Կրնա՞ս յաւիտեան ապրիլ
Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛
Կրնա՞ս յաւիտեան ապրիլ
Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։
1. Մեր կեանքը ինչո՞ւ կարճ կը թուի։
Կրիաներէն ոմանք կ’ապրին 150 տարի, իսկ կարգ մը ծառեր՝ 3000 տարի. մինչդեռ մարդուն կեանքի տեւողութիւնը շատ աւելի կարճ է։ Բայց եւ այնպէս, մեր կեանքը կրիային ու ծառին կեանքէն շատ աւելի իմաստալից է։ Եհովա Աստուած մարդիկը ստեղծեց այն կարողութեամբ, որ երաժշտութիւն, մարզանք ու ուրիշներու ընկերակցութիւնը վայելեն եւ ճաշելէն, սորվելէն ու ճամբորդելէն հաճոյք առնեն։ Եւ ինք մեր սրտին մէջ դրաւ յաւիտեան ապրելու փափաքը (կարդա՛ Ժողովող 3։11)։
2. Իրապէս կրնա՞նք յաւիտեան ապրիլ։
Եհովան յաւիտեան կ’ապրի։ Ան չի մեռնիր։ Քանի որ կեանքի Աղբիւրն է, ան կրնա՛յ յաւիտենական կեանք շնորհել ուրիշներուն (Սաղմոս 36։9. Ամբակում 1։12)։ Ասկէ զատ, ան խոստացած է յաւիտենական կեանք շնորհել իրեն հնազանդողներուն։ Ան ծերութիւնը պիտի յեղաշրջէ (կարդա՛ Յոբ 33։24, 25. Եսայի 25։8. 33։24)։
Յիսուս իր հրաշալի գործերով ցոյց տուաւ, որ կատարեալ առողջութեամբ յաւիտենական կեանք վայելելու Աստուծոյ խոստումին կրնա՛նք վստահիլ։ Յիսուս այլազան հիւանդութիւններէ տառապողները բժշկեց եւ նոյնիսկ մեռելներ յարուցանեց (կարդա՛ Ղուկաս 7։11-15, 18, 19, 22)։
3. Յաւիտենական կեանքը ե՞րբ իրողութիւն պիտի ըլլայ։
Աստուած կ’ուզէ որ յաւիտեան ապրինք դրախտային երկրի մը վրայ, եւ ոչ թէ հարստահարութեամբ ու բռնութեամբ լի աշխարհի մը մէջ։ Ան կ’ուզէ որ ապահով զգանք (Սաղմոս 37։9, 29. Եսայի 65։21, 22)։ Մինչ երկիրը Դրախտի կը վերածուի, միլիոնաւոր մեռեալներ ետ կեանքի պիտի բերուին։ Յարուցեալներէն անոնք՝ որոնք կ’ընտրեն Աստուած պաշտել եւ իրեն հնազանդիլ, յաւիտեան պիտի ապրին (կարդա՛ Ղուկաս 23։42, 43. Յովհաննէս 5։28, 29)։
4. Ինչպէ՞ս կրնանք յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգել։
Անվերջ կեանքը միայն Աստուծմէ կրնանք ձեռք ձգել։ Ուստի, լաւ կ’ըլլայ որ իրեն մօտենանք, զինք ճանչնալով։ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալը կը նմանցնէ ուտելիք ստանալուն (Մատթէոս 4։4)։ Ուտելը հաճոյալի է, սակայն ուտելիք ձեռք ձգելն ու զայն պատրաստելը ջանք կը պահանջէ։ Նմանապէս, հոգեւոր սնունդ ստանալը ջանքի կը կարօտի։ Բայց որքա՜ն կ’արժէ Աստուծոյ մօտենալ ու յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգել (կարդա՛ Ղուկաս 13։23, 24. Յովհաննէս 6։27. 17։3)։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 3–րդ գլուխը։
[Նկար՝ էջ 9]
Կ’արժէ ջանալ Աստուած ճանչնալ