Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնեայ ընտանիքնե՛ր, «պատրաստ կեցէք»

Քրիստոնեայ ընտանիքնե՛ր, «պատրաստ կեցէք»

Քրիստոնեայ ընտանիքնե՛ր, «պատրաստ կեցէք»

«Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր» (ՂՈՒԿ. 12։40

1, 2. Յիսուսի տուած ‘պատրաստ կենալու’ յորդորը ինչո՞ւ լրջօրէն նկատի պէտք է առնենք։

«ԵՐԲ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ» եւ մարդիկը ‘իրարմէ զատէ’, ի՞նչ պիտի պատահի քեզի եւ ընտանիքիդ (Մատ. 25։31, 32)։ Որովհետեւ ասիկա պիտի ըլլայ այնպիսի ժամու մը՝ որ չենք կարծեր, ո՜րքան կենսական է որ լրջօրէն նկատի առնենք ‘պատրաստ կենալու’ Յիսուսի յորդորը (Ղուկ. 12։40

2 Նախորդ յօդուածը քննարկեց, թէ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ինչպէ՛ս կրնայ ամբողջ ընտանիքին օգնել հոգեւորապէս արթուն ըլլալու՝ իր պատասխանատուութիւնը լուրջի առնելով։ Նկատի առնենք այլ կերպեր, որոնցմով կրնանք մեր ընտանիքի հոգեւոր բարօրութեան նպաստել։

Աչքերնիդ «պարզ» պահեցէք

3, 4. ա) Քրիստոնեայ ընտանիքներ ի՞նչ բաներէ պէտք է զգուշանան։ բ) Ի՞նչ կը նշանակէ մեր աչքը «պարզ» պահել։

3 Որպէսզի Քրիստոսի գալուստին համար պատրաստ վիճակի մէջ ըլլան, ընտանիքներ պէտք է ուշադիր ըլլան, որ ճշմարիտ պաշտամունքին վերաբերեալ հարցերէ չշեղին։ Հարկ է որ անոնք զգուշանան այն բաներէն, որոնք կրնան զիրենք մտացիր դարձնել։ Որովհետեւ նիւթապաշտութիւնը թակարդ մըն է, որ բազմաթիւ ընտանիքներ ծուղակը ձգած է, նկատի առէք ինչ որ Յիսուս ըսաւ մեր աչքը «պարզ» պահելու առնչութեամբ (կարդա՛ Մատթէոս 6։22, 23Ճիշդ ինչպէս որ լապտեր մը կրնայ մեր ճամբան լուսաւորել եւ օգնել որ քալենք առանց իյնալու, ինչ բան որ մեր այլաբանական ‘սրտերուն աչքերով’ կը տեսնենք, կրնայ մեզ լուսաւորել՝ օգնելով որ առանց գայթակղութեան վարուինք (Եփ. 1։18

4 Որպէսզի բառացի աչքը յստակօրէն տեսնէ, հարկ է որ շիտակ կերպով գործէ եւ կարենայ կեդրոնանալ իր տեսած բանին վրայ։ Սրտին աչքերն ալ այդպէս են։ Այլաբանական պարզ աչք մը ունենալը կը նշանակէ, թէ մէկ նպատակի վրայ կը կեդրոնանանք։ Փոխանակ նիւթական ստացուածքներու վրայ կեդրոնացած կեանք մը վարելու, եւ միայն ընտանիքին ֆիզիքական կարիքները հոգալով կլանուելու, մենք մեր աչքերը հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած կը պահենք (Մատ. 6։33)։ Ասիկա կը նշանակէ որ մեր նիւթական միջոցներով կը բաւարարուինք եւ Աստուծոյ ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնենք (Եբ. 13։5

5. Որոշ պատանուհի մը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ իր «աչքը» Աստուծոյ ծառայելուն վրայ սեւեռած էր։

5 Ի՜նչ լաւ արդիւնքներ յառաջ կու գան, երբ երեխաներ պարզ աչք մը պահելու առնչութեամբ կը կրթուին։ Եթովպիայի մէջ պատանուհիի մը օրինակը նկատի առէք։ Ան իր դասերուն մէջ ա՛յնքան լաւ էր, որ երբ իր հիմնական ուսումը ամբողջացուց, իրեն կրթանպաստ առաջարկուեցաւ՝ յաւելեալ ուսման համար։ Սակայն, իր աչքը Եհովային ծառայելու վրայ սեւեռած պահելով, պատանուհին կրթանպաստը մերժեց։ Ատկէ շատ չանցած, իրեն գործ մը առաջարկուեցաւ, որուն մէկ ամսուան վարձատրութիւնը 3000 եւրօ էր,– մեծ գումար մը, առ ի համեմատութիւն իր երկրի միջին վարձատրութիւններուն։ Բայց աղջկան «աչքը» ռահվիրայութեան վրայ էր։ Գործի առաջարկը մերժելու առնչութեամբ, ան պէտք չունեցաւ իր ծնողներուն հետ խորհրդակցելու։ Երբ իր ծնողները գիտցան թէ ի՛նչ ըրած էր, ինչպէ՞ս զգացին։ Անոնք իրեն հետ ուրախացան եւ ըսին թէ իրմով որքա՜ն հպարտ էին։

