Մխիթարութիւն՝ կոտրած սիրտ ունեցողներուն
Աստուծոյ մօտեցիր
Մխիթարութիւն՝ կոտրած սիրտ ունեցողներուն
‘ԵՀՈՎԱՆ բնաւ չի կրնար զիս սիրել’, ըսաւ քրիստոնեայ կին մը, որ երկար տարիներ ընկճուածութեան հետ մաքառած է։ Ան ինքզինք համոզեց թէ Եհովան իրմէ հեռացած ըլլալու է։ Միթէ Եհովան իրապէս հեռո՞ւ է իր այն երկրպագուներէն, որոնք կրնան ընկճուած ըլլալ։ Մխիթարական պատասխանը կը գտնուի սաղմոսերգու Դաւիթին ներշնչուած խօսքերուն մէջ, ինչպէս որ արձանագրուած են Սաղմոս 34։18–ի մէջ։
Դաւիթ գիտէր այն ազդեցութիւնը, զոր ծայրայեղ նեղութիւնը կրնայ ունենալ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուի մը վրայ։ Երիտասարդ Դաւիթ իբրեւ փախստական ապրեցաւ, մինչ նախանձով գրգռուած Սաւուղ թագաւորը անխոնջօրէն սպաննելու մտադրութեամբ զինք կը հալածէր։ Դաւիթ ապաստանարան փնտռեց այնպիսի տեղ մը, ուր խորհեցաւ թէ Սաւուղին մտքէն պիտի չանցնէր զինք հոն գտնել,– թշնամի Գէթ քաղաքը, փղշտացիներու երկրին մէջ։ Բայց ճանչցուելէ ետք, Դաւիթ հազիւ պրծաւ՝ ինքզինք խենթ ձեւացնելով։ Ան Աստուծոյ փառք տուաւ իր փրկութեան համար, եւ այս փորձառութեան հիման վրայ 34–րդ սաղմոսը գրեց։
Դաւիթ խորհեցա՞ւ որ Աստուած հեռու է անոնցմէ՝ որոնք նեղութեան դիմաց կը վհատին կամ կը զգան թէ Իր ուշադրութեան արժանի չեն։ Ան կը գրէ. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ» (համար 18)։ Տեսնենք թէ այս խօսքերը ի՛նչ կերպով մխիթարութիւն ու յոյս կու տան։
«Տէրը մօտ է»։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ թէ այս խօսքը «արտայայտիչ ձեւ մըն է ըսելու՝ թէ Տէրը ուշադիր եւ աչալուրջ է, իր ժողովուրդին օգնելու եւ փրկելու համար մի՛շտ պատրաստ»։ Սրտապնդիչ է գիտնալ, թէ Եհովան իր ժողովուրդին վրայ կը հսկէ։ Ան կը տեսնէ թէ անոնք այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ ինչերէ կ’անցնին, եւ գիտէ անոնց ամենաներքին զգացումները (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Գործք 17։27)։
«Որոնց սիրտը կոտրած է»։ Սաղմոսերգուին խօսքերը «ընդհանուր վիշտի եւ կսկիծի» կ’ակնարկեն, կ’ըսէ ուսումնական մը։ Այո, մինչեւ իսկ Աստուծոյ հաւատարիմ երկրպագուները կրնան ատեն–ատեն դիմագրաւել ծայրայեղ դժուարութիւններ, որոնք իրենց սիրտը կը կոտրեն։
«Հոգիով խոնարհածները»։ Վհատած անհատները թերեւս ինքզինքնին ա՛յնքան անարժէք զգան, որ շուտով ամէն յոյս կը կորսնցնեն։ Աստուածաշունչ թարգմանողներու ձեռագիրք մը կ’ըսէ, թէ այս արտայայտութիւնը կրնայ թարգմանուիլ՝ «իրենց առջեւ որեւէ բարիք չտեսնողները»։
Եհովան ինչպէ՞ս կը վարուի անոնց հետ, «որոնց սիրտը կոտրած է» եւ «հոգիով խոնարհած են»։ Միթէ ան անոնցմէ հեռո՞ւ կը մնայ, սեպելով որ անոնք արժանի չեն իր սիրոյն եւ ուշադրութեան։ Ընդհակառա՛կը։ Սիրառատ ծնողի մը նման, որ նեղութիւն կրող զաւակը կը գրկէ ու կը մխիթարէ, Եհովան մօտիկ է իր երկրպագուներուն, որոնք իրմէ օգնութիւն կ’աղերսեն։ Ան կը տենչայ անոնց կոտրած սիրտն ու խոնարհած հոգին մխիթարել ու սփոփել։ Ան կրնայ անոնց տալ հարկ եղած իմաստութիւնն ու զօրութիւնը, որպէսզի գլուխ ելլեն իրենց դիմագրաւած որեւէ փորձութեան հետ (Բ. Կորնթացիս 4։7. Յակոբոս 1։5)։
Ինչո՞ւ չգիտնաս թէ ինչպէ՛ս կրնաս Եհովային աւելի մօտենալ։ Այս գթասիրտ Աստուածը կը խոստանայ. «Ես. . . կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ, որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմ եւ կոտրած սրտերը ապրեցնեմ» (Եսայի 57։15)։