Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորի մը վայել նուէրներ

Թագաւորի մը վայել նուէրներ

«Արեւելքէն մոգեր. . . իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր՝ ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս» (Մատթէոս 2։1, 11

Ի՞ՆՉ բան պիտի ընտրէիր որպէս նուէր շատ կարեւոր անձի մը համար։ Աստուածաշնչական ժամանակներուն, կարգ մը համեմներ նոյնքան արժէքաւոր էին որքան ոսկին, նոյնիսկ թագաւորի մը վայել նուէրներ կը սեպուէին *։ Այս պատճառով է որ մոգերուն կողմէ «Հրեաներուն թագաւոր»ին տրուած նուէրներէն երկուքը՝ անուշաբոյր համեմներ էին (Մատթէոս 2։1, 2, 11

Բալասանի իւղ

Աստուածաշունչը նաեւ կը պատմէ, թէ Սաբայի թագուհին Սողոմոնին «հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր [«բալասանի իւղ», ՆԱ] եւ պատուական քարեր տուաւ։ Սաբայի թագուհիին՝ Սողոմոն թագաւորին տուած խունկերուն [«բալասանի իւղին», ՆԱ] նմանը չկար» (Բ. Մնացորդաց 9։9) *։ Թագաւորներ ալ Սողոմոնի ուղարկեցին «բալասանի իւղ», իրենց բարեացակամութիւնը յայտնելով (Բ. Մնացորդաց 9։23, 24, ՆԱ

Սուրբգրային ժամանակներուն, այսպիսի համեմներ եւ յարակից արտադրութիւններ ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր ու սուղ էին։ Պատճառը այն է, որ անոնք կարեւոր դերեր կը խաղային, զոր օրինակ՝ երբ կը գործածուէին գեղեցկութեան խնամք տանելու, կրօնական արարողութիւններու եւ մեռելը թաղումի պատրաստելու համար (տե՛ս « Սուրբգրային ժամանակներուն՝ անուշաբոյր համեմներուն գործածութիւնները» շրջանակը)։ Մեծապէս փնտռուած ըլլալէ զատ, համեմները սուղ էին փոխադրութեան ու վաճառունակման ծախսերուն պատճառաւ։

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՆԱՊԱՏԸ ԿՏՐԵԼ

Կասիա

Աստուածաշնչական ժամանակներուն, համեմաւոր բոյսերէն ոմանք Յորդանանի հովիտը կ’աճէին, իսկ ուրիշներ պէտք էր ներածուէին։ Սուրբ Գիրքը այլազան համեմներ կը նշէ. հանրածանօթ են՝ քրքում, հալուէ, բալասան, կինամոն, կնդրուկ եւ զմուռս։ Ասոնց կողքին, կային կերակուրի սովորական համեմանքները, ինչպէս՝ չաման, անանուխ եւ սամիթ։

Օտարերկրեայ համեմները ուրկէ՞ կը բերուէին։ Կինամոնը, հալուէն եւ կասիան կ’աճէին այն շրջանները, ուր այժմ կը գտնուին Չինաստան, Հնդկաստան ու Սրի Լանքա։ Կարգ մը համեմներ, ինչպէս՝ զմուռս եւ կնդրուկ, ձեռք կը ձգուէին ծառերէ ու թուփերէ, որոնք կ’աճէին անապատային շրջաններու մէջ, Արաբիոյ հարաւէն մինչեւ ափրիկեան Սոմալի։ Իսկ նարդոսը միմիայն հնդկական արտադրութիւն մըն էր՝ Հիմալայեան լեռներէն։

Քրքում

Իսրայէլ հասնելու համար, շատ մը համեմներ հարկ էր որ փոխադրուէին՝ Արաբիա՛ն կտրելով։ Մասամբ ատոր ի արդիւնք, Ք.Ա. երկրորդ եւ առաջին հազարամեակներուն ընթացքին, Արաբիան եղաւ «Արեւելքին ու Արեւմուտքին միջեւ ապրանքներ փոխադրելու մենաշնորհական մեծ խողովակը», կը բացատրէ Համեմներու գիրքը (անգլերէն)։ Իսրայէլի հարաւը՝ Նագեբի մէջ յայտնաբերուած վաղեմի գիւղաքաղաքները, ամրոցները եւ կարաւաններու կայանները ցոյց կու տան համեմներ վաճառողներու բռնած ճամբաները։ Այս գաղութները նաեւ «կ’արտացոլեն մեծապէս շահաւէտ վաճառքը. . . Արաբիոյ հարաւէն Միջերկրական ծով», կը տեղեկագրէ ԵՈՒՆԷՍՔՕ–ի Համաշխարհային ժառանգութեան կեդրոնը։

