Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ. ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆԳՈ՞ՒԹ Է

Մարդիկ ինչո՞ւ կ’ըսեն թէ Աստուած անգութ է

Մարդիկ ինչո՞ւ կ’ըսեն թէ Աստուած անգութ է

«ԱՍՏՈՒԱԾ անգո՞ւթ է» հարցումը ցնցիչ կը նկատե՞ս։ Ոմանք այո՛. բայց ներկայիս շատեր այս նիւթին շուրջ կասկածներ ունին, կամ ալ կը խորհին թէ Աստուած անգո՛ւթ է։ Ինչո՞ւ։

Բնական աղէտներէ վերապրողներէն ոմանք հարց կու տան. «Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ այս բաները պատահին։ Ան անտարբե՞ր է. անգո՞ւթ է»։

Ուրիշներ նմանապէս շփոթութեան կը մատնուին մինչ Աստուածաշունչը կը կարդան։ Երբ Նոյի օրուան Ջրհեղեղին նման արձանագրութիւններ կարդան, անոնք հարց կու տան. ‘Սիրառատ Աստուած մը ինչո՞ւ այս բոլոր մարդիկը մահուան կը մատնէ։ Արդեօք ան անգո՞ւթ է’։

Երբեմն դուն ալ այսպիսի հարցումներ կ’ուղղե՞ս։ Կամ, հարցնողներուն չե՞ս կրնար պատասխանել։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, նկատի առ ուրիշ հարցում մը, որ կրնայ օգնական ըլլալ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆԳԹՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՏԵՆՔ

Պարզ խօսքով, մենք անգթութիւնը կ’ատենք, քանի որ գիտենք զանազանել ճիշդը սխալէն։ Մենք այս մարզին մէջ անասուններէն շա՜տ կը տարբերինք։ Մեր Ստեղծիչը մեզ իր «պատկերովը» ստեղծեց (Ծննդոց 1։27)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ան մեզի կարողութիւնը տուաւ, որ իր յատկութիւններն ու բարոյական չափանիշները արտացոլենք եւ ճիշդը սխալէն զանազանենք։ Նկատի առ հետեւեալը. եթէ ճիշդը սխալէն զանազանելու կարողութիւնը Աստուծմէ ստացանք եւ անգթութիւնը կ’ատենք, սա չի՞ նշանակեր թէ Աստուած ալ զայն կ’ատէ։

Աստուածաշունչը այս պատճառաբանութիւնը կը հաստատէ, քանի որ Աստուած կը հաւաստիացնէ. «Իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն» (Եսայի 55։9)։ Եթէ պիտի դատենք Աստուած որպէս անգութ անձնաւորութիւն, իրականութեան մէջ կարծես թէ կ’ըսենք թէ մեր ճամբաները իր ճամբաներէն բարձր են։ Ուրեմն, վստահաբար իմաստութիւն է այսպիսի կեցուածք բռնելէ առաջ յաւելեալ իրողութիւններ հաւաքել։ Փոխանակ հարց տալու թէ Աստուած անգութ է կամ ոչ, թերեւս պէտք է հարցնենք թէ ինչո՛ւ իր կարգ մը արարքները անգութ կը թուին։ Անոր համար, նկատի առնենք թէ «անգութ» բառը իրապէս ի՛նչ կը նշանակէ։

Երբ կ’ըսենք թէ անհատ մը անգութ է, անոր շարժառիթները կը դատենք։ Անգութ անհատը կ’ուրախանայ տեսնելով ուրիշներուն տառապանքը, կամ անոնց նեղութիւններուն նկատմամբ անտարբեր կը գտնուի։ Ուստի, հայր մը որ իր որդին կը դաստիարակէ, պարզ անոր համար որ զգացական գետնի վրայ զինք վիրաւորելէ հաճոյք կ’առնէ, իրականութեան մէջ անգութ հայր է։ Բայց այն հայրը, որ իր որդին կը դաստիարակէ, որպէսզի անոր ցուցմունքներ տայ կամ զինք պաշտպանէ, բարի հայր մըն է։ Եթէ երբեք սխալ դատողութեան զոհը գացած ես, ուրեմն շատ լաւ գիտես թէ շարժառիթները դիւրաւ կրնան սխալ հասկցուիլ։

Նկատի առնենք երկու պատճառ, թէ ինչո՛ւ ոմանք կը խորհին թէ Աստուած անգութ է. այժմու բնական աղէտները եւ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած աստուածային դատաստանները։ Իրողութիւնները իրապէս ցոյց կու տա՞ն, թէ Աստուած անգութ է։