ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ո՞Վ ԵՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ
Եհովայի վկաները ինչպիսի՞ մարդիկ են
Մենք համաշխարհային կազմակերպութիւն մըն ենք, որ ուրիշ կրօնական խումբերու հետ կապ չունինք։ Հակառակ որ մեր գլխաւոր կեդրոնատեղին Միացեալ Նահանգներուն մէջ է, Եհովայի վկաներուն մեծամասնութիւնը ուրիշ երկիրներու մէջ կ’ապրի։ Շուրջ ութ միլիոն Վկաներ Աստուածաշունչը կը սորվեցնեն աւելի քան 230 երկիրներու մէջ։ Ասիկա կ’ընենք քանի որ կ’ուզենք Յիսուսի խօսքին հետեւիլ, որ ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատթէոս 24։14)։
Ուր որ ալ ըլլանք, մեր խիղճը մեզ կը մղէ որ օրէնքը յարգենք։ Սակայն քաղաքական գետնի վրայ չէզոք կը մնանք, քանի որ կը հետեւինք Յիսուսի խօսքին, որ քրիստոնեաներուն համար ըսաւ թէ «աշխարհէն [չեն]» (Յովհաննէս 15։19. 17։16)։ Օրինակ՝ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին, Եհովայի վկաները բանտարկուեցան, չարչարուեցան եւ նոյնիսկ սպաննուեցան, քանի որ չէզոք մնացին։ Նախկին գերմանացի եպիսկոպոս մը գրեց. «Անոնք իրաւացիօրէն կրնան դաւանիլ, թէ խղճմտանքի առարկուներու միակ գլխաւոր խումբն էին Երրորդ Ռայխին մէջ»։
«[Եհովայի վկաները] բարձր բարոյականութիւն ունին։ Նոյնիսկ քաղաքական բարձրագոյն պաշտօններու մէջ կրնանք այսպիսի անձնազոհ անձեր գործածել. բայց ասիկա բնա՛ւ պիտի չպատահի. . . Անոնք կառավարական հեղինակութիւնները կը յարգեն, բայց կը հաւատան որ միա՛յն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կարող է բոլոր մարդկային խնդիրները լուծել»(Նովա Սւոպոտա լրագիր, Չեխիայի Հանրապետութիւն)։
Սակայն մենք մարդոցմէ հեռանալով չենք մեկուսանար։ Յիսուս իր հետեւորդներուն համար Աստուծոյ աղօթեց. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես» (Յովհաննէս 17։15)։ Ուստի, մենք կ’աշխատինք, գնում կ’ընենք եւ դպրոց կ’երթանք։