Առաքինի ծերութիւն
ԵՐԲ ծերանալու գաղափարը միտքդ գայ ի՞նչ կը զգաս։ Շատեր կը մտահոգուին, կը նեղանան եւ նոյնիսկ կը սարսափին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ծերութիւնը ընդհանրապէս կապ ունի ժխտական բաներու հետ, ինչպէս՝ արտաքին տեսքի փոփոխութիւն, տկար մարմին, յիշողութեան պակաս եւ երկարատեւ հիւանդութիւններ։
Սակայն ծերութիւնը անհատէ անհատ կը տարբերի։ Ոմանք իրենց յառաջացած տարիքին մէջ, թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ մտային գետնի վրայ որոշ չափով լաւ առողջութիւն ունին։ Ուրիշներ բժշկութեան յառաջդիմութեան պատճառով կրցած են երկարատեւ հիւանդութիւնները դարմանել կամ հակակշռել։ Առ ի արդիւնք, կարգ մը երկիրներու մէջ աւելի մեծ թիւով մարդիկ աւելի երկար եւ առողջ կեանք կ’ապրին։
Հակառակ անոր որ տարիքով կը մեծնաս անկասկած կ’ուզես առաքինի ծերութիւն մը ունենալ։ Այս մէկը ինչպէ՞ս կարելի է։ Անիկա մասամբ կախեալ է այս նոր հանգրուանին հանդէպ կեցուածքէդ եւ անոր համակերպելու պատրաստակամութենէդ ու կարողութենէդ։ Այս մարզերուն մէջ օգնութիւն ստանալու համար, նկատի առնենք աստուածաշնչական կարգ մը պարզ եւ գործնական սկզբունքներ։
ՀԱՄԵՍՏ ԵՂԻՐ։ «Իմաստութիւնը խոնարհներուն [«համեստներուն», ՆԱ ] հետ է» (Առակաց 11։2)։ Հոս, ‘համեստներ’ արտայայտութիւնը կրնայ ակնարկել ծերերուն, որոնք իրենց սահմանափակումներուն կը գիտակցին եւ զանոնք կը յարգեն։ Պրազիլի մէջ Չարլզ, որ 93 տարեկան է, իրապաշտօրէն կ’ըսէ. «Եթէ երկար ապրիս, ծերութենէն փախուստ չկայ։ Ո՛չ մէկ կերպով կարելի է ետ երիտասարդ դառնալ»։
Սակայն համեստ ըլլալը բնա՛ւ չի նշանակեր ունենալ սա ժխտական կեցուածքը. «Ես ծեր եմ, եւ կեանքը ա՛լ իմաստ չունի ինծի համար»։ Այսպիսի կեցուածք մը կրնայ անհատին եռանդը խլել։ «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս [«վհատիս», ՆԱ], ոյժդ քիչ է», կ’ըսէ Առակաց 24։10–ը։ Փոխարէն, համեստ անձը իմաստութիւն ցոյց կու տայ, երբ դրական կեցուածք պահպանելով փորձէ իր լաւագոյնը ընել։
Իտալիոյ մէջ Գոռատոն, որ 77 տարեկան է, կ’ըսէ. «Երբ զառիվեր ճամբու վրայ ինքնաշարժ կը քշես, արագութիւնդ կը ճշդես որ ինքնաշարժը չմարի»։ Նմանապէս, երբ անհատ մը տարիքի մէջ կը յառաջանայ, պէտք է որ իր կեանքին մէջ ճշդումներ ընէ։ Գոռատոն եւ իր կինը առտնին գործերու նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունին. անոնք այնպիսի յայտագրի մը կը հետեւին, որ օրուան
վերջաւորութեան չզգան թէ իրենց ամբողջ ուժը սպառած է։ Պրազիլի մէջ Մէրիըն, որ 81 տարեկան է, ինքն ալ իրապաշտ կեցուածք ունի։ «Սորված եմ դանդաղ աշխատիլ», կ’ըսէ ան։ «Երբ անհրաժեշտ ըլլայ, աշխատած ատեն կարճ դադարներ կ’առնեմ։ Նստած կամ երկնցած՝ կը կարդամ կամ երաժշտութիւն մտիկ կ’ընեմ։ Սորված եմ ընդունիլ որ կարողութիւններս սահմանափակ են եւ զանոնք կը յարգեմ»։ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼԻ ԵՂԻՐ։ «Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ [«համեստութեամբ եւ ողջամտութեամբ», ՆԱ] ինքզինքնին զարդարեն» (Ա. Տիմոթէոս 