Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած համաշխարհային կառավարութիւն մը պիտի հայթայթէ՞

Աստուած համաշխարհային կառավարութիւն մը պիտի հայթայթէ՞

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Աստուած համաշխարհային կառավարութիւն մը պիտի հայթայթէ՞

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Մարդկութիւնը ինչո՞ւ համաշխարհային կառավարութեան մը պէտք ունի։

Ներկայիս մարդկութեան խնդիրները յաճախ համաշխարհային տարողութեամբ են։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ աղքատ ու հարստահարուած են։ Իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ, մարդիկ հարկ եղածէն աւելի՛ն ունին։ Միայն համաշխարհային վարչութիւն մը կրնար երկրագունդին հարստութիւնները հաւասարապէս բաժնել (կարդա՛ Ժողովող 4։1. 8։9

2. Համաշխարհային կառավարութիւն մը որո՞ւն կրնայ վստահուիլ։

Համաշխարհային կառավարիչի մը գաղափարը ժողովրդական չէ, քանի որ ո՛չ ոք,– ըլլա՛յ տղամարդ կամ կին,– այդ դիրքին որակեալ է։ Ո՛չ մէկ մարդ կրնայ ամէնուն կողմէ ընդունուիլ որպէս կառավարիչ։ Ասկէ զատ, մարդ արարածը երբ հեղինակութեան տէր ըլլայ, փտածութեան ենթակայ կ’ըլլայ։ Եւ վախազդու է երեւակայել թէ ամբողջ մարդկութեան վրայ բռնակալ մը կ’իշխէ (կարդա՛ Առակաց 29։2. Երեմիա 10։23

Եհովա Աստուած ընտրած է իր Որդին՝ Յիսուսը, որպէսզի մարդկութեան վրայ յաւիտեան իշխէ (Ղուկաս 1։32, 33)։ Յիսուս երկրի վրայ ապրելու փորձառութիւնը ունեցաւ։ Ան հիւանդները բժշկեց, հեզերուն սորվեցուց եւ փոքրերու հետ ժամանակ անցուց (Մարկոս 1։40-42. 6։34. 10։13-16)։ Ուստի, Յիսուս իտէալական Կառավարիչն է (կարդա՛ Յովհաննէս 1։14

3. Համաշխարհային կառավարութիւն մը իրապէս կարելի՞ է։

Աստուած իր Որդին նշանակած է, որ երկնքէն երկրի վրայ իշխէ (Դանիէլ 7։13, 14)։ Ճիշդ ինչպէս որ մարդկային կառավարիչ մը հարկ չունի իր իշխած իւրաքանչիւր քաղաքին մէջ ներկայ գտնուելու, Յիսուս ալ հարկ չունի ֆիզիքապէս երկրի վրայ ըլլալու, որպէսզի մարդկութեան վրայ իշխէ (կարդա՛ Մատթէոս 8։5-9, 13

Բոլո՞րը պիտի ընդունին Յիսուսը որպէս Կառավարիչ։ Ո՛չ. միայն անոնք՝ որոնք կը սիրեն բարութիւն ընել։ Եհովան երկրագունդը պիտի մաքրէ անոնցմէ, որոնք կը մերժեն իր նշանակած սիրալիր ու արդար Կառավարիչը (կարդա՛ Մատթէոս 25։31-33, 46

4. Աշխարհին Կառավարիչը ի՞նչ պիտի ընէ։

Ինչպէս որ հովիւը իր ոչխարները կը հաւաքէ, Յիսուս արդէն բոլոր ազգերէն հեզերը կը հաւաքէ եւ անոնց կը սորվեցնէ Աստուծոյ սիրոյ ճամբաները (Յովհաննէս 10։16. 13։34)։ Ասոնք լման սրտով Յիսուսին եւ անոր իշխանութեան կ’աջակցին (Սաղմոս 72։8. Մատթէոս 4։19, 20)։ Աշխարհի տարածքին, Յիսուսի հաւատարիմ հպատակները միաբանութեամբ կը յայտարարեն, թէ ան Թագաւոր եղած է (կարդա՛ Մատթէոս 24։14

Շուտով, Յիսուս զօրութեամբ պիտի գործէ, մարդկութիւնը փտած կառավարութիւններէ հանգստացնելու համար։ Ան իր հաւատարիմ հետեւորդներէն ոմանք ընտրած է, որպէսզի երկրի վրայ իշխեն որպէս երկնային թագաւորներ (Դանիէլ 2։44. 7։27)։ Յիսուսի Թագաւորութիւնը երկիրը Եհովայի գիտութեամբ պիտի լեցնէ եւ վերահաստատէ այն դրախտը, որ մարդկութեան պատմութեան սկիզբը կորսուեցաւ (կարդա՛ Եսայի 11։3, 9. Մատթէոս 19։28

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 8–րդ գլուխը։