Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Աստուծոյ Թագաւորութեամբ ինչո՞ւ հետաքրքրուիլ

Աստուծոյ Թագաւորութեամբ ինչո՞ւ հետաքրքրուիլ

Աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ իրենց յոյսը դրած են Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ։ Անոնք կը հետեւին Յիսուսի օրինակին, որ իր հետեւորդներուն ըսաւ որ աղօթեն. «Եկեսցէ՛ արքայութիւն քո։ Եղիցին կամք քո որպէս յերկինս եւ յերկրի» (Մատթէոս 6։10, Գրաբար Աստուածաշունչ

Տարօրինակ է որ, մինչ շատ մարդիկ Աստուծոյ Թագաւորութեամբ խորապէս հետաքրքրուած են, կրօնքներուն մեծամասնութիւնը անոր շատ կարեւորութիւն չի տար։ Այս առնչութեամբ, պատմաբան Հ. Ճ. Ուէլզ նշեց. «Շատ ակներեւ է Երկնքի Թագաւորութիւն կոչած իր ուսուցումին մէջ Յիսուսի տուած մեծ կարեւորութիւնը, իսկ՝ բաղդատաբար անոր ունեցած աննշան տեղը շատ մը քրիստոնէական եկեղեցիներուն. . . ուսուցումին մէջ»։

Այդ եկեղեցիներուն հակառակը, Եհովայի վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ մեծ շեշտ կը դնեն։ Նկատի առ. մեր գլխաւոր պարբերաթերթը, որ այժմ կը կարդաս, 220 լեզուներով կը հրատարակուի։ Իւրաքանչիւր թիւէն գրեթէ 46 միլիոն օրինակներ կը տպուին, զայն դարձնելով աշխարհի ամէնէն շատ բաշխուած պարբերաթերթը։ Իսկ անոր հիմնական պատգամը ի՞նչ է։ Նկատէ անոր լման անունը. Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը ։

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ այսքան ջանք կը թափեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանեն։ Պատճառներէն մէկը, մենք կը հաւատանք թէ աշխարհի վրայ ամէնէն կարեւոր գրքին՝ Աստուածաշունչին՝ գլխաւոր պատգամը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է։ Ասկէ զատ, համոզուած ենք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան դիմագրաւած խնդիրներուն միակ իսկական լուծումն է։

Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելով, Եհովայի վկաները կը ջանան Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Մինչ երկրի վրայ էր, ան Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր կեանքին ու ծառայութեան առանցքը դարձուց (Ղուկաս 4։44)։ Յիսուսի համար Թագաւորութիւնը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր էր։ Եւ անիկա քեզի համար ի՞նչ կրնայ նշանակել։ Յաջորդ յօդուածները կը ներկայացնեն Աստուածաշունչի պատասխանները։