Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վաղեմի գոհար մը աղբին մէջէն

Վաղեմի գոհար մը աղբին մէջէն

ԵՐԲ աղբակոյտ բառը լսես, ի՞նչ կը պատկերացնես։ Հաւանաբար միտքդ գայ անախորժ տեսարան մը եւ գարշելի հոտ մը։ Դժուար թէ ակնկալես հոնկէ որեւէ արժէքաւոր իր գտնել. ուր մնաց՝ թանկագին գոհար մը։

Բայց մէկ դար առաջ, այդպիսի գանձ մը գտնուեցաւ աղբակոյտի մը մէջ։ Գտնուած գանձը բառացի գոհար մը չէր, բայց համանման արժէք ունէր։ Ի՞նչ էր այդ գանձը։ Անոր յայտնաբերումը ի՞նչ կարեւորութիւն ունի մեզի համար։

ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ ՄԸ

Քսաներորդ դարը չմտած, Օքսֆորտի համալսարանի ուսումնականներ Պեռնարտ Փ. Կրենֆել եւ Արթըր Ս. Հանթ Եգիպտոս այցելեցին։ Հոն, Նեղոսի հովիտին մօտ գտնուող աղբակոյտերուն ընդմէջէն, պապիրոսի քանի մը պատառիկներ յայտնաբերեցին։ Տարիներ ետք, 1920 թուականին, մինչ երկու գործակիցները հաւաքածոն կը ցուցակագրէին, Կրենֆել Եգիպտոսէն պեղուած յաւելեալ պատառիկներ ծախու առաւ՝ Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքի Ճոն Ռայլենտսի գրադարանին համար։ Բայց երկու ուսումնականներն ալ ցուցակագրութիւնը չաւարտած՝ մահացան։

Ցուցակագրութիւնը ամբողջացաւ Գոլըն Հ. Ռապըրթսի կողմէ,– ուրիշ ուսումնական մը Օքսֆորտի համալսարանին մէջ։ Մինչ պատառիկները կը դասաւորէր, Ռապըրթս նկատեց պապիրոսի կտոր մը, որուն չափը 9x6 սանթիմեթր էր։ Ի զարմանք իր աչքերուն, յունարէն ձեռագիրը իրեն ծանօթ բառեր կը բովանդակէր։ Պապիրոսի մէկ երեսին գրուած էին խօսքեր Յովհաննէս 18։31-33–էն, իսկ միւս երեսին՝ հատուածներ Յովհաննէս 18։37, 38–էն։ Հետեւաբար, Ռապըրթս անդրադարձաւ թէ իր գտածը թանկագին գոհար մըն էր։

ՏԱՐԻՔԸ ԲՆՈՐՈՇԵԼ

Ռապըրթս զգաց որ այս պապիրոսի կտորը շա՜տ հին ըլլալու էր։ Ուստի տարիքը բնորոշելու համար, ան պատառիկին գրութիւնը համեմատեց թուագրուած ուրիշ ձեռագիրներու հետ,– մեթոտ մը որ կը կոչուի՝ հնագրութիւն *։ Այս մեթոտը կիրարկելով, Ռապըրթս կրցաւ մօտաւոր տարիքը երեւան հանել։ Բայց վստահ ըլլալու համար, պատառիկը նկարահանեց, նկարները երեք պապիրոսագէտներու ուղարկեց եւ անոնցմէ խնդրեց որ որոշեն թէ ե՛րբ գրի առնուած էր։ Մասնագէտները ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցան։

Գրութեան տեսքը եւ գրչի հարուածները ուսումնասիրելով, երեք մասնագէտներն ալ նոյն արդիւնքին հասան. պատառիկը գրի առնուած էր Ք.Ե. երկրորդ դարու առաջին կիսուն,– Յովհաննէս առաքեալի մահէն միայն քանի մը տասնամեակ ետք։ Բայց հնագրութիւնը ձեռագիր մը թուագրելու անսխալական մեթոտ մը չէ. ուսումնական մը կը խորհի որ այս պատառիկը երկրորդ դարու որեւէ թուականի կրնայ գրուած ըլլալ։ Այսուհանդերձ, պապիրոսի այս պզտիկ կտորը տա՛կաւին ցարդ յայտնաբերուած Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու հնագոյն ձեռագիրն է։

ՌԱՅԼԵՆՏՍԻ ՊԱՏԱՌԻԿԸ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

Յովհաննէսի Աւետարանին այս պատառիկը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է Աստուածաշունչը սիրողներուն համար։ Առնուազն երկու պատճառներով։ Նախ եւ առաջ, պատառիկին կազմուածքը գաղափար մը կու տայ, թէ Սուրբ Գրութիւնները որքա՜ն արժէք ունէին նախկին քրիստոնեաներուն համար։

Յովհաննէսի Աւետարանին այս պատառիկը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է Աստուածաշունչը սիրողներուն համար

