Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բ. հարցում՝ ինծի ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ մեռնիմ

Բ. հարցում՝ ինծի ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ մեռնիմ

Բ. հարցում՝ ինծի ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ մեռնիմ

ՌՈՄԱՆԸ դեռ պատանի էր, երբ իր մտերիմ բարեկամներէն մէկը ինքնաշարժի արկածով մահացաւ։ «Բարեկամս կորսնցնելը զիս մեծապէս ցնցեց», կ’ըսէ ան։ «Արկածէն ետք, երկար տարիներ հարց կու տայի, թէ ի՛նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք»։

Ինչո՞ւ այդ հարցումը ուղղել։ Մարդկային մահը բնական չ’երեւնար։ Քանի՛ տարեկան ալ ըլլանք, սովորաբար չենք ուզեր մեռնիլ։ Շատեր կը վախնան մահուան յաջորդող բաներէն։

Ոմանք ի՞նչ կը պատասխանեն։ Շատեր կը հաւատան թէ մահուընէ ետք, անհատէն մաս մը կը շարունակէ ապրիլ։ Անոնք կը հաւատան թէ բարիները երկինքի մէջ պիտի վարձատրուին, իսկ չարերը յաւիտեան պիտի պատժուին իրենց մեղքերուն համար։ Ուրիշներ կը խորհին թէ մահէն ետք, անհատը գոյութիւն ունենալէ կը դադրի եւ ի վերջոյ բոլորովին կը մոռցուի։

Այդ պատասխանները ի՞նչ կը հասկցնեն։ Առաջին պատասխանը կ’ենթադրէ թէ մահէն ետք, անհատը խորքին մէջ չի մեռնիր։ Երկրորդը կը հասկցնէ թէ կեանքը անիմաստ է։ Անոնք որոնք այս երկրորդ գաղափարը կ’որդեգրեն, թերեւս զարգացնեն այս ճակատագրական կեցուածքը. «Ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք» (Ա. Կորնթացիս 15։32

Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Աստուածաշունչը չի սորվեցներ թէ մահէն ետք, անհատէն մաս մը կը շարունակէ ապրիլ։ Աստուած Սողոմոն թագաւորը ներշնչեց որ գրէ. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժողովող 9։5)։ Անոնք որոնք «բան մը չեն գիտեր», ամբողջովին անտեղեակ են իրենց շրջապատէն։ Անոնք չեն կրնար զգալ կամ գործել։ Ուստի մեռելները չեն կրնար ողջերուն օգնել կամ վնասել։

Հակառակ շատերու խորհածին, Աստուած չնպատակադրեց որ մարդ արարածը մեռնի։ Ան առաջին մարդը՝ Ադամը ստեղծեց, երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարով։ Աստուած մահուան մասին ակնարկեց միայն ա՛յն ատեն, երբ Ադամին նշեց անհնազանդութեան պատիժին մասին։ Ան Ադամը արգիլեց որոշ ծառի մը պտուղէն ուտելէ, եւ ապա զինք զգուշացուց, ըսելով որ եթէ ատկէ ուտէր, ‘անշուշտ պիտի մեռնէր’ (Ծննդոց 2։17)։ Եթէ Ադամն ու Եւան հնազանդ մնային, թէ՛ իրենք եւ թէ իրենց ամբողջ սերունդը, որ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի ըլլար, յաւիտեա՛ն պիտի ապրէին երկրի վրայ։

Ադամ որոշեց անտեսել Աստուծոյ ազդարարութիւնը։ Երբ Աստուծոյ մտիկ չըրաւ, մեղանչեց եւ հետեւաբար մեռաւ (Հռովմայեցիս 6։23)։ Ադամէն ո՛չ մէկ մաս վերապրեցաւ իր մահէն ետք։ Փոխարէն, մահուընէ ետք, Ադամ գոյութիւն ունենալէ դադրեցաւ։ Աստուած Ադամին ըսաւ. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծննդոց 3։19)։ Որո՛վհետեւ ամբողջ մարդկութիւնը Ադամէն եկաւ, իրմէ մեղքն ու մահը ժառանգեցինք (Հռովմայեցիս 5։12

Ճիշդ է որ Ադամ սխալ որոշում կայացուց, բայց Աստուած Ադամի կատարեալ սերունդով երկիրը լեցնելու իր նպատակը պիտի իրականացնէ (Ծննդոց 1։28. Եսայի 55։11)։ Մօտ օրէն, Եհովան ետ կեանքի պիտի բերէ մեռելներուն մեծամասնութիւնը։ Այդ ատենուան մասին խօսելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15

Աւելին գիտնալու համար, թէ ի՛նչ կը պատահի մահէն ետք, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 6–րդ գլուխը։ Գիրքը կրնաս բեռնել www.dan124.com ցանցակայքէն։

[Շրջանակ՝ էջ 7]

Յիսուս ի՞նչ ըսաւ մահուան մասին

Յիսուս չհամաձայնեցաւ իր օրերուն ապրող կրօնական առաջնորդներուն հետ, որոնք կ’ըսէին թէ մեռելներու յարութիւն պիտի չըլլայ (Ղուկաս 20։27)։ Ան ոչ ալ սորվեցուց թէ մահէն ետք, անհատէն մաս մը կը վերապրի։ Փոխարէն, ան հետեւեալը ըսաւ։

Մահը քնանալու պէս է։ Երբ Ղազարոս մահացաւ, Յիսուս ըսաւ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։ Իր աշակերտները չհասկցան թէ ի՛նչ ըսել ուզեց։ Անոնք իրեն ըսին. «Տէ՛ր, եթէ քնացած է, պիտի արթննայ»։ Աստուածաշնչական արձանագրութիւնը կը բացատրէ. «Յիսուս անոր մեռնելուն համար կ’ըսէր, բայց անոնք կը կարծէին թէ քնանալուն մասին կը խօսի։ Այն ատեն Յիսուս յայտնապէս ըսաւ անոնց. ‘Ղազարոս մեռաւ’» (Յովհաննէս 11։11-14

Մեռելները յարութիւն պիտի առնեն։ Երբ Յիսուս Ղազարոսի ծննդավայրը հասաւ, մխիթարեց անոր քոյրը՝ Մարթան, ըսելով. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Ապա ան այս խորիմաստ խոստումը տուաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։ Յիսուսին այս խոստումը պարզապէս պարապ խօսքեր չէր։ Շատ մը ականատեսներու դիմաց, Յիսուս Ղազարոսը յարուցանեց, հակառակ անոր որ մեռելը չորս օրուան էր (Յովհաննէս 11։23, 25, 38-45

Յովհաննէս առաքեալին տուած իր յայտնութեան մէջ, Յիսուս դա՛րձեալ խոստացաւ որ մեռելները պիտի յարուցանուին։ Ան նկարագրեց ապագայ ժամանակ մը, երբ մահը բոլոր իր առած գերիները պիտի արձակէ (Յայտնութիւն 20։13