Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յոյսի առաջնորդող տագնապ

Յոյսի առաջնորդող տագնապ

Յոյսի առաջնորդող տագնապ

«Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան» (Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։1

ՀԵՏԵՒԵԱԼ տխուր դէպքերէն որեւէ մէկուն մասին լսա՞ծ ես կամ ականատես եղա՞ծ ես։

● Մահացու հիւանդութիւն մը շատերու կեանքը խլեց։

● Սով մը հարիւրաւոր մարդիկ գերեզման իջեցուց։

● Երկրաշարժ մը հազարաւորներ սպաննեց եւ շատ աւելի անհատներ անտուն ձգեց։

Յաջորդ էջերուն մէջ պիտի կարդաս կարգ մը զգաստացուցիչ իրողութիւններ այսպիսի դէպքերու մասին։ Նաեւ պիտի տեսնես, թէ Աստուածաշունչը նախագուշակեց այսպիսի իրավիճակներ, որոնք պիտի պատահէին «վերջին օրեր» կոչուող ժամանակաշրջանին մէջ։ *

Սակայն այս յօդուածներուն նպատակը չէ քեզ համոզել, թէ տագնապալից աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք։ Հաւանաբար այս տագնապը ուղղակի կը տեսնես։ Փոխարէն, անոնք գրուած են՝ քեզի յոյս մը տալու համար։ Ասոնք ցոյց պիտի տան, թէ այս վեց մարգարէութիւններուն կատարուիլը կը նշանակէ թէ «վերջին օրերը» շուտով վերջ պիտի գտնեն։ Այս յօդուածաշարքը նաեւ պիտի քննարկէ կարգ մը ընդհանրացած առարկութիւններ այս իրողութեան շուրջ, եւ վաւերական պատճառ պիտի տայ հաւատալու՝ թէ աւելի լաւ բան մը մօտալուտ է։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Թէ ինչո՛ւ Աստուած կը թոյլատրէ այս գէշ իրավիճակները, տե՛ս «Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ չարիքն ու տառապանքը», էջ 12 եւ 13։