6, 7. Ի՞նչ վտանգի նկատմամբ պէտք է ‘ուշադիր ըլլանք’։

6 Մատթէոս 6։22, 23–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ագահութեան դէմ զգուշացում կը բովանդակեն։ Յիսուս «պարզ» բառը չհակադրեց ատոր հականիշով՝ «խրթին» բառով, հապա՝ «վատ» բառով։ ‘Վատ աչքը’ չար եւ նախանձոտ է, այսինքն՝ ագահ է։ Եհովա ագահութեան նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգայ։ «Պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Եփ. 5։3

7 Մինչ ուրիշներու մէջ ագահութիւն գտնելը կրնայ դիւրին ըլլալ, բայց մեր մէջ զայն գտնելը այդքան ալ դիւրին չէ։ Ուրեմն, մեր կողմէ իմաստութիւն է անսալ Յիսուսի խրատին. «Ուշադի՛ր եղէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ» (Ղուկ. 12։15, ԱԾ)։ Ասիկա ընելը կը պահանջէ որ մեր անձերը քննենք, որպէսզի տեսնենք թէ մեր սիրտը ի՛նչ բանի ուղղած ենք։ Քրիստոնեայ ընտանիքներ լրջօրէն պէտք է մտածեն այն ժամերուն ու դրամին մասին, զորս կը վատնեն զուարճութեան, ժամանցի եւ նիւթական բաներ ձեռք ձգելու համար։

8. Գնումներ ընելու առնչութեամբ, ինչպէ՞ս կրնանք ‘ուշադիր ըլլալ’։

8 Գնում ընելը աւելին կը պարփակէ քան պարզապէս որոշել, թէ ապրանքին գինը յարմար է կամ ոչ։ Հետեւեալին նման ազդակներ ի մտի ունեցէք. ‘Ապրանքը կանոնաւորաբար գործածելու եւ պահպանելու համար ժամանակ պիտի ունենա՞մ։ Զայն շիտակ կերպով գործածելու կերպը սորվիլը ո՞րքան ժամանակ պիտի առնէ’։ Ո՛վ պատանիներ, մի՛ հաւատաք աշխարհի բոլոր գովազդներուն, ու հետեւաբար անտրամաբանական պահանջներ մի՛ ընէք հագուստներու կամ այլ իրերու մեծածախս մակնիշներու համար։ Դուք ձեզ զսպեցէք։ Նաեւ, մտածեցէք թէ ապրանք մը ձեռք բերելը, Որդի մարդոյ գալուստին համար ձեր ընտանիքի նախապատրաստութեան ինչպէ՛ս պիտի ազդէ։ Հաւատացէ՛ք Եհովայի խոստումին. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (Եբ. 13։5

Հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդեցէք

9. Հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդելը ընտանիքի մը համար ի՞նչ կրնայ ընել։

9 Ընտանիքի անդամներուն համար, իրենց հաւատքը զօրացնելու եւ ամբողջ ընտանիքին հոգեւոր բարօրութեան նպաստելու ուրիշ կերպ մըն է՝ հոգեւոր նպատակակէտեր դնել ու հետապնդել։ Ասիկա ընելը կրնայ ընտանիքներուն օգնել որ չափեն, թէ Եհովան հաճեցնելու իրենց նպատակին մէջ որքանո՛վ կը յառաջդիմեն, եւ կրնայ իրենց թոյլ տալ, որ որեւէ գործունէութեան յարաբերական կարեւորութիւնը արժեւորեն (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։10

10, 11. Որպէս ընտանիք՝ ի՞նչ հոգեւոր նպատակակէտեր կը հետապնդէք, եւ ապագային համար ի՞նչ նպատակակէտեր կ’ուզէք դնել։