Ք.Ե. երկրորդ դարուն, գրութիւնը երկու կազմուածք ունէր,– մագաղաթ եւ ձեռագիր մատեան։ Մագաղաթը կը բաղկանար պապիրոսի կամ կաշիի կտորներէ, որոնք իրարու փակցուած կամ կարուած կ’ըլլային՝ մէկ երկայն թերթ կազմելով։ Ապա այս թերթը կրնար ոլորուիլ եւ ետ բացուիլ, երբ որ պէտք ըլլար։ Ընդհանուր առմամբ, մարդիկ մագաղաթին միայն մէկ երեսը կը գործածէին գրելու համար։

Բայց Ռապըրթսի գտած պատառիկը երկու կողմերն ալ գրութիւն ունի։ Ասիկա կրնայ նշանակել, թէ անիկա ձեռագիր մատեանի մը կը պատկանի եւ ոչ թէ՝ մագաղաթի։ Ձեռագիր մատեանը բաղկացած կ’ըլլար կաշիի կամ պապիրոսի թերթերէ, որոնք վրայ վրայի կը դրուէին եւ իրարու կը կարուէին՝ գրքի մը կազմուածքը առնելով։

Ձեռագիր մատեանը մագաղաթէն աւելի ի՞նչ առաւելութիւններ ունէր։ Նախկին քրիստոնեաները աւետարանիչներ էին (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20)։ Անոնք Աստուածաշունչին պատգամը կը քարոզէին ամէն ուր որ մարդ կար,– տուներու մէջ, հրապարակները եւ փողոցները (Գործք 5։42. 17։17. 20։20)։ Ուստի ձեռագիր մատեանի ամփոփ կազմուածքը շատ աւելի գործնական էր իրենց համար։

Ձեռագիր մատեանը նաեւ կարելի դարձուց, որ ժողովքներ եւ անհատներ աւելի դիւրութեամբ կարենան Սուրբ Գրութիւնները ընդօրինակել։ Ուստի Աւետարանները բազմիցս ընդօրինակուեցան եւ այսպէս՝ քրիստոնէութիւնը աւելի արագ աճեցաւ։

Ռայլենտսի պատառիկը, առջեւ եւ ետեւ

Ռայլենտսի պատառիկը ուրիշ ի՞նչ պատճառով կարեւոր է մեզի համար։ Անկէ յայտնի կը դառնայ թէ Աստուածաշունչի բուն գրութիւնը որքա՛ն ճշգրտութեամբ փոխանցուած է ժամանակի ընթացքին։ Յովհաննէսի Աւետարանէն միայն քանի մը համար բովանդակելով հանդերձ, պատառիկը ցոյց կու տայ թէ մեր ձեռքի Աստուածաշունչը գրեթէ նոյն խօսքերը կը նշէ։ Այսպէս Ռայլենտսի պատառիկը կ’ապացուցանէ որ Աստուածաշունչը չէ փոխուած, թէեւ երկար ժամանակ կրկին անգամ ընդօրինակուած է։

Անշուշտ, Յովհաննէսի Աւետարանէն համարներ բովանդակող Ռայլենտսի պատառիկին կողքին, հազարաւոր պատառիկներ ու ձեռագիրներ կան, որոնք կը հաստատեն թէ Աստուածաշունչի բնագիրը վստահելի կերպով փոխանցուած է։ Ուէրնըր Քելլըր իր գրքին մէջ եզրակացուց. «Այս հին [ձեռագիրները] ամէնէն համոզիչ պատասխանն են այն բոլոր կասկածներուն, որոնք յարուցուած են այժմու Աստուածաշունչի բովանդակութեան հարազատութեան ու վստահելիութեան շուրջ» (The Bible as History

Ճիշդ է որ քրիստոնեաները իրենց հաւատքը հնագիտական յայտնաբերումներուն վրայ չեն հիմներ. անոնք համոզուած են թէ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Բայց եւ այնպէս, որքա՜ն հաւաստիացուցիչ է, երբ անցեալին պատկանող թանկագին գոհարներ կը հաստատեն ինչ որ Աստուածաշունչը արդէն ըսած է. «Տէրոջը խօսքը յաւիտեան կը մնայ» (Ա. Պետրոս 1։25

^ պարբ. 8 Հայոց լեզուի նոր բառարան–ին համաձայն (հատոր Ա.), «հնագրութիւն» կը նշանակէ «գիտութիւն՝ որ կ’ուսումնասիրէ գիրը (այբուբենը)՝ անոր նախկին վիճակն ու կրած փոփոխութիւնները»։ Այս փոփոխութիւնները կրնան ձեռագրի մը տարիքը բացայայտել, եթէ ձեռագիրը բաղդատուի ուրիշ արձանագրութիւններու հետ, որոնց թուականը ստոյգ է։