Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Սուրբ Ծնունդի սովորութիւնները սխա՞լ են

Սուրբ Ծնունդի սովորութիւնները սխա՞լ են

Հինէն ի վեր Սուրբ Ծնունդը նկարագրուած է Յիսուսի ծնունդը տօնելու աւանդական տօնակատարութիւն։ Սակայն այս տօնակատարութեան շատ մը սովորութիւններ մեզ կը մղեն հարց տալու, թէ անոնք ինչպէ՛ս սկսան Յիսուսի ծնունդին առնչուիլ։

Օրինակ, կայ Կաղանդ պապուկի առասպելը։ Անիկա զուարթ, ճերմակ մօրուքով, կարմիր այտերով եւ կարմիր հագուստով պապուկն է, որ 1931–ին Հիւսիսային Ամերիկայի ըմպելիքի հաստատութեան մը կողմէ ստեղծուեցաւ որպէս Սուրբ Ծնունդի ծանուցում։ 1950–ական թուականներուն, պրազիլցիներէն ոմանք փորձեցին Կաղանդ պապուկը փոխարինել բնիկ առասպելական անձնաւորութեան մը հետ,– Հնդիկ Մեծ Հայրը։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Կաղանդ պապուկը ո՛չ միայն Հնդիկ Մեծ Հայրը գերազանցեց, այլեւ նոյնիսկ՝ «Յիսուս մանուկը, եւ դեկտեմբեր 25–ի տօնակատարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը դարձաւ», կ’ըսէ Քարլոս Ի. Ֆանդինաթին։ Բայց արդեօք այսպիսի առասպելներ, ինչպէս՝ Կաղանդ պապուկը, Սուրբ Ծնունդին առնչուող միակ խնդի՞րն են։ Պատասխանը առնելու համար վերադառնանք նախկին քրիստոնեաներուն։

Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Քրիստոնէութեան առաջին երկու դարերուն ընթացքին, քրիստոնեաները ուժգին կերպով հակառակ կեցան մարտիրոսներու կամ Յիսուսի ծնունդը տօնելուն» (Encyclopedia Britannica)։ Ինչո՞ւ։ Քրիստոնեաներուն համար տարեդարձ տօնելը հեթանոսական սովորութիւն էր, եւ պէտք էր բոլորովին անկէ խուսափիլ։ Իրականութեան մէջ Աստուածաշունչին մէջ Յիսուսի ծննդեան թուականը նշուած չէ։

Հակառակ անոր որ նախկին քրիստոնեաներուն կեցուածքը տարեդարձ տօնելու դէմ յստակ էր, Ք.Ե. չորրորդ դարուն կաթողիկէ եկեղեցին Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւնը հաստատեց։ Եկեղեցին ուզեց իր դիրքը զօրացնել, իր առջեւէն վերցնելով գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը,– հռոմէական կրօնքներուն ժողովրդականութիւնը եւ անոնց ձմեռնային արեւադարձային տօնակատարութիւնները։ Ամէն տարի դեկտեմբեր 17–էն մինչեւ յունուար 1, «հռոմայեցիներուն մեծամասնութիւնը տօնախմբութիւններ, խաղեր, կերուխումներ եւ զօրահանդէսներ կ’ընէր եւ այլ խրախճանքներու կը մասնակցէր, մինչ չաստուածները կը մեծարէր», կ’ըսէ գիրք մը՝ գրուած Բենի Լ. Ռեսթատի կողմէ (Christmas in America)։ Իսկ դեկտեմբեր 25–ին, հռոմայեցիները «անյաղթելի արեւ»ին ծնունդը կը տօնէին։ Սուրբ Ծնունդը այդ օրը հաստատելով, եկեղեցին շատ մը հռոմայեցիներ խրախուսեց որ փոխանակ արեւին ծնունդը տօնելու Յիսուսին ծնունդը տօնեն։ Հռոմայեցիները «տակաւին կրնային իրենց ձմեռնային տօնակատարութիւններուն պերճանքը վայելել», կ’ըսէ գիրք մը՝ գրուած Կեռի Պօլըրի կողմէ (Santa Claus, a Biography)։ Իրականութեան մէջ անոնք «շարունակեցին նոր օրերը հին սովորութիւններով նշել»։

Ուստի յստակ է որ Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւններուն մէջ գլխաւոր խնդիրը այն է, որ անոնք առարկելի ծագումներ ունին։ Սթիվըն Նիսընպոմ իր գրքին մէջ Սուրբ Ծնունդին կ’ակնարկէ որպէս «քրիստոնէութեան դիմակով ծածկուած հեթանոսական տօնակատարութիւն»։ Ուստի Սուրբ Ծնունդը կ’անպատուէ Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Արդեօք ասիկա պարզապէս աննշա՞ն հարց մըն է։ Աստուածաշունչը հարց կու տայ. «Ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ» (Բ. Կորնթացիս 6։14)։ Ծառի կոճղի մը նման որ ծուռ աճած է, Սուրբ Ծնունդը այնքա՛ն ծուռ է որ «չի կրնար շտկուիլ» (Ժողովող 1։15