Աստուածաշունչին պատասխանները
Աստուած ինչպիսի՞ անձ մըն է։
Աստուած անտեսանելի հոգեղէն անձնաւորութիւն մըն է։ Ան երկինքը, երկիրը եւ բոլոր էակները ստեղծեց։ Ո՛չ ոք զինք ստեղծեց,– ան սկիզբ չունի (Սաղմոս 90։2)։ Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ զինք փնտռեն եւ իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնան (կարդա՛ Գործք 17։24-27)։
Աստուած անձ է եւ կրնանք զինք իր անունով ճանչնալ։ Իր ստեղծած բաներուն վրայ խոկալով՝ կրնանք իր կարգ մը յատկութիւնները զատորոշել (Հռովմայեցիս 1։20)։ Բայց Աստուած լաւ ճանչնալու համար, պէտք է իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը սերտենք։ Անիկա իր սիրալիր անձնաւորութիւնը կը յայտնէ (կարդա՛ Սաղմոս 103։7-10)։
Աստուած անարդարութեան հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգայ։
Մեր Ստեղծիչը, Եհովան, անարդարութիւնը կ’ատէ (Բ. Օրինաց 25։16)։ Եւ ան մարդիկը իր պատկերովը ստեղծեց։ Անոր համար, մարդոց մեծամասնութիւնը անարդարութիւնը կ’ատէ։ Մեր շուրջի անարդարութեան պատճառը Աստուած չէ։ Ան մարդոց ազատ կամք տուաւ։ Ցաւօք սրտի, շատեր իրենց ազատ կամքը սխալ կերպով կը գործածեն եւ ուրիշներու հետ անարդարօրէն կը վարուին։ Եւ այսպէս Եհովան իր սրտին մէջ կը տրտմի (կարդա՛ Ծննդոց 6։5, 6. Բ. Օրինաց 32։4, 5)։
Եհովան արդարութիւնը կը սիրէ եւ թոյլ պիտի չտայ որ անարդարութիւնը յարատեւէ (Սաղմոս 37։28, 29)։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ Աստուած շուտով անարդարութեան վերջ պիտի դնէ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։7-9, 13)։
Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ մօտ օրէն Աստուած արդարութիւն պիտի բերէ