Իրապէս կրնա՞նք Աստուած ճանչնալ
«Աստուած անըմբռնելի է» (Փիլոն Աղեքսանդրացի, առաջին դարու փիլիսոփայ)։
«[Աստուած] մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (տարսոնցի Սօղոս, խօսելով Աթէնքի առաջին դարու փիլիսոփաներու)։
ՔՈՒ ԿԱՐԾԻՔԴ այս երկու խօսքերէն ո՞ր մէկուն պէս է։ Շատեր տարսոնցի Սօղոսի՝ Պօղոս առաքեալի՝ խօսքը մխիթարիչ եւ հետաքրքրական կը գտնեն (Գործք 17։26, 27)։ Սուրբ Գիրքին մէջ այս վստահեցուցիչ խօսքին պէս ուրիշ խօսքեր ալ կան։ Օրինակ՝ Յիսուս առիթով մը իր աղօթքին մէջ վստահեցուց որ իր հետեւորդները կրնա՛ն Աստուած ճանչնալ եւ անոր օրհնութիւնը վայելել (Յովհաննէս 17։3)։
Սակայն Փիլոնի պէս ուրիշ փիլիսոփաներ տարբեր կարծիք ունէին։ Անոնք ըսին որ մենք բնա՛ւ չենք կրնար Աստուած ճանչնալ, քանի որ ան բոլորովին անըմբռնելի է։ Ո՞ր մէկն է ճշմարտութիւնը։
Աստուածաշունչը անկեղծօրէն կ’ըսէ, թէ մարդոց համար դժուար է հասկնալ Աստուծոյ մասին կարգ մը բաներ։ Օրինակ՝ չենք կրնար չափել, համրել կամ ըմբռնել Ստեղծիչին գոյութեան տեւողութիւնը, իր մտքին ուշիմութիւնը եւ իր իմաստութեան խորունկութիւնը։ Ատոնք մարդոց մտքէն վեր են։ Սակայն Աստուծոյ մասին այս բաները արգելք չեն ըլլար որ զինք ճանչնանք։ Ընդհակառակը, նոյն այդ բաներուն վրայ խոկալը մեզի կրնայ օգնել որ ‘Աստուծոյ մօտենանք’ (Յակոբոս 4։8)։ Հիմա նկատի առնենք այսպիսի կարգ մը անըմբռնելի բաներ։ Ետքը նկատի պիտի առնենք բաներ, որոնք Աստուծոյ մասին իրապէս կրնանք ըմբռնել։
Ի՞նչ բաներ անըմբռնելի են
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ. Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Աստուած «յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս» գոյութիւն ունի (Սաղմոս 90։2)։ Ուրիշ խօսքով, Աստուած սկիզբ չունի, ոչ ալ վերջ պիտի ունենայ։ Մարդոց աչքով դիտուած, «անոր տարիներուն համրանքը անքննելի է» (Յոբ 36։26)։
Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս. Աստուած քեզի յաւիտենական կեանք կը խոստանայ, եթէ իրապէս զինք մօտէն ճանչնաս (Յովհաննէս 17։3)։ Եթէ Աստուած յաւիտեան չ’ապրիր, այս խոստումը վստահելի կ’ըլլա՞յ։ Միայն «յաւիտենական Թագաւորը» կրնայ այսպիսի խոստում մը կատարել (Ա. Տիմոթէոս 1։17)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻՏՔԸ. Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուծոյ «իմաստութիւնը չի քննուիր», քանի որ իր միտքերը մերիններէն շատ աւելի բարձր են (Եսայի 40։28. 55։9)։ Աստուածաշունչը տեղին ըլլալով կը հարցնէ այս միտք գրգռող հարցումը. «Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ» (Ա. Կորնթացիս 2։16)։
Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս. Աստուած կրնայ նոյն ատեն միլիոնաւոր աղօթքներ մտիկ ընել (Սաղմոս 65։2)։ Ան նոյնիսկ կը նկատէ ամէն ճնճղուկ որ գետին կ’իյնայ։ Երբեք պիտի պատահի՞ որ Աստուծոյ միտքը այնքա՛ն զբաղած ըլլայ, որ չկարենայ քեզի ուշադրութիւն դարձնել եւ աղօթքներդ մտիկ ընել։ Ո՛չ, քանի որ իր միտքը սահման չունի։ Աւելին, իրեն համար ‘շատ ճնճղուկներէ լաւ ես դուն’ (Մատթէոս 10։29, 31)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՄԲԱՆԵՐԸ. Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ» (Ժողովող 3։11)։ Ուստի, բնա՛ւ պիտի չգիտնանք ամէն բան Աստուծոյ մասին։ Աստուծոյ ճամբաներուն իմաստութիւնը «անզննելի» է (Հռովմայեցիս 11։33)։ Սակայն, Աստուած կը փափաքի իր ճամբաները գիտցնել անոնց, որոնք կ’ուզեն զինք հաճեցնել (Ամովս 3։7)։
Չենք կրնար չափել, համրել կամ ըմբռնել Ստեղծիչին գոյութեան տեւողութիւնը, իր մտքին ուշիմութիւնը եւ իր իմաստութեան խորունկութիւնը
Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս. Եթէ Աստուածաշունչը կարդաս եւ սերտես, միշտ նոր բաներ պիտի սորվիս Աստուծոյ եւ իր ճամբաներուն մասին։ Ասիկա կը նշանակէ որ յաւիտեան կրնանք մեր երկնաւոր Հօր աւելի մօտենալ։
Ի՛նչ բաներ կրնաս գիտնալ
Ճիշդ է որ Աստուծոյ մասին կարգ մը բաներ չենք կրնար լիովին ըմբռնել, բայց ասիկա չի նշանակեր որ բնա՛ւ չենք կրնար Աստուած ճանչնալ։ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ տեղեկութիւններ կան, որոնք մեզի կ’օգնեն Աստուած աւելի լաւ ճանչնալու։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ.
