Ինչպէ՛ս կրնանք ըլլալ անկեղծ հաւատացեալ ե՛ւ պատասխանատու քաղաքացի
Ինչպէ՛ս կրնանք ըլլալ անկեղծ հաւատացեալ ե՛ւ պատասխանատու քաղաքացի
ՅԻՍՈՒՍԻ ծառայութեան յատկութիւններէն երկուքը ի՞նչ էին։ Առաջին, Յիսուս ջանաց փոխել անհատներու սրտեր եւ ոչ թէ քաղաքական հաստատութիւններ։ Զոր օրինակ, նշմարէ թէ ան Լերան քարոզին մէջ ի՛նչ շեշտեց։ Աղի եւ լոյսի նման ըլլալու կարիքին մասին խօսելէ քիչ առաջ, ան իր ունկնդիրներուն ըսաւ թէ իսկական ուրախութիւնը կը պատկանի անոնց՝ որոնք «հոգիով աղքատներ» են։ Ան աւելցուց. «Երանի՜ հեզերուն. . . Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են. . . Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն» (Մատթէոս 5։1-11)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն օգնեց, որ տեսնեն Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն իրենց մտածելակերպն ու զգացումները ճշդելու կարեւորութիւնը եւ ամբողջ սրտով Աստուծոյ ծառայելու կարեւորութիւնը։
Երկրորդ, երբ Յիսուս մարդոց տառապանքը տեսաւ, անոնց հանդէպ իր կարեկցութիւնը զինք մղեց, որ անոնց թշուառութիւնը մեղմացնէ։ Սակայն, նպատակակէտ չդրաւ ամբողջ տառապանքը վերացնել (Մատթէոս 20։30-34)։ Ան հիւանդները բժշկեց, սակայն հիւանդութիւնը կեանքի մէկ իրողութիւնը մնաց (Ղուկաս 6։17-19)։ Հարստահարուածներուն հանգստութիւն տուաւ, սակայն անարդարութիւնը շարունակեց տառապանք պատճառել։ Անօթիներուն ուտելիք հայթայթեց, սակայն սովերը շարունակեցին մարդկութիւնը հարուածել (Մարկոս 6։41-44)։
Սրտերը փոխել եւ տառապանքը մեղմացնել
Յիսուս ինչո՞ւ կեդրոնացաւ սրտեր փոխելու եւ տառապանքը մեղմացնելու վրայ, եւ ոչ թէ հաստատութիւններ փոխելու կամ նեղութիւնը ջնջելու վրայ։ Ան գիտէր թէ Աստուած նպատակադրած էր ապագային Իր Թագաւորութիւնը գործածել, բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն վերջ դնելու եւ ամէն տառապանքի պատճառները վերացնելու համար (Ղուկաս 4։44. 8։1)։ Ուստի, անգամ մը երբ Յիսուսի աշակերտները իրեն առաջարկեցին որ աւելի ժամանակ անցընէ հիւանդները բժշկելով, ան ըսաւ. «Եկէք երթանք մերձակայ գիւղաքաղաքները, որպէս զի հոն ալ քարոզեմ, վասն զի այս բանին համար եկեր եմ» (Մարկոս 1։32-38)։ Յիսուս շատերու ֆիզիքական տառապանքը մեղմացուց, բայց առաջնահերթութիւն տուաւ Աստուծոյ խօսքը քարոզելուն եւ սորվեցնելուն։
Ներկայիս, իրենց քարոզչութեան մէջ, Եհովայի վկաները կը ջանան Յիսուսը ընդօրինակել։ Անոնք կը մղուին տառապանքը մեղմացնելու, կարիքաւոր անհատներուն գործնական օգնութիւն տալով։ Սակայն, Վկաները չեն ջանար աշխարհի անարդարութիւնները ջնջել։ Անոնք կը հաւատան թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի վերացնէ ամէն տառապանքի պատճառները (Մատթէոս 6։10)։ Յիսուսի նման, անոնք կը ջանան սրտեր փոխել, եւ ոչ թէ քաղաքական հաստատութիւններ։ Այդ մօտեցումը իրապաշտ է, քանի որ մարդուս գլխաւոր խնդիրները ոչ թէ քաղաքական են, այլ՝ բարոյական։
