Աստուածաշունչին պատասխանները
Արդեօք բոլո՞ր կրօնքները Աստուած կը պատուեն։
Աշխարհի լուրերը մտիկ ընելով, հաւանաբար նկատած ես թէ երբեմն կրօնքին անունով վատ արարքներ կը գործուին։ Ո՛չ ամէն կրօնք ճշմարիտ Աստուծմէ ծագում կ’առնէ (Մատթէոս 7։15)։ Իրականութեան մէջ, մարդկութեան մեծամասնութիւնը մոլորած է (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։19)։
Այսուհանդերձ, Աստուած կը նկատէ անկեղծ մարդիկը, որոնք կը սիրեն ինչ որ բարի ու ճշմարիտ է (Յովհաննէս 4։23)։ Ան այսպիսի մարդիկ կը հրաւիրէ, որ իր Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն ճշմարտութիւնը սորվին (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։3-5)։
Ինչպէ՞ս կրնաս ճշմարիտ կրօնքը բնորոշել։
Եհովա Աստուած բազմաթիւ կրօնական ենթահողերէ մարդիկ կը միացնէ, անոնց սորվեցնելով ճշմարտութիւնը եւ զիրար սիրել (Միքիա 4։2, 3)։ Ուստի, կրնաս ճշմարիտ կրօնքին հետեւողները ճանչնալ այն կերպէն, որով իրարու հոգ կը տանին (կարդա՛ Յովհաննէս 13։35)։
Եհովա Աստուած ճշմարիտ պաշտամունքին միջոցաւ ամէն տեսակ մարդիկ կը միացնէ (Սաղմոս 133։1)
Ճշմարիտ երկրպագուները իրենց հաւատքն ու ապրելակերպը կը հիմնեն Աստուածաշունչին վրայ (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Անոնք Աստուծոյ անունը կը պատուեն (Սաղմոս 83։18)։ Անոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ջատագովեն որպէս մարդկութեան միակ յոյսը (Դանիէլ 2։44)։ Եւ անոնք Յիսուսը կ’ընդօրինակեն՝ թոյլ տալով որ իրենց ‘լոյսը լուսաւորուի’, իրենց դրացիներուն բարիք ընելով (Մատթէոս 5։16)։ Արդ, ճշմարիտ քրիստոնեաները կրնան ճանչցուիլ, քանի որ մարդոց տուները կ’այցելեն՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը հաղորդելու համար (կարդա՛ Մատթէոս 24։14. Գործք 5։42. 20։20)։