Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՎԵՐՋԸ ՄՕ՞Տ Է

Շատեր «վերջ»էն պիտի վերապրին. դո՛ւն ալ կրնաս

Շատեր «վերջ»էն պիտի վերապրին. դո՛ւն ալ կրնաս

Աստուածաշունչէն կ’իմանանք, թէ «վերջը» կործանում կը պարփակէ. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ. . . Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր» (Մատթէոս 24։21, 22)։ Բայց Աստուած կը խոստանայ որ շատեր պիտի վերապրին. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհաննէս 2։17

Եթէ կ’ուզես այս աշխարհը անցած ատեն վերապրիլ եւ ‘յաւիտեան մնալ’, ի՞նչ պէտք է ընես։ Պաշա՞ր պէտք է ժողվես կամ ուրիշ ֆիզիքական պատրաստութիւննե՞ր տեսնես։ Ո՛չ։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը յորդորէ որ ուրի՛շ նախապատուութիւններ ունենանք։ Կը կարդանք. «Քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն» (Բ. Պետրոս 3։10-12)։ Շուրջի համարները ցոյց կու տան, թէ «այս բոլոր բաները» որոնք պիտի լուծուին, կը պարփակեն աշխարհի կառավարութիւնները եւ բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ իշխանութեան տեղ մարդոց իշխանութիւնը կը նախընտրեն։ Յստակ է որ նիւթական բաներ դիզելը պիտի չփրկէ մեզ այդ կործանումէն։

Իրականութեան մէջ, մեր վերապրումը կախեալ է Եհովա Աստուծոյ մեր նուիրուած ըլլալէն եւ աստուածահաճոյ վարքի ու արարքներու հետամուտ ըլլալէն (Սոփոնիա 2։3)։ Փոխանակ մեծամասնութեան ետեւէ երթալու եւ այս կարեւոր ժամանակին յստակ ազդանշանները անտեսելու, հարկ է որ մեր մտքին մէջ վառ պահենք «Աստուծոյ օրուան գալը»։ Եհովայի վկաները կրնան Աստուածաշունչին միջոցով քեզի ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս այս գալիք օրէն վերապրիլ։