Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մովսէս խոնարհ էր

Մովսէս խոնարհ էր

Ի՞ՆՉ Է ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ։

Խոնարհութիւնը գոռոզութենէ կամ հպարտութենէ զերծ ըլլալ կը նշանակէ։ Խոնարհ անձ մը ինքզինք ուրիշներէ գերադաս չի սեպեր։ Ոեւէ անկատար մարդ որ խոնարհ է, պէտք է համեստ ալ ըլլայ, այսինքն՝ իր սահմանափակումներուն գիտակցող։

ՄՈՎՍԷՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ԴՐՍԵՒՈՐԵՑ։

Մովսէս թոյլ չտուաւ, որ հեղինակութիւն ունենալը զինք հպարտացնէր։ Ընդհանրապէս, երբ մէկու մը որոշ հեղինակութիւն տրուի, անոր խոնարհ ըլլալը,– կամ չըլլալը,– շուտով երեւան կ’ելլէ։ 19–րդ դարու ճառախօս՝ Ռապըրթ Կ. Ինկըրսոլ, ըսաւ. «Շատե՛ր կրնան դժուարութիւններու տոկալ։ Բայց եթէ կ’ուզես որոշ անձի մը իսկական ինքնութիւնը գիտնալ, հեղինակութի՛ւն տուր անոր»։ Այս տեսանկիւնէն դիտուած, Մովսէս խոնարհութեան հիանալի օրինակ թողուց։ Ինչպէ՞ս։

Մովսէս մեծ հեղինակութիւն ստացաւ, քանի որ Եհովան իրեն յանձնարարեց իսրայէլը առաջնորդել։ Բայց այս իշխանութիւնը Մովսէսին սիրտը բնաւ չհպարտացուց։ Օրինակի համար, նկատի առ թէ ան ինչպէ՛ս վարուեցաւ, երբ՝ ժառանգութեան իրաւունքի մասին դժուար հարցում մը տրուեցաւ իրեն (Թուոց 27։1-11)։ Անիկա լուրջ հարցում մըն էր, որովհետեւ որոշումը պիտի ազդէր ոչ միայն այդ ժառանգորդ կիներուն, հապա նաեւ ապագայ սերունդներուն։

Մովսէս ինչպէ՞ս պիտի հակազդէր։ Արդեօք պիտի մտածէ՞ր թէ որպէս իսրայէլի առաջնորդ, ինք որակեալ էր այս հարցին շուրջ որոշում կայացնելու։ Կամ ան պիտի ապաւինէ՞ր իր բնածին կարողութեան, իր տարիներու փորձառութեան կամ Եհովայի մտածելակերպին մասին իր ունեցած գիտութեան։

Հպարտ մէկը թերեւս այդպէս ընէր։ Բայց Մովսէս այդպէս չվարուեցաւ։ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ. «Մովսէս անոնց դատը Տէրոջը առջեւ դրաւ» (Թուոց 27։5)։ Պահ մը մտածէ։ Նոյնիսկ շուրջ 40 տարի իսրայէլ ազգը առաջնորդելէ ետք, Մովսէս իր անձին վրայ չապաւինեցաւ, հապա Եհովայի՛ն վստահեցաւ։ Այս դէպքէն կրնանք տեսնել թէ Մովսէս իրապէ՛ս խոնարհ էր։

Մովսէս չխորհեցաւ թէ միայն ի՛նք պէտք էր հեղինակութիւն ունենար։ Ան ուրախացաւ, երբ Եհովան թոյլ տուաւ որ ուրիշ իսրայէլացիներ ալ իրեն կողքին մարգարէներ ըլլային (Թուոց 11։24-29)։ Երբ իր աները իրեն թելադրեց որ իր գործէն մաս մը ուրիշներուն տար, Մովսէս խոնարհաբար կիրարկեց թելադրութիւնը (Ելից 18։13-24)։ Իսկ իր կեանքի վերջաւորութեան, ֆիզիքապէս զօրաւոր ըլլալով հանդերձ, Մովսէս Եհովայէն խնդրեց որ իրեն յաջորդող անձ մը նշանակէր։ Երբ Եհովան Յեսուն ընտրեց, Մովսէս ամբողջ սրտով թիկունք կանգնեցաւ երիտասարդին, յորդորելով ժողովուրդը, որ Յեսուի առաջնորդութեան հետեւի դէպի Խոստացեալ երկիր (Թուոց 27։15-18. Բ. Օրինաց 31։3-6. 34։7)։ Վստահաբար, Մովսէս պաշտամունքի մէջ իսրայէլացիները առաջնորդելը առանձնաշնորհում սեպեց։ Բայց ան իր հեղինակութիւնը ուրիշներու բարօրութենէն առաջ չդասեց։

Ի՞ՆՉ ԴԱՍԵՐ ԿԸ ՔԱՂԵՆՔ։

Բնա՛ւ պիտի չուզենք թոյլ տալ, որ ուժը, հեղինակութիւնը կամ բնածին կարողութիւնը մեզ հպարտացնէ։ Յիշէ՛. որպէսզի Եհովան կարենայ մեզ լաւագոյնս գործածել, հարկ է որ միշտ խոնարհութիւնը մեր կարողութենէն առա՛ջ դասենք (Ա. Թագաւորաց 15։17)։ Երբ իրապէս խոնարհ ըլլանք, պիտի ջանանք կիրարկել Աստուածաշունչին այս իմաստուն խրատը. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր» (Առակաց 3։5, 6

Մովսէսին օրինակը մեզի նաեւ կը սորվեցնէ, որ չկեդրոնանանք մեր ունեցած հանգամանքին կամ հեղինակութեան վրայ։

Եթէ ընդօրինակենք Մովսէսին խոնարհութիւնը, օգուտներ քաղած կ’ըլլա՞նք։ Ա՛նպայման։ Երբ իսկական խոնարհութիւն կը մշակենք, կը դիւրացնենք մեր շուրջիններուն կեանքը՝ իրենց աչքին սիրելի դառնալով։ Աւելի կարեւորը, Եհովայի՛ աչքին սիրելի կը դառնանք,– այն Աստուածը որ անձամբ կը ցուցաբերէ այս հիանալի յատկութիւնը (Սաղմոս 18։35)։ «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա. Պետրոս 5։5)։ Մովսէսին խոնարհութիւնը ընդօրինակելու ի՜նչ կարեւոր դրդապատճառ մը։