10 Նոյնիսկ պզտիկ, իրապաշտ նպատակակէտեր դնելը, որոնց գրեթէ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ կրնայ հասնիլ, կրնայ մեծ օգուտներ բերել։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, ամէն օր օրուան համարը քննարկելու նպատակակէտը։ Ընտանիքի անդամներուն մեկնաբանութիւնները կրնան տան գլուխին օգնել, որ իրենց հոգեւորութեան աստիճանը զատորոշէ։ Ընտանեօք, կանոնաւորաբար ու միասնաբար Աստուածաշունչը կարդալու նպատակակէտը երեխաներուն հոյակապ պատեհութիւն կ’ընծայէ՝ իրենց կարդալու հմտութիւնները եւ Աստուածաշունչի պատգամին հասկացողութիւնը բարելաւելու (Սաղ. 1։1, 2)։ Եւ պէտք չէ՞ ուզենք մեր աղօթքներուն որակը բարելաւելու նպատակակէտ դնել։ Սուրբ հոգիին պտուղին երեսակները մեր մէջ աւելի աճեցնելը կրնայ հետապնդուելիք հոյակապ նպատակակէտ մը ըլլալ (Գաղ. 5։22, 23)։ Իսկ դաշտի ծառայութեան մէջ մարդոց հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերելու կերպեր փնտռելուն մասին ի՞նչ կ’ըսէք։ Ասիկա ընտանեօք կատարելու ջանքը կրնայ երեխաներուն օգնել որ սորվին գթասիրտ ըլլալ, եւ այսպիսով շատ հաւանական պիտի ըլլայ, որ անոնք որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ կամ միսիոնարներ ծառայելու փափաքը զարգացնեն։

11 Ինչո՞ւ չքննարկես որոշ նպատակակէտեր, զորս դուն եւ ընտանիքդ կրնաք հետապնդել։ Ընտանիքդ ծառայութեան համար աւելի ժամանակ տրամադրելու նպատակակէտ մը կրնա՞յ դնել։ Կրնա՞ք ջանալ ձեր ջղագրգռութիւնը յաղթահարել, երբ կը վկայէք հեռաձայնով, փողոցները կամ առեւտրական թաղամասերու մէջ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը աշխատելու հո՛ն, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Ընտանիքի անդամ մը կրնա՞յ նոր լեզու մը սորվիլ, որպէսզի բարի լուրը ուրիշ ազգերէ մարդոց հաղորդէ։

12. Ընտանիքի գլուխներ ի՞նչ կրնան ընել, որ իրենց ընտանիքի անդամներուն օգնեն հոգեւորապէս աճելու։

12 Որպէս ընտանիքի գլուխ՝ գտիր կէտեր, որոնց մէջ ընտանիքդ կրնայ հոգեւորապէս աճիլ։ Ապա մասնայատուկ նպատակակէտեր սահմանէ այդ նպատակին հասնելու համար։ Որպէս ընտանիք ձեր դրած նպատակակէտերը պէտք է իրապաշտ եւ հասանելի ըլլան, ձեր պարագաներուն ու կարողութիւններուն համեմատ (Առ. 13։12)։ Անշուշտ, կարեւոր նպատակակէտի մը հասնիլ ջանալը ժամանակ կ’առնէ։ Ուստի հեռատեսիլ դիտելէն ժամանակ ծախու առէք եւ գործածեցէք հոգեւոր բաներ հետապնդելու համար (Եփ. 5։15, 16)։ Ձեր ընտանիքին համար ձեր դրած նպատակակէտերուն հասնելու համար ծանր աշխատեցէք (Գաղ. 6։9)։ Հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդող ընտանիք մը իր յառաջդիմութիւնը «ամենուն յայտնի» պիտի ընէ (Ա. Տիմ. 4։15

Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը պահպանեցէք

13. Ժողովքային հանդիպումներու շաբաթական յայտագրին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւն մտցուեցաւ, եւ ի՞նչ հարցումներու վրայ պէտք է խոկանք։

13 Որդի մարդոյ գալուստին համար ‘պատրաստ կենալու’ մէջ ընտանիքներուն օգնելու հոյակապ միջոց մըն է՝ ժողովներու շաբաթական յայտագրին նշանակալից փոփոխութիւնը, որ ի զօրու դարձաւ 1 յունուար 2009–ին։ Առանձին օր մը Ժողովքի գիրքի ուսումնասիրութիւն անունով ժողով մը ընելու կարիքը վերջ գտաւ, այդ ժողովը Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին եւ Ծառայութեան ժողովին միանալով։ Այս ճշդումը եղաւ քրիստոնեայ ընտանիքներուն պատեհութիւն մը տալու համար, որպէսզի իրենց հոգեւորութիւնը զօրացնեն՝ ընտանեկան պաշտամունքի համար ամէն շաբաթ մասնայատուկ երեկոյ մը յայտագրելով։ Հիմա որ այդ փոփոխութեան վրայ որոշ ժամանակ մը անցած է, կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Մատչելի դարձած ժամանակը կը գործածե՞մ՝ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը կամ անձնական ուսումնասիրութիւն մը ունենալու համար։ Այս կարգադրութեան նպատակին գոհացում տալուն մէջ յաջողութիւն գտա՞ծ եմ’։

