Գիտէի՞ր
Հերովդէս Երուսաղէմի տաճարը վերաշինելու ատեն ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց։
Սկիզբը, Սողոմոն Երուսաղէմի տաճարը կանգնեցուցած էր բլուրի մը վրայ եւ յենապատեր շինած էր բլուրին արեւելեան ու արեւմտեան կողմերը, որպէսզի սուրբ կառուցուածքին շուրջ աստիճանաւոր դարատափեր շինէ։ Հերովդէս Սողոմոնի տաճարէն աւելի փառաւոր տաճար մը ուզեց շինել, ուստի սկսաւ տաճարը վերաձեւել եւ ընդարձակել։
Հերովդէսին երկրաչափները տաճարին հիւսիսը գտնուող տափակ տարածութիւնը ընդարձակեցին, որպէսզի այդտեղի դարատափերը ընդլայնեն։ Հարաւի կողմը, հարթագե0տինը 32 մեթր երկնցուցին։ Ասիկա իրագործելու համար, քով–քովի քարաշէն կամարներ եւ հաստ յենապատ մը շինուեցան։ Կարգ մը տեղեր, այս պատին բարձրութիւնը 50 մեթր էր։
Հերովդէս ջանաց հրեայ ազգին զգայուն կէտերը յարգել եւ տաճարին ծառայութիւններն ու զոհագործութիւնները չխանգարել։ Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս կ’ըսէ, թէ Հերովդէս նոյնիսկ քարագործութիւն եւ ատաղձագործութիւն սորվեցուց հրեայ քահանաներու, որպէսզի իրաւասութիւն չունեցող բանուոր մը սուրբ վայրերը չմտնէ։
Հերովդէս ծրագիրը չկրցաւ վերջացնել, քանի որ Յիսուսի ծնունդէն քանի մը տարի ետք մեռաւ։ Ք.Ե. 30–ին, 46 տարի եղած էր որ տաճարը կը վերաշինուէր (Յովհաննէս 2։20)։ Առաջին դարուն կիսուն, Հերովդէսի թոռնիկին տղան՝ Ագրիպպաս Բ., գործը լրացուց։
Մելիտէի բնակիչները ինչո՞ւ խորհեցան որ Պօղոս առաքեալ մարդասպան մըն է։
Կրնայ ըլլալ որ Մելիտէի բնակիչներէն ոմանք յունական կրօնքի գաղափարներէն ազդուած էին։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Պօղոսին, Մելիտէի քով նաւակոծութեան հանդիպելէ ետք։ Գործք գիրքը կը պատմէ, թէ ճամբորդակիցները տաք պահելու համար կրակ վառած էին, եւ երբ առաքեալը խռիւ ժողվեց եւ կրակին վրայ դրաւ, իժ մը իր ձեռքը բռնեց։ Այս մէկը տեսնելով կղզեցիները ըսին. «Անշուշտ ասիկա մարդասպան մըն է, որ թէպէտ ծովէն ազատեցաւ, բայց արդարութիւնը թող չտուաւ որ ապրի» (Գործք 28։4)։
Հոս «արդարութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը «տիքի» է։ Այս բառը կրնայ վերացական իմաստով արդարութիւն նշանակել։ Յունական դիցաբանութեան մէջ, Տիքին արդարութեան աստուածուհիին անունն էր։ Կը կարծուէր որ ինքը մարդոց ըրածը–չըրածը կը դիտէր եւ Զեւսին կը տեղեկացնէր չյայտնուած անարդարութիւնները, որպէսզի յանցաւորը իր պատիժը առնէ։ Ուստի, ինչպէս որ աղբիւր մը կ’ըսէ, Մելիտէի բնակիչները թերեւս մտածեցին. «Թէեւ Պօղոս ծովէն ազատեցաւ, բայց անոր վրայ նշան դրուած է եւ հիմա Տիքի աստուածուհիին ձեռքերուն մէջն է. . . իժին միջոցով»։ Երբ յստակ դարձաւ որ Պօղոս վնասուած չէր, բնակիչները իրենց կարծիքը փոխեցին։