Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ երջանիկ ըլլալ
Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛
Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ երջանիկ ըլլալ
Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։
1. Ընտանեկան երջանկութեան համար, ամուսնութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։
Ամուսնութեան Հիմնադիրը Եհովան է, ուրախ Աստուածը։ Ամուսնութիւնը ընտանեկան երջանկութեան համար կարեւոր է, քանի որ ընկերակցութեան կողքին, կը հայթայթէ ապահով միջավայր մը՝ երեխաները մեծցնելու։ Աստուած ամուսնութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատէ։ Ան կ’ուզէ որ անիկա տղամարդու եւ կնոջ միջեւ մնայուն եւ օրինապէս արձանագրուած միութիւն մը ըլլայ (Ղուկաս 2։1-5)։ Աստուած կ’ուզէ որ ամուսինը եւ կինը իրարու հաւատարիմ ըլլան (Եբրայեցիս 13։4)։ Միայն մէկ պարագայով Եհովան կ’արտօնէ որ քրիստոնեաներ ամուսնալուծուին եւ վերամուսնանան,– եթէ իրենց կողակիցը շնութիւն գործէ (կարդա՛ Մատթէոս 19։3-6, 9)։
2. Ամուսին մը եւ կին մը իրարու հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։
Եհովան տղամարդն ու կինը ստեղծեց, որպէսզի ամուսնութեան մէջ իրար ամբողջացնեն (Ծննդոց 2։18)։ Որպէս ընտանիքի գլուխ, ամուսին մը պէտք է իր ընտանիքին նիւթապէս հոգ տանելու եւ Աստուծոյ մասին սորվեցնելու մէջ առաջնորդութիւն առնէ։ Ան իր կինը անձնուրացօրէն պէտք է սիրէ։ Ամուսիններ եւ կիներ իրար պէտք է սիրեն ու յարգեն։ Որո՛վհետեւ բոլոր այրերն ու կիները անկատար են, երջանիկ ամուսնութեան մէկ բանալին՝ ներել սորվիլն է (կարդա՛ Եփեսացիս 4։31, 32. 5։22-25, 33. Ա. Պետրոս 3։7)։
3. Եթէ երջանիկ ամուսնութիւն մը չես վայելեր, պէ՞տք է կողակիցդ լքես։
Եթէ դուն եւ կողակիցդ խնդիրներ կը դիմագրաւէք, ջանացէք իրարու հետ սիրով վարուիլ (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5)։ Աստուծոյ Խօսքը չի յանձնարարեր որ ամուսնական խնդիրները լուծելու համար բաժանումի դիմենք։ Սակայն, ծայրայեղ պարագաներու ներքեւ, քրիստոնեայ մը պիտի ստիպուի որոշել թէ յարմա՛ր է բաժնուիլ կամ ոչ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։10-13)։
4. Զաւակնե՛ր, Աստուած ձեզի համար ի՞նչ կ’ուզէ։
Եհովան կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաք։ Ձեր պատանեկութիւնը ինչպէ՛ս վայելելու վերաբերեալ, ան ձեզի լաւագոյն խրատը կու տայ։ Ան կ’ուզէ որ ձեր ծնողներուն իմաստութենէն ու փորձառութենէն օգտուիք (Կողոսացիս 3։20)։ Եհովան կը գնահատէ որեւէ բան, որ կ’ընէք զինք փառաբանելու համար (կարդա՛ Ժողովող 11։9–12։1. Մատթէոս 19։13-15. 21։15, 16)։
5. Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները ինչպէ՞ս կրնան երջանկութիւն գտնել։
Պէտք է որ ծանր աշխատիք ձեր զաւակներուն ուտելիք, բնակարան եւ հագուստ ապահովելու համար (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Բայց որպէսզի ձեր զաւակները երջանկութիւն գտնեն, հարկ է որ նաեւ անոնց սորվեցնէք որ Աստուած սիրեն եւ իրմէ սորվին (Եփեսացիս 6։4)։ Աստուած սիրելու վերաբերեալ ձեր հանդիսացած օրինակը կրնայ խորապէս ազդել ձեր զաւակին։ Երբ ձեր տուած ցուցմունքները Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ ըլլան, ձեր զաւակին մտածելակերպը դրական կերպով կը կաղապարուի (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։4-7. Առակաց 22։6)։
Զաւակները կ’օգտուին, երբ զիրենք կը քաջալերէք ու կը գովէք։ Ասկէ զատ, անոնք սրբագրուելու եւ կրթուելու կարիք ունին։ Այսպիսի մարզում զիրենք կը պաշտպանէ այն վարքէն, որ կրնայ երջանկութիւնը իրենցմէ խլել (Առակաց 22։15)։ Ասով հանդերձ, կրթութիւնը բնաւ պէտք չէ կոշտ կամ անգութ կերպով տրուի (կարդա՛ Կողոսացիս 3։21)։
Եհովայի վկաները շատ մը գիրքեր կը հրատարակեն, որոնք յատկապէս գրուած են ծնողներուն եւ զաւակներուն օգնելու համար։ Այս գիրքերը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած են (կարդա՛ Սաղմոս 19։7, 11)։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 14–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։