14. ա) Ընտանեկան պաշտամունքի կամ անձնական ուսումնասիրութեան համար երեկոյ մը պահպանելու գլխաւոր նպատակը ի՞նչ է։ բ) Ուսումնասիրութեան համար երեկոյ մը յատկացնելը ինչո՞ւ կենսական է։

14 Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը կամ անձնական ուսումնասիրութեան յայտագիր մը պահպանելու գլխաւոր նպատակն է՝ Աստուծոյ աւելի մօտենալ (Յակ. 4։8)։ Երբ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար ժամանակ կը տրամադրենք եւ Արարիչին մասին մեր գիտութիւնը կ’աւելցնենք, իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը զօրանայ։ Ո՛րքան աւելի մօտենանք Եհովային, ա՛յնքան աւելի մեծ շարժառիթ կ’ունենանք զինք սիրելու ‘մեր բոլոր սրտով եւ բոլոր անձով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր զօրութիւնով’ (Մար. 12։30)։ Վստահաբար կը տենչանք Աստուծոյ հնազանդիլ եւ զինք ընդօրինակել (Եփ. 5։1)։ Ուրեմն, կանոնաւոր Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը պահպանելը բանալի ազդակ մըն է՝ մեր ընտանիքի բոլոր անդամներուն օգնելու որ հոգեւորապէս ‘պատրաստ կենան’, մինչ նախագուշակուած ‘մեծ նեղութեան’ կը սպասենք (Մատ. 24։21)։ Ասիկա վերապրումի համար կենսական է։

15. Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այն բանին վրայ, թէ ընտանիքի անդամներ իրարու հանդէպ ինչպէ՛ս կը զգան։

15 Ընտանեկան պաշտամունքի կարգադրութիւնը ուրիշ նպատակ մըն ալ ունի,– ընտանիքի անդամներուն օգնել որ իրարու աւելի մօտենան։ Ամէն շաբաթ հոգեւոր նիւթեր քննարկելու համար իրարու հետ ժամանակ անցընելը ուշագրաւօրէն կ’ազդէ, թէ ընտանիքի անդամներ իրարու հանդէպ ինչպէ՛ս կը զգան։ Կողակիցներ ի՜նչ մտերմութիւն կը վայելեն, երբ մէկը կը լսէ միւսին արտայայտած ուրախ խօսքերը ա՛յն հոգեւոր գոհարին համար, զոր միասնաբար յայտնաբերեցին (կարդա՛ Ժողովող 4։12Հաւանական է որ միասնաբար պաշտող ծնողներն ու զաւակները սիրոյ մէջ միանան, որ «կատարելութեան կապն է» (Կող. 3։14

16. Պատմէ՛ թէ երեք հոգեւոր քոյրեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար երեկոյ մը յատկացնելով ինչպէ՛ս կ’օգտուին։

16 Նկատի առէք թէ ինչպէ՛ս երեք հոգեւոր քոյրեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար երեկոյ մը յատկացնելու կարգադրութենէն օգտուած են։ Ազգականներ չըլլալով հանդերձ, այս երեք տարեց այրիները նոյն քաղաքին մէջ կ’ապրին եւ երկար տարիներ լաւ բարեկամուհիներ եղած են։ Միասին աւելի ընկերակցութիւն ունենալ փափաքելով, եւ միեւնոյն ատեն ուզելով որ ատիկա հոգեւոր արժէք մը ունենայ քան թէ միայն ընկերային բնոյթ, անոնք որոշեցին երեկոյ մը յատկացնել, որ իրարու հանդիպին եւ Աստուածաշունչը սերտեն։ Անոնք սկսան ասիկա ընել՝ «Հիմնովին վկայութիւն տանք» Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին գիրքը գործածելով։ Անոնցմէ մէկը կ’ըսէ. «Մեր այս պահը ա՛յնքան հաճելի է, որ մեր ուսումնասիրութիւնը սովորաբար մէկ ժամէ աւելի կը տեւէ։ Կը փորձենք մտապատկերել առաջին դարու եղբայրներուն դիմագրաւած վիճակները, եւ կը քննարկենք թէ ի՛նչ պիտի ընէինք նման պարագաներու ներքեւ։ Ապա մեր քննարկութենէն քաղուած կէտերը կը փորձենք կիրարկել ծառայութեան մէջ։ Ասիկա մեր Թագաւորութեան քարոզչութիւնն ու աշակերտելու գործը որեւէ ժամանակէ աւելի հաճոյալի եւ արդիւնաբեր դարձուցած է»։ Զիրենք հոգեւորապէս կերտելու կողքին, կարգադրութիւնը այս երեք լաւ բարեկամուհիները իրարու ա՛լ աւելի մօտեցուցած է։ «Մենք այս կարգադրութիւնը կ’արժեւորենք», կ’ըսեն անոնք։