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ. Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուած ինքն իրեն անուն մը տուած է։ Ան կ’ըսէ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է»։ Աստուծոյ անունը շուրջ 7000 անգամ կը նշուի Աստուածաշունչին մէջ, այսինքն՝ ուրիշ որեւէ անունէ աւելի (Եսայի 42։8)։
Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս. Յիսուս տիպար աղօթքին մէջ ըսաւ. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատթէոս 6։9)։ Դուն ալ կրնա՞ս աղօթքներուդ մէջ Աստուծոյ անունը գործածել։ Եհովան կը փափաքի փրկել բոլոր անոնք, որոնք իր անունը կը յարգեն (Հռովմայեցիս 10։13)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ. Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երկու ոլորտներ կամ ծիրեր կան,– հոգեղէն ծիրը, ուր կան հոգեղէն մարմիններով հոգեղէն արարածներ, եւ ֆիզիքական ծիրը, որուն մէջ կան մեր երկրագունդն ու տիեզերքը (Յովհաննէս 8։23. Ա. Կորնթացիս 15։44)։ Աստուածաշունչը շատ անգամ «երկինք» բառով ըսել կ’ուզէ հոգեղէն ծիրը։ Ստեղծիչին ‘բնակութեան տեղը’ այդ «երկինք»ին մէջն է (Գ. Թագաւորաց 8։43)։
Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս. Աստուծոյ մասին աւելի յստակ գաղափար մը կը կազմես։ Ստեղծիչը խորհրդաւոր ոյժ մը չէ, որ ամէն տեղ եւ ամէն բանի մէջ Եբրայեցիս 4։13, ԱԾ)։
գոյութիւն ունի։ Եհովան իրական Անձ մըն է, որ իրական տեղ մը կը բնակի։ Բայց նոյն ատեն, «չկայ արարած մը՝ որ աներեւոյթ ըլլայ անոր առջեւ» (ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ. Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ որ Եհովան գեղեցիկ յատկութիւններ ունի։ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Ան բնա՛ւ սուտ չի խօսիր (Տիտոս 1։2)։ Ան ողորմած, անաչառ, բարերար եւ երկայնամիտ է (Ելից 34։6. Գործք 10։34)։ Իսկ հետեւեալը թերեւս զարմացնէ շատերը. Ստեղծիչը կը փափաքի զինք յարգողներուն հետ մտերիմ «բարեկամութիւն» ունենալ (Սաղմոս 25։14)։
Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս. Կրնաս Եհովային բարեկամը դառնալ (Յակոբոս 2։23)։ Ետքը, որքա՛ն աւելի ճանչնաս Աստուծոյ անձնաւորութիւնը, այնքան աւելի պիտի հասկնաս Աստուածաշունչին պատմութիւնները։
‘ԶԱՆԻԿԱ ՓՆՏՌԷ’
Աստուածաշունչը Եհովա Աստուծոյ մասին յստակ պատկեր մը կը գծէ։ Ան անըմբռնելի չէ եւ նոյնիսկ կ’ուզէ որ զինք ճանչնաս։ Իր Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ. «Եթէ զանիկա փնտռես՝ պիտի գտնես» (Ա. Մնացորդաց 28։9)։ Կրնաս Աստուածաշունչի պատմութիւնները կարդալով եւ անոնց վրայ խոկալով Աստուած ճանչնալ։ Եթէ ասիկա ընես, Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ «անիկա [քեզի] պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։
Կրնայ ըլլալ որ հարցնես. «Մինչեւ այն ատեն որ Ստեղծիչին մասին ամէն բան չեմ կրնար հասկնալ, ինչպէ՞ս պիտի կրնամ իր բարեկամը ըլլալ»։ Այս օրինակը նկատի առ. վիրաբոյժի մը ամէնէն մօտիկ բարեկամը պէտք ունի՞ բժշկութեան մէջ վկայական ունենալու։ Բնա՛ւ երբեք։ Վիրաբոյժին բարեկամը կրնայ լման տարբեր արհեստ մը ունենալ։ Սակայն անոնք տակաւին կրնա՛ն մտերիմ բարեկամներ ըլլալ։ Ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ վիրաբոյժին բարեկամը անոր բնաւորութիւնը գիտէ, եւ թէ ան ի՛նչ կը սիրէ եւ ի՛նչ չի սիրեր։ Նմանապէս, Սուրբ Գիրքէն կրնաս գիտնալ թէ Եհովան ի՛նչպիսի անձ մըն է, եւ ճիշդ ասիկա պէտք ունիս գիտնալու, որպէսզի իրեն հետ բարեկամութիւն հաստատես։
Աստուածաշունչը Ստեղծիչին մասին երկու բառ չ’ըսեր, հապա պէտք եղած տեղեկութիւնները ունի, որպէսզի զայն ճանչնանք։ Կը փափաքի՞ս Եհովա Աստուծոյ մասին աւելին գիտնալ։ Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն կ’առաջարկեն։ Քեզ կը հրաւիրենք որ Վկաներուն հետ կապ պահես կամ մեր կայքը այցելես՝ www.dan124.com/hy-latn։