Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սրտանց Եհովային զոհեր մատուցանենք

Սրտանց Եհովային զոհեր մատուցանենք

Սրտանց Եհովային զոհեր մատուցանենք

«Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը» (ԿՈՂ. 3։23

ԿՐՆԱ՞Ս ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ.

Մեր առօրեայ գործունէութիւններուն մէջ, ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան պատուել։

Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ ի՞նչ զոհեր կը մատուցանենք։

Մեր նիւթական բաները ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի մատուցանել։

1-3. ա) Տանջանքի ցիցին վրայ Յիսուսի մահը նշանակե՞ց թէ Եհովան որեւէ տեսակի զոհ այլեւս մեզմէ չի պահանջեր. բացատրէ՛։ բ) Այժմու զոհերուն նկատմամբ ի՞նչ հարցում կը ծագի։

ԵՀՈՎԱՆ մ.թ. առաջին դարուն, իր ժողովուրդին յայտնեց թէ Յիսուսի փրկանքի զոհը Մովսիսական օրէնքին վերջ դրած էր (Կող. 2։13, 14)։ Եհովա այլեւս չէր պահանջեր որեւէ անասնական զոհ եւ ուրիշ ընծաներ, որոնք հրեաները հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր կը մատուցանէին։ Օրէնքը, որպէս դաստիարակ, հրեաները «Քրիստոսին բերելու» իր դերը կատարած էր (Գաղ. 3։24

2 Ասիկա չի նշանակեր, թէ քրիստոնեաները այլեւս զոհերով հետաքրքրուած չեն։ Ընդհակառա՛կը, Պետրոս առաքեալ «Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Աստուծոյ հաճելի հոգեւոր պատարագներ մատուցանելու» կարիքին մասին խօսեցաւ (Ա. Պետ. 2։5)։ Ասկէ զատ, Պօղոս առաքեալ յստակ դարձուցած էր, թէ նուիրուած քրիստոնեայի մը կեանքին իւրաքանչիւր երեսակը կարելի է պատշաճօրէն «զոհ մը» նկատել (Հռով. 12։1

3 Ուստի, քրիստոնեան Եհովայի զոհեր կը մատուցանէ, կա՛մ որոշ բաներ իրեն տրամադրելով եւ կամ իրեն համար որոշ բաներէ հրաժարելով։ Իսրայէլացիներուն մատուցած զոհերուն առնչութեամբ մեր ունեցած գիտութեան հիման վրայ, ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ թէ ներկայիս մեր բոլոր զոհերը Եհովայի ընդունելի են։

ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

4. Կեանքի առօրեայ գործունէութիւններուն մասին ի՞նչ պէտք է յիշենք։

4 Մեր կեանքի գործունէութիւններուն եւ Եհովայի զոհեր մատուցանելուն միջեւ կապ տեսնելը դժուար կրնայ ըլլալ։ Առտնին պարտականութիւնները, դպրոցական դասերը, աշխարհիկ գործը, գնումը եւ նման բաներ, երեւութապէս հոգեւոր հետաքրքրութիւններու հետ չնչին կապ ունին։ Սակայն, եթէ կեանքդ Եհովայի նուիրած ես կամ կը յուսաս մօտերս նուիրել, կարեւոր է որ յիշես թէ այս առօրեայ գործունէութիւնները ի՛րապէս կրնան Եհովայի հետ փոխյարաբերութեանդ ազդել։ Մենք օրը 24 ժամ քրիստոնեայ ենք, եւ մեր կեանքի իւրաքանչիւր երեսակին մէջ, աստուածաշնչական սկզբունքները պէտք է կիրարկուին։ Ուստի, Պօղոս մեզ յորդորեց. «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց» (կարդա՛ Կողոսացիս 3։18-24

5, 6. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որոշելու թէ ի՛նչ հագուինք եւ ինչպէ՛ս վարուինք։