Պատասխանատու քաղաքացիներ
Միեւնոյն ժամանակ, Եհովայի վկաները կը հաւատան թէ իրենց քրիստոնէական պատասխանատուութիւնն է՝ լաւ քաղաքացիներ ըլլալ։ Անոր համար անոնք կը պատուեն եւ կը յարգեն կառավարական իշխանութիւնները։ Իրենց հրատարակութիւններով եւ քարոզչութեամբ, անոնք իրենց դրացիները կը քաջալերեն, որ օրինապահ ըլլան։ Սակայն, երբ կառավարութիւնը պահանջէ բան մը, որ ուղղակի կը հակասէ Աստուծոյ պատուէրներուն, Վկաները չեն ենթարկուիր։ Անոնք ‘Աստուծոյ կը հնազանդին քան թէ՝ մարդոց’ (Գործք 5։29. Հռովմայեցիս 13։1-7)։
Եհովայի վկաները իրենց համայնքի բոլոր անհատներուն կ’այցելեն, որպէսզի Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն առաջարկեն։ Առ ի արդիւնք, միլիոնաւորներու սրտերը
փոխուած են։ Ամէն տարի, անոնք հարիւր հազարաւորներու կ’օգնեն, որպէսզի յաղթահարեն կործանիչ սովորութիւններ, ինչպէս՝ ծխախոտ գործածելը, գինովութիւնը, թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւնը, բախտախաղը եւ խառնագնաց վարքը։ Եւ անոնք պատասխանատու քաղաքացիներ դարձած են, քանի որ սորված են Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել իրենց կեանքէն ներս։Ասկէ զատ, աստուածաշնչական դաստիարակութիւնը կ’օգնէ ընտանիքի անդամներուն, որ իրարու հանդէպ իրենց յարգանքը խորացնեն եւ հաղորդակցութիւնը բարելաւեն,– կողակիցներ իրարու միջեւ, ծնողներ եւ զաւակներ իրարու միջեւ եւ զաւակներ իրարու միջեւ։ Այս ազդակները կը զօրացնեն ընտանեկան կապերը։ Զօրաւոր ընտանիքները, իրենց կարգին, յառաջ կը բերեն զօրաւոր համայնքներ։
Այս յօդուածներուն նկատի առած կէտերը վերաքաղ ընելէ ետք, ի՞նչ կը խորհիս. Աստուածաշունչը կը հաւանի՞ անոնց՝ որոնք թէ՛ կրօնքին եւ թէ քաղաքականութեան միջամուխ կ’ըլլան։ Պատասխանը յստակ է. ո՛չ։ Բայց պէ՞տք է ճշմարիտ քրիստոնեաները պատասխանատու քաղաքացիներ ըլլան։ Այո՛։ Ինչպէ՞ս։ Հնազանդելով Յիսուսի պատուէրին, որ աշխարհին համար աղի եւ լոյսի նման ըլլան։
Անոնք որոնք կը ջանան Քրիստոսի այս գործնական ուղղութիւնները գործադրել, օգուտներ պիտի բերեն իրենց անձին ե՛ւ իրենց ընտանիքներուն,– ինչպէս նաեւ իրենց համայնքին։ Շրջանիդ մէջ գտնուող Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդելու այն աստուածաշնչական դաստիարակութեան մասին, որ այժմ համայնքիդ մէջ կը կատարուի։ *
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 12 Եթէ կը նախընտրես, կրնաս նաեւ Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահել, այցելելով՝ www.watchtower.org ցանցակայքը։
[Մէջբերում՝ էջ 7]
Յիսուս ջանաց սրտեր փոխել եւ ոչ թէ քաղաքական հաստատութիւններ
[Մէջբերում՝ էջ 8]
Եհովայի վկաները կը հաւատան, թէ պէ՛տք է լաւ քաղաքացիներ ըլլան