ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՂՕԹԵԼԸ ՕԳՈՒՏ ՄԸ ՈՒՆԻ՞
Լսող մը կա՞յ
Ոմանք կը զգան թէ աղօթքը պարզապէս ժամանակի կորուստ է, մտածելով թէ ո՛չ ոք կը լսէ։ Ուրիշներ փորձած են աղօթել, բայց կը խորհին որ պատասխան մը չեն առած։ Անաստուած մը Աստուծոյ մասին որոշ կարծիք մը կազմելով աղօթեց. «Միմիայն փսփսա՛ ինծի»։ Բայց ան ըսաւ որ Աստուած պահեց իր «շուքն ու լռութիւնը»։
Անդին, Աստուածաշունչը մեզի կը վստահեցնէ, թէ կա՛յ անձնաւորութիւն ունեցող Աստուած մը եւ թէ ան աղօթքները կը լսէ։ Սուրբ Գիրքին մէջ հետեւեալը գրուած է վաղեմի օրերուն ապրած ժողովուրդի մը համար. «[Աստուած] քու աղաղակիդ ձայնը լսածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմի եւ քեզի պատասխան պիտի տայ» (Եսայի 30։19)։ Ուրիշ համար մը կ’ըսէ. «Ուղիղներուն աղօթքը անոր ընդունելի է» (Առակաց 15։8)։
Յիսուս իր Հօր աղօթեց եւ «լսուեցաւ» (Եբրայեցիս 5։7)
Աստուածաշունչին մէջ նաեւ գրուած է անհատներու մասին, որոնց աղօթքները Աստուած լսեց։ Օրինակ՝ Եբրայեցիս 5։7–ն կ’ըսէ թէ Յիսուս «աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ»։ Ուրիշ օրինակներ կարելի է գտնել՝ Դանիէլ 9։21–ի եւ Բ. Մնացորդաց 7։1–ի մէջ։
Ոմանք կը զգան թէ իրենց աղօթքները չեն պատասխանուիր։ Լաւ, ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի մեր աղօթքները լսուին։ Առաջին, պէտք է աղօթենք միմիայն Աստուածաշունչի Աստուծոյն՝ Եհովային *, եւ ոչ թէ ուրիշ աստուածներու կամ նախահայրերու։ Երկրորդ, Աստուած կ’ուզէ որ «իր կամքին համեմատ» աղօթենք, այսինքն՝ խնդրենք բաներ, որոնց ան կը հաճի։ Եթէ այսպէս աղօթենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած «պիտի լսէ մեզ» (Ա. Յովհաննէս 5։14)։ Ուրեմն, եթէ կ’ուզենք որ մեր աղօթքները լսուին, պէտք է ճանչնանք Աստուածաշունչին Աստուածը եւ գիտնանք թէ ի՛նչ է իր կամքը։
Շատե՛ր կան, որոնք կը հաւատան թէ աղօթքը պարզ կրօնական վարժութենէ մը աւելին է. . . թէ Աստուած ի՛րապէս կը լսէ եւ կը պատասխանէ աղօթքներուն։ Քենիայի մէջ ապրող Այզաք կ’ըսէ. «Աստուծմէ խնդրեցի որ ինծի օգնէ Սուրբ Գիրքը հասկնալու։ Շատ չանցած՝ անհատ մը քովս եկաւ եւ ինծի պէտք եղած օգնութիւնը տուաւ»։ Ֆիլիփիններու մէջ, Հիլտա անունով կին մը ուզեց ծխելը դադրեցնել։ Շա՛տ անգամ փորձեց, բայց՝ չյաջողեցաւ։ Ետքը, իր ամուսինը այս առաջարկը տուաւ. «Ինչո՞ւ Աստուծմէ օգնութիւն չխնդրես»։ Հիլտան այս խրատը գործադրելէն ետք կ’ըսէ. «Զարմացայ, տեսնելով թէ Ան ինչպէ՛ս ինծի օգնեց։ Այնպէս մը եղաւ, կարծես թէ ծխելու փափաքս սկսաւ մարիլ։ Այո, կրցա՛յ ծխախոտը ձգել»։
Կրնա՞յ ըլլալ որ Աստուած քու անձնական խնդրանքներուդ պատասխանելով ալ հետաքրքրուած է, եթէ իր կամքին համաձայն են։
^ պարբ. 6 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը «Եհովա» է։