5 Քրիստոնեային առօրեայ գործունէութիւնները, իր սուրբ ծառայութեան մաս չեն կազմեր։ Սակայն, այն իրողութիւնը թէ Պօղոս մեզ կը յորդորէ որ աշխատինք «սրտանց. . . որպէս թէ Տէրոջը», մեզ կը մղէ որ մեր ամբողջ կենցաղին մասին խորհինք։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա մեր կեանքին մէջ կիրարկել։ Ամէն ատեն պատշաճօրէն կը վարուինք ու կը հագուի՞նք։ Կամ, մինչ առօրեայ գործունէութիւններու միջամուխ կ’ըլլանք, մեր վարուելակերպին կամ հագուելակերպին պատճառով կրնա՞յ ըլլալ որ ամչնանք մեր ինքնութիւնը բնորոշելու որպէս Եհովայի վկաներ։ Բնա՛ւ թոյլ պէտք չէ տանք որ ատիկա պատահի։ Եհովայի ժողովուրդը պիտի չուզէր ընել որեւէ բան որ կրնայ Անոր անունը արատաւորել (Եսա. 43։10. Բ. Կոր. 6։3, 4, 9

6 Քննարկենք թէ ինչպէ՛ս փափաքիլը որ ‘սրտանց ընենք որպէս թէ Տէրոջը’, կեանքի զանազան մարզերուն կ’ազդէ։ Քննարկութեան ընթացքին, ի մտի ունենանք թէ իսրայէլացիներուն մատուցած բոլոր զոհերը պէտք էր իրենց լաւագոյնը ըլլային (Ել. 23։19

ԿԵԱՆՔԴ ԻՆՉՊԷ՛Ս Կ’ԱԶԴՈՒԻ

7. Քրիստոնէական նուիրումին մէջ ի՞նչ պարփակուած է։

7 Երբ Եհովայի նուիրուեցար, այդ որոշումը անվերապահօրէն առիր, այնպէս չէ՞։ Իրականութեան մէջ, դուն ըսիր թէ կեանքիդ իւրաքանչիւր երեսակին մէջ Եհովան առաջին տեղը պիտի դնես (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։7Ասիկա լաւ որոշում մըն էր։ Անկասկած, նկատած ես թէ երբ հարցի մը շուրջ Եհովայի կամքը կը փնտռես եւ կը ջանաս ատոր հետ ներդաշնակ գործել, արդիւնքը հոյակապ կ’ըլլայ (Եսա. 48։17, 18)։ Աստուծոյ ժողովուրդը սուրբ ե՛ւ ուրախ է, քանի որ իրեն ցուցմունքներ Տուողին յատկութիւնները կ’արտացոլացնէ (Ղեւ. 11։44. Ա. Տիմ. 1։11

8. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ յիշենք, թէ Եհովա իսրայէլացիներուն մատուցած զոհերը սուրբ նկատեց։

8 Իսրայէլացիներուն մատուցած զոհերը սուրբ կը նկատուէին (Ղեւ. 6։25. 7։1)։ «Սրբութիւն» թարգմանուած եբրայերէն բառը կը հաղորդէ անջատ ըլլալու կամ միմիայն Աստուծոյ պատկանելու գաղափարը։ Որպէսզի մեր զոհերը Եհովայի ընդունելի ըլլան, պէտք է հեռու մնանք որեւէ անմաքուր բանէ որ աշխարհին մէջ է։ Չենք կրնար սիրել ի՛նչ որ Եհովա կ’ատէ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։15-17Յստակ է որ ասիկա կը նշանակէ, թէ պէտք է խուսափինք ընկերակցութիւններէ կամ բաներէ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ որ Աստուած մեզ անմաքուր սեպէ (Եսա. 2։4. Յայտ. 18։4)։ Ասիկա նաեւ կը նշանակէ, թէ չենք կրնար թոյլ տալ մեր աչքին որ անմաքուր կամ անբարոյ բաներու շարունակէ նայիլ, կամ թոյլ տալ մեր մտքին որ այսպիսի բաներու մասին երեւակայէ (Կող. 3։5, 6

9. Ուրիշներու ի նպաստ քրիստոնեային ըրածները ո՞րքան կարեւոր են եւ ինչո՞ւ։

9 Պօղոս հաւատակիցները յորդորեց. «Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի» (Եբ. 13։16)։ Ուստի, եթէ միշտ բարի բաներ ընենք եւ ուրիշներուն օգնենք, Եհովա մեր այս արարքները ընդունելի զոհ պիտի նկատէ։ Այսպէս ընելով, ցոյց կու տանք թէ ճշմարիտ քրիստոնեաներ ենք (Յովհ. 13։34, 35. Կող. 1։10

ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐ

10, 11. Եհովա մեր քրիստոնէական ծառայութիւնն ու պաշտամունքը ինչպէ՞ս կը նկատէ, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

10 Բացայայտ կերպերէն մէկը, որով մենք՝ քրիստոնեաներս՝ ուրիշներուն բարի բաներ կ’ընենք, ‘հրապարակաւ մեր յոյսին մասին հռչակելն’ է։ Ամէն պատեհութիւն կ’օգտագործե՞ս վկայութիւն տալու համար։ Պօղոս քրիստոնէական այս կենսական գործունէութիւնը կոչեց՝ «Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ. . . շրթունքներուն պտուղը, որոնք [Աստուծոյ] անունը կը դաւանին» (Եբ. 10։23, ՆԱ. 13։15. Ով. 14։2)։ Շատ բան կրնայ ըսուիլ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մեր տրամադրած ժամանակի քանակին ու որակին մասին. եւ Ծառայութեան ժողովի շատ մը բաժինները պատրաստուած են որ այս հարցին շուրջ մեզ մղեն մտածելու։ Մէկ խօսքով, քանի որ մեր դաշտի ծառայութեան եւ անպաշտօն վկայութեան գործունէութիւնները «օրհնութեան պատարագ» են,– մեր պաշտամունքին մէկ մասը,– ատիկա մեր մատուցանելիք լաւագո՛յն զոհը պէտք է ըլլայ։ Մինչ պարագաները կը տարբերին, բարի լուրը յայտարարելու մեր տրամադրած ժամանակը յաճախ հոգեւոր բաներու հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’արտացոլացնէ։

11 Քրիստոնեաները կանոնաւորաբար ժամանակ կը յատկացնեն, որ անձնապէս կամ խմբովին պաշտամունք մատուցանեն։ Եհովա կը պահանջէ որ այդպէս ընենք։ Ճիշդ է որ այլեւս հարկ չունինք Շաբաթի հանգիստ պահելու կամ տօներու առթիւ կանոնաւորաբար Երուսաղէմ ճամբորդելու. սակայն, այդ վաղեմի տօնակատարութիւնները քրիստոնէական կեանքէն ներս իրենց համանմանները ունին։ Ամէն օր ընելիք շատ մը բաներ ունինք, բայց Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր ժամանակէն մաս մը օգտագործենք իր Խօսքը ուսումնասիրելու, աղօթելու եւ ժողովներու յաճախելու համար։ Եւ քրիստոնեայ ընտանիքի գլուխը իր տան ընտանեկան պաշտամունքը վարելու մէջ նախաձեռնութիւնը կ’առնէ (Ա. Թես. 5։17. Եբ. 10։24, 25)։ Մեր հոգեւոր գործունէութիւններուն առնչութեամբ, լաւ է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Պաշտամունքիս որակը կրնա՞մ բարելաւել’։

12. ա) Վաղեմի պաշտամունքին մէջ խունկ մատուցանելը, ներկայիս ի՞նչ բանի հետ կրնայ բաղդատուիլ։ բ) Այս համեմատութիւնը մեր աղօթքներուն բովանդակութեան ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ։

12 Դաւիթ թագաւոր Եհովային տաղերգեց. «Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ» (Սաղ. 141։2)։ Պահ մը խորհէ՛ աղօթքներուդ մասին,– ատոնց կանոնաւորութեան եւ որակին մասին։ Յայտնութիւն գիրքը «սուրբերուն աղօթքները» խունկի կը նմանցնէ, այն առումով որ ընդունելի աղօթքները անուշ հոտի մը նման կը բարձրանան Եհովային (Յայտ. 5։8)։ Վաղեմի իսրայէլի մէջ, Եհովայի զոհասեղանին վրայ կանոնաւորաբար մատուցուող խունկը պէտք էր բծախնդրաբար եւ ճշգրտօրէն պատրաստուէր։ Ատիկա ընդունելի էր Եհովայի, միայն եթէ իր հաստատած ուղեգծերուն համաձայն մատուցանուէր (Ել. 30։34-37. Ղեւ. 10։1, 2)։ Նմանապէս, եթէ Եհովային տուած ցուցմունքներուն համաձայն աղօթենք եւ աղօթքը սուրբ բան մը նկատենք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան մեր աղօթքները պիտի ընդունի։

