Յիսուս քաղաքականութիւնը ինչպէ՞ս նկատեց
Յիսուս քաղաքականութիւնը ինչպէ՞ս նկատեց
ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԳԻՐՆԵՐԸ կը նկարագրեն Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին պատահած քանի մը միջադէպեր, որոնք զինք դէմ յանդիման բերին քաղաքականութեան հետ։ Զոր օրինակ, Յիսուսի մկրտութենէն քիչ ետք, երբ ան շուրջ 30 տարեկան էր, Բանսարկուն իրեն հրամցուց աշխարհի իշխան դիրքը։ Յետագային, ամբոխ մը ուզեց զինք իրենց թագաւորը ընել։ Տակաւին աւելի ետք, մարդիկ ջանացին զինք քաղաքական գործիչ մը դարձնել։ Յիսուս ինչպէ՞ս հակազդեց։ Նկատի առնենք այս միջադէպերը։
Աշխարհի իշխան։ Աւետարանները կը նշեն, թէ Բանսարկուն «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններ»ուն իշխանութիւնը Յիսուսի հրամցուց։ Պահ մը խորհէ՛ թէ Յիսուս որքա՜ն շատ լաւ բաներ կրնար ընել տառապող մարդկութեան համար, եթէ աշխարհի իշխանի հեղինակութիւնը ունենար։ Մարդկութեան յառաջդիմութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուած եւ քաղաքական մտայնութիւն ունեցող ո՞ր անհատը կրնար այսպիսի առաջարկի մը դիմադրել։ Սակայն Յիսուս զայն մերժեց (Մատթէոս 4։8-11)։
Թագաւոր։ Յիսուսի ժամանակակիցներէն շատեր մեծապէս կ’ուզէին կառավարիչ մը, որ կրնար իրենց տնտեսական եւ քաղաքական խնդիրները լուծել։ Յիսուսին կարողութիւններով տպաւորուելով, մարդիկը ուզեցին որ ան քաղաքականութեան մասնակցի։ Անոր հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ Աւետարանագիր Յովհաննէս կը նշէ. «Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց» (Յովհաննէս 6։10-15)։ Յստակ է որ Յիսուս մերժեց քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալ։
Քաղաքական գործիչ։ Նկատի առ թէ Յիսուսի մահէն քանի մը օր առաջ ի՛նչ պատահեցաւ։ Յիսուսի մօտեցան փարիսեցիներուն աշակերտները, որոնք հռոմէական կայսրութենէն անկախութիւն կը փնտռէին, եւ Հերովդէսեանները,– անդամներ կուսակցութեան մը, որ հռոմէական իշխանութեան կը հաճէր։ Անոնք ուզեցին զինք ստիպել որ քաղաքական գետնի վրայ կեցուածք բռնէ, հարցնելով թէ արդեօք հրեաները պէ՛տք է Հռոմի տուրք վճարեն։
Մարկոս Յիսուսի պատասխանը արձանագրեց. «‘Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք։ Բերէ՛ք ինծի դահեկան մը որ տեսնեմ’։ Անոնք բերին։ Ըսաւ անոնց. ‘Որո՞ւնն է այս պատկերը ու գիրը’։ Անոնք ըսին. ‘Կայսրին’։ Յիսուս պատասխան տալով ըսաւ անոնց. ‘Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք’» (Մարկոս 12։13-17)։ Մեկնաբանելով Յիսուսի հակազդեցութեան պատճառին մասին, գիրք մը կ’եզրակացնէ. «Ան մերժեց որպէս քաղաքական մեսիա գործել, եւ Կայսրին պատկանող բաներուն ու Աստուծոյ պատկանող բաներուն միջեւ ուշադրութեամբ սահմաններ հաստատեց» (Church and State—The Story of Two Kingdoms)։
Աղքատութեան, փտութեան եւ անարդարութեան նման խնդիրներ Քրիստոսը անտարբեր չթողուցին։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ ան խորապէս ազդուեցաւ իր շուրջը գտնուող մարդոց խղճալի վիճակէն (Մարկոս 6։33, 34)։ Բայց ան արշաւի մը չձեռնարկեց աշխարհը անարդարութիւններէն ձերբազատելու համար, թէեւ ոմանք շա՛տ փորձեցին զինք ընթացիկ հակաճառելի հարցերուն միջամուխ ընել։
Յստակ է որ, ինչպէս այս օրինակները ցոյց կու տան, Յիսուս մերժեց քաղաքական հարցերու միջամուխ ըլլալ։ Սակայն, ի՞նչ կարելի է ըսել այժմու քրիստոնեաներուն մասին։ Անոնք ի՞նչ պէտք է ընեն։