրելը, ձեզի պիտի օգնեն որ ‘արթուն ըլլաք’։16, 17. Պատանիներ ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի կեանքի մրցարշաւին մէջ յաջողապէս վազեն։
16 Ա. Կորնթացիս 9։24–ի մէջ արձանագրուած Պօղոս առաքեալի խօսքերը նկատի առ (կարդա՛)։ Յաղթելու ամենայն մտադրութեամբ կեանքի մրցարշաւին մէջ վազէ՛։ Ընտրէ՛ ընթացք մը, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ հասնիլ յաւիտենական կեանքի մրցանակին։ Շատեր նիւթական բաներ հետապնդելով՝ իրենց աչքերը մրցանակին վրայ սեւեռած չեն պահած։ Ասիկա ո՜րքան յիմար բան մըն է։ Հարստութիւն ձեռք ձգելու շուրջ կեանքը ծրագրելը իսկական երջանկութեան չ’առաջնորդեր։ Դրամով ծախու առնուած բաները ժամանակաւոր են։ Սակայն դուն «չերեւցածներ»ուն նայէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «չերեւցածները յաւիտենական» են (Բ. Կոր. 4։18)։
17 «Չերեւցածները» կը պարփակեն Թագաւորութեան օրհնութիւնները։ Ասոնց հասնելու միտումո՛վ կեանքդ ծրագրէ։ Իսկական երջանկութիւն յառաջ կու գայ, երբ կեանքդ Եհովայի ծառայութեան մէջ գործածես։ Ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելը պատեհութիւններ կու տայ, որ կարճատեւ ո՛ւ երկարատեւ նպատակակէտերու ձգտիս։ * Իրապաշտ հոգեւոր նպատակակէտեր դնելը կրնայ քեզի օգնել, որ Աստուծոյ ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնաս՝ յաւիտենական կեանքի մրցանակին հասնելու հեռանկարով (Ա. Յովհ. 2։17)։
18, 19. Պատանի մը ինչպէ՞ս կրնայ որոշել, թէ ճշմարտութիւնը իւրացուցած է կամ ոչ։
18 Պատանինե՛ր, կեանքի ճամբուն մէջ առաջին քայլն է՝ ճշմարտութիւնը իւրացնել։ Այս քայլը առա՞ծ ես։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Արդեօք հոգեւո՞ր անձ մըն եմ, թէ ոչ հոգեւոր գործունէութիւններու մասնակցիլս ծնողներէս կախեալ է։ Աստուածահաճոյ յատկութիւններ կը մշակե՞մ։ Ջանք կը թափե՞մ որ ճշմարիտ պաշտամունքին առնչուած գործունէութիւններուն մասնակցելու հաստատ սովորամոլութիւն մը պահպանեմ, ինչպէս՝ կանոնաւորաբար աղօթել, ուսումնասիրել, ժողովներուն ներկայ գտնուիլ ու դաշտի ծառայութեան մէջ բաժին բերել։ Աստուծոյ կը մօտենա՞մ՝ իրեն հետ անձնական փոխյարաբերութիւն մը մշակելով’ (Յակ. 4։8)։
19 Խորհրդածէ Մովսէսի օրինակին մասին։ Օտար մշակոյթի մը ենթարկուելով հանդերձ, ան ընտրեց ճանչցուիլ որպէս Եհովայի երկրպագու մը, քան թէ փարաւոնի աղջկան մէկ որդին (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։24-27)։ Ո՛վ քրիստոնեայ պատանիներ, դուք ալ պէտք է վճռէք Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել։ Այդպէս ընելով ձեռք պիտի ձգէք իսկական երջանկութիւնը, կեանքի լաւագոյն որակը եւ «յաւիտենական կեանք»ի յոյսը (Ա. Տիմ. 6։19)։
20. Կեանքի մրցարշաւին մէջ որո՞նք մրցանակ կը ստանան։
20 Վաղեմի խաղերու մէջ, միայն մէկ վազող կը շահէր մրցարշաւը։ Բայց կեանքի մրցարշաւին պարագան այդպէս չէ։ Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Քեզմէ առաջ, շատեր յաջողապէս վազած են, եւ այժմ քեզի հետ շատեր կը վազեն (Եբ. 12։1, 2)։ Մրցանակը պիտի տրուի բոլոր անո՛նց, որոնք չեն յանձնուիր։ Ուստի վճռէ՛ շահիլ։
21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
21 ‘Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրուան գալուստը’ անխուսափելի է (Մաղ. 4։5)։ Այդ օրը քրիստոնեայ ընտանիքներու վրայ յանկարծակի պէտք չէ հասնի։ Ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար կենսական է, որ իրենց աստուածաշնչական պատասխանատուութիւնը շալկեն։ Ուրիշ ի՞նչ կրնաս ընել հոգեւորապէս արթուն մնալու եւ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրացնելու։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ երեք ազդակներ, որոնք ամբողջ ընտանիքին հոգեւոր բարօրութեան կ’ազդեն։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 17 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 2010 թիւը, էջ 20-24. 15 յուլիս 2004 թիւը, էջ 21-23 (անգլերէն)։
Ի՞նչ սորվեցար
• Քրիստոնեայ ընտանիքներու համար ինչո՞ւ կենսական է որ ‘արթուն ըլլան’։
• Ամուսին մը ինչպէ՞ս կրնայ Բարի Հովիւը ընդօրինակել։
• Իր ամուսինին աջակցելու համար, օրինակելի կինը ի՞նչ կրնայ ընել։
• Պատանիները ինչպէ՞ս կրնան նպաստել որ իրենց ընտանիքները հոգեւորապէս արթուն մնան։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]