ՏԱԼ ԵՒ ՍՏԱՆԱԼ

13, 14. ա) Եպափրոդիտոս եւ Փիլիպպէի ժողովքը Պօղոսին ի՞նչ ծառայութիւն ըրին, եւ առաքեալը ասոր նկատմամբ ինչպէ՞ս զգաց։ բ) Եպափրոդիտոսի եւ փիլիպպեցիներու օրինակին ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ։

13 Համաշխարհային գործին նեցուկ կանգնելու դրամական նուիրատուութիւնները կրնանք զոհի մը նմանցնել, ո՛րքան ալ տանք (Մար. 12։41-44)։ Մ.թ. առաջին դարուն, Փիլիպպէի ժողովքը Եպափրոդիտոսը Հռոմ ղրկեց, որպէսզի Պօղոսի ֆիզիքական կարիքները հոգայ։ Փիլիպպեցիներուն այդ պատուիրակը բացայայտօրէն իրեն հետ ժողովքէն դրամական նուէր մը տարաւ։ Ասիկա առաջին անգամը չէր որ փիլիպպեցիները Պօղոսի հանդէպ առատաձեռն գտնուած էին։ Իրենց ազնուութեամբ, անոնք կը մտադրէին Պօղոսը նիւթական մտահոգութիւններէ ձերբազատել, որպէսզի կարենայ ծառայութեան համար աւելի ժամանակ տրամադրել։ Պօղոս այս նուէրը կոչեց «անոյշ հոտ մը. . . ընդունելի պատարագ, Աստուծոյ հաճելի» (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։15-19Պօղոս,– ե՛ւ Եհովան,– փիլիպպեցիներուն ազնիւ կեցուածքը ի՛րապէս գնահատեց։

14 Նմանապէս այսօր, Եհովա խորապէս կը գնահատէ համաշխարհային գործին համար մեր ըրած նուիրատուութիւնները։ Ասկէ զատ, ան կը խոստանայ թէ եթէ Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք, մեր բոլո՛ր կարիքները պիտի հոգայ, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ֆիզիքական (Մատ. 6։33. Ղուկ. 6։38

ԳՆԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆԴ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ

15. Ի՞նչ են կարգ մը բաներ, որոնց համար Եհովայի երախտապարտ ես։

15 Եհովային երախտապարտ ըլլալու շա՜տ պատճառներ ունինք, եւ զանոնք թուելը երկա՜ր ժամանակ պիտի առնէր։ Ճիշդ չէ՞ թէ ամէն օր պէտք է իրեն շնորհակալութիւն յայտնենք կեանքի պարգեւին համար։ Ողջ մնալու համար ան մեզի պէտք եղած ամէն բան կու տայ,– ուտելիք, հագուստ եւ բնակարան, ինչպէս նաեւ ամէն շունչ որ կ’առնենք։ Ասկէ զատ, ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած մեր հաւատքը, մեզի յոյս կու տայ։ Պատշաճ է որ Եհովան պաշտենք եւ իրեն օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, պարզապէս իր ո՛վ ըլլալուն եւ մեզի ի նպաստ իր ըրած բոլոր բաներուն համար (կարդա՛ Յայտնութիւն 4։10բ

16. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, թէ Քրիստոսի փրկանքի զոհաբերութեան համար երախտապարտ ենք։

16 Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, մարդկութեան տուած Աստուծոյ յատկապէս թանկագին պարգեւը, Քրիստոսի փրկանքի զոհաբերութիւնն է։ Ասիկա մեզի հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն ուշագրաւ մէկ դրսեւորումն է (Ա. Յովհ. 4։10)։ Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք որ ասոր համար երախտապարտ ենք։ Պօղոս ըսաւ. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ. . . Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ» (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Իրականութեան մէջ, Պօղոս կ’ըսէր թէ եթէ Աստուծոյ անզուգական բարութիւնը կը գնահատենք, մեր կեանքը պիտի գործածենք Զինք եւ իր Որդին պատուելու համար։ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի հանդէպ մեր սէրն ու գնահատութիւնը կ’արտայայտուի մեր հնազանդութեամբ եւ քարոզելու ու աշակերտելու մեր փափաքով (Ա. Տիմ. 2։3, 4. Ա. Յովհ. 5։3

