Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ բարեկամներ ընտրել

Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ բարեկամներ ընտրել

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ բարեկամներ ընտրել

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Մեր բարեկամները ինչո՞ւ ուշադրութեամբ պէտք է ընտրենք։

Մարդոց մեծամասնութիւնը կ’ախորժի ուրիշներուն կողմէ ընդունելի ըլլալէ։ Այս փափաքը յաճախ պատճառ կը դառնայ որ մեր շուրջինները ընդօրինակենք։ Ուստի, մեր բարեկամները զօրաւոր ազդեցութիւն ունին մեր սրտին մէջ զարգացած կեցուածքներուն վրայ։ Հետեւաբար, մեր բարեկամներու ընտրութիւնը կրնայ մեր անձնաւորութեան ազդել (կարդա՛ Առակաց 4։23. 13։20

Աստուածաշունչի ներշնչեալ գրողը՝ Դաւիթ, իր բարեկամները իմաստութեամբ ընտրեց։ Ան ընկերակցեցաւ անոնց հետ՝ որոնք իրեն օգնեցին որ որպէս Աստուծոյ ծառայ իր ուղղամտութիւնը պահէ (Սաղմոս 26։4, 5, 11, 12)։ Զոր օրինակ, Դաւիթ Յովնաթանի բարեկամութիւնը վայելեց, քանի որ Յովնաթան զինք քաջալերեց որ Եհովայի վստահի (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 23։16-18

2. Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։

Թէեւ Եհովա ամենակարող է, սակայն կրնա՛նք իր բարեկամները ըլլալ։ Զոր օրինակ, Աբրահամ Աստուծոյ բարեկամը եղաւ։ Ան Եհովայի վստահեցաւ եւ հնազանդեցաւ, ուստի Ան զինք իր բարեկամը նկատեց (Ծննդոց 22։2, 9-12. Յակոբոս 2։21-23)։ Եթէ Եհովայի վստահինք եւ ընենք այն ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ, մենք եւս կրնանք իր բարեկամները ըլլալ (կարդա՛ Սաղմոս 15։1, 2

3. Ինչպէ՞ս կրնաս լաւ բարեկամներէ օգտուիլ։

Ճշմարիտ բարեկամները հաւատարիմ են, եւ քեզի կ’օգնեն շիտակը ընելու (Առակաց 17։17. 18։24)։ Զոր օրինակ, թէեւ Յովնաթան Դաւիթէն հաւանաբար 30 տարի մեծ էր, եւ բնականաբար Իսրայէլի գահը պիտի ժառանգէր, սակայն ան հաւատարմօրէն աջակցեցաւ Դաւիթի, որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ապագայ թագաւորը։ Ճշմարիտ բարեկամները նաեւ քեզ սրբագրելու քաջութիւնը ունին, եթէ տեսնեն թէ անմտօրէն կը գործես (Սաղմոս 141։5)։ Աստուած սիրող բարեկամներ, քեզի պիտի օգնեն որ լաւ սովորութիւններ մշակես (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։33

Շիտակ բաներու հանդէպ սէրդ բաժնող անհատներու կրնաս հանդիպիլ Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Հոն պիտի գտնես բարեկամներ՝ որոնք քեզ պիտի քաջալերեն Աստուած հաճեցնելու ջանքերուդ մէջ (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25

Սակայն, նո՛յնիսկ Աստուած սիրող բարեկամներ ատեններ կրնան մեզ յուսախաբ ընել։ Անոնց սխալներով դիւրաւ մի՛ վիրաւորուիր (Ժողովող 7։9, 20-22)։ Յիշէ՛, թէ չկայ բարեկամ մը որ կատարեալ է, եւ Աստուած սիրող բարեկամներ մեզի համար թանկարժէք են։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ, որ մեր հաւատակիցներուն սխալները անտեսենք (կարդա՛ Կողոսացիս 3։13

4. Ի՞նչ ընել եթէ «բարեկամները» քեզի հակառակին։

Շատեր կը նկատեն, թէ երբ սկսին Աստուծոյ Խօսքը հասկնալու օգնութիւն ստանալ, իրենց հին բարեկամներէն ոմանք իրենց կը հակառակին։ Կրնայ ըլլալ որ այսպիսի բարեկամներ չեն հասկնար Աստուածաշունչի մէջ քու գտած գործնական խրատը կամ վստահելի յոյսը։ Թերեւս անոնց կարենաս օգնել (կարդա՛ Կողոսացիս 4։6

«Բարեկամներ» կրնան Աստուծոյ Խօսքին մէջ ներկայացուած բարի լուրը ծաղրել (Բ. Պետրոս 3։3, 4)։ Ոմանք կրնան շիտակը ընելու ջանքերդ ծաղրել (Ա. Պետրոս 4։4)։ Եթէ ասիկա քեզի պատահի, թերեւս ստիպուիս ընտրել կա՛մ անոնց բարեկամը եւ կամ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։ Եթէ ընտրես Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, ամէնէն լաւագոյն բարեկամը ընտրած պիտի ըլլաս (կարդա՛ Յակոբոս 4։4, 8

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 12–րդ եւ 19–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։