Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ. ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԿԵԱՆՔ ԿՐՆԱ՛ՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼ

Իրապէս կրնա՞նք իմաստալից կեանք վարել

Իրապէս կրնա՞նք իմաստալից կեանք վարել

«Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է» (Սաղմոս 90։10

ՈՐՔԱ՜Ն ճիշդ է այս խօսքը։ Այս աշխարհին մէջ կեանքը շատ յաճախ լեցուն է ‘աշխատանքով ու ցաւով’։ Թերեւս մտածած ես. ‘Արդեօք կարելի՞ է ներկայիս իմաստալից կեանք վարել’։

Օրինակ, նկատի առ Մարիան՝ որ միշտ գործունեայ եղած էր, բայց հիմա որ 84 տարեկան է, տան մէջ արգելափակուած է։ Մտային գետնի վրայ, ան տակաւին գործունեայ է, բայց ֆիզիքական գետնի վրայ՝ ոչ։ Մարիան ինչպէ՞ս կրնայ զգալ որ այսպիսի կեանք մը իմաստալից է։

Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Դուն ալ ատեն մը հարց տուած ըլլալու ես, թէ քու կեանքդ իմաստալի՛ց է կամ ոչ։ Կրնայ ըլլալ որ գործդ միօրինակ, յոգնեցուցիչ ու ձանձրացուցիչ է, եւ թափած ջանքերդ չեն գնահատուիր։ Նոյնիսկ եթէ որոշ չափով յաջող անհատ մըն ես, հաւանաբար ապագայիդ նկատմամբ մտահոգ ես։ Թերեւս ատեններ միայնակ կամ ընկճուած կը զգաս։ Իսկ ընտանիքէդ ներս հաւանաբար բախումներ կ’ըլլան։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ սիրելիներէդ մէկը մահացած է։ Անտրէ անունով տղամարդ մը, մտերիմ փոխյարաբերութիւն կը վայելէր իր հօր հետ, որ յանկարծ հիւանդացաւ ու մահացաւ։ Անտրէին համար, ասիկա շատ սոսկալի բան մըն էր՝ որ իր մէջ խոր պարապութիւն ձգեց. եւ ան կը խորհի թէ բնա՛ւ պիտի չկարենայ գլուխ ելլել այդ ցնցումին ու վիշտին հետ։

Ի՛նչ խնդիր ալ դիմագրաւենք, պէտք է գիտնանք սա հարցումին պատասխանը. իրապէս կրնա՞նք իմաստալից կեանք վարել։ Պատասխանը ձեռք կը ձգենք, նկատի առնելով մարդու մը կեանքը, որ շուրջ 2000 տարի առաջ ապրեցաւ. Յիսուս Քրիստոս։ Հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, Յիսուս իրապէս իմաստալից կեանք վարեց։ Մենք ալ կրնանք, եթէ իր օրինակին հետեւինք։