ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ
Աստուծոյ մօտիկ կը զգա՞ս
«Երբ Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն կ’ունենաս, ինքզինքդ ապահով, անպակաս եւ կայուն կը զգաս։ Կը զգաս թէ Աստուած միշտ քու լաւագոյն շահերդ կը փնտռէ» (ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ, ՊԱՏԱՆԻ ՄԸ ԿԱՆԱՅԻ ՄԷՋ)։
«Աստուած կը տեսնէ քու վհատած վիճակդ եւ խնդրածէդ շատ աւելի սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ քեզի հանդէպ» (13 ԱՄԵԱՅ ՀԱՆՆԱ, ԱԼԱՍՔԱ, ԱՄՆ)։
«Շատ թանկարժէք եւ հանդարտեցուցիչ զգացում մըն է, երբ գիտնաս թէ Աստուծոյ հետ սերտ փոխյարաբերութիւն ունիս» (ՃԻՆԱ, ՃԱՄԱՅՔԱՑԻ ԿԻՆ ՄԸ ԻՐ 40–ԱԿԱՆ ՏԱՐԻՔԻՆ)։
Քրիստոֆըր, Հաննա եւ Ճինա միակ անհատները չեն որ այդպէս կը զգան։ Աշխարհի չորս ծագերը, շատեր համոզուած են, որ Աստուած զիրենք իր բարեկամները կը նկատէ։ Դո՛ւն ի՞նչ կ’ըսես։ Աստուծոյ մօտիկ կը զգա՞ս։ Կամ կ’ուզե՞ս իրեն աւելի մօտենալ։ Թերեւս հարց տաս. «Կարելի՞ բան է որ մարդ արարած մը Ամենակալ Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենայ։ Եւ եթէ կարելի է, ինչպէ՞ս»։
ԿԱՐԵԼԻ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ
Ըստ Աստուածաշունչին, կարելի՛ է որ մէկը Աստուծոյ հետ մօտիկ եւ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենայ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ եբրայեցի Աբրահամ նահապետը «Աստուծոյ բարեկամ» կոչուեցաւ (Յակոբոս 2։23)։ Նաեւ նկատի առ այն ջերմ հրաւէրը, որ կը գտնուի Յակոբոս 4։8–ի մէջ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ Յստակ է ուրեմն, որ Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն կամ բարեկամութիւն ունենալը կարելիութիւն է։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս անտեսանելի՛ Աստուծոյ «մօտենալ» եւ անոր հետ լաւ փոխյարաբերութիւն վայելել։
Այդ հարցումին պատասխանելու համար, նկատի առ թէ մարդկային բարեկամութիւնը ինչպէ՛ս կը զարգանայ։ Ատիկա ընդհանրապէս կը սկսի, երբ երկու անհատներ իրարու կը ծանօթանան՝ մէկը միւսին անունը գիտնալով։ Ապա իրենց բարեկամութիւնը կը հաստատուի, մինչ անոնք կանոնաւորաբար իրարու հետ կը հաղորդակցին եւ գաղափարներ ու զգացումներ կը բաժնեկցին։ Իսկ երբ անոնք կը ջանան իրարու համար բաներ ընել, իրենց բարեկամութիւնը կը զօրանայ։ Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւնն ալ ասոր նման է։ Ինչպէ՞ս։ Տեսնենք։