Աստուածաշունչին պատասխանները
Կարելի՞ է Աստուածաշունչը հասկնալ։
Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Անիկա սիրառատ հօր մը կողմէ ուղարկուած նամակի մը նման է (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք հաճեցնել, ինչո՛ւ չարիքը կը թոյլատրէ եւ ապագային մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի ընէ։ Բայց կրօնի ուսուցիչները Աստուածաշունչի ուսուցումները աղաւաղած են. անոր համար, շատեր կը խորհին թէ բնա՛ւ պիտի չկարենան զայն հասկնալ (Գործք 20։29, 30)։
Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնանք։ Անոր համար, հասկնալի գիրք մը տուած է մեզի (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։
Ինչպէ՞ս կրնաս հասկնալ Աստուածաշունչը։
Մեզի Աստուածաշունչը տալէն զատ, Եհովան նաեւ օգնութիւն կը հայթայթէ որ զայն հասկնանք։ Ան Յիսուսը ղրկեց որ ատոր մասին ուսուցանէ (Ղուկաս 4։16-21)։ Յիսուս օգնեց իր ունկնդիրներուն, որ Սուրբ Գրութիւնները ըմբռնեն, համարներուն ակնարկութիւն ընելով (կարդա՛ Ղուկաս 24։27, 32, 45)։
Յիսուս քրիստոնէական ժողովքը հաստատեց, որպէսզի շարունակուի այն աշխատանքը՝ որուն ինք սկիզբ տուաւ (Մատթէոս 28։19, 20)։ Ներկայիս, Յիսուսի հարազատ հետեւորդները մարդոց կ’օգնեն հասկնալու, թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ կը փափաքիս Աստուածաշունչը հասկնալ, Եհովայի վկաները քեզի օգնելու ուրախ պիտի ըլլան (կարդա՛ Գործք 8։30, 31)։