«Առեւտուրի մէջ, համեմները յատկապէս ցանկալի իրեր էին, քանի որ պզտիկ տեղ կը գրաւէին, բարձր գինով կը ծախուէին եւ մնայուն կերպով պահանջուած էին» (Համեմներու գիրքը)

Այս անուշաբոյր համեմներով բեռցուած կարաւանները Արաբիոյ մէջ կանոնաւորաբար շուրջ 1800 քմ. կը կտրէին (Յոբ 6։19)։ Աստուածաշունչը խօսեցաւ իսմայէլացի վաճառականներու կարաւանի մը մասին, որոնք «իրենց ուղտերը համեմներով եւ բալասանով ու զմուռսով բեռնաւորուած» գացին Գաղաադէն դէպի Եգիպտոս (Ծննդոց 37։25)։ Յակոբի որդիները իրենց եղբայրը Յովսէփը իբրեւ ստրուկ ծախեցին այդ վաճառականներուն։

«ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԿԵՐՊՈՎ ՊԱՀՈՒԱԾ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ»

Սամիթ

Դարեր շարունակ, արաբ վաճառականները համեմներու վաճառքին մեծ մասին տիրապետեցին։ Միմիայն անոնք Ասիայէն համեմներ կը հայթայթէին, ինչպէս՝ կասիա եւ կինամոն։ Արաբները երեւակայական պատմութիւններ տարածեցին, նկարագրելով թէ համեմներ ձեռք ձգելու միջոցը որքա՜ն վտանգաւոր էր, որպէսզի Միջերկրական աշխարհը չփորձէ առեւտրական ուղղակի կապեր հաստատել Արեւելքի աղբիւրներուն հետ։ Համեմներու իսկական աղբիւրը «հաւանաբար բոլոր ժամանակներուն լաւագոյն կերպով պահուած առեւտրական գաղտնիքն» էր, կը նշէ Համեմներու գիրքը։

Չաման

Արաբները ի՞նչ պատմութիւններ տարածեցին։ Հերոդոտոս, Ք.Ա. հինգերորդ դարու յոյն պատմաբան մը, նշեց պատմութիւններ վախազդու թռչուններու մասին, որոնք անհասանելի խարակներու վրայ կինամոնի կեղեւներով իրենց բոյները կը շինէին։ Ան գրեց թէ հաւաքողները, այս արժէքաւոր համեմը ձեռք ձգելու համար, խարակին ստորոտը միսի մեծ կտորներ կը դնէին։ Թռչունները ագահօրէն իրենց բոյներուն այնքան միս կը փոխադրէին, որ ի վերջոյ բոյները փուլ գալով գետին կ’իյնային։ Ապա տղամարդիկը կրնային շուտով կինամոնի կեղեւները հաւաքել ու վաճառականներուն ծախել։ Այսպիսի պատմութիւններ համատարած եղան։ Ուստի, «հնձելու ենթադրական վտանգներուն ի տես, կինամոնը շատ սուղ կը ծախուէր», կ’ըսէ Համեմներու գիրքը։

Անանուխ

Վերջ ի վերջոյ, արաբներու գաղտնիքը գիտցուեցաւ եւ իրենց մենաշնորհը կորսուեցաւ։ Ք.Ա. առաջին դարուն, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիան արդէն իսկ եղած էր համեմներու առեւտրական առանցք։ Անգամ մը որ նաւաստիները սորվեցան ինչպէ՛ս Հնդկական ովկիանոսի եղանակային հովը օգտագործել, հռոմէական նաւերը սկսան եգիպտական նաւահանգիստներէն դէպի Հնդկաստան ճամբորդել, եւ այսպէս յարգի համեմները եղան աւելի առատ ու նուազ գիներով։

Ներկայիս համեմներու արժէքը ոսկիին հետ չի բաղդատուիր, եւ անոնք թագաւորի մը վայել նուէրներ չեն սեպուիր։ Այսուհանդերձ, համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ կը շարունակեն զանոնք գործածել անուշահոտերու եւ դեղերու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ իրենց կերակուրին համ ու հոտ տալու։ Արդարեւ, համեմներու հրապուրիչ բոյրը զիրենք այսօր ժողովրդական կը դարձնէ, ինչպէս որ էին հազարաւոր տարիներ առաջ։

Կինամոն

^ պարբ. 3 Աստուածաշունչի բնագրին լեզուին մէջ «համեմ» կամ «համեմներ» թարգմանուած բառերը գլխաւորաբար կ’ակնարկեն բուրումնաւէտ բուսական արտադրութիւններու եւ ոչ թէ կերակուրի համեմունքներու։

^ պարբ. 4 «Բալասանի իւղ»ը կ’ակնարկէ ծառերէ ու թուփերէ ձեռք ձգուած անուշաբոյր իւղերու կամ խէժերու։