Յիսուսի մահը ինչպէ՞ս պէտք է յիշատակենք
Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛
Յիսուսի մահը ինչպէ՞ս պէտք է յիշատակենք
Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։
1. Յիսուսի մահը ինչպէ՞ս պէտք է յիշատակուի։
Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իր մահը խորհրդանշական ընթրիքով մը յիշեն, հաց եւ գինի գործածելով։ Հացը Յիսուսի մարմինը կը ներկայացնէ, իսկ գինին՝ իր արիւնը (կարդա՛ Ղուկաս 22։19, 20)։
Յիսուսի գործածած հացը անխմոր էր, այսինքն՝ առանց թթխմորի։ Աստուածաշունչին մէջ, թթխմորը յաճախ մեղքը ներկայացնելու համար կը գործածուի։ Ուստի, անխմոր հացը Յիսուսի կատարեալ մարմնին յարմար խորհրդանիշ էր։ Ան իր մարմինը որպէս զոհ մատուցանեց, Մովսիսական օրէնքի անասնական զոհերուն վերջ դնելով (Եբրայեցիս 10։5, 9, 10)։ Գինին կը խորհրդանշէր Յիսուսի թանկագին արիւնը, որ մեր մեղքերուն համար որպէս զոհ թափուեցաւ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։19. 2։24. 3։18)։
2. Յիսուսի մահը ե՞րբ պէտք է յիշատակենք։
Յիսուս մահացաւ Պասեքի օրը, նիսան 14–ին։ Հրէական օրը արեւամուտին կը սկսի։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս Պասեքի ընթրիքը կերաւ իր առաքեալներուն հետ, եւ ապա նոր ընթրիք մը հաստատեց՝ իր մահը յիշատակելու համար (կարդա՛ Ղուկաս 22։14, 15)։
Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդը կը յիշատակէ այն ինչ որ Ան Յիսուսի միջոցաւ հայթայթեց՝ ամբողջ աշխարհը մեղքէն եւ մահէն ազատելու համար։ Ճիշդ ինչպէս որ Պասեքը տարին մէկ անգամ կը տօնուէր, նոյնպէս Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնը ամէն տարի մէկ անգամ կը տօնուի, ըստ Աստուածաշունչի լուսնական օրացոյցին՝ նիսան 14–ին, արեւամուտէն ետք (Ելից 12։5-7, 13, 17. կարդա՛ Յովհաննէս 1։29)։
3. Որո՞նք հացին եւ գինիին պէտք է մասնակցին։
Երբ Յիսուս իր հետեւորդներուն գինին տուաւ, ան ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս» (Ա. Կորնթացիս 11։25)։ Նոր ուխտը Մովսիսական օրէնքի ուխտը փոխարինեց, որուն մէջ Աստուած իսրայէլացիներուն խոստացած էր, որ եթէ իրեն սերտօրէն հնազանդէին, իր ժողովուրդը պիտի ըլլային (Ելից 19։5, 6)։ Սակայն, իսրայէլ Աստուծոյ ձայնին չհնազանդեցաւ։ Ուստի, Եհովա նոր ուխտ մը հայթայթեց (կարդա՛ Երեմիա 31։31)։
Նոր ուխտին միջոցով, Եհովա փոքրաթիւ անհատներ գործածելով բազմաթիւ մարդոց օրհնութիւններ մատչելի կը դարձնէ։ Նոր ուխտին մէջ եղողները քիչ են, միայն 144,000 անհատ։ Անոնց միջոցաւ բոլոր ազգերէն միլիոնաւորներ յաւիտենական կեանքով պիտի օրհնուին՝ երկրային դրախտի մէջ։ Նոր ուխտին մէջ եղողներէն ոմանք այժմ երկրի վրայ Եհովայի կը ծառայեն։ Միայն անոնք հացին եւ գինիին կը մասնակցին, քանի որ գաւաթը կը խորհրդանշէ «նոր ուխտ»ը (կարդա՛ Ղուկաս 12։32. Յայտնութիւն 14։1, 3)։
4. Յիշատակատօնը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգտէ։
Յիսուսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնը, Եհովայի արտասովոր սիրոյն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը խորացնէ։ Ան իր Որդին ղրկեց՝ որպէսզի մեր մեղքերուն համար մեռնի։ Ուստի, երբ Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուինք, պէտք է խոկանք թէ Յիսուսի մահը ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Պէտք է նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովայի եւ Յիսուսի ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերել (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16. Բ. Կորնթացիս 5։14, 15)։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 206-208–րդ էջերը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։