Մեռելներուն համար յոյս մը կա՞յ
Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛
Մեռելներուն համար յոյս մը կա՞յ
Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։
1. Մեռելներուն համար յոյսը ի՞նչ է։
Երբ Յիսուս Երուսաղէմի մօտակայքը գտնուող Բեթանիա գիւղը հասաւ, իր բարեկամին՝ Ղազարոսի մահուան վրայ չորս օր անցեր էր։ Յիսուս մեռելին քոյրերուն՝ Մարթային եւ Մարիամին հետ դէպի անոր գերեզմանը ուղղուեցաւ։ Շուտով բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ։ Կրնա՞ս երեւակայել Մարթային ու Մարիամին ուրախութիւնը, երբ Յիսուս Ղազարոսը ետ կեանքի բերաւ (կարդա՛ Յովհաննէս 11։20-24, 38-44)։
Մարթա մեռելներու յարութեան կը հաւատար։ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները վաղուց գիտէին, թէ ապագային՝ Աստուած մեռելները պիտի յարուցանէ, որպէսզի դարձեալ երկրի վրայ ապրին (կարդա՛ Յոբ 14։14, 15)։
2. Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է։
Թէեւ «կենդանութեան շունչ»ը ողջ կը պահէ մարդիկն ու անասունները, բայց մենք ֆիզիքական մարմինի մէջ բնակող հոգիներ չենք (Ժողովող 3։19. Ծննդոց 7։21, 22)։ Մենք հողէ շինուած ֆիզիքական արարածներ ենք (Ծննդոց 2։7. 3։19)։ Երբ մեր ուղեղը մեռնի, մեր խորհուրդները կը կորսուին։ Ուստի, յարութիւն առնելէ ետք, Ղազարոս իր մահուան փորձառութեան մասին ոչինչ ըսաւ, քանի որ մեռելները անգիտակից են (կարդա՛ Սաղմոս 146։4. Ժողովող 9։5, 10)։
Յստակ է որ մեռելները չեն կրնար տառապիլ։ Ուստի այն ուսուցումը թէ Աստուած մարդիկը մահէն ետք կը չարչարէ, սուտ է։ Ատիկա Աստուած կը զրպարտէ։ Կրակի մէջ մարդիկը տանջելու գաղափարը՝ իրեն համար զզուանք է (կարդա՛ Երեմիա 7։31)։
3. Մեռելներու հետ կրնա՞նք խօսիլ։
Մեռելները չեն կրնար խօսիլ (Սաղմոս 115։17)։ Բայց երբ չար հրեշտակներ մարդոց կը խօսին, կրնան խաբէութեամբ դաւանիլ թէ մեռելի մը հոգին են (Բ. Պետրոս 2։4)։ Եհովա մեռելներու հետ խօսելու փորձը կ’արգիլէ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 18։10, 11)։
4. Որո՞նք պիտի վերակենդանանան։
Գալիք նոր աշխարհին մէջ, գերեզմաններու մէջ գտնուող միլիոնաւոր մարդիկ ետ կեանքի պիտի բերուին։ Նոյնիսկ Եհովան չճանչնալով գէշ բաներ ընողներէն ոմանք յարութիւն պիտի առնեն (կարդա՛ Ղուկաս 23։43. Գործք 24։15)։
Յարուցեալները պիտի կարենան Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվիլ, եւ Յիսուսին հաւատալ՝ իրեն հնազանդելով (Յայտնութիւն 20։11-13)։ Այն յարուցեալները որոնք բարի բաներ կ’ընեն, պիտի կարենան երկրի վրայ կեանքը յաւիտեան վայելել։ Սակայն յարութիւն առնողներէն ոմանք պիտի շարունակեն գէշ բաներ ընել։ Ուստի անոնց յարութիւնը՝ ‘դատապարտութեան յարութիւն’ պիտի ըլլայ (կարդա՛ Յովհաննէս 5։28, 29)։
5. Յարութիւնը մեզի ի՞նչ կը յայտնէ Եհովայի մասին։
Յարութիւնը կարելի դարձաւ, քանի որ Աստուած իր Որդին ղրկեց՝ մեզի համար իր կեանքը տալու։ Ուստի յարութիւնը Եհովայի սիրոյն եւ անարժան բարութեան մէկ արտայայտութիւնն է (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16. Հռովմայեցիս 6։23)։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 6–րդ եւ 7–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
[Նկար՝ էջ 20]
Ադամ հողէն ստեղծուեցաւ