2 Իրականութեան մէջ, Աստուած չի հոգար. շիտա՞կ է
2 Իրականութեան մէջ, Աստուած չի հոգար. շիտա՞կ է
Ինչ որ թերեւս լսած ըլլաս։ «Եթէ Աստուած իսկապէս հոգ տանէր մարդկութեան, աշխարհի երեսէն պիտի վերցնէր չարութիւնն ու տառապանքը։ Եւ նո՛յնիսկ եթէ ընդհանուր մարդկութեամբ ալ հետաքրքրուած ըլլայ, անոր հոգը չէ թէ ինծի ի՛նչ կը պատահի»։
Ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ։ Եհովա Աստուած չարութիւն չի պատճառեր (Յակոբոս 1։13)։ Թէեւ ան կրնայ չարութիւնը որեւէ ատեն անհետացնել, սակայն՝ թոյլ կու տայ որ փտած ընկերութիւն մը այժմ գոյատեւէ, որպէսզի լուծէ բարոյական հարցեր, որոնք մարդկային պատմութեան սկիզբը ծագեցան։ Վերջ ի վերջոյ, ան մարդկութեան ի նպաստ գործի պիտի լծուի եւ իր իշխանութիւնը մերժողներուն բերած բոլոր տառապանքներուն վերջ պիտի դնէ (Ծննդոց 3։1-6. Եսայի 65։17)։ *
Մարդկային ընտանիքի նկատմամբ իր ընդհանուր նկատառութեան կողքին, Աստուած իւրաքանչիւրովս խորապէս կը հետաքրքրուի։ Մատթէոս 10։29-31–ը ցոյց կու տայ, թէ ան մեր մասին մանրամասնութիւններ կը նկատէ, որոնք նոյնիսկ մենք չենք գիտեր. «Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։
Ճշմարտութիւնը գիտնալը քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ։ Մենք ընդհանրապէս կը խուսափինք այն անհատներէն, որոնք կոպիտ կամ անհոգ են։ Զարմանալի չէ որ «Աստուած անհոգ է» ըսուած սուտը պատճառ կ’ըլլայ, որ շատեր կա՛մ լման խուսափին զինք ճանչնալէն, կամ ալ իրեն դիմեն միա՛յն երբ զգան թէ ուրիշ ճար չկայ։ Սակայն, գիտնալը թէ Եհովա Աստուած ի՛րապէս կը հոգայ, կրնայ քեզ մղել որ փափաքիս իր մասին աւելին սորվիլ եւ իրեն հետ բարեկամութիւն մը կերտել։
Օրինակի համար, թերեւս Աստուծոյ աղօթելէ ետք հարց տուած ես, թէ արդեօք ան քեզ լսե՛ց կամ՝ պիտի պատասխանէ՛ թէ ոչ։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ «աղօթքի լսող»ը հաղորդակցութեան այս գիծը մի՛շտ բաց կը պահէ բոլոր անո՛նց, որոնք անկեղծօրէն կը դիմեն իրեն (Սաղմոս 65։2)։
Աստուած քեզի կ’ըսէ որ ‘ամէն հոգդ իր վրայ ձգես, վասն զի քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Պետրոս 5։7)։ Նոյնիսկ երբ խիստ նեղութիւններէ անցնինք, կրնանք իր հոգատարութեան վստահիլ, քանի որ իր Խօսքը կ’ըսէ. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ» (Սաղմոս 34։18)։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 3 Յաւելեալ տեղեկութեան համար, թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 11–րդ գլուխը։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Եթէ Աստուած չի հոգար, ինչո՞ւ մեզի կ’ըսէ որ իրեն աղօթենք