17. Ի՞նչ ազդակներ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին յաջողութեան կը նպաստեն։

17 Ի՞նչ կարելի է ըսել ձեր մասին։ Ընտանեկան պաշտամունքի կամ անձնական ուսումնասիրութեան համար յատկացուած երեկոյէ մը ինչպէ՞ս կ’օգտուիք։ Եթէ զայն անկանոն կերպով կատարէք, կարգադրութիւնը պիտի չիրագործէ իր փափաքելի նպատակները։ Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ պէտք է պատրաստ ըլլայ որոշուած ժամուն ուսումնասիրելու։ Պզտիկ հարցերուն առիթ պէտք չէ տրուի, որ երեկոն խանգարեն։ Աւելին, ուսումնասիրուելիք նիւթերը այնպիսի կերպով մը պէտք է ընտրուին, որ նիստերը ձեր ընտանիքին համար գործնական ըլլան։ Այս ուսումնասիրութեան պահերը հաճելի դարձնելու համար ի՞նչ կրնաք ընել։ Սորվեցնելու ազդու մեթոտներ ի գործ դրէք եւ մթնոլորտը յարգալից ու հանդարտ պահեցէք (Յակ. 3։18 *

‘Արթուն եղէք’ ու «պատրաստ կեցէք»

18, 19. Որդի մարդոյ գալուստին մօտ ըլլալուն գիտակից ըլլալը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ ձեզի ու ձեր ընտանիքին։

18 Մեր օրերը յատկանշող աշխարհի վատթարացած վիճակները կասկած չեն թողուր, թէ 1914–էն ի վեր, Սատանայի չար աշխարհը իր վերջին օրերուն մէջ մտած է։ Արմագեդոնի փոթորկալից ամպերը հեռու չեն։ Շուտով Որդի մարդոյ պիտի գայ՝ Եհովայի դատաստանը ամբարիշտ մարդոց վրայ ի գործ դնելու (Սաղ. 37։10. Առ. 2։21, 22)։ Այս բանին գիտակից ըլլալը պէտք չէ՞ ձեզի ու ձեր ընտանիքին ազդէ։

19 Ձեր աչքը «պարզ» պահելու Յիսուսի խրատին կ’անսա՞ք։ Մինչ այս աշխարհի մարդիկը կրնան հարստութեան, համբաւի կամ հեղինակութեան ձգտիլ, ձեր ընտանիքը հոգեւոր նպատակակէտեր կը հետապնդէ՞։ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյի կամ անձնական ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ձեզի համար գործ կը տեսնէ՞։ Նախատեսուած նպատակներուն կը հասնի՞ք։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ քննարկուեցաւ, որպէս ամուսին, կին կամ զաւակ, ձեր աստուածաշնչական պատասխանատուութիւնը կը շալկէ՞ք՝ ամբողջ ընտանիքին օգնելով որ ‘արթուն ըլլայ’ (Ա. Թես. 5։6)։ Եթէ այո՛, ուրեմն Որդի մարդոյ գալուստին համար ‘պատրաստ պիտի կենաք’։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Գաղափարներու համար, թէ ի՛նչ ուսումնասիրել եւ ինչպէ՛ս Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոները գործնական ու հաճելի դարձնել, տե՛ս Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 2009 թիւը, էջ 11-13։

Ի՞նչ սորվեցար

• Բացատրէ՛ թէ քրիստոնեայ ընտանիքներ ինչպէ՛ս կրնան ‘պատրաստ կենալ’՝

«պարզ» աչք ունենալով։

հոգեւոր նպատակակէտեր դնելով ու հետապնդելով։

Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը պահպանելով։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]