2։9)։ «Վայելուչ հագուստ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ հաւասարակշռութեան եւ լաւ ճաշակի։ Քանատայի մէջ Պարպրա, որ 74 տարեկան է, կ’ըսէ. «Կը ջանամ մաքուր ու կոկիկ երեւիլ։ Չեմ ուզեր անճաշակ երեւիլ, որդեգրելով սա կեցուածքը. ‘Ես ծեր եմ. հոգս չէ ինչպէ՛ս կ’երեւիմ’»։ Պրազիլի մէջ Ֆըրն, որ 91 տարեկան է, կ’ըսէ. «Որպէսզի հոգեվիճակս բարձրացնեմ, ատենը անգամ մը նոր հագուստներ կը գնեմ»։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել ծեր տղամարդոց մասին։ «Լաւագոյնս կ’ընեմ որ մաքուր հագուստներ հագուելով ներկայանալի երեւիմ», կ’ըսէ Պրազիլի մէջ Անթոնիոն, որ 73 տարեկան է։ Իր մաքրութեան նկատմամբ, ան կ’աւելցնէ. «Ամէն օր կը լոգնամ եւ կ’ածիլուիմ»։
Միւս կողմէ, կարեւոր է որ արտաքին երեւոյթով չհետաքրքրուիս այն աստիճան, որ կարող չըլլաս ‘ողջամտութիւն’ դրսեւորել։ Հարաւային Քորէայի մէջ Պօք–իմ, որ 69 տարեկան է, հագուստներու մասին հաւասարակշռուած տեսակէտ ունի։ Ան կ’ըսէ. «Գիտեմ թէ երիտասարդութեանս ատեն հագած կարգ մը հագուստներս ա՛լ ինծի չեն վայելեր»։
ԴՐԱԿԱՆ ԵՂԻՐ։ «Վշտալից մարդուն բոլոր օրերը գէշ են, բայց ուրախ սիրտը մշտնջենական կոչունքի մէջ է» (Առակաց 15։15)։ Մինչ տարիքով կը մեծնաս, թերեւս բացասական զգացումներ ունենաս յիշելով երիտասարդական կորովդ։ Ասիկա հասկնալի է։ Բայց ջանք թափէ որ այդ զգացումներուն գերին չդառնաս։ Անցեալի յուշերով ապրիլը կրնայ քեզ այնպէս մը տրտմեցնել եւ վհատեցնել, որ կարող չես ըլլար ընելու այն ինչ որ տակաւին կրնաս ընել։ Քանատայի մէջ Ժոզեֆ, որ 79 տարեկան է, դրականօրէն մտածելով կ’ըսէ. «Կը փորձեմ հաճոյքով ընել այն բաները, որոնք տակաւին կրնամ ընել եւ չափսոսալ այն բաներուն վրայ, որոնք ա՛լ կարող չեմ ընել»։
Կարդալն ու սորվիլն ալ կրնան պատճառ դառնալ, որ մտային կարողութիւնդ բարելաւելով ուրախ զգաս։ Անոր համար, որքան որ կարելի է, կարդալու եւ նոր բաներ սորվելու ամէն առիթ օգտագործէ։ Ֆիլիփիններու մէջ Էռնեսթոն, որ 74 տարեկան է, գրատուն կ’երթայ եւ հետաքրքրական գիրքեր կը փնտռէ։ Ան կ’ըսէ. «Ընթերցելով տակաւին արկածախնդրական պահեր կ’ապրիմ, եւ տան մէջ ըլլալով հանդերձ կը սկսիմ ընթերցանութեան այդ աշխարհին մէջ ճամբորդել»։ Շուէտի մէջ Լեննըրդ, որ 75 տարեկան է, նոյնիսկ նոր լեզու մը սորվելու դժուար քայլը առաւ։
Ղուկաս 6։38)։ Ժամանակէդ ու միջոցներէդ մաս մը ուրիշներուն հետ բաժնելը սովորութիւն դարձուր։ Ասիկա ուրախութեան եւ իրագործումի զգացում պիտի տայ քեզի։ Պրազիլի մէջ Հոզա, որ 85 տարեկան է, ուրիշներուն օգնելու համար շատ ջանք կը թափէ, հակառակ անոր որ ֆիզիքական սահմանափակումներ ունի։ Ան կ’ըսէ. «Հիւանդ կամ վհատած բարեկամներուս կը հեռաձայնեմ կամ նամակ կ’ուղարկեմ։ Երբեմն անոնց պզտիկ նուէրներ կը ղրկեմ։ Նաեւ կը սիրեմ հիւանդներուն համար ճաշ մը կամ անուշեղէն մը պատրաստել»։
ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ԵՂԻՐ։ «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի» (Առատաձեռնութիւնը կը բերէ առատաձեռնութիւն։ «Երբ ուրիշներու հանդէպ սէր ցուցաբերես, անոնք ալ նոյնը քեզի կը փոխադարձեն», կ’ըսէ Շուէտի մէջ Եան, որ 66 տարեկան է։ Այո, առատաձեռն անձը ջերմ ու գնահատութեամբ լեցուն մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, որ ուրիշներ հաճելի կը գտնեն։
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՂԻՐ։ «Ինքնահաճոյ [«Մեկուսացող», ՆԱ] մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ» (Առակաց 18։1)։ Ճիշդ է որ երբեմն կ’ուզես առանձնանալ, բայց մի՛ մեկուսանար։ Նիկերիոյ մէջ Իննըսընդ, որ 72 տարեկան է, իր բարեկամներուն ընկերակցութիւնը կը վայելէ։ Ան կ’ըսէ. «Ուրախութեամբ կ’ընկերակցիմ ամէն տարիքի անհատներու հետ»։ Շուէտի մէջ Պորյա, որ 85 տարեկան է, կ’ըսէ. «Ջանք կը թափեմ երիտասարդներուն հետ ընկերակցիլ։ Անոնք կեանքով լեցուն են, ինչ որ զիս կը զգացնէ որ դարձեալ երիտասարդ եմ,– առնուազն ներսէն»։ Նախաձեռնութիւնը դուն առ ատեն–ատեն բարեկամներ հրաւիրելու։ Հարաւային Քորէայի մէջ Հանսիք, որ 72 տարեկան է, կ’ըսէ. «Կինս ու ես կը սիրենք հաւաքոյթի կամ ընթրիքի հրաւիրել ամէն տարիքի պատկանող բարեկամներ,– թէ՛ ծերեր ու թէ պատանիներ»։
Ընկերային անհատներու հետ հաղորդակցիլը դիւրին է։ Բայց քանի որ հաղորդակցիլը նաեւ կը պահանջէ լսել, հարկ է որ լաւ լսող մը ըլլաս։ Ուրիշներով անձնապէս հետաքրքրուէ։ Մոզամպիկի մէջ Իլինա, որ 71 տարեկան է, կ’ըսէ. «Ընկերային անձ մըն եմ եւ ուրիշները կը պատուեմ։ Անոնց մտիկ կ’ընեմ, որպէսզի գիտնամ թէ ի՛նչ կը մտածեն եւ ի՛նչ կը սիրեն»։ Պրազիլի մէջ Խոսէ, որ 73 տարեկան է, կ’ըսէ. «Մարդիկ կը սիրեն ընկերակցիլ լաւ մտիկ ընողներու հետ,– կարեկից եւ հետաքրքրուող անհատներու հետ, անոնց հետ, որոնք յարմար ժամանակին գովասանքներ կ’ընեն եւ զուարթամիտ են»։
Երբ միտքդ կ’արտայայտես, ուշադիր եղիր որ ‘խօսքդ աղով համովցած ըլլայ’ (Կողոսացիս 4։6)։ Նկատառու եւ քաջալերող եղիր։
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՂԻՐ։ «Գոհացէք» (Կողոսացիս 3։15)։ Երբ օգնութիւն կը ստանաս, երախտապարտ եղիր։ Շնորհակալական արտայայտութիւնները լաւ փոխյարաբերութիւններ կը մշակեն։ «Վերջերս, ամուսինս ու ես յարկաբաժին մը փոխադրուեցանք։ Շատ մը բարեկամներ մեզի օգնեցին։ Պարզապէս շնորհակալութիւն յայտնելը բաւարար չէր։ Ուստի շնորհակալական քարտեր ուղարկեցինք եւ անոնցմէ ոմանք ճաշի հրաւիրեցինք», կ’ըսէ Քանատայի մէջ Մարի–Փոլ, որ 74 տարեկան է։ Հարաւային Քորէայի մէջ Ճէ–ուըն, որ 76 տարեկան է, կը գնահատէ որ եղբայրները զինք Թագաւորութեան սրահ կը տանին։ Ան կ’ըսէ. «Այնքա՛ն երախտապարտ եմ ինծի տրուած օգնութեան համար, որ միտք դրած եմ վառելանիւթի ծախսերուն համար որոշ գումար մը տալ։ Երբեմն պզտիկ նուէրներ կը պատրաստեմ շնորհակալական նոթերով»։
Ամէն բանէ աւելի, շնորհակալ եղիր կեանքի պարգեւին համար։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր մեզի կը յիշեցնէ. «Ողջ շունը մեռած առիւծէն աղէկ է» (Ժողովող 9։4)։ Այո, ճիշդ կեցուածք ունենալով եւ համակերպելու պատրաստակամ ըլլալով, կարելի է առաքինի ծերութիւն վայելել։