17, 18. Ոմանք ի՞նչ կերպերով իրենց օրհնութեան պատարագը աւելցուցած են. օրինակ մը տո՛ւր։

17 Կարելի՞ է որ Աստուծոյ մատուցած օրհնութեան պատարագդ բարելաւես։ Խոկալէ ետք իրենց ի նպաստ Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն վրայ, շատեր մղուած են իրենց ժամանակը եւ գործունէութիւնները դասաւորելու, որպէսզի Թագաւորութեան քարոզչութեան կամ այլ աստուածպետական գործունէութիւններու մէջ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնեն։ Ոմանք կրցած են ամէն տարի ամիս մը կամ քանի մը ամիս օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել, մինչ ուրիշներ կրցած են կանոնաւոր ռահվիրաներուն շարքերը մտնել։ Ոմանք օգնած են շէնքեր կառուցանելու, որոնք Եհովային ծառայութեան համար կը գործածուին։ Ասոնք անհատի մը գնահատութիւնը ցոյց տալու հոյակապ կերպեր չե՞ն։ Եթէ շիտակ շարժառիթով ըլլան,– երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն ցոյց տալու համար,– սուրբ ծառայութեան այս արարքները Աստուծոյ ընդունելի են։

18 Քրիստոնեաներէն շատեր մղուած են Եհովայի հանդէպ իրենց երախտագիտութիւնը ցոյց տալու։ Անոնցմէ մէկն է՝ Մորինան։ Ան իր հոգեւոր հարցումներուն պատասխանները կաթողիկէութեան,– կրօնքը՝ որուն մէջ մեծցաւ,– եւ ասիական փիլիսոփայութեան մէջ փնտռեց։ Սակայն, երկուքին մէջ ալ գոհացուցիչ պատասխաններ չգտաւ։ Մորինայի հոգեւոր պապակը յագեցաւ, միա՛յն երբ սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Իր բոլոր հարցումներուն աստուածաշնչական պատասխանները ունենալով՝ Մորինա Եհովայի հանդէպ երախտապարտ զգաց, քանի որ ատոնք իրեն իսկական երջանկութիւն տուին։ Ուստի, ան մղուեցաւ Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելու, իր ամբողջ կորովը Անոր ծառայութեան մէջ գործածելով։ Իր մկրտութենէն անմիջապէս ետք, ան սկսաւ կանոնաւորաբար որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել, եւ երբ իր պարագաները ներեցին, ան շուտով կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ Ասիկա 30 տարի առաջ պատահեցաւ, եւ Քոյր Մորինան տակաւի՛ն լիաժամ ծառայութեան մէջ է։

19. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի մատուցած զոհերդ աւելցնել։

19 Անշուշտ, Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն շատերուն պարագաները չեն ներեր որ որպէս ռահվիրաներ ծառայեն։ Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՛նչ որ ալ կրնանք ընել, բոլո՛րս կրնանք ընդունելի հոգեւոր զոհեր մատուցանել։ Մեր վարքին մէջ, պէտք է արդար սկզբունքները ուշադրութեամբ պահենք, գիտակցելով որ ամէն ատեն Եհովան կը ներկայացնենք։ Հաւատքով, Աստուծոյ նպատակներուն իրագործման լիովին կը վստահինք։ Բարի գործերով, կ’օգնենք որ բարի լուրը տարածուի։ Մեզի ի նպաստ Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն առ ի սրտագին գնահատութիւն, շարունակե՛նք իրեն սրտանց զոհեր մատուցանել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 27]

Եհովայի բարութիւնը քեզ կը մղէ՞ օրհնութեան պատարագդ բարելաւելու

[Նկար՝ էջ 25]

Ամէն պատեհութիւն կ’օգտագործե՞ս վկայութիւն տալու համար