Ուրիշ փաստ մը
Հնագիտութիւնը գտա՞ծ է փաստեր, որոնք կը ցուցնեն թէ Սուրբ Գիրքին նշած բաները ճիշդ են։ 2014–ին, պարբերաթերթի մը մէջ եկաւ յօդուած մը, որ հետեւեալ հարցումը հարցուց. «Հնագիտութիւնը Եբրայերէն Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած քանի՞ անձերու գոյութիւնը փաստած է» (Biblical Archaeology Review)։ Պատասխանն էր՝ «Առնուազն 50»։ Այդ յօդուածին նշած ցանկին մէջ չկար Թաթանայի։ Լաւ, ան ո՞վ էր։ Տեսնենք թէ անոր մասին Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ։
Որոշ ժամանակ մը Երուսաղէմը մաս կը կազմէր Պարսկական կայսրութեան։ Այս քաղաքը կը գտնուէր շրջանի մը մէջ, որ պարսիկները կը կոչէին՝ «Գետին միւս կողմը», այսինքն՝ Եփրատ գետին արեւմուտքը։ Բաբելոնիան գրաւելէ ետք, պարսիկները ազատ արձակեցին հրեայ գերիները եւ անոնց արտօնեցին, որ վերաշինեն Եհովային տաճարը Երուսաղէմին մէջ (Եզրաս 1։1-4)։ Բայց հրեաներուն թշնամիները ասոր դէմ կեցան եւ այս առիթը օգտագործեցին, որ ամբաստանութիւն ընեն թէ հրեաները կ’ըմբոստանան Պարսկաստանին դէմ (Եզրաս 4։4-16)։ Դարեհ Ա. թագաւորին իշխանութեան ընթացքին (Ք.Ա. 522-486), Թաթանայի անունով պարսիկ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը հետապնդեց հարցը։ Սուրբ Գիրքը զայն կը կոչէ՝ «գետին ասդիի կողմի իշխանը» (Եզրաս 5։3-7)։
Ընտանեկան արխիւի մը մաս կազմող քանի մը սեպագրական արձանագրութիւններ գտնուած են, որոնց մէջ նշուած է Թաթանայի անունը։ Ատոնց մէջ կայ արձանագրութիւն մը, որ խոստմնական նոթ է եւ որուն թուականն է՝ Դարեհ Ա. թագաւորին 20–րդ տարին, այսինքն՝ Ք.Ա. 502։ Հոն նշուած է թէ գործառնութեան վկայ է անձ մը, որ ծառան է «Թաթաննուին՝ Գետին միւս կողմի իշխանին»։ Թաթաննուն Աստուածաշունչի Եզրաս գիրքին նշած Թաթանային է։
Այս մարդուն պաշտօնը ի՞նչ էր։ Ք.Ա. 535–ին, Մեծն Կիւրոս իր իշխանութեան տակ եղող շրջանները բաժնեց գաւառներու։ Ատոնցմէ մէկը կը կոչուէր՝ «Բաբելոն եւ Գետին միւս կողմը»։ Յետագային, այս գաւառը բաժնուեցաւ երկու մասերու, եւ մէկ մասը պարզապէս կոչուեցաւ՝ «Գետին միւս կողմը»։ Ատոր մէջ կային՝ Ստորին Ասորիք, Փիւնիկէ, Սամարիա ու Յուդա, եւ շատ հաւանաբար իշխանութեան կեդրոնն էր Դամասկոս։ Թաթանային Ք.Ա. 520–էն 502 իշխեց այս շրջանին վրայ։
Թաթանայի Երուսաղէմ գնաց որ հարցը քննէ, եւ ետքը Դարեհին տեղեկացուց որ հրեաները կ’ըսեն, թէ Կիւրոսէն ստացած են Եհովային տաճարը վերաշինելու արտօնութիւնը։ Թագաւորական արխիւներուն մէջ պրպտումներ կատարուելէ ետք մէջտեղ եկաւ որ ասիկա ճիշդ էր (Եզրաս 5։6, 7, 11-13. 6։1-3)։ Այսպիսով, Թաթանայիին հրաման եկաւ որ շինութեան արգելք չկենայ, եւ ան հնազանդեցաւ (Եզրաս 6։6, 7, 13)։
«Եփրատ գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանային» շատ կարեւորութիւն չունի պատմութեան մէջ, բայց անոր անունը նշուած է Սուրբ Գիրքին մէջ եւ իր մասին ճիշդ տիտղոսը գործածուած է։ Ասիկա ուրիշ փաստ մըն է, թէ հնագիտութիւնը յաճախ կը հաստատէ Սուրբ Գիրքին պատմական ճշգրտութիւնը։